ԳլխաւորՅօդուածներ

Ատրպէյճանը ՆԱԹՕ-ի Տրոյեան Ձիու Դերին Մէջ Է. «Հարուած Ալիեւի Վարկանիշին – Նախկին Պաշտօնեան Կը Բացայայտէ «Պաքուի Պալատական Գաղտնիքները» Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
19 Յունուար 2025
Շար. 1/2
haroutchekijian.wordpress.com
Ազերի ԱԶԱԼ ընկերութեան «Էմպրայեր 190», պրազիլեան արտադրութիւն ճամբորդատար օդանաւը, 25 Դեկտեմբեր 2024-ին, ցարդ անծանօթ պատճառով ջախջախուեցաւ Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտ` Պաքուէն Չեչենիոյ Կրոզնի քաղաք ուղղուելու ընթացքին: Արկածը, ջղագրգռութիւն պատճառեց Իլհամ Ալիեւին, որ աղէտին պատասխանատուն Ռուսիան նկատեց:
Այս արկածին ստեղծած «աղմուկին» պատճառով, ռուս լրագրող՝ Փեթր Մակեդոնցեւ (Petr Makedontsev) վերոնշեալ խորագիրով, լայն տեղեկութիւններով յօդուած մը հրատարակած է Եւրասիա Տէյլիի Eurasia Daily EAD 9 Յունուար 2025-ի համարին մէջ (1), ուր կ՚անդրադառնայ Ռուսիոյ հանդէպ Ատրպէյճանի հին ու նոր թշնամութեան: Անոր գլխաւոր աղբիւրը, ազերի պետական նախկին պաշտօնեայ՝ Թամերլան Վակապովին՝ ԹՎ, 27 Դեկտեմբեր 2024-ի ընկերային ցանցերու մէջ կատարած բացայայտումն է Tamerlan Vagabov, որ այժմ Ուքրայինա հաստատուած եւ Ուքրայինայիյ զինամթերքի մատակարարման, Defense Procurement Agency խորհրդատու եղած է: Անգլերէն բնագիրէն երկու մասով կ՚ամփոփեմ յօդուածը.
Ատրպէյճանական «Էմպրայեր 190» ջախջախուած օդանաւին ետեւի մնացորդը։
Ատրպէյճանի Կապալայի նախկին ռուսական ռատարի կարեւոր խարիսխը:
«Նախ, քանի մը խօսք Վակապովի մասին: Այս կերպարը աւարտած է Ա․Մ․Ն․՝ Միացեալ Նահանգներու ծովային ուժերու բարձրագոյն դպրոցը եւ Ճորճթաուն համալսարանը։ Խորհրդանշական է, որ նոյեմբեր 2008-ին Վակապովը, որ այն ժամանակ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեայ էր, առաջինն էր, որ մարզիկներու նման, բարձրացուցած է Ատրպէյճանի դրօշը՝ Ա․Մ․Ն․ նաւատորմի բարձրագոյն դպրոցի բեմին վրայ, միջազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան գիտական վկայական ստանալու ընթացքին։
«Վակապովը կրցած է աշխատիլ Ինթըրփոլին, Ա․Մ․Ն․-ի Ատլանտեան Խորհուրդին, որ Ռուսիոյ մէջ անբաղձալի է ու Ատրպէյճանի ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն մէջ: Կարեւոր է նաեւ, որ ան աշխատած է Ուքրանիոյ մէջ՝ իբրեւ Պաշտպանութեան գնումներու գործակալութեան ղեկավարի խորհրդական եւ ներքին գործոց նախարարութեան բարեփոխումներու գրասենեակի ղեկավար։
«Այս նախկին պաշտօնեան, 27 Դեկտեմբեր 2024-ին, մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Ռուսիոյ հանդէպ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը։ Ան զրոյցի ձեւով կը բացայայտէ «Պաքուի պալատական գաղտնիքները»: Վակապով կը պատմէ.
ԹՎ- «Իմ վաղեմի պաշտօնակիցս եւ ընկերս Վատիմ Տենիսենքոն, որուն կը յարգեմ, գրած է, որ Ղազախստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, վար առնուած օդանաւին պատճառով չեն վատթարանար։ Ընդհանուր առմամբ, ան ճիշդ է: Սակայն այստեղ կան նուրբ տարբերութիւններ՝ յարաբերութիւնները արդէ՛ն լաւ եղած չեն։ Ինքզինքիս կ՚արտօնեմ քանի մը խօսք, իբրեւ անձ մը, որ ղեկավարած է ամերիկեան ազդեցութիւնը դէպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն (իմ ժամանակաշրջանիս մենք աւարտեցինք Ռուսիոյ հեռացումը Ատրպէյճանէն, Կապալայի մէջ գտնուող ռատարի կեդրոնը գոցելով, որուն համար ես աշխատած եմ նախարարին եւ Ա․Մ․Ն․-ի գործընկերներու հետ, այդ մասին կ՚անդրադառնամ ստորեւ), եղած եմ Մ․Ա․Կ․-ի զարգացման ծրագրի UNDP համակարգողը Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներուն մէջ թմրանիւթերու բաժինի Մ․Ա․Կ․-ի ներքին գործոց նախարարութեան ծրագիրի համակարգողը (մենք 2002-2003-ականներուն, բազմիցս կռուած ենք Ռուսիոյ հետ տարբեր բանաձեւերով, դատապարտելով անոր դերը այս յանցանքներուն մէջ)»։
«Ինչպէս կը տեսնէք, Վակապովը Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գաղտնիքներուն մասին անմիջական տեղեկութիւն ունի: Այս կը նշանակէ, որ իր բացայայտումները կ՚արժէ սերտել: Նշելով երկկողմ յարաբերութիւններու օրինակը՝ ան կէտ առ կէտ նկարագրած է:
ԹՎ- «Ա. 90-ականներուն, Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին կրած պարտութենէն ետք, Ատրպէյճան հասկցաւ, որ այս պայմաններով պիտի շարունակէ պարտուիլ։ Քանի որ, ինչպէս միշտ, Ռուսիոյ գլխաւոր դերն էր՝ հակամարտութիւն հրահրելը, այս լաւ գիտեն Պաքուն եւ Երեւանը, հիմա անոնք առանց Ռուսիոյ, բոլոր վիճելի հարցերը կը լուծեն իրար միջեւ եւ վերջ»:
«Պէտք է ըսեմ, որ Ռուսիան ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հրահրելու մէջ մեղադրելը կա՛մ տգիտութեան նշան է, կա՛մ ալ կանխամտածուած սուտ: Ղարաբաղի համար 1918-1920 դաշնակցականներուն եւ մուսաւաթականներուն պայքարը տեղի ունեցաւ երբ Անդրկովկասի ժողովուրդները մինակ մնացին Ռուսական կայսրութեան փլուզումէն ետք։
«Իսկ եթէ խօսինք ղարաբաղեան հակամարտութեան աւելի նոր 1987-ի փուլին մասին, ան սկսած է հայերու դէմ Ատրպէյճանական  համակարգուած խտրականութեան պատճառով։ Բացի այդ, աչքիս առջեւ է Նախիջեւանի Ինքնավար Խորհրդային Հանրապետութեան օրինակը, ուր խորհրդային շրջանի Ատրպէյճանական ղեկավարութեան քաղաքականութեան պատճառով տեղի ունեցաւ հայ բնակչութեան թիւի արագ անկում, իսկ հետագային նաեւ, անոնց մշակութային ժառանգութեան իրերուն եւ հետքերուն (եկեղեցիներ, վանքեր, խաչքարեր, տապանաքարեր, գերեզմաններ եւ այլն*) բարբարոսական ոչնչացում (2), (3)։
«Ճակատումին պատճառը  20 Փետրուար 1988-ի ԼՂԻՄ-ի պատգամաւորներու խորհուրդի որոշումն էր դուրս գալ Ատրպէյճանի (դաժան*) հոգատարութենէն։ Երկու օր ետք, Աղտամի ազերի բնակիչներէ կազմուած ամբոխը Ղարաբաղ ուղղուեցաւ, բռնութեան միջոցով հակադարձելով որոշումին։ Ասկերանի մօտ, այս ամբոխը բախումներ ունեցաւ ոստիկաններու եւ հայ բնակիչներուն հետ, պատճառելով զոհեր։ Ապա սկսան հայերու ջարդերը Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Շամախի եւ այլն։ Ատրպէյճանի Խորհրդային հանրապետութեան իշխանութիւններուն կազմակերպած հայերու ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն հետեւանքով, 1990-ին Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս, մի՛այն Պաքուի մէջ հայ բնակչութիւն մնացած էր։
«Խորհրդային Հայաստանը ազերի բնակիչներուն, որոնք, ըստ 1979-ի մարդահամարին, կը կազմէին բնակչութեան 5,3 տոկոսը, Ատրպէյճան հեռացուց։ Սակայն պէտք է նշել, որ 1980-ականներու աւարտին Հայաստանը լքած 14,5 հազար ազերի ընտանիքներ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններէն ստացան 110 միլիոն տոլարի հատուցում (4)։ Յստակ է, որ Ռուսիան մասնակից չէր բռնկած հակամարտութեան մէջ։ Կ՚արժէ նշել, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը օգտագործուած է երկու կողմերէն ԽՍՀՄ կազմէն դուրս գալու քարոզչութեան համար։ Նշեմ, որ սովետական բանակի զօրամասերու վրայ յարձակումներ եւ զէնքի եւ ռազմական սարքերու ապօրինի իւրացում տեղի ունեցաւ։ Օրինակ, 1989-ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկու կողմերն ալ շուրջ 350 յարձակում գործեցին զինուորական շարասիւներու վրայ եւ շուրջ 900 յարձակում զինուորներու վրայ, ինչպէս նաեւ կազմակերպած են աւելի քան 30 խափանարարութիւն»: Պէտք է նշել սակայն, որ Խորհրդային ՕՄՈՆ-ը՝ ներքին ապահովութեան ոստիկանութիւնը եւ բանակը (ոչ անպայման ռուսեր), ուղղակի մասնակից էին հայերու սպանդին ու տեղահանութեան (5):
«1980-ականներու վերջի եւ 1990-ականներու սկիզբի իրողութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստանը Ռուսիոյ համար աւելի ընդունելի գործընկեր կը թուէր, քան Ատրպէյճանը։ Բոլորը չեն յիշեր, սակայն՝ 1990-ի Յունուարին, Պաքուի մէջ ջարդարարները կ՚որսային ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ ռուսերուն, որոնց մէջ՝ Խորհրդային բանակի զինուորներու ընտանիքներուն։ Եւ եթէ Հայաստանի անկախութեան 23 Օգոստոս 1990-ի հռչակագիրին մէջ Ռուսիան չէ յիշատակուած, ապա՝ Ատրպէյճանի  Հանրապետութեան պետական անկախութեան 18 Հոկտեմբեր 1991-ի սահմանադրութիւնը մեղադրանքներ կը պարունակէ Ռուսիոյ, ՌԽՖՍՀ-ի եւ Խորհրդային Միութեան հասցէին՝ կցելու, գրաւելու, գաղութատիրութեան եւ շահագործման մասին։
«Սակայն, եթէ հաւատանք Վակապովին, ապա Ատրպէյճանի  համար 1991-էն ի վեր Ռուսիան թիւ մէկ թշնամին է։
ԹՎ- «Բ. Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պէտք է խորապէս ուսումնասիրուի (ներքին ուժերու հաւասարակշռութիւնը, թրքական ցեղերու ձգտումը դէպի Թուրքիոյ, ՆԱԹՕ-ի եւ Ատրպէյճանի շրջածիր եւ այլն) եւ կառուցուի կերպար մը, ուր՝ անհրաժեշտ է նուազագոյնի հասցնել անոր տնտեսական ներկայութիւնը (բացառութեամբ քանի մը բնագաւառներու, ինչպիսիք են փոխադրութիւնը եւ այլն), ռազմական ներկայութիւնը հասցնել զէրոյի (1992-ին զօրքերը դուրս բերուած են, Ատրպէյճանէն):
«2007-ին ես անձամբ մասնակցած եմ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան Կապալայի ռատար կայանի վարձակալութեան աւարտի հարցերուն: Ես եղած եմ (Ռուսիոյ*) դեսպանին, Ուաշինկթընի եւ այլ ներկայացուցիչներուն նախարարին հետ բոլոր հանդիպումներուն: Մենք բարձրացուցինք վարձքը եւ վերջ դրինք ամէն վայրի մէջ, ուր կար Ռուսիոյ Դաշնութիւնը: Վերջապէս, 2023-ին, անոնց զօրքերուն՝  «խաղաղապահներուն» վերջնական դուրսբերումը Ղարաբաղէն՝ նուազեցնելով անոր մասնակցութիւնը նաւթին եւ կազին մինչեւ զէռօ մակարդակ: Մշակութային եւ ընկերային յարձակումներ չըրինք, որպէսզի Ռուսիոյ ընկերային ցանցերուն աղբը մեզ չգրաւէ»։
«Իսկապէս, երկրորդ նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյի օրօք Ատրպէյճանը ո՛չ միայն կրցաւ ռուսական զօրքերը դուրս հանել, այլեւ չմասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի գործունէութեան։ Յայտնի է, որ Էլչիպէյին յաջորդող՝ Հէյտար Ալիեւին զինակից Իսկենտէր Համիտովը բացայայտ կերպով կ՚աջակցէր չեչէն անջատողական Իչկերիային: Բոլորը տեղեակ չեն նաեւ, որ ապստամբ Թաթարստանը մշտական ներկայացուցչութիւն հիմնած էր Ատրպէյճանի մէջ, 31 Դեկտեմբեր 1992-ին, Էլչիպէյի իշխանութեան ժամանակ։ Իսկ ահա Ատրպէյճանի եւ Թաթարստանի միջեւ տնտեսական, գիտական եւ մշակութային համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուած է Ալիեւ-աւագի եւ Մինթիմեր Շայմիեւի կողմէ 22 Նոյեմբեր 1996-ին։ Եթէ համադրենք այս փաստերը Վակապովի խոստովանութեան հետ, ապա կը բացայայտուի, որ Ատրպէյճանը ՆԱԹՕ-ի Տրոյեան ձիու դերին մէջ է, որ թրքացեղ տարածաշրջաններուն Ռուսիայէն անջատումին կը ձգտի։ Տես՝ «Մի թշնամանաք Ռուսիոյ. Ատրպէյճանը  գերազանցեց Վրաստանին, Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային (6):
«Սակայն, բոլորը այս չէ։ Էլչիպէյը՝ արաբագէտ-պատմաբան եւ հակասովետ այլախոհ՝ 1975-1977-ականներուն եղած է քաղաքական բանտարկեալ։ Տարօրինակ զուգադիպութեամբ Էլչիպէյի բանտարկուիլը եւ ազատ արձակուիլը տեղի ունեցաւ երբ Ալիեւ աւագը Ատրպէյճանի ԽՍՀ Կոմկուսի առաջին քարտուղարն էր 1969-1982։ Բայց այսքանով զուգադիպութիւնները չեն աւարտիր, քանի որ Էլչիպէյն ու Ալիեւ աւագը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութենէն էին, առաջինը ծնած է Քելեքի գիւղին մէջ, իսկ երկրորդը՝ Նախիջեւանի մէջ։ Եւ դատելով Վակապովի խոստովանութիւններէն՝ 1991-էն ի վեր Ռուսիոյ հանդէպ վերաբերմունքը Ատրպէյճանի մէջ բնաւ փոխուած չէ, (պարզապէս Ալիեւները կարողութիւնը ունին քօղարկելու՝ ի տարբերութիւն մոլեռանդ Էլչիպէյի)։
* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու նկարները հեղինակին կողմէ:
1. https://eadaily.com/en/news/2025/01/09/blow-to-aliyevs-reputation-ex-official-revealed-secrets-of-the-baku-court
2. https://vstrokax.net/kultura/staraya-dzhuga-unichtozhennyiy-shedevr/
3. https://julfaproject.wordpress.com/the-argam-ayvazyan-archive/
4. https://am.sputniknews.ru/20210413/Deportirovannye-iz-Azerbaydzhana-armyane-otvechayut-Alievu-dokumentami-32-letney-davnosti-27165763.html
5. https://hy.wikipedia.org/wiki/Ադրբեջանական_ՕՄՈՆ
6. https://eadaily.com/en/news/2024/08/21/do-not-be-hostile-to-russia-azerbaijan-has-surpassed-georgia-ukraine-and-moldova
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button