ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԿՐԿԻՆ…

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second

            Հակառակ մարտի ցուրտին, Արմենակ այցելութեան եկաւ լսող ականջ մը փնտռելով: Պատուհանի ապակիին ետին երկու աթոռ դրինք, ձմրան արեւով ջերմանալու: Սպասեցի որ ընդլայնուող հայաշխարհէն տեղեկութիւններ տայ, որ գիտնամ, որ դեռ կը շնչենք, կանք, առանձին չենք:

            Մակարուհին կանաչ թէյ հիւրասիրեց չամչով կարկանդակով եւ մեզ առանձին ձգեց:

            Արմենակ  ներշնչեց տաք թէյի շոգին եւ խոստովանութիւն ընելու պէս ըսաւ.

            – Մակա՛րս, չէի գիտեր որ «Պաթոն Ռուժ» անունով քաղաք մը կար եւ հոն հայեր կային, որոնք ունէին եկեղեցի: Թերթը գրած էր: Դիմեցի ամենագէտ համացանցին: Ուրեմն, Ամերիկայի ծայրամասին կը գտնուէր «Կարմիր Գաւազան» անունով քաղաքը, որուն չէի հանդիպած աշխարհագրութեան դասերուս մէջ: Եթէ քաղաքը անծանօթ էր, ինչպէ՞ս կրնայի երեւակայել, որ հոն հայեր հասած էին:

            – Արմենա՛կ, յիշէ՛Վահրամ Մաւեանի «Ամէն տեղ հայ կայ» գիրքը:

            – Մակա՛ր, Գրող եւ իմաստուն, մանաւանդ անոնց քաղաքագէտ տեսակը, ինչ կ’ուզեն թող ըսեն բաց աչքերով քնացնելու եւ քնանալու համար: Գաղթական եղանք, դարձանք արհեստավարժ-պրոֆեսիոնալ գաղթական: Մեր յաջորդները աւանդութեան հաւատարիմ մնալով, օր մը իրենց վրանները պիտի զարնեն Լուսնի, Հրատի կամ դեռ անծանօթ աստղերու վրայ եւ պիտի կառուցեն եկեղեցիներ, պիտի հիմնեն հայրենակցական միութիւն, կուսակցութիւն եւ նոր աշխարհագրութեան եւ պայմաններուն համապատասխան պետութիւն, եւ …պետութիւններ:

            -Չեմ զարմանար,- ըսի:

            Արմենակ հառաչեց եւ շարունակեց.

            –  Ըսինք որ Համաշխարհային Ազգ ենք, քայլ մըն ալ, եւ կ’ըլլանք Տիեզերական ազգ: Արդէն հայ գրոց-բրոցները, մամուլով, հեռատեսիլէն եւ ազգին ուղղութիւն տուող քաղաքական բեմերէն կը խօսին աշխարհի բոլոր լեզուներով եւ ծնունդ կու տան հայուն ապագայ տիեզերական լեզուին: Հեռատեսիլէն լսեցի եւ թերթի մէջ կարդացի  նոր բառեր, որոնք կը նախապատրաստեն տիեզերական հայերէնը: Իմացի՛ր, որ տգէտ չմնաս. ԴԻՍՈԱՆՍ, ՏԵԿՍԴՈՒՐԱ, ՏՐԻԱԴԱ, ԷՄՊԻՐԻԿ, ԷՄՊԼԻՑԻՏ, ԷՄՊՐԻՈՆ… Արդէն Հայաստան կայ, էմպիրիկ ձեւով, ապագայ տիեզերական յաւերժի գաղթական հայու լեզուի տեկսդուրան, զոր պէտք է զարգացնել, աստղային նոր հայրենիքի մէջ յառաջդիմելու համար: Առանց ժամանակ կորսնցնլու, պէտք է հնարել նաեւ նոր այբուբեն: Սպասե՛լ Մեսրոպը:

            Արմենակին հարցուցի.

            – Տիեզերական էմպրիոն հայերը ինչպիսի տեկսդուրա պիտի ունենան, չորս աչքո՞վ, չորս ոտքո՞վ, չորս ձեռքո՞վ, երկու գլուխո՞վ: Ինչե՜ր կրնանք ենթադրել էմպիրիկ եւ էմպլիցիտ էմպրիոններով:

            Երբ կը մեկնէր Կեդրոնականցին, դրան առջեւ եզրակացուց.

  • Քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է: Այդ տիեզերական ազգի նախաստեսութեամբ լեզուն արդէն կը ստեղծենք: Ծագումով հայերն ալ շուտով կրնան իրենց տեղը գտնել թիւ 79 աստղահոյլի հայկական թուագրութեամբ թիւ ՓՆՀՔՑԴՆԻԼ մոլորակին վրայ, ուր օր մը կրնան հիմնել Կանաչ Աթոռ  կամ Ոսկեգոյն Շապիկ քաղաքներ, ինչպէս ԿԱՐՄԻՐ ԳԱՒԱԶԱՆը…եւ ունենալ նախագահ, պրեզիտենտ, վարչապետ, կուսակցութիւններ, եկեղեցի եւ ի հարկէ՝ աթոռներ: Ի վերջոյ, հոս թէ աստղերու վրայ, նստելու համար Աթոռ պէտք է: Մտածե՛նք այս բոլորի մասին, ուրիշներէ առաջ, ապա թէ ոչ կրկին տեղ չենք ունենար վրան զարնելու համար, մեզի տեղ չի մնար տիեզերքի մէջ: Ուստի պէտք է աճապարել: Արդէն ապագայի էմպրիոն լեզուն կազմութեան մէջ է: Ժամանակն է, որ յայտնուի նաեւ տիեզերական հայու էմպրիոնը, առանց դիսոնանս ընելու այսօրուան հայուն հետ,  ապա թէ ոչ աստղերու վրայ կ’ըլլայ քաղաքացիական կռիւ եւ աստղերն ալ, մեզի պէս,      իրենց ծիրէն դուրս կու գան:

                        Կեդրոնականցիին միտքերը փրկելու համար՝ մեր զրոյցը խմբագրեցի, ի պէտս տիեզերաբնակ նոր գաղթական Քեվինին, Սաշային, Մաշային Ալլային, Քրիստինէին, Վալատին, Սլաւիկին, Ռիքարտոյին եւ բոլոր միւս արդիներուն:

 

Մակար ի Գաղիա, 28 փետրուար 2023

 

Ծ․Խ․- Կարդալ նաեւ https://hairenikweekly.com/55237-2/

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles