Երկուշաբթի, Ապրիլ 24ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի նախագահութեամբ, սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Պատարագիչն էր Սուրբ Ստեփանոս (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սամուէլ քհնյ. Աճէմեան։
Յաւատ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մատաղի օրհնութիւն, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, առընթեռակայութեամբ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ, Եմիշեանի՝ Առաջնորդական փոխանորդ եւ հովիւ Ս. Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ , Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն․ Թրթռեանի՝ հովիւ Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեանի՝ հովիւ Մայր Եկեղեցւոյ, Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն․ Քատէհճեանի եւ Պատարագիչ Տէր Հօր։
Հուսկ ապա, եկեղեցական հայրերու գլխաւորութեամբ, Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը, հայկական ու արցախեան դրօշներով, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի պաշարումի վերացման լոզունգներով, մեկնեցան եկեղեցիէն։ Թափօրը նախ կանգ առաւ Մ․Ա․Կ․-ի Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, ուր շուրջ կէս ժամ երիտասարդները արդարութեան բարձրագոչ աղաղակներով, պախարակեցին Ատրպէյճանի բռնակալին անյագուրդ յարձակումներն ու խէնէշութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ։ Հոն խօսք առաւ ՀԵԴի ներկայացուցիչ Նայիրի Տիրացուեան։ Այնուհետեւ, նոյն թափով ու եռանդովռ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մ․Ա․Կ․-ի կեդրոնի հանդիպակաց փողոցին մէջ կառուցուած Թուրքիոյ դեսպանատուն, ուր շուրջ մէկ ժամ անգամ մը եւս հնչեցին անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, Թուրքիոյ ներկայ բռնակալ նախագահի սանձարձակ ոտնձգութեան եւ արդարութեան կոչերը։
Կոկիկ յայտագիր մը ի գործ դրուեցաւ ամերիկեան, հայկական ու արցախեան քայլերգներով։ Խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Թուրքիոյ պետութեան ուրացման քաղաքականութիւնը ո՛չ թէ կը տկարացնէ, այլ կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ոգին, զայն դարձնելով աւելի ուշադրութեան առարկայ միջազգային ընտանիքին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը եւ համապատասխան հատուցումը որքան շուտ ըլլայ, ըսաւ ան, այնքան բարերար ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկու ժողովուրդներու յարաբերութեան բնականոնացման, ինչպէս նաեւ շրջանի բարգաւաճման համար։ Սրբազան Հայրը, եզրակացնելով իր խօսքը, յայտարարեց, թէ «Խաղաղութեան ճամբան կը հարթուի Արդարութեան ճանապարհով միայն»։ Խօսք առաւ նաեւ Արամ Պաշեան, որ շեշտեց 1915-ի պատգամի հրամայականը ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։ Հ․Ե․Դ․-ի ներկայացուցիչ՝ Ալեք Սողոմոնեան, յայտնեց երիտասարդութեան անտեղիտալի յանձնառութիւնը մեր երազներու իրականացման ի խնդիր։ ։
Յայտագիրը վերջ գտաւ «Հայր մեր» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» յոյսի քայլերգով։