Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Բժիշկ Արամ Սահակեան ծնած է 9 նոյեմբեր 1884-ին, Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Գրչանունը եղած է Սալբի:
1906-ին աւարտած է Կեսարիոյ սուրբ Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Ուսանողութեան տարիներուն, անդամակցած է Հ. Յ.Դ.-ին: «Սալբի» գրչանունով աշխատակցած է «Ազատամարտ» պարբերականին:
1914-1918 տարիներուն՝ Ա. Աշխարհամարտին, զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է իբրեւ զինուորական բժիշկ: Գերի ինկած է անգլիական ուժերուն ձեռքը եւ իբրեւ ռազմագերի՝ տեղափոխուած է Փորթ Սայիտ, ուր եղած է Մուսալեռցի գաղթականներուն բժիշկը: Այդ օրերու յուշերը արձանագրած է իր «Ալեակներ եւ խլեակներ» ու «Մեր խաչը» գիրքերուն մէջ:
1918-ին ազատ արձակուած է եւ վերադարձած է Պոլիս, ուր ունեցած ազգային եւ գրական բեղուն գործունէութիւն: Աշխատակցած է «Ճակատամարտ» թերթին:
Տեղափոխուած է Փարիզ, հոն ապրած է քանի մը տարի, վարած է հանրային եւ հասարակական գործունէութիւն:
1922-ին հաստատուած է Ռումանիա, ուր ապրած է աւելի քան 20 տարի: Ռումանիոյ պատգամաւորական ժողովին, ներկայացուցած է Պազարճըքի եւ Պուքրէշի հայ համայնքները: Խումբ մը հայ բժիշկներու հետ գլխաւորած է Պուքրէշի հայկական բուժարանի աշխատանքները, անվճար բուժած է կարիքաւոր հայ հիւանդներ, ինչպէս նաեւ պատերազմի տարիներուն՝ 1942-1945, բժշկական եւ այլ տեսակ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերած է խորհրդային ռազմագերիներուն:
1944-1946 եղած է Պուքրէշի «Հայ մշակոյթի տան» վարչութեան նախագահը։ Աշխատակցած է Պոլսոյ, Փարիզի եւ ռումանահայ պարբերական մամուլին: Գրած է շատ մը երկեր, երգիծական յօդուածներ (Յուշեր եւ փուշեր) եւ բժշկագիտական յօդուածներ:
Հրատարակած է «Հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը»՝ 1919-ին, «Մեր խաչը»՝ 1921-ին, «Պատգամաւոր շուները»՝ 1945-ին, «Դէպի հայրենիք, թռչուններու հասարակապե-տութեան մեջ» վէպերը։ «Մեր Խաչը»-ը հրատարակուած է նաեւ անգլերէնով՝ Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ա․Մ․Ն․:
Սալբի գրչանունի կողքին, երբեմն ստորագրած է Սիրիուս ծածկանունը:
Բժիշկ Արամ Սահակեան մահացած է 17 Յունիս 1968-ին, Պուքրէշի մէջ:
(*) Բժիշկ Արամ Սահակեանը-Սալբին Պէյրութի նշանաւոր Արամ Սահակեանը չէ:
Աղբիւրներ՝
- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրա-պետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, 2014։
- Գէորգեան Կարօ, Ամէնուն Տարեգիրքը, Պէյրութ, 1967:
- Վիքիպեդիա, ազատ հանրագիտարան, Արամ Սահակեան, Սալբի.
- AV Production, Սալբի, Արձակագիր, բժիշկ:
- Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին, Մոնրէալ, 2018: