ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Վ․Թ․
Ինչպէս որ յայտարարուած էր մամուլին միջոցով, Պէյրութին մէջ 1974-ին սկիզբ առած՝ Հայ Բժիշկներու համագումարներու շարունակուող երթին 50-ամեակի տօնը իրականացաւ 21-23 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի «Ֆաքօ» համալսարանի յարկին տակ, կազմակերպութեամբ «Արարատ» գիտութիւններու ակադեմիային եւ Interuniversity Higher Academic Council-ի:
Կրկնակի բարեբախտութեամբ, համաժողովը զուգադիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան, որ նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն էր:
«Արարատ» գիտութիւններու ակադեմիան հիմնուած է փրոֆ. Յակոբ Գըրգեաշարեանի կողմէ, 1986-ին, իբրեւ բնաբան որդեգրած է «Գիտութիւններու միջոցով սատարել համաշխարհային խաղաղութեան՝ ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար գործել ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի»:
Անցեալին, «Արարատ»ի ամպիոնէն ելոյթ ունեցած են Ֆրանսայի Բժշկագիտական ակադեմիայի նախագահ փրոֆ. Տընի Տէլերէն, Պարթոլոմէ Ռիպաս Օզոնաս (Սպանիայէն), Ռիշար Տեսար (Պելճիքայէն), Արմէն Գալոյեան ու Արա Բաբլոյեան (Հայաստանէն), եւ բազմաթիւ այլ ականաւոր գիտնականներ ու անձնաւորութիւններ:
Աչքի առջեւ ունենալով համաժողովին ընդհանուր պատկերը, ի յայտ կու գայ, թէ անիկա ունէր երկու գլխաւոր բնոյթ, ուղղութիւն. միջազգային եւ ազգային:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱԺԻՆ
Համագումարի առաջին օրուան առաւօտուն, 21 Սեպտեմբերին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ փրոֆ. Յ. Գըրգեաշարեան: Ան նախ եւ առաջ մէկ վայրկեան լուռ մնալու հրաւէր ուղղեց ներկաներուն, ի յարգանս պատերազմներու զոհերուն եւ Հայ բժշկական համագումարներուն ծառայած հանգուցեալներուն, ապա վեր առաւ խաղաղութեան իրականացման նպատակով՝ գիտութիւններուն դերին կարեւորութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առին Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպանատան կցորդ եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ մշակութային գործիչ պրն. Պահժաթ Ռըզք, փրոֆ. Տընի Ֆատտա, «Ֆրանսական վերածնունդ»ի միջազգային նախագահ, փրոֆ. Շանթի Ճէյասեքերա, Interuniversity Higher Academic Council-ի նախագահ,Սերժ Պարսելինի (ֆրանսական բանակի հրամանատար. ան այցելած է Հայաստան ու յարգանքի տուրք մատուցած՝ Եռաբլուրի մէջ հանգչող նահատակներուն), դոկտ. Արի Թօփուզխանեան, «Արարատ» ակադեմիայի աշխուժ եւ անխոնջ քարտուղար, եւ բժիշկ Վարդան Թաշճեան:
Բոլոր բանախօսներուն կիզակէտը խաղաղութիւնն էր: Վերջինը՝ բժիշկ Վ. Թաշճեան, նշեց, որ թէեւ ֆրանսացի մեծ վիպասան Ժան Ժիրատու գրած է թէ խաղաղութիւնը՝ երկու պատերազմներու միջեւ տարածուող ժամանակամիջոցն է, սակայն ինք (Վ. Թ.) կը նկատէ, որ այդ նոյն ժամանակամիջոցին, իրեն պէս հազարաւոր գաղթականներ Ցեղասպանութեան հետեւանքով խաղաղութիւն չունեցան: Այս մօտեցումով ալ, ան ներկայացուց առաջարկ մը, թէ՝ բոլոր երկիրներուն մէջ հաստատուին նա՛եւ խաղաղութեան նախարարութիւններ, մինչդեռ պետական իշխանութիւններու մակարդակով նման կառոյց ցաւալիօրէն գոյութիւն չունի ցարդ:
Համագումարի առաջին այս մասի աւարտին, յանկարծ հնչեց Արամ Խաչատուրեանի «Մասքարատ» պալէի մեղմանուշ երաժշտութիւնը, որուն յաջորդեց փրոֆ. Եդուարդ Բարսեղեանի (շուի) եւ դոկտ. Ռուբէն Կենեազեանի (տուտուկ) մատուցած հայկական սրտագրաւ երաշտութիւնը: Ներկաները հիացումի մէջ պահելու իմաստով՝ կարգը եկաւ դոկտ. Սաթիա Սմբատեանի եւ ռումանուհի տիկին Մանիւի, որոնք զոյգ ջութակով մատուցեցին դասական կտորներ:
Առաջին օրուան կէսօրէն ետքը յատկացուած էր գիտութիւններու տարբեր մարզերուն մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւններուն: Զեկուցող բանախօսներն էին Մարք Վան Հիւլ` Պելճիքայի Լուվէն համալսարանէն, Ռէյնու Մաէքս` Անգլիոյ Hertfordshire համալսարանէն, Սերժ Գըրգեաշարեան` Ֆրանսայի Քիմիագիտական համալսարանէն, Լիզա Գըրգեաշարեան` Ֆրանսայի Բժշկական համալսարանէն, Րաֆֆի Թաշճեան` Միացեալ Նահանգներու UCLA-էն եւ Ժեռար Յովակիմեան` Ֆրանսայի Բժշկական համալսարանէն:
Յաջորդ օրը, Կիրակի, 22 Սեպտեմբերի առաւօտեան նիստը դարձեալ յատկացուած էր արդի գիտութիւններու յառաջդիմութիւններուն: Զեկուցող բանախօսներն էին տոքթ. Էտկար Սուլիէ` Ֆրանսայէն, փրոֆ. Հանս Քէմփ` Գերմանիայէն, տոքթ. Մարթին Քլակմէյըր ու տոքթ Փիթըր Պերթակնոլ` Աւստրիայէն, տոքթ. Մարիա Լէոն ու տոքթ. Մարիլին Նօտարեան` Ֆրանսայէն, եւ բժիշկ Վարդան Թաշճեան, Ա.Մ.Ն.-էն:
Վերջինը ունէր երկու պարտականութիւն: Ա. Խօսիլ հայ բժիշկներու համաշխարհային ժողովներուն մասին, որոնք եղած են յօգուտ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան, եւ որոնց մեկնակէտին 50-ամեակն է այս տարին, Բ. Հակիրճ կերպով ներկայացնել այս տարի իր լոյս ընծայած հատորը, որուն խորագիրն է Return to Homelessness.
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, 16 զեկուցաբերներուն շարքին էին տոքթ. Տանիէլ Լեւի` ֆրանսացի ընկերաբան, Հայաստանի Ազգային երաժշտանոցի փիլիսոփայութեան պատուոյ փրոֆեսէօր Նելլի Աւետիսեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց երգահան Էտկար Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւններէն՝ «Անտունի» պալէին մէջ Կոմիտաս Վարդապետի տիպարը, յիշեցնելով, որ հեղինակին աշխարահահռչակ ուսուցիչը՝ Արամ Խաչատուրեան այս ստեղծագործութիւնը գնահատած է իբրեւ գերազանցիկ գործ:
Երաժշտագէտ փրոֆ. Եդուարդ Բարսեղեանի հետ լեզուագէտ թոռնուհիին՝ Էմմա Բարսեղեանի նիւթն էր «Քաղաքակրթութիւններու հնագիտական երաժշտագիտական աղբիւրները»: Փրոֆ. Ճէյասեքերա Շրաման Հիմի` պուտտայական կրօնաւոր մը, խօսեցաւ՝ նիւթ ունենալով Պուտտայականութիւնը եւ խաղաղութեան ուսումնասիրութիւնները: Վերջին խօսք առնողն էր տիկին Անճելա Բարսեղեան` իրաւաբան, Լոս Անճելըսէն, նիւթ ունենալով յատկապէս մանուկներու ամենօրեայ կրթութեան նախադրեալները: Ան նշեց, որ աշխարհի խաղաղութեան հետամուտները պէտք է մանուկին կեանքի կանուխ շրջանէն իսկ ներմուծեն խաղաղութեան, տարբեր մշակոյթներ փոխադարձաբար յարգելու եւ այդ ճամբով մարդկային ընկերութեան ծառայելու կարեւորութիւնը:
Երեկոյեան, ներկաները հիւրասիրուեցան համադամ ճաշերով: Ճաշկերոյթի մթնոլորտը ծաղկեցուցին փրոֆ. Յ. Գըրգեաշարեանի որդին՝ Գէորգն ու իր ճազային նուագախումբը, ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ: Տեղի ունեցաւ պարգեւատրում:
Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ գեղանկարչուհի մտաւորական Ասիլվայի գործերուն ցուցահանդէսը: Ներկաները ըմբոշխնեցին նաեւ տոքթ. Սաթիա Սմբատեանի եւ տիկին Մանիւի ջութակով մատուցած դասական երաժշտութիւնը:
Համագումարի փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը յատկանշուեցաւ կարծիքներու փոխանակումով եւ պարգեւերու ու յուշանուէրներու բաշխումով:
Ինչպէս նշեցինք, այս տողերը արձանագրուեցան իբրեւ համագումարին միջազգային երեսը արտայայտող բաժին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ
Երեք օրուան վրայ երկարող համաժողովը աւարտին հասաւ հարց-պատասխանի բաժինէ մը ետք: Համաժողովին նախագահը՝ 96 գարուններ բոլորած վաստակաշատ փրոֆեսէօր Յակոբ Գըրգեաշարեան ներկաներուն ուղղեց շնորհակալական խօսք, յոյս յայտնելով որ յաջորդ համագումարին (յառաջիկայ տարի) բոլորս զիրար տեսնենք նոր գաղափարներով: Ան նիստը փակեց բարի մաղթանքներով:
Աւելի քան հարիւր մասնակիցներուն տրամադրութիւնը գոհունակութիւն եւ բաւարարութիւն կը ցոլացնէր:
Ինչպէս նշեցինք, հայ բժիշկներու պատմութեան մէջ աննախընթաց միասնութեան 50-ամեակի տօնակատարութեան իմաստ ստացած համաժողովին վերջին պահը յատկացուած էր յաւուր պատշաճի հարց-պատասխանի: Այս բաժինէն առանձնացնենք քանի մը հարցում, որոնք անձնապէս ինծի ուղղուած էին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տոքթոր, ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչ որ տեսաք ներսը՝ զանազան երկիրներէ ժամանած նուիրեալ եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ արտայայտուեցան յօգուտ մարդկութեան խաղաղութեան: Իսկ դուրսը՝ Փարիզի մէջ եւ այլուր, ճամբաներու վրայ, կամուրջներու կողքին, տեղ-տեղ քլոշար-անտունիներ կ’ապրին ու կը մեռնին: Սա ինքնաբերաբար զիս կը մղէ մտածելու արցախցի այն աւելի քան 120 հազար հայերուն մասին, մեր հայրենակիներուն՝ որոնք յանկարծ անտունի դարձան: Կրկնակի՛ դժբախտութիւն, որովհետեւ անոնք առայժմ չունին, այլ անտունիներու պէս՝ իրենց բնօրրանը վերադառնալու կարելիութիւնը, թէեւ յոյսը կը մնայ վառ:
Անշո՛ւշտ որ կ’արժէ կրկնել այսպիսի ժողովներ, եւ աւելիո՛վ, որպէսզի թշուառութեան մատնուածներու համար ո՛չ միայն քարոզչական, այլ մանաւանդ գործնական լուծումներ գտնուին աւելի ու աւելի՛:
Հ.- Ի՞նչ էր 50 տարի առաջ կազմակերպուած՝ հայ բժիշկներու առաջին համագումարին նպատակը:
Պ.- Նոյնը՝ ինչ որ է այսօր. բժշկագիտութիւն՝ միջազգային առումով, հայապահպանում՝ ազգային առումով:
Հ.- Առաջին համագումարի օրերէն ի՞նչ յատկանշական յուշ ունիք:
Պ.- Շատ ու շա՜տ բաներ, սակայն ինծի համար, ամէնէն յատկանշականը հետեւեալն է:
50-ականներուն, հայութիւնն ալ, բեւեռացուած աշխարհի ազդեցութեան տակ, երկու հակոտնեայ եւ անախորժ հատուածներու վերածուած էր, ձեւով մը զրկուած էր բնական երկխօսութեան կարելիութենէն, նոյնիսկ իր բանաստեղծներով՝ մէկ Աստուած ու մէկ հայրենիք պաշտող: Այդ պայմաններուն մէջ՝ զարմանալի՛ բայց իրաւ. մենք, չորս դասընկերներ՝ Յակոբ Գոճօղլանեան (յետոյ հոգեբուժ), Վարդան Թաշճեան (մանկաբուժ), Կարօ-Հրայր Թերզեան (լիբանանեան բանակին մէջ քոլոնէլ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համակիր) եւ Նազարէթ Թօփալեան (գրագէտ), ջանացինք իրարու քով բերել եւ մէկ բեմի վրայ տեսնել այդ օրերու մեր քանքարաւոր երեք բանաստեղծները՝ Անդրանիկ Ծառուկեանը, Վահէ Վահեանն ու Մուշեղ Իշխանը, սակայն ի զուր: 14 տարի անց, հայ բժիշկներու առաջին համագումարին, իբրեւ մշակութային ձեռնարկ՝ Պէյրութի «Կոմիտաս» ակումբի ամպիոնը գրաւուեցաւ յիշեալ բանաստեղծներու երրեակին կողմէ: Սրահին մէջ խանդավառութիւնն ու ելեկտրանացումը գագաթնակէտի հասաւ: Այդ եղաւ իրենց այդքան սպասուած առաջին, եւ այդքան չսպասուած՝ վերջին միատեղ յայտնութիւնը:
Հ.- Ձեր իրատես փորձառութեամբ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք հայ բժիշկներու համաժողովին ապագան: Լաւատե՞ս էք:
Պ.- Հայ բժիշկներու շարժումին ապագան կախեալ է Աստուծմէ եւ նոր սերունդներէն. նոր հայեր, նոր ներուժով:
50 տարի առաջ տեղի ունեցած առաջին համաժողովի կազմակերպիչներէն՝ ողջ մնացած եւ 90-ը բոլորած «հիներ»-ս՝ Յ. Գըրգեաշարեան, Սերժ Գըրգեաշարեան, Եդուարդ Ադամեան, Վարդան Թաշճեան, որքան ալ նորերով նորոգուինք, չենք կրնար զիրենք փոխարինել՝ բնութեան անխախտելի օրէնքով: Կ’ուզեմ այս առիթով ձեզի ներկայացնել, շատ-շատերու շարքին՝ մասնաւորաբար փրոֆ. Յ. Գըրգեաշարեանի դուստրը՝ բժշկուհի Մարիլին Նօտարեանը (փարիզաբնակ): Մօտաւորապէս 12 տարիէ ի վեր, ան Փարիզի իր սեփական դարմանատունը ամէն տարի 2-3 շաբաթ կը փակէ, կ’երթայ Հայաստան, ուր ակնաբուժութեան դարմանում կը մատուցէ եւ վիրաբուժութիւններ կը կատարէ կարօտեալ հիւանդներու, ապա կը վերադառնայ՝ բարի առագիլի պէս ուրախ լուրերով: Երկրորդը՝ սրահին մէջ գտնուող միւս բարի առագիլն է, անունը՝ Երան Բարսեղեան (լոս-անճեսլըսաբնակ), համալսարանական փայլուն ուսանողուհի: 4 տարիէ ի վեր, ան ալ իր արձակուրդի շաբաթները կ’անցընէ Հայաստան ճամբորդելով: Ան սահմանամերձ Վարդենիս աւանին մէջ մանուկներու եւ պատանիներու անգլերէն լեզու կը դասաւանդէ, իսկ Լոս Անճելըս վերադառնալէ ետք ալ, իր ուսման հետեւելու կողքին, աշակերտներուն դասաւանդութիւնը կը շարունակէ հեռավար ձեւով՝ համակարգիչ օգտագործելով: Երանը, Հայաստանի մէջ իր նորագոյն առաքելութիւնը կատարած՝ երէկ ժամանեց հոս եւ համաժողովին մասնակից իր մօր՝ տիկին Անճելա Բարսեղեանի (իրաւաբան) զեկոյցին ներկայ եղաւ:
Գալով անձնական փորձառութիւններուս եւ տպաւորութիւններուս: Անցեալ տասը տարիներուն եղած եմ Լոս Անճելըս, Պէյրութ, Երեւան, Փարիզ եւ Պուէնոս Այրէս, ուր տեսած եմ նոր սերունդի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ Մարիլինի եւ Երանի նման: Իրատեսութեամբ կը զգամ, որ «Ես եմ»-ի փոխարէն, «Մենք ենք» կ’ըսեն, կ’ապրին հազարաւոր տարիներու պապենական աւիշով, կը մշակեն, կը ստեղծագործեն՝ պահպանելով նահապետական արժէքները, ներշնչուած եւ ներշնչող նոր հայեր են:
Լաւատես եմ իրենց պէս: