
Ստեփանակերտ նշեց, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը։
Կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ պարունակող օգնութիւնը Արցախ ուղարկուած է ռուսական Կարմիր Խաչին միջոցով՝ այդ կազմակերպութեան ինքնաշարժներով: