ԳլխաւորԽմբագրական

ԱՐՑԱԽՑԻՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ԹԻՐԱԽ՝ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Ժողովներ, խորհրդաժողովներ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ գլուխ-գլխի հանդիպումներ․․․: Այս բոլորը կ’երթան մէկ ճամբով, իսկ Արցախի վիճակը՝ ուրիշ ճամբով: Իրականութեան մէջ, Արցախի վիճակը տեղ մըն ալ չ’երթար, այլ կը մնայ անփոփոխ։ Ո՛չ միայն եօթը ամիսէ ի վեր շրջափակուած է արցախցին, այլ նաեւ ամէն օր յարձակման կ’ենթարկուի ազերի բանակին կողմէ, իբրեւ գործնական նախաճաշակ ալիեւեան այն «գուրգուրանք»-ին, որ պիտի վայելեն արցախցիները՝ եթէ ընդունին հպատակ դառնալ իր Ատրպէյճանին:
Հարց տանք, թէ քաղաքական բեմի վրայ ի՞նչ պատահեցաւ վերջին օրերուն։
Սկսինք Ուաշինկթընի մէջ կայացած՝ սեղմ ու «մտերմիկ» եռօրեայ հանդիպումէն: 27-29 Յունիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով լո՜ւրջ բանակցութիւններ ունեցան, ներկայութեամբ Ա․Մ․Ն․-ի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալիվընի։ Երեք օր «գլուխ կոտրեցին» եւ… ո՛չ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք կամ որոշում, այլ միայն բառերու եւ հաւաստիքներու նոր ապուր, աւրուած ձայնապնակի կրկնուած մեղեդի (կամ ժխոր): Սպասելի էր Պլինքընի գեր-պաշտօնական, փրոթոքոլային հաստատումը, թէ երկու կողմերը հետեւողական ձեւով աշխատանք կը տանին, վերջնական համաձայնութիւն մը կնքելու նպատակով։ Շարունակելով իր խօսքը, ան բացայայտօրէն ինքզինք հակասեց, շեշտելով, որ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, բայց վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար, տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք: Իրաւունք չունի՞նք հարց տալու. So, what’s new!!! (Այսինքն՝ նորութիւն չէք ըսեր):
Քաղաքական բառարանին մէջ, նմանօրինակ «քլիշէ» խօսքեր ցուցանիշ են, որ մինչեւ իսկ եթէ շատ բան կատարուած է, իրականութեան գետնի վրայ շօշափելի բան չէ կատարուած: Պլինքըն քանիցս շեշտեց, թէ բանակցութիւնները կառուցողական են: Լսողը կը մտածէ, թէ արդեօք նո՞յնքան հաստատ, որքան… Բերձորի մուտքին կառուցուած եւ դեռ կառուցուելիք պատնէշները։
Ուաշինկթընի ժողովէն քանի մը օր ետք, Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին հրապարակ եկաւ փայլատակումով մը՝ պաշտօնական եւ զգայացունց յայտարարութեամբ, թէ՝ Արցախի բնակիչներուն համար պէտք է ստեղծել պայմաններ՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ գոյատեւելու եւ այդ միջավայրին մէջ հանգիստ կեանք ապրելու համար: «Էվրեքա՜»-ի հնչեղութեամբ այս «գիւտը» ցոյց կու տայ, թէ Արցախը արդէն իսկ իրողապէս ընկալուած (for granted) կը նկատուի իբրեւ Ատրպէյճանի հողատարածք։ Ամերիկացի դիւանագէտը հաւանաբար Երեւանի օդը շնչելով, վարակուած է «ասֆալթին փրելու» մոլուցքով, որովհետեւ իր երկիրը Մինսքի խումբին մէկ անդամն է եւ այդ խմբակը մի՛շտ ալ գործած է ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՃԱՄԲՈՎ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ: Հիմա, դեսպանը յստակօրէն կ’ըսէ. մոռցէ՜ք այդ բոլորը: Անոր այս «պատգամը» վրդովմունք ստեղծեց մասնաւորաբար Արցախի մէջ, սակայն լրջախոհ մարդիկ ըսին. «Ինչո՞ւ զայրանալ ամերիկացի դիւանագէտին խօսքերէն, երբ Փաշինեան եւ իր ուսապարկերը իրե՛նք բացին այս ճամբան… »
Ուաշինկթընեան հանդիպումէն քանի մը օր ետք, Վանքուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը, որ 4 Յուլիսին հռչակագիր մը լոյս ընծայելով՝ կոչ ուղղեց Պաքուին՝ իր զինեալ ուժերը դուրս բերելու Հայաստանի գերիշխան տարածքէն եւ ապահովելու բնակիչներուն երթեւեկը։
Աւելի՛ն, հռչակագիրը ահազանգ հնչեցուց՝ պահանջելով, որ ազատ արձակուին բոլոր բանտարկուածներն ու արգելափակուածները, նաեւ՝ պաշտպանել շրջանի մշակութային ժառանգութիւնը, խստիւ քննադատելով եկեղեցիներու, սրբատեղիներու եւ խաչքարերու քանդումն ու սրբապղծումը։
Եւ… ի՜նչ զուգադիպութիւն. նոյն օրը՝ 4 Յուլիսին, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, խօսք առաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցով ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդատու՝ քենիացի Ալիս Ուայրիմու Նտերիթուն, որ անգամ մը եւս յիշեցուց արդարադատութեան միջազգային դատարանի արդէն հինցող բայց անժամանցելի որոշումը, ըստ որուն՝ Ատրպէյճան անպայմանօրէն ու անյապաղ պէտք է ապահովէ արցախցիին ազատ ու ապահով տեղաշարժը եւ երբեք չփակէ Բերձորի միջանցքը։
Այս անցուդարձերուն կողքին, ներհայաստանեան բեմահարթակին վրայ, ոչ մէկ անկիւնադարձային կամ վճռական որոշում կամ գործընթաց։ «Ազգընտի՜ր վարչապետ»-ին նորագոյն սխրա՞նքը. խօսքի այլ ապուր, թէ՝ «Ատրպէյճանը շարունակում է Հայաստանից պահանջել Լեռնային Ղարաբաղից դուրս բերել Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումներն այն պայմաններում, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում զինուոր չունի․․․»։
Այս ու նմանօրինակ՝ Արցախէն միանգամընդմիշտ ձերբազատած ըլլալու գոհունակութիւնը դրսեւորող յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, բնականաբար կարելի է լաւապէս ըմբռնել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ քաղաքական-դիւանագիտական փոթորիկ ստեղծած այն արտայայտութիւնը, թէ ինք աւելի՛ աշխատանք կը տանի Արցախին ու արցախահայութեան համար, քան ՀՀ ղեկավարութիւնը։
Ինչպէս նշեցինք արդէն՝ քաղաքական եռուզեռն ու դաժան իրականութիւնները կը շարունակեն ընթանալ իրարու անծանօթ ուղիներու վրայ: Իրական գետնի վրայ, ամենէն մտահոգիչը՝ սահմանին վրայ Արցախի պաշտպանութեան համար կը շարունակեն նահատակուիլ զինուորներ, ազերիական նման ոճիրներու արձագանգները կը լսուին նաեւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, Երասխէն Սոթք եւ այլուր։ «Խաղաղութիւն պիտի բերենք» օդապարիկը շատո՜նց պայթած է ու ցեխին մէջ կորսուած:
…Իրաւունք չունի՞նք հռչակաւոր Էրիխ Մարիա Ռըմարքի*  հետեւողութեամբ ըսելու. «Ամէն բան խաղաղ է արեւելեան ճակատներուն վրայ…»:

 

*.- Ռըմարքի՝ Ա. Աշխարհամարտի արհաւիրքը ներկայացնող All Quiet on the Western Front (Ամէն բան խաղաղ է Արեւմտեան ճակատին վրայ) վէպը, որ նաեւ քանիցս (դեռ վերջերս ալ գերմանական գերտպաւորիչ պատրաստութիւն մը) սպիտակ պաստառ հանուած է, պատերազմները ամենասուր քննադատութեան ենթարկող վէպ մըն է:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button