ԳլխաւորԳրականՅօդուածներ

Béatrice Favre – Պէաթրիս Ֆաւր Օտարալեզու Հայ Գրականութեան Անծնաօթ Գրագիտուհի Մը (24.04.1928 ­– 8.11.2022)

 

 

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

 

Շատոնց զիրար չէինք տեսած։ Երբ հեռա­խօսին պատասխանեցի՝ զարմացայ, թէ ուրկէ՞ է ինծի այս պատիւը, որ յիշած է զիս։ Ակամայ կը մտածէի՝ «կա՛մ աղն է պակաս, կա՛մ՝ մաղը»։ Ժամադրուեցանք հանդիպումի մը Ժընեւի ամենահին եւ անուանի ժամադրավայրերէն Remor սրճարանը, որ կը գտնուի Plainpalais հարթավայրի վերջաւորութեան՝ բարե­բախտաբար բնակարանիս ալ մօտակայ­քը։ Տարիները իրենց հետքը ձգեր էին դէմքին վրայ, աւելցեր էին կնճիռները, իսկ մազերուն վրայ շնորհքով մը տեղա­ցեր էր անցած տարիներուն ձիւնը։ Բայց ինք իր երիտասարդական նոյն եռանդով կը զրուցէր, կը խօսէր աշխարհաքաղա­քական անցուդարձերուն մասին՝ Ռու­սիա-Ուքրանիա, Իսրայէլ-Կազա հակա­մարտութիւն, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերընտրութիւն, սակայն ամէ­նէն շատ կը ցաւէր Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, հայոց պաշտպանութեան բանակին կրած ծանր պարտութեան, Ար­ցախի կորուստին եւ տարածաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգու­թեան հանդէպ ազերիներու պետական հովանաւորութեամբ իրագործուող բնաջնջու­մին, նաեւ կամայական վայրենաբարոյութեան համար։

Աւելի քան ժամ մը հանդիպելէ ետք, երբ կը պատրաստուէինք հրաժեշտ տալ իրարու՝ յանկարծ յիշեց, որ ինծի տալիք մը ունէր։ Զրուցակիցս, որ մաքուր զուիցերիացի մըն է եւ եղած է Ժընեւի միջնակարգ ուսումնարաններու վաստակաւոր ուսուցիչ, պայու­սա­կէն հանեց գիրք մը ու դրաւ զայն սեղանին վրայ։ Կողքի լուսանկարէն անմիջապէս գու­շակեցի, որ հայերու հետ առնչութիւն ունեցող գիրք մըն է։ Սեւ-ճերմակի վրայ նշմարելի էր հայ ընտանիքի մը հին լուսանկարը։ Հեղինակին անունը կարդալէ առաջ կարդացի խորագիրը՝ « Les joyaux de Maïrik » (Մայրիկին գոհարները)։

Նկատի ունենալով իր ուսուցիչ ըլլալու հանգամանքը՝ ենթադրեցի, որ դպրոցի մը գրա­դարանէն զայն փոխ առած է։ Ան հաղորդեց, որ մայրը ունեցած է ժընեւաբնակ հրեայ բարեկամուհի մը, որ իր խոր ծերութիւնը թեւակոխելէ ետք փոխադրուած է տարեց­ներու համար նախատեսուած կեդրոն մը, մինչ այդ զանգահարելով իրմէ խնդրած է իր տունէն վերցնել այն բոլոր գիրքերը, որոնք զինք կը հետաքրքրեն։ Բարեկամս այդ գրա­պահարանին մէջ տեսնելով առկան՝ մտածած է, որ զայն նուիրելով ինծի կրնայ ուրա­խութիւն պատճառել, նկատի ունենալով գիրքին հայեցի բովանդակութիւնը եւ իմ հայ ըլլալս։

Շնորհակալութիւն յայտնեցի նրբանկատութեան համար եւ գիրքը վերցնելով հրաժեշտ տուինք իրարու։ Տակաւին տուն չհասած կարդացի հեղինակին անունը՝ Béatrice Favre, եւ սկսայ թերթել գիրքին էջերը, թէկուզ հարեւանցի ծանօթանալու համար անոր բո­վանդակութեան։

Օտարալեզու հայ գրականութեան հարուստ եւ բազմաշերտ ժառանգութեան մէջ միշտ ալ կան հեղինակներ, որոնց կեանքն ու ստեղծագործական աւանդը մնացած են թանձր ստուերի տակ։ Այդպիսի գրողներէն մին է Պէաթրիս Ֆաւրը։ Հակառակ ֆրանսերէն լե­զուով իր գրական աւանդին՝ ան մնացած է անծանօթ, իսկ հայ իրականութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով վերահասու չէ իր անձին ու գործին։

Նախաձեռնած առաջին հետազօտութենէս պարզուեցաւ, որ զուիցերիահայ լրագրող­ներէն Արման Գասպար Մարսիլիոյ մէջ ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուող Armenia պարբերաթերթի 69 եւ 107 թիւերուն[1] մէջ հեղինակին, նաեւ անոր հեղինակած գիրքե­րուն մասին շատ հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդած է։ Պարզ է, որ սոյնը բաւարար չէ եղած հեղինակը ներկայացնելու օտարալեզու հայ գրականութեան ժառանգութեան։

Նկատի ունենալով հեղինակին Ֆաւր մականունը՝ կ’ենթադրէի, որ թերեւս կապ ունե­ցած ըլլայ զուիցերիացի այն մեծանուն բարեգործի ժառանգորդներուն՝ Լէոփոլտ Ֆաւ­րի ընտանիքին հետ (Lépold Favre, 1846–1922)։ Հայասէր այս հեղինակաւոր անձնաւո­րութեան նախապէս համապարփակ անադրադարձած էի « Témoins d’humanité »[2] գիր­քիս մէջ։ Լէոփոլտ ֆաւր այն մարդասէրն էր, որ 1896 թուականէն սկսեալ ամբողջապէս ինքզինք նոյնացուցած էր արեւմտահայութեան դառն ճակատագրին հետ։ Հայ ժողո­վուրդին հանդէպ իրագործուած սուլթանական զանգուածային կոտորածներու տարի­ներուն, յատկապէս 1903–1909 թուականներուն, ան բազմիցս ճամբորդելով Օսմանեան կայսրութեան հայահոծ շրջանները՝ զուիցերիական նպաստամատոյց կազմակերպու­թիւններու տրամադրած նիւթական օժանդակութիւնները հասցուցած է մասնաւորա­բար որբախնամութեան գործին։ Այդ անձնդիր ներդրումներուն արդիւնքը հանդիսացած է Ժընեւի մօտ՝ Պենիէն գիւղին մէջ հայ որբերու համար ձեռք բերուած «Հայ տուն»-ը, որ 1921-էն սկսեալ աւելի քան 200 որբերու ապաստանարան եւ կրթութեան դարբնոց դարձաւ։

Կարճ հետազօտութենէ ետք պարզ դարձաւ, որ Պէաթրիս Ֆաւր ուղղակի կապ չէ ու­նեցած վերոնշեալ անձնաւորութեան հետ, այլ այս մականունը, որ ինք ընդունած է ա­մուսնական կապի բերումով, մասնաւորաբար ֆրանսախօս Զուիցերիոյ շրջանին մէջ շատ ընդհանրացած է, ինչպէս հայոց մօտ զորօրինակ՝ Յակոբեան, Մինաս­եան, Յա­րու­թիւնեան, Մանուկեան եւ նման բազմաթիւ անուններ։

Առ այս հարկ եղաւ դիմել արխիւային հետազօտութիւններու ցորչափ որ հնարաւոր էր՝ պարզելու համար անոր ինքնութիւնը։

Պէաթրիս Ֆաւր ծնած է 24 ապրիլ 1928 թուականին Պազել քանթոնի Հէօլշթայն գիւղին մէջ։ Հօր անունը եղած է Շապուհ (Շառլ) Փիլոսեան` մասնագիտութեամբ բժիշկ։ Իսկ մօր անունը՝ Քլարա Էլիզապէթ, ծնեալ Կերսթեր, որ եղած է զուիցերիացի մը Պազել քանթոնի շրջանէն։ Այնպէս կը թուի, որ ընտանիքը բնակած է Հէօլշթայնի հարեւանու­թեամբ Օպերտորֆ գիւղը, ուր երկար մնացած չէ, այլ տեղափոխուելով մնայուն բնա­կութիւն հաստատած է Ժընեւ՝ 1932 թուականին, երբ Պէաթրիս ընդամէնը չորս տարե­կան էր։ Ան հոս յաճախած է աղջկանց դպրոց մը, զոր աւարտելէ ետք ընդունուած է Ժընեւի պետական համալսարանի գրականութեան ֆակուլտետը 22 Հոկտեմբեր 1947 թուականի ձմեռնային կիսամեակին ու զայն աւարտած է 1950-1951 թուականի ձմեռ­նային կիսամեակին՝ ստանալով գրականութեան պաքալորէայի աստիճան։ Նոյն համա­լսարանի ուսանողական արձանագրութեանց հետեւելով կը տեսնենք, որ ան կը շարու­նակէ մասնագիտանալ իր ընտրած ճիւղին մէջ՝ ընդունուելով 1953 թուականի ամառ­նային կիսամեակի դասընթացքներուն, որոնք աւարտելէ ետք կը վկայուի անգլերէն լե­զու եւ գրականութիւն դասաւանդելու վկայականով։

Պէաթրիս Փիլոսեանի անունով տրուած կենցաղային վկայականները ցոյց կու տան, որ ան 1954 թուականի 27 Ապրիլին ստացած է Ժընեւի քաղաքացիութիւն (նախկին Պազել քանթոնի Հէօլշթայն բնակավայրի քաղաքացի): Հպատակագրման դիմումը ներկայաց­ուած է 29 Յուլիս 1953 թուականին։

14 ապրիլ 1960 թուականին Պէաթրիս Փիլոսեան կ’ամուսնանայ Քլոտ Անտրէ Ֆաւրի հետ (ծնած՝ 3 Յունուար 1926 թուականին, ծագումով Նէօշաթել քաղաքէն, մասնագիտու­թեամբ քիմիական ճարտարագէտ): Պէաթրիս այդ ժամանակ ուսուցչուհի էր տնային տնտեսագիտութեան դպրոցին մէջ եւ կ’ապրէր ժընեւ՝ 9 boulevard des Philosophes փո­ղոցը: Զոյգը սկիզբը կը բնակի Hoffmann փողոցի թիւ 5 շէնքին մէջ, նախքան 1970-ա­կաններուն 46 chemin des Coudriers տեղափոխուիլը. հասցէ մը, որ կը պահեն առ­նուազն մինչեւ 1999 թուականը: Ի դէպ, աւելորդ պիտի չըլլար այստեղ նաեւ յիշել, որ ամոլը կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը։ Ահաւասիկ այսպէս պարզ կը դառնայ, թէ ինչպէ՞ս բացառապէս Ֆաւր մականունը Պէաթրիս դարձուցած է հեղինակային ինք­նու­թիւն՝ նշելով զայն իր հրապարակած գիրքերուն վրայ՝ զանց առնելով իր նախա­ամուս­նական Փիլոսեան հայկական ազգանունը։

Պէաթրիս Ֆաւր գրական իր առաջին փորձերուն ձեռնարկած է 17 տարեկանին, սա­կայն իր առաջին գիրքը՝ « L’avortement »[3] – «Վիժեցումը» խորագրով, լոյս կը տեսնէ Ժը­նեւի մէջ Poésie vivante հրատարակչատունէն 1980 թուականին, 190 էջ, 21,5 x 14,5 սմ., ֆրանսերէն։ Հետաքրքրական է, որ առկան տակաւին տարին չբոլորած՝ նոյն հրատա­րակչատունէն կ’ունենայ երկրորդ տպագրութիւն մը։

Հատորին սկիզբը հեղինակին մասին կը կարդանք. «Մեր գրախանութներու դարակ­ներէն ներս պերճաշուք մուտք գործած է նոր գրող մը ֆրանսախօս Զուիցերիայէն։ Վերնագիրը ինքնին կը յուշէ, թէ ինչի մասին կը խօսի գիրքը, սակայն ընթերցողը պիտի զարմացնեն երիտասարդ կնոջ ոճի հարստութիւնը, դիտարկումները, նրբանկատու­թիւնը եւ յստակութիւնը հասարակութեան մը մէջ, որ իրականութեան մէջ շատ քիչ ազատութիւն կու տայ իրեն»։

Սոյնը պատմուածքներու ժողովածու մըն է, որ հեղինակը մեզի կը ներկայացնէ առա­ջին պատմուածքին « L’avortement » (Վիժեցումը) վերնագրով, եւ զայն հեղինակը միա­ժամանակ դարձուցած է գիրքին ընդհանուր խորագիրը։ Այս հաւաքածոն իր ընդհա­նուր յայտարարն ունի՝ կնոջ վիճակը հասարակութեան մէջ։ Նիւթը նկարագրուած է ոչ թէ ջղուտ վիճաբանութեան նպատակով, այլ դիտումնաւոր եւ զուսպ հոգեբանու­թեամբ, գրելաոճ մը, որուն շնորհիւ ան դարձած է աւելի ազդու եւ իրական:

« L’avortement » (Վիժեցումը) ստեղծագործութիւնը մեղադրական եզրակացութիւն մը չէ, այլ միանշանակ ողբերգութիւն մըն է, եւ այդ ողբերգութիւնը աւելի սարսափելի է՝ պար­զապէս բծախնդրօրէն ախտահանուած ըլլալուն համար։ Երիտասարդ կին մը զոհ կը դառնայ դժուարին հանգամանքներու։ Օրէնքը իրեն կը թոյլատրէ, որ դուրս գայ այս կա­ցութենէն։ Սակայն իր ներսիդին ան կը մնայ ցաւով ու կսկիծով այրուած։ Խիղճը չի գործեր այնպէս, ինչպէս իրեն խոստացեր էին բարի կամքի տէր մարդիկ, նոյնիսկ ա­նոնք, որոնք իրավիճակը կարեկցաբար գնահատած են։

Առկայ պատմութիւնը բեմադրական արուեստի փոքրիկ գլուխգործոց մըն է` նուազա­գոյն դերասաններով, գրեթէ միայն կինն ու երեխան. կին մը, որ մայր պիտի չդառնայ, եւ երեխայ մը, որ պիտի չծնի:

Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս պատմուածքները՝ « Evasion » (Փախուստ), « Perroquet » (թութակ), « Lethargie » (Քնախտ), « Femme de menage » (Տնային սպասարկուհի), « Chateaux en Espagne » (Դղեակներ Սպանիոյ մէջ), « Le Divan » (Բազմոցը), « Brouillard » (Մառախուղ) եւ « La Disparition » (Անհետացումը), իրենց բովանդակութեամբ առա­ւել կամ պակաս չափով առնչուած են իրարու։ Անոնք կը միաւորուին խճանկարի մը պէս՝ կազմելով ընդհանուր պատկեր մը, որ կը ներկայացնէ մարդկային գոյութեան դիւ­րաբեկութիւնը, իմաստի որոնումը եւ կեանքի հակասութիւնները։ Իւրաքանչիւր գլուխ՝ «Վիժեցում»-էն մինչեւ «Փախուստ» եւ առօրեայ թուող պահեր, ինչպէս տնային սպա­սարկուհիին կեանքը եւ Սպանիոյ մէջ դղեակներու երազանքը, կապուած են նիւթերու նուրբ ցանցով, ինչպիսիք են նաեւ Կորուստը, Յոյսը եւ Կայունութեան բացակայութիւ­նը։

Անոնք միասնաբար կ’ուրուագծեն պատկերը այն մարդոց, որոնք կը տատանին ար­տաքին սահմանափակումներու եւ ազատութեան ներքին ձգտումի միջեւ։ Մշուշը, որ կարծէք պատած է պատմութիւնները, կը խորհրդանշէ ոչ միայն անորոշութիւնը, այլեւ այս անորոշութեան մէջ իմաստ գտնելու մարդկային կարիքը։

Հեղինակին կեդրոնացումը մանրամասներու վրայ, ինչպիսիք են Թութակի կամ Բազ­մոցի խորհրդապատկերները, կ’ընդգծէ, որ կեանքի նոյնիսկ աննշան թուող կողմերը կրնան խոր, յաճախ հակասական զգացումներ յառաջացնել: Վերջին պատմութեան մեջ գերիշխող «անհետացումը» կը ձգէ տարածութիւն մը, ուր ընթերցողները կը հրա­ւիրուին իրենց սեփական հարցերը տալու կորուստի եւ յիշողութեան վերաբերեալ:

Ժողովածուն մասնաւորաբար կը շեշտէ, որ թէպէտ պատմուածքները առանձին են, այնուամենայնիւ անոնք ընդհանուր առմամբ կը ներկայացնեն համընդհանուր պատ­մութիւն մը մարդկային ոգիի դիւրաբեկութեան, բայց միեւնոյն ատեն դիմադրողակա­նութեան մասին: « L’avortement » (Վիժեցումը) կարելի է ընթերցել իբրեւ կեանքի հնա­րաւորութիւններու ընդհատումի կամ արգելակումի փոխաբերութիւն, սակայն այնու­ամենայնիւ կայ մնայուն տարածք մը յոյսի, նոր սկիզբի եւ կեանքի անխափան յառաջ­ընթացի համար։

Ընդամէնը երկու տարի ետք de l’Aire հրատարակչութենէն Լոզանի մէջ լոյս կը տեսնէ Պէաթրիս Ֆաւրի երկրորդ գիրքը՝ « Les joyaux de Maïrik »[4] (Մայ­րիկին գոհարները) խորագրով, 123 էջ, 21,5 x 14,5 սմ., ֆրանսերէն։ Հեղինակը հատորը ձօնած է իր հօր՝ արձանա­գրելով հետեւեալ տողը. « À mon père, ces fleurs du souvenir qu’il a semées en moi » (Հօրս՝ յիշողութեան այս ծաղիկ­ները, որոնք ան ցանեց իմ մէջ)։ Փաս­տօրէն հատորը վերարտադրութիւն է իր հօրենական ընտանիքի պատմու­թեան, իսկ կողքին վրայի լուսանկարը հաւանաբար յիշատակի լուսանկար մըն է Փիլոսեան ընտանիքին՝ մեծ մայ­րը կեդրոնական դիրքով եւ իր շուրջը իր չորս մանչ զաւակները, որոնցմէ մին պէտք է ենթադրել, որ հեղինակին հայրն է։ Բնականաբար սոյնը առնուած ըլլալու է Թաւրիզի մէջ, գուցէ զաւակներէն երեքին երկրէն հեռանա­լու նախօրեակին։

Բովանդակութիւնը ամբողջապէս հայաշունչ է. աղքատութեան մատնուած հայ ընտա­նիք մը՝ Թաւրիզի Լիլավա (պարսկերէն՝ Լէյլապատ) թաղամասին մէջ։ Չորս մանկահասակ որդիներ կը մեծնան առանց հօր՝ արիասիրտ մօր մը ջամբած դաստիարակութեամբ։ Անոնց գոյատեւումը կախուած է այդ հէգ կնոջ քրտնաջան աշխատանքէն: Անոր կրած նուաստացումները, զրկանքները եւ կեանքի դժուարագնաց կածաններէ խաւարի մէջէն ընթացող ճամբան։ Բայց վերջապէս իր յաղթանակը ճակատագրի անողոք հարուած­ներուն, որ կ’իրականայ շնորհիւ իր տաղանդին, անընկճելի ոգիին եւ նկարագրի տոկունութեան։ Բախտը կը ժպտայ իր որդիներէն մէկուն, որ քաջութիւնը կ’ունենայ առագաստ բանալու դէպի անհունն ու անորոշը, դէպի Եւրոպա՝ հասնելով Վենետիկ։

Մանրավէպի կեդրոնական դէմքը 15-ամեայ պատանիի մը ոդիսականն է, որ բոլորովին առանձին՝ իրեն անծանօթ երեք հազար քլմ․ տարածք մը կը կտրէ՝ յաղթա­հարելով բազ­մաթիւ վտանգներ ու խոչընդոտներ, եւ առաջնորդուելով մէկ վառ նպատա­կով՝ հասնիլ Եւրոպա։ Այդ վաղաժամ կորսնցուցած իր հօր որոնումն է եւ դէպի իր հայեցի արմատ­ները, որոնք կը գտնուին Կարինի (Էրզրում) մէջ։ Պէտք է ենթադրել, թէ հեղինակին ըն­տանիքը բնիկ կարնեցի եղած է, որ ինչ-ինչ պատճառներու բերումով ստիպուած լքած է իր բնօրրանը՝ բնակութիւն հաստատելով Թաւրիզի մէջ։ Հեղինակը տեղեկութիւն չի հա­ղորդեր, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս է այրիացած իր մեծ մայրիկը, որուն իսկական գոհարները իր որդիներն են։

Վէպը կը ներկայացնէ Թաւրիզի հայկական կեանքի գունեղ պատկերը՝ Պարս­կաստան, որ տակաւին կը գտնուի միջնադարի վերջին փուլին մէջ: Ան կը տանի Կով­կասի գեղա­տեսիլ բնապատկերներով, Սեւ ծովով, Ցարական Ռուսիոյ կայսրութեան տարածքով մինչեւ 1914 թուականը՝ արկածախանդրութիւն մը ձիակառքերով, նաւերով եւ ռուսա­կան առաջին շոգեկառքերով՝ մինչեւ որ ճամբորդութիւնը ի վերջոյ կը հասնի իր գա­գաթնակէտին շքեղ Վենետիկի մէջ:

Այս հրաշալի տեսարաններն ու գունագեղ պատկերները կը կազմեն հեղինակին յուզիչ պատմութեան խորապատկերը, ուր հայ պատանին կը դառնայ արդէն չափահաս տղա­մարդ մը՝ վերապրելով իր երիտասարդութեան քաջութիւն արտայայտող պատմութիւ­նը՝ լեցուն տուայտանքներով, յոյզերով եւ յիշողութիւններով ապրուած կեանքի մը մա­սին, որ կ’իմաստաւորուի պայքարով, յոյսով եւ ինքզինք գերազանցելու աննկուն կամ­քով։

1984 թուականին նոյն de l’Aire հրատարակչատունը Լոզանի մէջ կը տպագրէ Պէաթ­րիս Ֆաւրի երրորդ հատորը՝ « Le Soleil se lève à Venise » (Արեւը կը ծագի Վենետիկի մէջ) խորագրով։ Հեղինակը սոյն գիրքը նախորդին նման կը ձօնէ իր հօր՝ « À mon père » (հօրս)։ Բնականաբար այս ձօնը ինքնին հասկնալի է, քանի որ վէպին գլխաւոր հերոս­ներէն մին կրկին իր հայրն է, որ իր կենսագրութենէն բաժին մը հաղորդած է իրեն, այս­պէս հայթայթելով առկայ վէպին գրական ատաղձը։ Հեղինակին հօրեղբայրները՝ Վահ­րամ եւ Զարեհ (մահացած ժընեւի մէջ 12 Հոկտեմբեր 1969 թուականին), իրենց աւագ եղբօր՝ Շապուհին հետ նոյնպէս կը գտնուին Վենետիկ, մինչդեռ անոնցմէ կրտսերը կը մնայ Թաւրիզ՝ իրենց մօր քով, տակաւին շատ պատանի տարիքին պատճառով։

« Le Soleil se lève à Venise » (Արեւը կը ծագի Վենետիկի մէջ) աւելի լոյս կը սփռէ Փի­լոսեան եղբայրներու կեանքի պատմութեան վրայ։ Արդարեւ ան կը ներկայացնէ մայրի­կին երեք որդիներուն պայքարի եւ յաջողութեան պատմութիւնը, անոնց ճանապար­հորդութիւնը՝ ուղեկցուած տարբեր ճակատագրերով։ Բախտորոշ է անոնց կենսագրու­թեան այն հատուածը, որ Վենետիկի մէջ կ’ընդունուին Մուրատ-Ռափայէլեան վար­ժարան, ուր Մխիթարեան հայրերու շունչին ներքոյ կը ստանան լաւագոյն կրթութիւն։ 1910 թուականին անոնք արդէն կը գտնուին Ժընեւ, ուր տեղւոյն համալսարանին մէջ կը ստանան բարձրագոյն կրթութիւն։ Արեւելքցի այս եղբայրները զօրեղ կամքով, օրի­նակելի աշխատասիրութեամբ եւ իրենց մօրմէն ժառանգած սիրով անընդմիջելիօրէն զօրակից են իրարու։ Սակայն ողբերգութիւնը հեռու չէ՝ կեանքը ունի իր առեղծուած­ներն ու անբացատրելի օրէնքները. ցաւօք, եղբայրներէն մին կը մահանայ դաժան մա­հով եւ իր ետին կը թողու անկամրջելի բաց մը։ Հուսկ կը բռնկի Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ եղբայրներէն մէկը կը մեկնի արեւելեան ռազմաճակատ, ուր զօրամա­սի մը կից հիւանդանոցին մէջ որպէս բժիշկ կ’իրականացնէ հերոսական ծառայութիւն մը։

Այս ամէնը սերտօրէն փոխկապակցուած է ընտանեկան ամուր կապերու հետ, որոնք եղբայրները իրարու կը միացնեն հոգեպէս, ընտանեկան արժէքի բարձր գիտակցու­թեամբ եւ միասնական այն անհուն կարօտով, որ կը ձգուի դէպի իրենց սիրասուն մայ­րիկը՝ Թաւրիզի մէջ։ Արդէն ստեղծելով բարեկեցիկ կեանք մը եւ ընտանիք, նաեւ բախ­տաւորուելով աղջիկ զաւակով մը, որ նոյնինքն հատորին հեղինակն է, երիտասարդ բժիշկը անձկայրեաց կ’ուզէր տեսնել իր մայրը՝ հրաւիրելով զայն իր մօտ կամ, հակա­ռակ պարագային, երթալ Թաւրիզ։ Մինչդեռ չորս եղբայրներուն մէջ կրտսերը, որ մնա­ցեր էր մօր քով, նոյնպէս անցած էր յաջողած կեանքի ուղի մը՝ փոխադրուելով Թեհրան, ուր հասած էր պատասխանատու պաշտօններու։ Արիասիրտ մայրը սակայն հրաժեշտ տուած էր կեանքին. հոգնաբեկ մարմինը հանգչած էր խաղաղ՝ գիտակցելով, որ մայրա­կան իր բոլոր զոհողութիւնները իր զաւակներուն նկատմամբ առաւելագոյն չափով ար­դիւնաւորուած են։ Այժմ անոնք կը գտնուին Եւրոպայի սիրտը՝ Զուիցերիա, ուր իրենց ճակտին արդար քիրտով հասարակութեան մէջ ստեղծած են պատուաբեր դիրք մը՝ ունենալով իրենց ուրոյն ընտանիքները։ Հաւանաբար ան լսած էր նաեւ իր թոռնուհիին՝ Պէաթրիսի մասին, իսկ աւանդական հայ մօր համար ոչ մէկ բան կարող է գերազանցել անանձնական երջանկութեան վերջնագոյն սահմանը, քան իր սիրոյն եւ արեան ծնունդ զաւակներուն եւ թոռներուն քաջառողջութիւնը, աշխատանքային կեանքի ձեռքբերում­ներն ու անոնց երջանկութիւնը։

1987 թուականին Pourquoi pas… հրատարակչատունը Ժընեւի մէջ լոյս կ’ընծայէ Պէաթ­րիս Ֆաւրի պատմուածքներու վերջին հատորը « Envol a l’aube »[5] (Թռիչք լուսադէմին) խորագրով, 19 x 13 սմ., 152 էջ, ֆրանսերէն։ Սոյն հատորին հրատարակիչը եղած է զուիցերիահայ անուանի երաժշտահան Ստեփան Էլմասի զարմուհին՝ Astrid Mirabaud Elmas-ը (Ասթրիտ Միրապօ Էլմաս), որ միաժամանակ հանդիսացած է նոյն հրատա­րակչատան հիմնադիրն ու տնօրէնուհին[6]։ Հատորը բաղկացած է ութ մանրավէպերէ, որոնք կը կրեն հետեւեալ վերնագրերը. « Envol a l’aube », « Diotima » (Տիոթիմա), « Le concierge » (Տան խնամակալը), « La commémoration » (Ոգեկոչումը), « Côte d’Azur » (Զմրուխտ ծովածոցը – Ֆրանսական Ռիվիերան), « Les choucas » (եղջերուկները), « Le serpant d’or » (Ոսկէ օձը) եւ « Caïn et Abel » (Կայէն եւ Աբէլ)։ Այս պատմուածքներու շարքին մէջ հայկականութեան իմաստով կ’արժէ ընդգծել « La commémoration » (Ոգե­կոչումը) մանրավէպը, որուն գրառման շարժառիթը հանդիսացած է հեղինակին ներկա­յութիւնը այն յիշատակի արարողութեան, որ տարուէ-տարի 24 ապրիլին կ’ոգեկոչէ Հայ առաքելական եկեղեցին աշխարհի բոլոր ծագերուն, այս պարագային նաեւ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցին։

Պէաթրիս Ֆաւր Փիլոսեան թէպէտ Զուիցերիոյ մէջ իր հեղինակած չորս վէպերով չէ կրցած նուաճել մտաւորականի եւ գրողի զգալի փառք մը, սակայն եւ այնպէս անոր գրական ներդրումները ստոյգ կը ներկայացնեն անգնահատելի մշակութային եւ պատ­մական գանձարան մը: Ան իր ստեղծագործութիւններով ոչ միայն պահպանած է հայ համայնքի ձայներն ու պատմութիւնները, այլեւ ջերմ եւ գունեղ պատկերացում տուած է հայոց հնադարեան աւանդոյթներու, ցեղային արժանիքներու, ընտանեկան բարոյա­կան արժեհամակարգի, նաեւ հոգեւոր-բարոյական կուռ գիտակցութեան մասին, որոնք յաճախ կը գտնուին համաշխարհային պատմութեան ստուերին մէջ: Պէաթրիս Ֆաւր Փիլոսեանի ժառանգութիւնը լուռ, բայց հզօր կոչ մըն է՝ յարգելու մեր ինքնութեան ար­մատները եւ վառ պահելու հայոց հաւաքական յիշողութեան լոյսը: Քանզի անոր գրած իւրաքանչիւր տողը կ’արտացոլացնէ այն ցանկութիւնը, որ այս պատմութիւնները չկոր­սուին մոռացութեան ծովուն մէջ, այլ սերունդէ-սերունդ փոխանցուին որպէս հարուստ եւ իրադարձութիւններով լեցուն անցեալի կենդանի վկայութիւն:

Պէաթրիս Ֆաւր Փիլոսեան, բազմավաստակ դաստիարակ եւ ուսուցիչ, զուիցերիահայ գրող եւ հեղինակ հայաշունչ վէպերու, իր մահկանացուն կը կնքէ Ժընեւի Վերսուա աւանին մէջ՝ 8 Նոյեմբեր 2022 թուականին, հասնելով ի խորին ծերութիւն՝ ապրելով եւ արարելով 94 երկար տարիներ։

Յաւարտ բանիս, լիայոյս պիտի ըլլանք, որ այսուհետեւ օտարալեզու հայ գրականու­թիւնը օտարագիր հայ գրողներու իր ցանկը կը հարստացնէ նաեւ հայ մշակոյթը հան­րահռչակող զուիցերահայ Պէաթրիս Ֆաւր Փիլոսեանի համեստ անունով։

Ժընեւ, 21 Յունուար 2025

Յիշատակութիւն սրբոցն՝ Կիրակոսի եւ մօրն իւրոյ Յուղիտայի,

նաեւ վկայիցն՝ Գորդիոսի, Պօղիքտոսի եւ Գրիգորիսի

[1] Gaspard, Arman, « Béatrice Pilossian Favre: Les Joyaux de Maïrik », Armenia, Nr. 69, 1983, p. 30; « Béatrice Pilossian Favre », éditée par Astrid Elmasian, Armenia, Nr. 107, 1988, p. 55.

[2] Տե՛ս Manoukian, Abel, « Témoins d’humanité : l’engagement humanitaire de la Suisse pendant le génocide des Arméniens dans l’Empire ottoman, 1894–1923 », Librairie Antoine, Beyrouth, 2022, 605 pages.

[3] Favre, Béatrice, « L’avortement », édition Poésie Vivante, 2 éditions, Genève, 1980, 190 pages, 21,5 x 14,5, français.

[4] Favre, Béatrice, « Les joyaux de Maïrik », éditions de l’Aire, Lausanne, 1982, 123 pages, 21,5 x 14,5, français.

[5] Favre, Béatrice, « Envol a l’aube », éditions pourquoi pas…, Genève, 1982, 152 pages, 19 x 13, français.

[6] Հմմտ. Gaspard, Arman, « Béatrice Pilossian Favre », éditée par Astrid Elmasian, Armenia, Nr. 107, 1988, p. 55.

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button