ԴԵՍՊԱՆ ՔՎԻՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱՄԷՏ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Ա.Ա.
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ ուղղակի բանակցութիւններու մերժմամբ՝ Արցախ յստակ սահմաններ գծեց իր ապահովութեան եւ ապագային մասին։ Արցախցիք նախապէս համաձայն գտնուած եւ ատրպէյճանցիներու հետ ուղղակի բանակցութիւններու մասնակցած էին՝ Արցախի մէջ գործող ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, բայց բանակցութիւնները արցախցի ներկայացուցիչներուն կողմէ անմիջապէս ընդհատուած էին, որովհետեւ ատրպէյճանցիները սեղանի վրայ դրած էին արցախցիներուն ատրպէյճանական պետական հաստատութիւններուն մէջ համարկուելու խնդիրը, մինչ արցախցի ներկայացուցիչները բանակցութիւններուն առանցքը կը համարէին մարդասիրական խնդիրներուն լուծումը։
Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին գործադրութեամբ՝ Արցախի կարգավիճակի ճշդումը առանցքը կը կազմէ տագնապին լուծման, որուն մասին թէեւ այսօր միջազգային ոչ մէկ կողմ կը խօսի, սակայն այս մօտեցումը միակ գրաւականն է, որպէսզի Արցախի քաջարի ժողովուրդը կարենայ իր հաւաքական կեանքը շարունակել իր հայրենիքին մէջ։ Երբ աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր Լաչինի անցքը փակուած է եւ արցախցիները զրկուած են անհրաժեշտ բոլոր տեսակի սնունդէ, կարիքէ եւ տարրական ապրանքներէ, ստեղծուած իրավիճակը բաւարար է համոզուելու, թէ ատրպէյճանցիներուն միակ նպատակն է ստեղծել իրավիճակ մը, ուր արցախցիները չեն կրնար ազատ ու անկախ գոյատեւել Արցախի մէջ, այլ ենթակայ կ՛ըլլան ցեղային մաքրագործման իրական սպառնալիքի։
Բնականաբար նման կացութեան մէջ երբ միջազգային կողմ մը, այս պարագային Միացեալ Նահանգներ, կը շարունակեն պնդել, որ կը հաւատան, թէ արցախցիներուն համար կրնան ստեղծուիլ իրական պայմաններ՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ գոյատեւելու եւ իրենց միջավայրին մէջ հանգիստ ապրելու, տեսական այս մտածումը կը բախի իրականութեան հետ եւ կը ցնդի այն խաբկանքը, թէ արցախցիները իսկապէս կրնան հանգիստ եւ ապահով շարունակել իրենց կեանքը՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու Արցախի նկատմամբ պատկերացման մասին իր տեսակէտը, որ բնականաբար Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն պաշտօնական դիրքորոշումն է, յայտնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին, թէ Միացեալ Նահանգներ հաստատակամ են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրողներուն իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուած ըլլան։ «Բանակցութիւնները պէտք է կայանան եւ հասնին այնպիսի արդիւնքի մը,որ կը պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրողներուն իրաւունքներն ու ապահովութիւնը։Իմ կարծիքս է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդիկ պէտք է կարող ըլլան իրենք զիրենք ապահով ըլլալու իրենց բնակարաններուն եւ միջավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ ներգրաւուին իրենց համայնքներուն մէջ։Միացեալ Նահանգներ հաստակամօրէն կը հաւատան, որ լուծման շուրջ շարունակուող քննարկումներուն ընթացքին պէտք է ապահովուած ըլլան այս սկզբունքները», յայտարարեց ան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Դեսպան Քվին այս յայտարարութեամբ դիւանագիտական շատ նուրբ եւ ընտրուած բառերու եւ նախադասութիւններու մէջ ամբողջովին անտեսեց Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, որ միակ երաշխիքն է՝ ապրելու ազատ, ապահով եւ անկախ հայրենի հողերու վրայ։ Ատրպէյճան խորքին մէջ կրակով եւ հաշուեյարդարի տարբեր միջոցներով կը հակադարձէ՝ իր կողմէ պարտադրուած այսպէս կոչուած «ատրպէյճանական պետական հաստատութիւններուն մէջ համարկուելով՝ մշակութային ինքնավարութիւն մը ձեռք ձգելու» իր առաջարկը մերժող Արցախի ժողովուրդին, որ լաւապէս կը գիտակցի, թէ կը գտնուի ցեղային մաքրագործման եւ բնաջնջման իսկական վտանգին տակ, որքան ալ ամերիկացի դեսպանը հաւատայ եւ յոյս ունի, որ արցախցիներուն համար հնարաւոր է ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ խաղաղ եւ ապահով։Որքան ալ կը կարծէ, որ բոլոր կողմերը պէտք միացեալ ջանքեր թափեն, որպէսզի ասիկա հնարաւոր ըլլայ։Ատրպէյճանի ջանքերուն մասին խօսք իսկ կարելի չէ, որովհետեւ շատ յստակ է Պաքուի իշխանութիւններուն նպատակը։Արցախը հայաթափել։ Ցաւալի է, որ ամերիկացի դեսպանը այս իրողութիւնը չ՛ուզեր տեսնել։


