ԳլխաւորԳրականՅօդուածներ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ՈՒՐՈՒԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՆԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Վեհանոյշ  Թեքեան

Չորս օրուայ մէջ ահաբեկուած, պապանձած, ցնցուած՝ մեր Արցախը ողջ-ողջ Ազերիին յանձնուելէ ետք, երբ Արցախի ազնիւ չարքաշ բնակիչները հոգին իրենց ծննդավայրին մէջ թողած, ֆիզիքապէս արտաներգաղթեցին Հայաստան, Արցախէն դուրս գտնուող հայերուն ուղեղն ալ ցնցուեցաւ, միայն թէ տեղ չկար ուր կայք հաստատէր։ Մինչեւ այսօր միայնակ տառ մը ամբողջ ճակատագիր մը կը ցոլացնէ –յաղթելու էինք, չյաղթեցինք, գաղթեցինք։

Ո՛չ, Արցախը չանցաւ պատմութեան։ Ան նահապետ է, իր զաւակներուն, թոռներուն կը սպասէ։

Տեսնեմ ուրիշ ո՞ր երկիրները պատերազմի մէջ են հիմա։ Թիկունքին իրենց դրօշակները զետեղած՝ երեսունինը երկիրներ յայտնուեցան։ Ցանկին մէջ ո՛չ Հայաստան կար, ո՛չ Լիբանան։ Ատրպէյճանը կայ, այդ խաղաղապա՜շտ, ազնուաբարո՜յ երկիրը որո՞ւ դէմ կը կռուի արդեօք։

Անձկութիւնս գլուխը առած էր թեւերուն մէջ, սկսաւ վեր-վեր բարձրանալ, թեւերս չէին բացուեր, միայն շունչս այնքան զօրաւոր էր որ ամպերուն մէջէն ա՛ն է որ զիս առաջ կը մղէր ։

Տեսայ որ երկու կերպարանքներ որոնց ծանօթ էի լուսանկարներէն իբրեւ ամայի տարածքներու ճամբորդներ, ամպի մը բացատէն զիս կը դիտէին։

– Ինչո՞ւ հոս ես, հոս վտանգաւոր է, ըսին։

– Աշխըրքի բաներուն խելքըս չը հասնիր։ Հոն աւելի վտանգաւոր է։

– Մեր ալ խելքը չի հասնիր, կուգանք-կուգանք կ՚երթանք, սկաւառակով կու գանք բայց չենք կրնար վրիպիլ ձեր աչքերէն, կը տեսնէք մեզ։

– Ուրեմն դուք անդրաշխարհային էակներէն էք։

– Մենք տիեզերքի գիտնականներն ենք. մեր արիւնը անգոյն ըլլալուն՝ կը հետաքրքրուինք նաեւ կարմիր արիւն ունեցող արարածներով։

– Խեռով-բարով չհետաքրքրուէիք – մարդկութիւնն ալ արիւն կը թափէ որ գիտնայ թէ մարդը մեռած է թէ չէ։ Այսքան աղետ կը պատահի – մէկը ուրիշին սահմանները խլած է, անիկա իր սահմանը կ՚ուզէ . զէնք զինամթերք հաւաքած ցերեկը թնդանօթ կը լարէ, գիշերը՝ դաւ։ Ցերեկը՝ լուտանք, գիշերը՝ ռումբ։ Առանց երկրաշարժի սահմաններ կը շարժտկին, կը ձեւափոխուին։ Աղետը մէկ կողմ կը տանի, միւս աղետը միւս կողմ, անոնց միջեւ գտնուողները կը զարհուրին, կը խեղանդամուին, կը սպաննուին, կ՚առեւանգուին։

Մէկ խօսքով՝ իրարու դէմ կռուողները կը կորսցնեն Բարիին գոյակցութիւնը։ Իրենց զաւակները որ հայրենասէր կը նկատուին՝ խելագարած ու մտացնոր կը սպաննեն ոսոխը հազարումէկ վայրագ ձեւերով։ Ընտանիքները կուլան։ Հողը արիւն եւ աւերակ կը փսխէ։ Քաղաքական ցանցաթելերը կը պատռին, պարիսպները կը պատռին, խաղաղութիւնը կը պատռի։ Հողն ալ եթէ պատռտի ամէն ինչ կը խաղաղի յաւիտեանս յաւիտենից։

– Գիտենք, գիտե՜նք, դուք որ գեղեցկագոյն կենսաբեր մոլորակը ունիք, դեռ սահման կ՚որոճաք։ Իրարու սահմանները եւ իրաւունքները խլելով կեանքերնիդ կը վատնէք։

– Սահմանը մեզ զօրաւոր կ՚ընէ, պատմութեան մէջ կը խարսխէ։ Մեր ինքնութիւնը կը պահպանէ։

– Բայց նաեւ ժողովուրդին խաղաղ կեանքը կը վտանգէ։ Ապրելու հաճոյքը կը խեղադիւրէ։

– Ողբերգութիւնը այն է որ ժողովուրդներու կեանքը կախեալ է իր ղեկավարներուն փառքի եւ հողի համայնակուլ ախորժակէն։ Եօթը պորտ ապահովող նիւթական բարիքներէն։

– Լա՛ւ, այլեւս պէ՜տք է յայտնենք քեզի։ Երկար ատենէ՝ համբերութեամբ կը սպասենք, հեռու չէ այն օրը երբ մարդկութիւնը ինքզինք պիտի կործանէ արհեստական բանականութեամբ (Artificial Intelligence), դուք զիրար պիտի բնաջնջէ՛ք։ Ափոքալիփս, աշխարհակործանում պիտի ըլլայ, եւ մենք առօք-փառօք, առանց մտմտուքի պիտի շնչենք ամայի անմարդ կապոյտ մոլորակին մէջ։ Սահմանազանց, սահմանազուրկ, անսահման, անքարտէս։

– Չէ՛ք կրնար. Քրիստոս պիտի գայ, իրեն հաւատացողները վեր պիտի բարձրանան միլիոններով, օդին մէջ տեղ չ՚ըլլար։

– Մենք կը սպրդինք կ՚անցնինք անոնց ընդմէջէն. ընդամէնը երեսուն մատնաչափ ենք։

– Այդքան կարճ չէք երեւնար։

– Մենք ձեր տեսողութիւնը եւ բոլոր զգայարանքները կրնանք մեր փափաքին համաձայն կառավարել։

– Ուրեմն կրնայ ըլլալ որ հիմա դուք գոյութիւն չունիք։ Միայն ձեր գերկարողութեան պատճառո՞վ կը տեսնեմ ձեզ։

– Եթէ վստահ ես խօսածիդ, աչքերդ կարմրած դեղնաւուն չեն ճի՛շդ կը տեսնես։ Իսկ մեր մարմինը ենթակայ չէ փոփոխութեան. Մեր մկանը չի ցաւիր մեր ոսկորը չի կոտրիր, մեր արիւնը անգոյն է, դէմքը կապտաւուն, մազ չունինք։ Կրնանք թաքնուիլ ու երկինքի մէկ մասը կարծուիլ։

– Ինչո՞ւ քաջաբար չէք գար մեզի հետ չէք ապրիր։

– Ձեզի հետ ո՛վ կ՚ուզէ ապրիլ։ Հնարամիտ էք թէ՛փորձանքներ եւ թէ՛ հրաշքներ ստեղծելու, բնութեան խորհրդագոյն խնդիրները լուծելու, մարդկութեան բարօրութեան համար հարկ եղած գիւտերը հնարելու մէջ։ Բայց նաեւ ինքնակործան էք։

– Մենք նաեւ իտէալիստ ենք, մեր ուղեղի յետսամասին փալփլուն աստղեր կան։ Մենք աստղացոլուն երազներ կ՚իրագործենք։ Իսկ դուք աստղերո՛ւն հետ ինչպէս էք։

– Այդ ցուցամոլներուն տիեզերական խաղը՝ անդադար կ՚անհետին կը յայտնուին, իրարու հետ մրցումի մէջ են փայլք ցուցադրելու եւ զմայլանք հաւաքելու։ Մենամարտի պահուն եթէ մէկը հարուած մը ստանայ՝ դէմքին այդ մասը երկիր կ՚իյնայ։

Արեւէն կը զգուշանանք քանի որ մեզ դիւրամբ կրնայ հալեցնել, ոչնչացնել։ Կը փորձենք մէջտեղ չելլել երբ ան կ՚երեւայ։ Լուսնին զօրաւոր լոյսեր կ՚արձակենք որպէսզի համր-համր, սուսիկ-փուսիկ քալելով մեր ո՛ւր գտնուիլը չյայտնէ։ Պոչաւոր աստղերուն ալ պոչը կտրած ենք որ մատնութիւն չընեն։

– Քանի՞ հոգի էք։

– Մենք ատանկ պարապ բաներով, համրելով, բաժանելով, գումարելով ժամանակ չենք անցընէր։

– Ժամանակը բան մը կը նշանակէ՞ ձեզի համար.

– Մենք ո՛չ կը մեռնինք ո՛չ կը ծնինք։

– Ինչպէ՞ս է որ գոյութիւն ունիք, եթէ ունիք։

– Խառնուրդ ենք խորհրդաւորութեան, անորոշութեան բազմազան խաւերու, երազի թռիչքներու, անկարելի կարելիութիւններու։ Անդնդախոր խոռոչներու եւ անմատչելի գագաթներու։ Իսկ քանի որ մարդկութիւնը անապահով կը զգայ, կը մտատանջուի որ աներեւոյթ տեղերէ զինք դիտողներ կան, հսկողներ կան, կը պրպտէ եւ վաւերագրութիւններ կը կատարէ մեր մասին։ Մենք ենթադրուածէն շատ տարբեր ենք։

– Ի՞նչ առումով։

– Այդ մասը երբեք պիտի չըմբռնէք, ո՛չ տեսած էք, ո՛չ լսած։

– Լաւ է որ մարդկային միտքը կը զբաղեցնէք ձեզմով։

Անուն ունիք հարկաւ։

– Իմ անունս ԷԱ է։

– Իմս ալ՝ ԿԸ,

Իսկ քո՛ւ անունդ ինչ է։

– Ի՞նչ պիտի ընէք, անունս ալ ափոքալիփսին մէջ պիտի ոչնչանայ։

Այդքան անտառները կենդանիները պտուղները ամրոցները գեղահմայ կառոյցները թանգարանները օդանաւերը սուզանաւերը խեղճուկ տնակները ի՞նչ պիտի ըլլան։

– Պիտի ցնցուին, պիտի մխան մինչեւ որ գետնին հաւասարին։ Այնքան ծանր կը կշռեն որ գետինը պիտի բացուի ու կլլէ։ Երկրագունդին միջուկի կրակր յանգած է այլեւս. հիմա միայն սեւ խոռոչ է։

– Մրջիւնները պիտի մնա՞ն. անոնք ամէն աղետի դիմացեր են միլիոնաւոր տարիներէ։

– Եղափոխութենէն դասերնիս առած ենք։ Եթէ մէկ մրջիւն իսկ մնայ մարդկութիւնը ետ կը յայտնուի։ Չորքոտանի կը քալէ, կորելլայի պէս կը քալէ, ցցուած մազերով երկու ոտքերուն վրայ քալող արարած մը կ՚ըլլայ, յետոյ մարդու դիմագիծ կը ստանայ։ Չէ՛, մարդկայինը չի փոխուիր։ Նորէն հարա-հրոց կը փրցնէք։ Երկրագունդը շատ համբերեց ձեզի, պահեց պահպանեց։ Շփացած, մեծամիտ զաւակներու պէս անդադար զիրար ոչնչացնել փորձեցիք։ Համաշխարհային պատմութեան գերակշռող մասը պատերազմներու մասին է։

– Նկատի առէք որ բնութեան աղէտներն ալ մեզ զանգուածաբար կործանեցին։ Կը չափազանցէք, մենք երախտաւոր ենք։ Յարգը գիտենք մեզի տրուածին։ Ձգտում ունիք, նպատակասլաց ենք, նուաճում, տաղանդ ու հանճար ունիք։ Պատասխանատուութեան զգացում ունինք։ Մեծահոգի, հայրենիքին նուիրեալ՝ նահատակութեան գնով։ Կը պաշտենք՝ մեռնելու գնով։ Իրարու կ՚օգնենք։ Երբեմն ալ արկածահար կ՚ընենք, անդամալոյծ անկարող կը դարձնենք, յետոյ կը լծուինք մեր զոհը հոգալու ու մեզ իբրեւ մեծ բարերար կը ցուցադրենք։ Մեծ երկիրները ա՛յսպիսի լպիրշութիւն կ՚ընեն հիմա փոքր երկիրներուն։ Դուք կը վնասէ՞ք իրարու։

– Այդ տեսարանները միայն դո՛ւք կը հայթայթէք մեզի։ Զարմանահար կը դիտենք։

– Գոնէ աքլորները ապրէին, ինչէ՞ն պիտի գիտնաք որ առաւօտ եղաւ։

– Աքլորները առանց հաւի չեն ապրիր։

– Հաւերն ալ թող մնան։

– Առանց հաւկիթի չեն ապրիր։ Բոլոր հաւկիթներու կեղեւները կան, միջուկը չկայ։ Եթէ կենդանի մը կայ որ կ՚ուզենք ապրի՝ անվեհեր, յախուռն, ամենակարող արծի՛ւն է։ Իր լէյզըր աչքերով ամէն բան կը տեսնէ։

– Ուրախ եմ որ մեր ազգէն խորհրդանշան մը պիտի մնայ։

– Ինչո՞ւ, ո՞ր ազգէն ես ։

– Հայ եմ ես։ Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես։

– Ա՜, այդ անունը շատ լսած ենք։

– Այդպիսի անուններու բանակ մը ունինք։ Մեզ հպարտ կը զգացնեն, մեր արմատները զօրաւոր կր պահեն։ Առիթ չենք փախցներ զանոնք յիշատակելու։ Մեր սիրտը լեցուն է թախիծով։ Մեր ցեղին էն մեծ յաճախանքը մեր ցեղասպանութիւնն է։ Աշխարհը պատերազմի մէջ, Թուրքը փոս փորած մեզ մէջը հրած է։ Գետնին տակէն անապատ գտած դուրս ելած ենք, դար մը կը սպասելէ ետք՝ նորէ՛ն կը հրել կը փորձէ, ափսո՜ս, մեր արիւնակիցներու օգնութեամբ։ Այս անգամ պարան մը պիտի կապենք մեր մէջքին, այդ բոլորին վիզին պիտի փաթթենք։ Դուք ձեւ մը ունենալու էք մեր փոքրաթիւ ժողովուրդին օգնելու։ Ազգովին ազատ շունչ մը քաշելու իրաւունք ունինք։

– Ճի՛շդ է, դուք հանգիստ կեանք չունեցաք։ Իտէալներու փակած ապրեցաք- վեհի եւ գեղեցիկի պաշտամունք ունիք։ Հերոսներ ու դաւաճաններ, գլխատուած մարդեր ու եկեղեցիներ, պարիսպներու աւերակներ, որբացած հողեր, սրբացած մարտիրոսներ, ձեր ղեկավարութեան դաւին զոհ դարձած հազարաւոր երիտասարդներ։ Հիմա կրկնակի՛ զոհ, թէ՛ դաւին եւ թէ՛ բռնագրաւումին ձեր հողերուն։ Զէնք-զինամթերք չունէի՞ք։

– Ունէինք։ Թշնամիին տուինք։ Չորս հարիւր միլիոն տոլար արժող զինամթերք էր՝ Արցախի պաշտպանութեան համար ապահովուած։

– Ինչո՞ւ։

– Դուք որ ամէն բան կը տեսնէք, դուք պատասխանեցէք ինչու-ին։ Հինգ տարիէ՝ թշնամին կ՚ուզէ, մենք կը յանձնենք։ Նոյնիսկ որ չուզէ՝ մեր ղեկավարները կու տա՜ն։

– Պատերազմներ անպակաս եղան ձեր պատմութենէն։ Բայց պատմութենէն չսորվեցաք, ահա մինչեւ հիմա գլուխ կը բռնէք, քէյֆերու մէջ կը տապլտկիք, թշնամին զինամթերք կ՚ամբարէ ձեր դէմ։ Դուք Անկախութեամբ հարբած, անհեռատես, օրուան համար ապրող ղեկավարութիւն ունեցաք։

– Եթէ այսքան բան տեսաք ինչո՞ւ օգնութեան չփութացիք։

– Որովհետեւ դո՛ւք ձեզ պէտք է փրկէք։ Փրկելու հանգրուաններ կան, չփրկելու ՝չկա՛յ. Փլուզումը միայնգամայն է։ Ձեր արարքներուն գումարն է ձեր պատմութիւնը։ Պայքարող էք, բայց բախտաւոր ժողովուրդ չէք, որովհետեւ չէք գիտեր էական պահը բռնել։ Անհատնում ոյժ կ՚ունենաք միմիայն միասնականութեամբ։ Անկախութիւն մը յաղթանակեցիք, երկու տարիէն ձեռքերնէդ գնաց։ Երեսուն երկու տարի առաջ՝ առաջինը դուք էիք որ անկախութիւն հռչակեցիք Սովետական Միութենէն։ Կրնայիք պանծալի դարձընել ձեր հայրենիքը, սակայն ձեր ղեկավարները մեղրի կարաս կարծեցին Հայաստանը, լափեցին գինովցան խաբեցին, հայ ժողովուրդին պատկանող հողը ծախեցին, այնպէս կ՚ապրին կարծես ժողովուրդ չկայ Հայաստանի մէջ։ Արտաւազդ ալ չէին որ հառաչէին «աւերակացս ո՞ւմ թագաւորեմ»։ Մեծերը, քաղաքագէտներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ հիւծեցան,բանտարկուեցան, սպաննուեցան ։ Հին դարերուն ըսիք՝ ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը, յետոյ ըսիք՝ մեր փամփուշտը եւ ձեր դիակը. իսկ հիմա ամենէն անհեթեթը կը մռմռաք՝ ձեր տրոնը եւ մեր անկարողութիւնը։

– Քանի որ այսքանը գիտէք՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ Հայաստանս։

– Վաղըն կարճ կամ երկար է. բայց ներկայ է։ Մեծ համբերութեամբ մեր սպասածը՝ պիտի ըլլայ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ պատերազմ պիտի պայթի, պզտիկ երկիրները էն առաջ պիտի կլլուին։ Իսկ ձեր հնադարեան ազգին՝ այդ աւանակի քիթով մարդը պիտի չյաջողի ամէն ինչ իւրացնել, դուք զինք պիտի զսպէք քիչ մը, սիրտերնիդ զովանալու չափ։ Ձեր պանծալի մշակոյթն ալ պիտի անհետի, աղօթքները այնքան գեղեցիկ են, պիտի հրեշտակները յափշտակեն որ ապահով պահպանեն զանոնք։ Սատանաները զբաղած են ձեր վաշխառուներուն, բռնատէրերուն դրամները ինչքերը իրենք թալանելով։ Դուք հազուագիւտ ազգերէն էք որ միջակութիւն գրեթէ չունի։ Մէկ կողմը տեսիլք ունեցող, վեհապաշտ, իր արուեստին մէջ աստուածային հոգի թրթռացնողներու հոյլեր են, միւս կողմը՝ սակայն չարչիի հոգեբանութեամբ աւազակներ, անասնական բնազդներով խումբեր։ Հիմա արդէն ամէն բան ձեզմէ կորզուելու վտանգին տակ է, դուք ուժեղ բնազդ ունեցած էք գոյատեւելու, ինչի՛ կը սպասէք։ Եթէ կրաւորական մնաք՝ պիտի անցնիք կեանքին միւս կողմը։ Ո՛չ թէ հակառակ կողմը, այլ ուրիշ կողմ մը։

Բայց մինչ այդ եզրակացուցած պիտի ըլլաք թէ վերջ ի վերջոյ ամէն բան, նոյնիսկ որ անցողական չէ՝ ունայնութի՜ւն է։

Զարհուրած՝ բացի աչքերս ։

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button