Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը` Արցախի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին

0 0
Read Time:58 Second

 

Վսեմաշուք
Տիար Սամուէլ Շահրամանեան
Նորընտիր Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Սիրելի՛ պրն. նախագահ,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Արցախի Հանրապետութեան: Այս առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ կը մաղթենք, որ Արցախի պատմութեան ճգնաժամային հանգրուանին Ձեր ստանձնած պատասխանատուութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով կարենաք լիովին արդարացնել` ի խնդիր Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին ինքնորոշման արդար իրաւունքին:

Արդարեւ, Արցախի հայութեան կեանքի մշուշապատ այս օրերուն, Արցախի ապաշրջափակումը եւ անոր իրաւունքներու տիրացման հետապնդումը հարկ է, որ դառնան առաջնահերթ նպատակը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան: Մենք անձնապէս, Մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած ենք ու պիտի շարունակենք դնել միջազգային մակարդակով հետապնդելու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով միշտ եղած է Արցախի պետութեան, անոր քաջարի բանակի ու հերոսական ժողովուրդի կողքին: Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր Սուրբ աթոռին զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան:

Անգամ մը եւս, անձնապէս եւ յանուն մեր Սուրբ աթոռի միաբանութեան, ժողովականութեան, թեմերուն եւ մեր ժողովուրդին ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը: Թող Ամենաբարին Աստուած Իր հովանին անպակաս ընէ Արցախի Հանրապետութեան վրայէն եւ Արցախի հայութեան շնորհէ խաղաղ ու բարօր տարիներ:

Հայրապետական օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս, 11 Սեպտեմբեր 2023

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles