Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի 35րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 22-23ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, մասնակցութեամբ տաս մասնաճիւղերու (Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա, Ֆլորիտա, Շիքակօ, Պոսթընի, Փրովիտընսի, Տիթրոյթի եւ Ալպընի) եւ Կեդրոնական Վարչութեան երկու անդամներու ( շրջանի ներկայացուցիչ՝ Վահրամ Դանիէլեան Ֆլորիտա եւ Գանատայէն հիւրաբար ժամանած՝ Արմէն Կէտիկեան):
Սոյն ժողովին նպատակն էր, ներկայացնել անցնող տարեշրջանի իրավիճակն ու գործունէութեան ընթացքը: Ժողովը վարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պետրոս Տէր Վարդանեան: Ան կարդաց միամիայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որմէ ետք, առիթ տրուեցաւ հարցպատասխանի: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն որոնք օգտակար դարձան անդադար աշխատելով ի շահ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին եւ յաջողութեան:
Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, Վահրամ Դանիէլեան խօսք առնելով, յայտնեց թէ Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ իր սուրբ աշխատանքը, Սփիւռքի մէջ հայորդին հայ պահելու եւ տիպար քաղաքացիներ կերտելու: Առաքելութիւնը օրէ օր կը բախի նոր դժուարութիւններու եւ կ’ենթադրէ ուժերու մեծ լարում՝ նոր օրերու համապատասխան միջոցներով յաղթահարելու համար, յաչս դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւններու:
Ան յայտնեց թէ այս տեսլականով Հ.Մ.Ը.Մ. ճամբայ ելած է եւ այդ ալ Հայաստանի Ա. անկախութեան հռչակման օրերուն իսկ: Դանիէլեան աւելցուց թէ այդ նոյն տեսլականով, տարիներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը Սփիւռքի սերունդներուն աչքերը սեւեռեց դէպի հայրենիք եւ այդ նոյն տեսլականը վերադարձուց Հայաստան, իբրեւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն:
Նշենք թէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Շրջանային Ներկայացուցչական յառաջիկայ ժողովն է, որ պիտի ընտրէ նոր մարմին մը: