Հոկտեմբեր 29-էն 31, Պոսթընի ծովափին մօտ գտնուող, նորակառոյց Ժամանակակից Արուեստի Հիմնարկին (ICA.- Institute of Contemporary Art) մէջ, տեղի ունեցաւ Պոսթընի հայկական ժապաւէններու երրորդ փառատօնը, կազմակերպութեամբ Հայկական Տրամաթիք Արուեստներու հիմնարկին (ADAA.- Armenian Dramatic Arts Alliance):
Այս տարուան փառատօնի բացման ժապաւէնն էր Սիմոն Աբգարեանի գլխաւոր դերակատարութեամբ՝ Ռոպէր Կէտիկեանի բեմադրած « Armee du Crime»ը (Ոճիռի Բանակ – Army of Crime): Այս երկար ժապաւէնէն առաջ, ներկաները առիթը ունեցան ըմբոշխնելու ֆրանսահայ Սերժ Աւետիքեանի (որ իր կարգին դեր ստանձնած է Կէտիկեանի ժապաւէնին մէջ) «Barking Island» (Պատմութեան Շունը-Chienne d’Histoire) կարճ շարժանկարը, որ այս տարուան Քաննի փառատօնի դափնեկիրն էր:
Առաջին օրուայ պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, ցուցադրուեցան այս երկու ժապաւէնները, որմէ ետք կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ զրոյց: Հրաւիրուած երկու բեմադրիչներուն (բրիտանահայ Նուրիձա Մաթոսեան եւ ֆրանսահայ Ստեփան Գազանճեան) կողքին, խօսք առին նաեւ փառատօնի կազմակերպող պատասխանատուներ՝ Փօլ Պօղոսեան, Ալֆրէտ Տէմիրճեան եւ Պիանքա Պահատուրեան: Այս վերջինը, որ սոյն հիմնարկին նախագահն է, իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ Հայկական ձայնը աշխարհի թատրոնի եւ շարժապատկերի բեմերէն լսելի դարձնելը այս հիմնարկին առաքելութիւնն է: «Մենք հանդիպման վայր մըն ենք, ուր հայկական ծագումով շարժապատկերի, թատրոնի թէ այլ մարզերու մէջ աշխատող արուեստագէտներ եւ մասնագէտներ կը քաջալերուին, գաղափարներ կը փոխանակեն իրարու, փոխադարձաբար կ՛արծարծեն իրարու գործերը՝ համացանցի կամ մեր կողմէ հովանաւորուած զանազան ձեռնարկներու ընթացքին, ամբողջ տարուան տեւողութեան: Սկիզբէն մեր նպատակը եղած է արուեստի աշխարհէն ներս ստեղծել ուժ մը, որուն շուրջ արուեստագէտներ հաւաքուին եւ անդրադառնան», ըսաւ ան, աւելցնելով թէ հիմնարկին նպատակն է նաեւ՝ շարունակել շարժապատկերի եւ թատրոնի ասպարէզներէն ներս գործող հայ համայնքը միաւորել ու փառաբանել, նաեւ տօնել մեր հարուստ պատմութիւնը ու զայն տարածել զանազան հարթակներու միջոցաւ:
Նշենք թէ տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ՝ շարժապատկերի բեմադրիչներ քաջալերելու եւ զանոնք ծանուցելու նպատակով: Հիմնարկին գլխաւոր ձեռնարկն է՝ Հայկական ժապաւէններու այս փառատօնը, որ կը կատարուի Պոսթընի մէջ:
Ռոպէր Կէտիկեանի եւ Սերժ Աւետիքեանի ժապաւէններու կողքին, նաեւ այս երրորդ փառատօնին, ցուցադրուեցան հետեւեալ ժապաւէնները.- «Հինգերորդ Զօրասիւն» (բեմադրիչ՝ Վաչէ Պուլղուրճեան), «Արարատէն Սիոն» (բեմադրիչ՝ Էտկար Պաղտասարեան), «Աթոս Լեռ» (բեմադրիչ՝ Էտի Վիգէն), «Հրանդ Տինք» (բեմադրիչ՝ Նուրիձա Մաթոսեան) եւ «Արդի Սէր» (բեմադրիչ՝ Ստեփան Գազանճեան):
Թղթակից