Օտար ափերուն եմ ծնած, բայց կապուեր եմ քու հողիդ,
Ուժեղ են արմատներս, քեզի կը տենչայ հոգիս,
Մնացած եմ կարօտ անուշ ջուրն ու ջերմ արեւիդ։
Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգոր օժտեց քեզ ճիշդ հաւատքով,
Դարձար դուն Աստուածաշունչ Մեսրոպեան սուրբ տառերով,
Խորենացի Պատմահայր հասցուց քեզ մեզի ապահով,
Վարդանանց մեր հերոսներ պաշտպանեցին քեզ իրենց դուրն ու կեանքով։
Հայրիկը Խրիմեան ցանեց մեր մէջ սերմը ազատութեան,
Ցոյց տուաւ «Երկաթեայ» Շերեփը՝ միակ ճանապարհը փրկութեան,
Կոմիտաս Վարդապետ դարձաւ երգի վեհափառը Հայութեան,
Հայ երգի ու երաժշտութեան թանկագին ռահվիրան։
Սայաթ Նովա, Խաչատրեան,
Թումանեան, Սեւակ, Չարենց, Կապուտիկեան, Իսահակեան,
Գրի արին գեղշունչ կեանքդ իմ մրքաստան,
Յոյսի եւ լոյսի, իմ հայրենիքս, Հայաստան…