ԿիզակէտՅօդուածներ

Լեւոն Փաշա Շաղոյեան

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ

Լեւոն Շաղոյեան, աւելի հանրահռչակ՝ Լեւոն փաշա անունով, մէկ անդամն է ամբողջ սերունդի մը, որ հսկայական գործ ըրած է անաղմուկ ու համեստօրէն։ Եթէ ուզենք հերոսին վաստակին եւ ժառանգութեան գնահատումի արագ փորձ մը ընել,  հսկայ կառոյցի մը միայն ուրուագիծը պիտի կարենանք տեսնել։ Հետեւաբար, այս աշխատասիրութեան ծաւալը կը նմանի ովկիանոսին մէջ ծփացող սառցալերան մը, որուն երեւցող բաժինը զանգուածին միայն մէկ փոքր մասն է, եւ մենք այդ երեւցող բաժինէն ընդհանուր գիծեր պիտի ներկայացնենք այս սիւնակներուն մէջ: Իրողութիւնը այն է, որ Լեւոն Փաշային գործն ու էութիւնը նման են այն սառցալերան, որ ունի ջուրի մակերեսին տակ թաքնուած վիթխարի, անսասան եւ դիմացկուն գոյութիւն։ Այնպիսի՛ գոյութիւն՝ որուն խորքը թափանցելով եւ անոր մէջ խորասուզուելով միայն կարելի է հասկնալ եւ գնահատել ամբողջութիւնը:

Տիտան մըն էր Լեւոն Փաշան, ինչպէս մեր ազգին պանդէոնը կերտած հսկաները, որոնք աներեւակայելի ու անգնահատելի աշխատանք տարած են սահմանափակ պայմաններով։ Մենք միշտ ալ սքանչացումով դիտած ենք այդ սերունդին ԳՈՐԾԸ, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդքան բան ընել մէկ կեանքի ժամանակամիջոցին: Այդպիսի գործերով է, որ անոնք կերտած են մեր ազգին պանդէոնը եւ մենք պարտքը ունինք զիրենք բարձրացնելու իրենց արժանի պատուանդանին վրայ, ո՛չ միայն իրենց գործն ու կեանքը արժեւորելու, այլ նաեւ այսօրուան եւ վաղուան մեր սերունդները իրենց համեստ նկարագիրով բայց միաժամանակ հերոսական արժանիքներով դաստիարակելու համար։ Այս հերոսներն են, որոնք գերմարդկային ուժերը լարելով եւ նուիրուելով ստեղծեցին ու կերտեցին անկարելին եւ դարձան հրաշագործ արարիչները մեր արդի պատմութեան պանծալի էջերուն։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ «ՓԱՇԱ» 

Հայ ազգը «Փաշա» տիտղոսը տուած է այն հեղինակաւոր եւ արժէքաւոր անձնաւորութիւններուն, որոնք ժողովուրդին յարգանքն ու ակնածանքը վայելած են՝ իրենց կեանքի ընթացքին ազգային անշահախնդիր գործին նուիրուելուն համար։ Լեւոն Շաղոյեանն ալ արժանաւոր կերպով ստացած էր այդ տիտղոսը իր ժողովուրդէն։ Ան այդ տիտղոսը չէ ընդունած որպէս փառքի ու պատիւի տիտղոս, այլ այդ տիտղոսը կրելով յաւելեալ պարտականութիւն, պարտաւորութիւն եւ հոգատարութիւն զգացած է ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ։ Ան «Փաշա»ն էր գիւղացիին, տառապողին, իրաւազրկուածին, որովհետեւ անոնց համար ծառայող եւ պայքարողն էր, ինչպէս՝ Անդրանիկը, Արամը, Ռուբէնը եւ բազմաթիւ ուրիշ հերոսներ, որոնք ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը վայելելով, նոյնինքն ժողովուրդէն ստացած են այդ տիտղոսը։

Ահա այդպիսիներուն շարքին կը դասենք Լեւոն Շաղոյեանը։ Տարբեր «Սարերու Ասլան» մը՝ որ կրցաւ իր քաջութեամբ եւ ռազմական իմաստութեամբ, Ցեղասպանութեան օրերուն Սալմաստի սարերու անցքերը պաշտպանել, մարտնչիլ թշնամիին դէմ եւ կիրճերը մաքրել ոճրագործներէն: Այդպիսով՝ յաջողեցաւ փրկել հազարաւոր հայ եւ ասորի գաղթականներու կեանքերը՝ թրքական հալածանքներէն ու ստոյգ սպանդէն։ Ան ուրիշ տեսակի Աւետիս Ահարոնեան մըն է, որ ո՛չ թէ իր գրիչով Հայաստանը ներկայացուց Եւրոպայի մէջ, այլ իր քաղաքական եւ ռազմական սուր միտքով ներկայացուց ու պաշտպանեց Իրաք ապաստանած հայ գաղթական ժողովուրդը՝ բրիտանական իշխանութեան մօտ, շահելով անոր յարգանքը եւ հետեւաբար՝ աջակցութիւնը։ Ուրիշ տեսակի լեզուաբան Աճառեան մըն էր, որ ռազմագիտական բոլոր լեզուները փորձով իւրացուց եւ ապա այդ բարդ լեզուները համեմատեց իրարու հետ, գտնելու համար այն լեզուն, որ կրնայ վերծանել բոլոր ռազմական լեզուները եւ հաղորդակցիլ ու բանակցիլ քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ՝ յանուն հայ ազգի զաւակներուն ռազմական ապահովութեան եւ բարօրութեան։

Այս ու նման մտածումներով է, որ այս աշխատասիրութիւնը կը նուիրեմ մեր մեծ վեթերաններէն մէկուն: Անոր գործին ու այդ գործին տեսակին հանդէպ տածած յարգանքիս շնորհիւ այս  ուսումնասիրութիւնը ուզեցի թուղթին յանձնել՝ հաւատալով, որ անիկա երբ հասնի ընթերցողին ու նոր սերունդին, ինքնաբերաբար անոր մէջ պիտի ծագի ու աճի յարգանք ու հիացմունք Լեւոն Փաշայի գործին ու ծառայութեան նկատմամբ:  Եթէ մենք կը յաւակնինք յայտարարել թէ կը յարգենք եւ կը պատուենք մեր վեթերան հերոս ընկերները, ապա անոնց շարքին անվարան պիտի դասենք անշուշտ Լեւոն Փաշա Շաղոյեանը:

ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ ԵՒ ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

50 տարի առաջ, հայրենիքէն ոչ հեռու, բայց օտար հողին վրայ իր աչքերը փակեց Վասպուրականի այս հայ հերոսը, մեզի փոխանցելով ազգային արժանապատուութեան աւանդը եւ հայրենիքը պաշտպանելու գիտակցութիւնը: Ան իր կեանքով եւ ժառանգութեամբ մեր էութեան մէջ արմատացուցած է խոր յարգանք եւ ակնածանք՝ ամբողջ կեանք մը ի սպաս դրուած ազգային անսպառ գործին, բայց մանաւանդ այդ գործին որակին ու բծախնդրութեան նկատմամբ:

Լեւոն Փաշան, ինչպէս ժողովուրդը զինք պիտի կոչէր, անդրշիրիմեան անժամանցելի պատգամ մը կտակած է մեզի: Ան կը հաւատար, որ ազգային գործը կարելի է իրականացնել միայն հաւատքով, պայծառ տեսլականով եւ ազգային շահ հետապնդելու առաջադրանքով: Իր կեանքին ու ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու իրականացուցած գործին ծանօթանալով՝ կը հասկնանք, որ տագնապալի կամ խառնաշփոթ պահերուն անգամ, պէտք է ուղղուիլ ազգային կողմնացոյցով, որովհետեւ անոր սլաքը միշտ ցոյց պիտի տայ բարոյականութիւն եւ անշուշտ՝ յաղթանակ:

Ան իր սեփական օրինակով փաստած է, որ աճիւններէ՛ն անգամ կարելի է յարութիւն առնել՝ յանուն ազգին եւ հայրենիքին վերակառուցման եւ անոնց խոստմնալից ապագային:

Լեւոն փաշան փակեց իր աչքերը 50 տարի առաջ, սակայն մեր բոլորին աչքերը բացաւ ի տես նուիրագործուած եւ կատարելագործուած հերոսական կեանքի մը վրայ: Ան ներկայացուցիչն էր այն սերունդին, որ ո՛չ միայն բեկանուած ազգի մը հատուածները ոչնչացումէ փրկեց իր անշահախնդրութեան, իմաստութեան եւ քաջութեան շնորհիւ, այլ նոր կեանք պարգեւեց անոնց, նոր յոյսեր սերմանեց ամայացած անապատին մէջ՝ գալիք ովասիսներու եւ անդաստաններու տեսլականով:

Ան գիտէր, թէ ինչո՛ւ հայ ծնած է: Իբրեւ տիպար ու պարկեշտ մարդ՝ յանձնառու մնաց նախախնամութեան թելադրած առաքելութեան, մինչեւ իսկ եթէ անիկա երբեմն ԽԱՉի մը պէս ուսերուն վրայ ծանրանար. խոհեմութեամբ եւ համբերանքով յառաջ տարաւ այդ խաչը: Այս ձեւով է, որ կը բացատրուին իր մասին մտերիմներու եւ գործակիցներու այն յուշերը, ըստ որոնց, ան յաճախ անգիտակցաբար «Օ՜ֆ» մը կ’արձակէր իր էութենէն: Այդ «Օ՜ֆ»ը դարձած էր իր տարբերանիշը, որուն հարազատութիւնը կրնանք հասկնալ միայն իր նուիրեալ կեանքը ըմբռնելով:

Ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն ետք Իրաքի հայ գաղութը մարմնաւորած մեր օճախին մէջ, եզակի երեւոյթ մըն է Լեւոն Փաշան, որուն վայելած յարգանքն ու պատիւը շատ արդար եւ ուսուցանելի են։ Անմիջապէս ըսենք, որ Լեւոն Շաղոյեանի գործը միայն Իրաքի հայութեան կեանքով չէ պայմանաւորուած, սակայն իրաքահայ գաղութը արդարօրէն Ի՛Ր «Լեւոն Փաշան» դարձուցած է զայն եւ այդպիսով հերոսն ու գաղութը փոխադարձաբար որդեգրած են զիրար:

 

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Իր մահուան յիսնամեակին առթիւ, կը փառաբանենք անոր կեանքն ու գործունէութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս մեծն Թումանեանը ըսած է՝ «մարդու գործն է միշտ անմահ»: Հետեւելով մեծին եւ հաւատալով այդ մտքին՝ կը հաստատենք, որ մարդուն վաստակը անժամանցելի արժէք մըն է, իսկ անհատին մատուցած ծառայութիւնները իր շրջապատին ու ազգին միշտ ուսուցանելի են: Յառաջիկայ սերունդները յիսնամեակներ եւ հինգ հարիւր ամեակներ շարունակ կարելի է դաստիարակել Լեւոն Շաղոյեանի ու իր սերնդակիցներուն աւանդին հանդէպ հաւատարմութեամբ: Ճանչնալով այս արժէքները եւ գնահատելով զիրենք, մենք առիթ կ’ընծայենք, որ մեր իրականութեան մէջ բազմանան նմանօրինակ ղեկավարներ, որոնք իսկական առաջնորդներ եղած են, իսկ անոնց հետեւորդ դառնալը, միայն պատիւ, պարծանք, ճշմարտութիւնը եւ յաջողութիւն կը պարգեւէ մեր ազգային հաւաքական կեանքին եւ հայրենիքին։

Այս աշխատասիրութիւնը կը միտի լուսարձակները կեդրոնացնել հերոսին կեանքին ու գործունէութեան վրայ, հաւատալով, որ անոր շունչն ու գործունէութեան կլանող ալիքները պիտի համակեն հայորդիներուն կեանքերը՝ հայօրէն աշխատանքի մղելով զիրենք, միաժամանակ պիտի մաքրեն եւ սրբագործեն մտքերն ու հոգիները կրակի մկրտութեամբ՝ բիւրեղացնելու համար այսօրուան ոչ-բաղձալի եւ սրբագրութեան կարիքը ունեցող մեր իրականութիւնը:

Ազգային հերոս Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի մասին խօսիլ կը նշանակէ գործնապաշտ հայրենասիրութեան մասնագիտական վերլուծում ու վերծանում կատարել: Իր ժամանակակիցներն անգամ անոր մտքերը վերծանելու կարիքը զգացած են, երբ անոնք հեռու եղած են ազգային սլաքի մագնիսական դաշտէն, որուն ակնարկեցինք վերը: Հետեւաբար, խղճի պարտք է խօսիլ եւ գրել հերոսին կեանքին ու գործին մասին, սակայն միաժամանակ ակնածանք եւ յուզում կ’ապրինք անոր մասին գիրով արտայայտուելու համարձակութեան համար, յանկարծ իր հաշւոյն անարդար որեւէ բան ըսելու, կամ պակաս տեղ ձգելու մտավախութեամբ: Կարելի է նոյնիսկ գիրք մը գրել իր մասին, ինչպէս ըրած է Սեդա Տաճատ Օհանեանը, Հ.Յ.Դ. արխիւները ուսումնասիրելով՝ բծախնդրութեամբ ներկայացուցած է Լեւոն Փաշային կեանքը եւ աշխատանքը: Այստեղ կանգ պիտի առնենք հերոսին աշխատանքային տարբեր կալուածներուն առջեւ, առանց անոնց ամբողջութիւնը ներկայացնելու: Միթէ կարելի՞ է նման բան…: Այս աշխատանքը կը կատարենք՝ խորնարհելով մեծ հայուն ազգային բեղուն եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ իր անմահ յիշատակին առջեւ, անձուրաց հայորդի մը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը ազգին համար եղաւ տեսակ մը Վանայ ծով:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Լեւոն Շաղոյեան ծնած է 1887ին, Մեծ Հայքի Վասպուարկան նահանգի Հայոց Ձոր շրջանի Խարակաց գիւղը, որ կը գտնուէր Վանայ Լիճի հարաւ-արեւելքը: Ունեւոր ընտանիքի մը զաւակն էր ան: Համիտեան Ջարդերու օրերուն, անոր ընտանիքը կորսնցուց իր ունեցուածքին մեծ մասը:

1905 թուականին կը մտնէ Աղթամարի Թեմական դպրոցը, սակայն շուտով խնդիրներ եւ անարդարութիւններ կը ծագին դպրոցէն ներս. հինգերորդ կարգը կը փակուի եւ աշակերտները դուրս կը մնան։

Անոր մէջ կանուխ տարիքէն ի յայտ կու գայ ըմբոստ եւ անարդարութեան չհանդուրժող նկարագիրը, նոյնիսկ եթէ այդ անարդարութիւնը եկած է ղեկավարներէն կամ կրթական համակարգի դաստիարակներէն:

Ան հմայուած էր Աղթամարի ճարտարապետական եւ պատմական մանրամասնութիւններով, եւ անոնց մասին իր ուսումնասիրութիւնները կատարած է՝ անձամբ կարդալով եւ պեղելով նորութիւններ: Անշուշտ ասիկա իր մէջ արմատացած է՝ ազգային արժէքներու հանդէպ ունեցած սէրէն ու որպէս հայ զանոնք իւրացնելու փափաքէն:

Ինչպէս գիտենք, քիւրտերը կը ճնշէին ու կը հալածէին հայ գիւղացիները՝ գաւառներուն մէջ։ Հայ գիւղացին նոյնիսկ արտը ջրելու ազատութիւն չունէր, եթէ քիւրտ բէկը ջուրը նախ չէր օգտագործած։ Նման կենցաղային հարցերու համար, օր մը քիւրտ բէկ մը կը ծեծէ Լեւոնին հայրը: Լեւոն հօրը վրէժը կը լուծէ՝ քիւրտ բէկը սպաննելով 1910 թուականին։ Ասիկա կ՚ըլլայ իր առաջին յեղափոխական եւ արդարահատուցման կեցուածքը։ Ան հազիւ 17 տարեկան էր…

ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՎԱՆԸ 

1912ին Հ.Յ.Դ.-ի հրահանգով, կ՚ահաբեկէ քիւրտ աւազակապետի մը մարդոցմէ մէկը, որ սպաննած էր Աղթամարի Ռաֆայէլ Տեսուչը, եւ կը դառնայ փախստական: Այսպիսով կը բացուի անոր ֆետայական-յեղափոխականի կեանքի մատեանին առաջին էջը: Արամ Մանուկեանի միջնորդութեանբ, ան կը միանայ Իշխանին ֆետայական խումբին։

1913ին, Հ.Յ.Դ. Վասպուրականի շրջանային ժողովը կ՚ընտրէ Վասպուրականի Կեդրոնական Կոմիտէն, որուն ամենէն կրտսեր անդամն էր Լեւոն Շաղոյեանը. 26 տարեկան։ Արամ Մանուկեանը, որ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ էր, կը ծրագրէ ինքնապաշտպանութեան խումբեր կազմել, որովհետեւ կազմակերպութեան պատասխանատուները կը տեսնէին երկիրի անապահով վիճակը, եւ մանաւանդ կ՚ուզէին սանաձել քիւրտ եւ թուրք աւազակներու ոտնձգութիւնները։

Լեւոնը գործի կ՚անցնի եւ իր ընկերներուն հետ կը շրջի Վասպուրականի շրջանները։ Կը մարզեն երիտասարդները, որպէսզի կարենան դիմադրել թրքական եւ քրտական սադրանքներուն։

1914-ին, օսմանեան Թուրքիան կը ներգրաւուի Համաշխարհային Ա. Պատերազմին մէջ, Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ կողքին։ Նոյեմբերին «Ճիհատ» կը յայտարարուի։ Կեանքի պայմանները կը սկսին ծանրանալ, կենցաղային դժուարութիւններ եւ սաստիկ հալածանք, որոնց կը յաջորդէ նաեւ Թրքական կառավարութեան յայտարարած զօրահաւաքը։

18-45 տարեկան բոլոր երիտասարդները զօրակոչի կ՚ենթարկուին։ Վասպուրականի շրջանէն շատ փոքր թիւով երիտասարդներ կը յանձնուին, որովհետեւ ղեկավարութիւնը, յանձինն Լեւոնին եւ իր ընկերներուն, դիւանագէտ հեռատեսութեամբ զգացած էր երիտթուրքերու կառավարութեան դաւադրական մտադրութիւնները։ Հոս հարկ է յիշել, թէ օրուան ղեկավարութիւնը, Ատանայի 1909-ի ջարդերու փաստը աչքի առջեւ ունենալով, գիտէր թէ կեղծ շապիկ մըն էր թուրքերուն բոլոր «բարի» արարքները կամ խոստումները։ Հետեւաբար զօրահաւաքի փորձերուն կը դիմադրեն։ Կ՚առաջարկեն փոքր թիւով երիտասարդներ յանձնել, իսկ մնացեալին համար ալ, զինուորագրման պարտաւորութենէն զերծ մնալու համար, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն յատուկ տուրք վճարելու։

Վասպուրականի երիտասարդները նախապէս մարզուած էին, շնորհիւ Վասպուարկանի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման։ Այս իրավիճակը լուրջ դիմադրութեան վերածուեցաւ Բէլուի եւ Աթանանցի մէջ։ Թուրք պաշտօնեաներ եւ ժանտարմներ սպաննուեցան եւ դիակները պահեցին. անոնց օգնութեան փութացողներն ալ ո՛չ մէկ յաջողութիւն ձեռք ձգեցին, վախցած ու զարմացած՝ փախուստի դիմեցին, քաշուելով Ոստան շրջանը։ Այս կռիւներուն ղեկավարն ու ոգին էր Լեւոն Շաղոյեան, որուն շնորհիւ 150,000 հայեր փրկուեցան ստոյգ մահէ եւ տեղահանութենէ։

Նմանատիպ դէպքերու եւ տեղական երիտասարդութիւնը մարզելու համար ո՛չ մէկ ջանք խնայած է Լեւոն Շաղոյեանը։ Հիմնական երեւոյթը, որ իսկապէս նորութիւն էր հայութեան համար, այդ ալ դաս մը տալն էր կառավարութեան եւ քիւրտերուն, իրենց դարաւոր հալածանքները դադրեցնելու համար։ Սաստելու փորձը նորութիւն չէր, կտրած էր Խանասորի արշաւանքին եւ այլ հերոսապատումներու հանգրուանները, եւ ահա դարձեալ կը յաջողէր դրօշը բարձր բռնողներուն կողմէ, եւ անկէ ետք, կառավարութիւնը եւ քիւրտերը սկսած էին Վասպուրականի հաշւոյն աւելի ուշադիր ըլլալ։ «Ինքնապաշտպանութեամբ գոյութիւն ապահովել» պատգամը շատ յստակ էր, որուն անմիջական փաստը եկաւ քանի մը ամիս ետք, Վանի Ինքնապաշտպանութեան ժամանակ, որուն շունչն ու կազմակերպողը եղաւ Արամ Մանուկեանը, Արմենակ Եկարեանի, Պուլկարացի Գրիգորի, Հայկ Կոստանեանի, Լ. Շաղոյեանի եւ ուրիշ նուիրեալներու հետ, որոնք յարգելու եւ պատուանդանի վրայ զետեղելու պարտքը ունինք մենք՝ վերապրողներս։ Հարկ է յիշել թէ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը ունէր այլ յատկանշական երեւոյթ մը. հակառակ գաղափարական տարբերութիւններուն Արմենական, Հնչակեան եւ Հ.Յ.Դ. մարտիկները իրենց հայրենի հողը պաշտպանեցին միասնաբար, հաւատալով, որ գաղափարական տարբերութիւնները պէտք է նպաստեն թշնամին կասեցնելու այլազան հնարքներ ստեղծելուն, որպէսզի հայրենիքը փրկուի։ Երեւոյթ մը, որ մեզի կը յուշէ պատմական արժէքաւոր դաս մը։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Այսպէս, այդ պայծառ դէմքերուն շուրջ բոլորուած քաջ երիտասարդութիւնն էր, որ յաղթանակով պսակեց Վանի հերոսամարտը, Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան, Ուրֆայի եւ այլ հերոսամարտերու հրագոյն շղթային վրայ աւելցնելով սքանչելի օղակ մը:

Վանի կարճատեւ ինքնավարութենէն յետոյ, պոլշեւիկեան գաղափարախօսութեամբ գինովցած լենինեան Ռուսիոյ հաշիւները կուլ տուին հայութեան յաջողութիւնները։ Որպէս հետեւանք՝ Վանը գրեթէ պարպուեցաւ իր հայութենէն։ Արամն ու տեղւոյն ղեկավարութիւնը Կովկաս գործուղուած էին արդէն։ Լեւոն Շաղոյեան, Վասպուրականի այդ օրերուն Կեդրոնական Կոմիտէի իր ընկերներուն հետ միասին, բնատուր եւ խիզախ ղեկավարի գիտակցելութեամբ կը փորձէ տեղւոյն հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանել ամէն գնով: Այդ օրերուն է, որ ան կը մերժէ Վասպուրականի կուսակցական գործերը դասաւորելու համար քանի մը ընկերներ Վան ղրկելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի առաջարկը։ Անոր փոխարէն, Բիւրոյին կ՚առաջարկէ Կուսակցական կնիքը վերադարձնել եւ առիթ տալ տեղւոյն Կեդրոնական Կոմիտէին, որ Վասպուրականի կազմակերպական աշխատանքները Կեդրոնական Կոմիտէն ստանձնէ։ Իր կուսակցականի խիզախ նկարագիրով եւ կուսակցական կարգը յարգելու գնով, օրուան Բիւրոյին կը յիշեցնէ, որ Դաշնակցութեան կանոնագիրը Կեդրոնական Կոմիտէն կը ճանչնայ որպէս շրջանի հայրը, հետեւաբար ան իր ընտանիքին, այսինքն շրջանին շահերը լաւագոյնս կրնայ ճանչնալ եւ հետեւաբար՝ պաշտպանել։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ԵՒ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ

Լեւոն Փաշան իր մարտական եւ կուսակցական ղեկավարի կարողութիւններուն կողքին, ունէր քաղաքական եւ ռազմական բացառիկ գիտելիքներ, որոնք ամբարած էր մշտական ընթերցասիրութեան շնորհիւ, իսկ գործնականացուցած էր շատ կանուխ տարիքէն յեղափոխական կուսակցութեան շարքերէն ներս քաղաքականացած ազգին համար գործելով։ Քաղաքական-ռազմական գրականութիւնը եւ մամուլը իր ընթերցանութեան առանցքը կը կազմէին։ Իր ժամանակակիցներուն մէջ իրեն չափ քաղաքական-ռազմական գրականութիւն կարդացող քիչ ունեցած ենք։ Ան ամէն ջանք կը թափէր անգլերէն քաղաքական գիրքեր եւ հրատարակութիւններ ձեռք ձգելու եւ հոն մատուցուած արժէքաւոր տեղեկութիւնները իւրացնելու, առանց անոնց մասին յոխորտալու կամ միայն խօսելու եւ գրելու:

Միայն գործնապաշտ յեղափոխական մը ըլլալով, ան հմտութեամբ այդ գիտելիքները ի գործ դրաւ, Արամ Մանուկեանի ու զինակիցներուն հետ միասին, Վանի Ինքնապաշտպանութեան թէժ օրերու ճակատագրական պահերուն, նաեւ Վասպուրականի ժամանակաւոր կառավարութեան օրերեուն, երբ իրեն յանձնուած էր Գեաւաշի գաւառապետութիւնը:  Ան գրքունակ քաղաքագէտ կամ սալոնի յեղափոխական մը չեղաւ: Մարտի դաշտը իրեն համար յեղափոխականի հնոցը եղաւ եւ ճակատագրական պահերուն միշտ իր գործնապաշտութեանը փաստերը ներկայացուց՝ փրկելով կացութիւններ եւ ստեղծելով անհնար համարուող հնարաւորութիւններ: Օրինակ մը տալու համար ըսենք. Ոստանի յեղափոխական մարտերու ժամանակ, հայ ֆետայիները չորս տարբեր խումբերու բաժնեց եւ կրցաւ յանկարծակիի բերելով՝ խուճապի մատնել հայկական վաշտին քանի մը անգամը հաշուող թուրք կանոնաւոր բանակը: Շնորհիւ մարտական եւ ռազմական իր հմտութեան եւ հնարամտութեան, հազարաւոր գաղթական հայորդիներու կեանքը կրցաւ փրկել՝ ճիշդ ժամանակին նահանջելու եւ աւելի ապահով վայրեր անցնելու որոշումներ ու քայլեր որդեգրելով:

ԽՈՒՃԱՊԷ ԶՈՒՐԿ ՄԱՐՏՆՉՈՒՄ…

Այս մտասեւերռումներն էին, որ զինք մղեցին առաջին անգամ Վասպուրականէն դուրս ելած հայերը՝ իրենց պապենական հողերուն վրայ վերաբնակեցնելու աշխատանքներ տանելու 1916-ին։ Վերաշինութեան անցաւ եւ գաղթական անօթեւան մնացած հայորդիները կրկին տեղաւորեց Վասպուրականի մէջ, որպէս հոգատար հայր։ Տասնեակ հազարաւոր հայեր իրենց կեանքը վերսկսան աւերակ դարձած Հայրենի Ձոր շրջանին մէջ, որովհետեւ Լեւոն Փաշան կը հաւատար, որ գիւղացին հողին պէտք է կապել եւ անոր ինքնապաշտպանութիւն վարժեցնել։

Թրքական բանակը կը շարունակէր հալածել եւ երկրորդ անգամ դուրս դնել Վասպուրականի գաղթական հայութիւնը։ Անոնք իրենց հալածանքը շարունակեցին մինչեւ Սալմաստ: Հայ մարտական ուժերուն եւ մանաւանդ Լեւոն Փաշայի վստահելի պաշտպանութեան, շնորհիւ գաղթականները ապահով կը մնային: Սակայն երբ Սալմաստն ալ անապահով վայր մը դարձաւ գաղթականներուն համար, Կոստի Համբարձումեան եւ Լեւոն Շաղոյեան միասնաբար ողորշեցին գաղթականները Ուրմիա առաջնորդել՝  նահանջի պահուն երեք կողմերէն թշնամական յարձակումները անընդհատ սանձելով: Այդ պահուն հազարաւոր հայ գաղթականներուն ֆիզիքական ապահովութիւնն էր գերխնդիրը եւ հետեւաբար՝ իսկական առաջնորդին մտասեւերումը:

Գաղթի ճամբան երկար էր ու տաժանալից: Թշնամիին օղակը հետզհետէ աւելիով կը սեղմէր անզէն գաղթական ժողովուրդը: Պարսկաստանի հողատարծքը այլեւս ապահով չէր երբեք թշուառ գաղթականներուն համար։ Միակ ելքը կը մնար Իրաք հասնիլը, ուր կը գտնուէին անգլիական ուժերը: Դէպի Իրաք ճամբան ոդիսական մըն էր, որուն ընթացքին Լեւոն Փաշան կը կորսնցնէ իր գաղափարակից եւ հաւատաւոր զինակից ընկերը՝ Կոստի Համբարձումեանը. ան դաւադրաբար կը սպաննուի թուրքերուն կողմէ: Կոստիին վրէժը կը լուծէ իր գաղփարակից ընկերը, գաղթականներուն հետ նահանջի ճամբուն վրայ: Ան մէկ կողմէն հերոսաբար կը դիմադրէր թշնամիին յարձակումներուն եւ միւս կողմէն 75,000 հայ եւ ասորի գաղթականները Վասպուրականէն, նաեւ ճամբուն ընթացքին իրենց միացող՝ Պարսկաստանի տարբեր շրջաններու գաղթականները ապահով կը հասցնէ Պաղտատ ու Պասրա:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑՈՎ ՄՏԱՍԵՒԵՌԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ 

Ժայռ մաշեցնող հետեւողականութեամբ կը գործէր իր մտասեւեռումներուն եւ գաղափարներու յաջողութեանց համար: Այս իմաստով յիշենք 1921 թուականի Յունուարին հայրենի իշխանութեանց յուսահատեցուցիչ պատասխան-նամակն անգամ, որ կը մերժէր Վասպուրականի գաղթական ժողովուրդը Հայաստան բնակեցնել, թեւաթափ չըրաւ Փաշան եւ իր մտասեւեռումը: Այլ ընդհակառակը այդ անբաղձալի պատասխանը նոր հնարքներու մասին մտածելու առիթ տուաւ իրեն: Լիովին եւ անսպառ կերպով օգտագործեց  իր կապերը հայկական արտասահմանեան կազմակերպութիւններուն հետ եւ ի վերջոյ 1921 Հոկտեմբերին, երեք տարբեր նաւերով, Միջագետքի մօտաւորապէս 8000 հայ գաղթականներ յաջողեցաւ հայրենի հող վերադարձնել: Հանդարտ եւ խաղաղ մտածելով, ճիշդ նախադրեալներով առաջնորդուելով եւ մտասեւեռուն, յամառ, հետեւողական աշխատանքով՝ հայ մարտիկը, ի՛նք, անձամբ կրցաւ պետութեան մը համար անկարելի համարուող օրուան հրամայականը յաջողութեամբ պսակել, անշուշտ միշտ հաւատարիմ մնալով իր լուռ ու լուսարձակներէ հեռու վարքագիծին: Լեւոն Փաշան կը հաւատար, որ  հայրենի հողէն բռնի հեռացուած հայը պէտք էր պահել հայրենիքին մօտակայ երկիրներու մէջ, որպէսզի դիւրին ըլլար անոնց վերադարձը: Այդպէս ալ ըրաւ:

Ուրեմն ինչպէ՞ս չյարգել այս հերոսը, ինչպէ՞ս չանսալ անոր ազգային կոչերուն, ինչպէ՞ս չմեծարել այն տիպարը, որ զարմացուց, հմայեց բոլորը. ուսեալ զարգացած օտար զինուորականներէն, տեղական պետական այրերէն մինչեւ իսկ թշնամին, բայց մանաւանդ հայ հողագործ գաղթականը, որ Լեւոն Փաշայի զօրակցութիւնը, կը վայելէր որպէս խարիսխ՝ վերջապէս ինքզինք խաղաղ նաւահանգիստի մը մէջ զգալով:

Ազգային մեր իրականութիւնը բեղուն էր բնատուր ղեկավարներով, որոնցմէ էր անկասկած Լեւոն Շաղոյեանը: Անոնց արժանիքներն ու իրագործումները համագործակցութեան կայուն հարթակ կը պատրաստէին ուսեալ եւ զարգացած ղեկավարութեան եւ պարզ ժողովուրդին միջեւ: Ան թէ՛ կը մասնակցէր եւ լսելի կարծիքներ կը յայտնէր վճռորոշ ժողովներու, իր ներդրումը ունենալով ճակատագրական որոշումներ կայացնելու ժամանակ, եւ թէ գիտէր իր ժողովուրդին հետ ի հարկին ջաղացպանութիւն ընել, քարէն հանապազօրեայ հաց ապահովելու կենսական գործին համար:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԵՍՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

Լեւոն Փաշան մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներէն ութին, որոնք կայացած են 1933էն մինչեւ 1967: Սակաւախօս էր, բայց հեղինակաւոր ներկայութիւն էր կուսակցական շարքերէն ներս: Ժողովներուն ընթացքին, երբ հրատապ հարցեր կ՚արծարծուէին, Փաշան երկար կը խօսէր եւ կը փորձէր իր մտածումները առակներով բացատրել ու ժողովը բերել իր տեսակէտին, որովհետեւ իր տեսակէտները իր մտասեւերումներն էին, որոնք կու գային տիպար եւ հաւատաւոր դաշնակցականի էութենէն։ Ընկերները վկայած են, որ մինչեւ իսկ եթէ որոշ հարցերու մէջ տարակարծիք եղած են, սակայն մի՛շտ յարգած են անոր տեսակէտը:

Ան ընտանիք եւ զաւակ չունեցաւ, որովհետեւ ազգին տրամադրելիք ժամանակէն չէր կրնար խլեր իր անձնական կեանքին համար։  Բայց ան հազարաւոր ընտանիքներու եւ տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու մտահոգութիւնը, յաջողութիւնը, ցաւն ու վիշտը իր սեփականը համարեց: Օրինակելի եւ տիպար հայրը դարձաւ բոլորին եւ ժողովուրդը զինք իր սեփական հօրը պէս սիրեց, յարգեց եւ անոր յիշատակը վառ պահելու համար ամէն ջանք ի գործ դրաւ: Ազգի երախտապարտ զաւակները երգ նուիրեցին անոր յիշատակին, անոր սխրագործութիւնները ներկայացնող գիրք հրատարակեցին, ուր հերոսական կեանքի մը պատումը ազգի մը պատմութիւնն է. ու թէեւ քիչ խօսուած եւ գրուած է այդ մասին, բայց շատ բան կայ թաքնուած հոն։

Մինչեւ 1929 թուականը, գաղթականները ապրեցան Պաղտատի եւ Պասրայի վրանաքաղաքներուն մէջ, իրենց առօրեայ կենցաղային դժուարութիւններով: Ժամանակ մը վերջ, այլեւս յարմար վայր մը չէր վրանաքաղաքը: Անգլիացիները արդէն դուրս եկած էին, իսկ երկրի կլիման երբեք չէր համապատասխաներ լեռնցի Վասպուրականցիին խրոխտ հոգիին ու ամուր կազմուածքին: Հարկ էր գտնել նոր վայր մը, որուն կլիման յարմար ըլլար հողագործութեան, բնութիւնը աւելի յարիր ըլլար իրենց հայրենի բնութեան եւ մանաւանդ աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ ըլլար Վասպուրականին: Այս մտածումներով ալ, Լեւոն Փաշա Իրաքի հիւսիսը գտաւ Հաւրէզք շրջանը, որ ազատ հողատարածք էր՝ առանց կառոյցներու եւ շէնքերուն, Մուսուլէն 40 մղոն հեռու: Ան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ արտասահմանեան կազմակերպութիւններու հետ եւ նիւթական ապահովեց, որպէսզի բնակավայր հիմնէ, հողագործին դաշտեր տրամադրէ, հայուն կեանքը շէնցնէ, անոր ազգային ոգին ծաղկեցնէ, դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ եռանկիւնը հիմնէ, մշակութային կեանքը պայծառացնէ՝ նոր սերունդ պատրաստելու համար, մինչեւ որ վերադառնան իրենց սեփական հողին տէրն ու տիրականը դառնալու համար: Իսկ ինք դարձաւ ջաղացպան՝ պատառ մը հաց ունենալու պերճանքով հարբելու համար:

ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԻԿԻՆ ԱՐԴԱՐ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԻՆ՝ «ՓԱՇԱ»ԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

1924ին, Հ.Յ.Դ. Իրաքի անդրանիկ ներկայացուցչական ժողովը Լեւոն Փաշային կ’առաջարկէ դառնալ Կոմիտէի նախագահը. ան կը մերժէ ըսելով, որ իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է Պասրայի (Նահր Օմար) վրանաքաղաքին մէջ, որովհետեւ տակաւին հոն քանի մը հազար հայութիւն կար: Այս համեստ հերոսը իր գիտակիցութեամբ դարձաւ իրաքի հայութեան հեղինակաւոր հայրը, բայց նաեւ բոլորիս հայրը, միաժամանակ Հայոց Հայրիկին արդար ու հաւատարիմ ժառանգորդը, որ միշտ պիտի յիշուի, յարգուի եւ արժանաւոր կերպով դասուի Մեծերու շարքին:

Լեւոն Շաղոյեան միշտ մնաց Հաւրէզք գիւղը, իր ժողովուրդին հետ: Միայն կուսակցական պարտականութեան համար ժամանակաւոր կերպով բացակայեցաւ: Եկան օրեր, երբ ունեցաւ առողջական հարցեր: Այդ օրերուն ան ստիպուած էր ճամբորդել՝ դարմանումներու համար:

Լեւոն Փաշա Իրաքի հիւսիսը գտնուող Հաւրէզք շրջանը ընտրեց, որպէսզի անիկա ըլլայ ամփոփուած գիւղ մը, վրանաքաղաքի կազմալուծումէն ետք իրաքի մէջ ցրուած հայ գաղթականները հաւաքելու համար։ Երբ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ համար բերած եւ հաստատած է Հաւրէզք, ան կը պատասխանէ. «Հայրենիքի մէջ շատ անգամ ձմրան քաղցած կը մնային, հակառակ որ քիչ մը ցորեն կ՚ունենային, բայց այդ հոգեպահուստ ցորենին ձեռք չէին տար, որպէսզի գարնան ցանէին եւ նոր հունձք ստանային։ Այդ ցորենը կը կոչուէր «սերմնացու»։ «… Ես էլ այս ժողովուրդը բերել եմ ու պահում եմ որպէս սերմնացու, որպէսզի երբ մի օր վերադառնանք մեր աւեր վաթանը, գիւղացի ունենաք, գութան, մաճ եւ արօ՜ր բռնող ունենանք»։ Շարունակելով իր պարզաբանումը՝ կը նշէ, որ երբ գիւղացին բնակութիւն հաստատէ քաղաքին մէջ, ան կը դառնայ «քաղքցի», կը վարժուի քաղաքի սովորութիւններուն, կենցաղին եւ կը դադրի գիւղացի ըլլալէ։ Կը դառնայ շոֆէօր, խանութպան, կը մոռնայ գութանն ու արօրը: Ան կը շեշտէր, որ իր նպատակն է այս ժողովուրդը կապել հողին, որպէսզի հայրենիք վերադարձին՝ գիւղացի ունենաք եւ ոչ թէ չարչի։

Կասկած կա՞յ, որ այս պատգամը կու գայ վանեցի Խրիմեան Հայրիկէն, նշանաւոր «Պապիկ եւ Թոռնիկ» հատորին պատգամներէն: Հոն, Խրիմեան Հայրիկ երբ կը պսակէ իր թոռնիկը, անոր ամուսնութեան օրը կ՚ուզէ զայն պսակել նաեւ հողին հետ, որովհետեւ հողին հետ պսակուիլը անքակտելի է, միայն այդպիսով ան իր հարսը՝ Շուշանը եւ  ընտանիքը պիտի կարենայ պահել։ Ան կ’ըսէ. «Այսպէ՛ս, Թոռնի՛կ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն. չթողուս որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշտակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս»:

Հայոց հայրիկին կտակը հասած էր թոռնիկներէն՝ Լեւոն Փաշային, նաեւ հասած է մեզի ու Լուսաւորչի Կանթեղին հաւատացողներուն մտքերուն եւ հոգիներուն: Հողին ձայնը կը համարենք մեր ինքնութեան եւ էութեան կանչը։ Առանց անոր մենք կը մնանք…

Կեանքի վերջին երկու տարիներուն, Լեւոն Փաշայի առողջութիւնը քայքայուած էր ու ան կ’ապրէր Պաղտատի մէջ: 6 Օգոստոս 1974-ին, թոքատապէ երկար տառապելէ ետք, ան իր աչքերը փակեց Պաղտատի Սեն Ռաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ եւ երեք օր յետոյ յուղարկաւորուեցաւ:

Եզրակացութիւն: Այսօր մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է մեր ապրած եւ վայելած յարմարաւէտ պայմաններուն մէջ լաւագոյն ձեւով հայ ապրելու ճիշդ բանաձեւը գտնել։ Եթէ նախորդ սերունդները իրենց ապրած աննպաստ ու ծանր պայմաններուն տակ կրցան մեզի հայ կեանք կտակել, ուրեմն մենք ապագայ սերունդին աւելի պայծառ ու խոստմնալից հայ ապագայ կտակելու պարտաւորութիւնը ունինք։

Լեւոն Փաշային ու անոր ժամանակակից՝ տեսլականի տէր ազգային հերոսներու կտակած պատգամները կրնանք ամփոփել հետեւեալ ձեւով.

  1. Ինքնազարգացման անհրաժեշտութիւն
  2. Համեստ բնաւորութիւն, բայց ոչ համեստ արժանիքներ
  3. Անդուլ աշխատանք եւ պողպատեայ կամք
  4. Հողին կառչիլ որպէս սրբութիւն
  5. Ազգային ոգին վառ պահել եւ անով առաջնորդուիլ
  6. Սփիւռքի գաղութները կազմակերպել ու զարգացնել
  7. Բանակցիլ եւ լեզու գտնել միշտ եւ բոլոր մակարդակներով՝ յանուն ազգին եւ հայրենիքին

Այս դաստիարակիչ պատգամները մեզ կը մօտեցնեն Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի Մարդու եւ Հայի տեսակին, որուն նմանները հրատապ անհրաժեշտութիւն են այսօր, մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ, որպէսզի սպասուած հրաշքները գործեն։

Անգամ մը եւս յարգանք եւ պատիւ այն հերոսին, որ կրցաւ ամբողջ կեանքի ընթացքին իր կուսակցութեան՝ Դաշնակցութեան ճամբով ժողովուրդին ու ազգին ծառայել եւ նուիրուիլ, ու այդպիսով դարձաւ ազգային տիտան, որուն հսկայական վաստակին ու անթառամ յիշատակին առջեւ սերունդներ պիտի խոնարհին:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button