Ա.Ա.
Հայաստան – Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը, որ ընթացք առաւ երկու տարի առաջ, տակաւին կը դիմագրաւէ երկու կարեւոր արգելքներ։ Արցախի ճակատագիրը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հատուցման թղթածրարը, որ միջազգային գետնի վրայ կը հետապնդուի հայկական սփիւռքին տարածքին գործող կազմակերպութիւններու, մարմիններու, Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու կողմէ։
Թուրքիա, որ 1991ին առաջիններէն եղաւ, որոնք պաշտօնապէս ճանչցան հայկական նորաստեղծ հանրապետութիւնը, վարեց ատրպէյճանամէտ քաղաքականութիւն մը եւ ամէն անգամ որ առիթը կը ներկայանար հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման կարելիութիւններու քննարկման, անմիջապէս սեղանի վրայ կը դրուէր Արցախի խնդիրը՝ զայն համարելով նախապայման մը, Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Երկրորդ հարցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման եւ արդարութեան հաստատման, կարմիր գիծի կը վերածուէր եւ թրքական կողմը եթէ ոչ ակնյայտօրէն, սակայն պարբերաբար տարբեր պատասխանատուներու բերնով կը յիշեցնէր, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ընթացքին արձանագրուած դէպքերը իրեն համար բնաւ ցեղասպանական ոճիրներ չեն եւ թէ երկու ժողովուրդներն ալ, հայերը եւ թուրքերը, համահաւասար տառապած եւ վնասներ կրած են։ Զոհը դահիճին հետ համահաւասար մակարդակի վրայ դնելու այս քաղաքականութիւնը ինքնին ցուցանիշ մըն է, որ թրքական կողմը բնաւ մտադրութիւն չունի արդարութեան հասնելու՝ հայ ժողովուրդին կրած մարդկային, հողային եւ ունեցուածքի կորուստները ընդունելու եւ հատուցման միջոցներուն շուրջ քննարկումներ կատարելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրը միջազգային հանրութեան դիմաց ընդունելէ ետք։
Հայաստան- Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին մէջ թրքական երկրորդ նախապայմանը Արցախի իրավիճակն է, որուն կապակցաբար վերջին շրջանին թրքական կողմը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ հետ բացայայտ բախման հաւանականութիւնը բարձրացուցած է՝ շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական միակ դերակատարը դառնալու իր նկրտումներուն պատճառով։ Մինչ այլեւս յստակ է, որ Ռուսիա- Իրան- Թուրքիա- Հայաստան- Վրաստան- Ատրպէյճան հարթակը, որ երեք առաւել երեք ձեւաչափով պիտի գործէր, կեանքի պիտի չկոչուի՝ Վրաստանի դիրքորոշման պատճառով։ Այս իրավիճակէն օգտուելով՝ Թուրքիա ներկայիս կը ջանայ Հարաւային Կովկասի մէջ վերածուելու շրջանային այն ուժին, որ կարողութիւնը ունի վերախմբագրելու ամբողջ իրադրութեան կապուած բանաձեւումները եւ քաղաքական- դիւանագիտական պատկերացումները՝ հարաւային կովկասեան բարդ եւ խճճուած իրավիճակին լուծումներ առաջարկելով։ Անշուշտ Անգարայի իշխանութիւններուն համար առաջնահերթութիւն է Ատրպէյճանի դիրքորոշումներուն զօրակցիլը եւ ատրպէյճանական կեցուածքներուն համահունչ քայլերու ձեռնարկելը, միաժամանակ առիթները չփախցնելու կոչեր արձակելով հայկական կողմին։
Նման իրավիճակի մէջ է, որ առաւել կը շեշտուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը, որ վստահաբար կը բխի այն շահերէն, որոնք կրնան ապահովուիլ, երբ Ռուսիա վերջնականապէս դուրս մղուի հարաւային կովկասեան խճանկարային իրադրութենէն եւ զարգացումներէն։ Անշուշտ հոս կարեւորութեամբ պէտք է նշել Անգարա- Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն կապուած զարգացումները, որոնց անուղղակի ազդեցութիւնները կրնան Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան ծալքերուն մէջ երեւան գալ։ Բան մը, որ հասկնալի է, թէ բնաւ ռուսական շահերուն չի համապատասխաներ։
Հայաստան- Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը կախեալ է մեծ մասամբ հարաւային կովկասեան իրադարձութիւններէն, հակառակ անոր որ եւ բնականաբար միայն քարոզչական նպատակներու համար Թուրքիա կը ջանայ ներկայանալ իբրեւ խաղաղութեան պատրաստ կողմ մը, որուն համար առաջնահերթութիւնը խորքին մէջ Ատրպէյճանի հետ համահունչ կեցուածքներն ու դիրքորոշումներն են, որոնք յստակ է, որ հայկական կողմին շահերէն չեն փխիր։ Նման իրավիճակի մը մէջ իրատեսական քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան կիրառումը կենսական պիտի ըլլայ, որպէսզի Թուրքիոյ քաղաքական նպատակներուն իսկական պատկերը առաւել յստականայ։