ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒՄԻ ԿԵԴՐՈՆԻ 2010 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 15 Second

Ըստ իր քառասնամեայ գործունէութեան աւանդութեան, Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան և Վաւերագրումի Կեդրոնը, իր զոյգ ճարտարապետական եւ երաժշտագիտական մասնաճիւղերով, 2010 տարուայ իր գործունէութիւնը ծաւալած է եւ կ’իրագործէ մի քանի ուղղութիւններով‘ գիտական, վաւերագրական, մշակութային, կազմակերպչական, հրատարակչական:

Համառօտ ձեւով այստեղ կը ներկայացնենք յատուկ նշանակութիւն ունեցող այդ գործունէութեան հանրային նախաձեռնութեանց կարեւորագոյն միջոցառումները:

Մարտ ամսու ընթացքին, գործակցաբար Մոնաքոյի Իշխանապետութեան մէջ հաստատուած‘ “MonacoArmenia Children’s Fund” բարեգործականհասարակական կազմակերպութեան, Վենետիկի ԺԸ դարու Ca’ Rezzonico թանգարանի պալատի գլխաւոր դահլիճին, ապա Մոնաքոյի Hermitage հիւրանոցի “Belle Epoque” սրահին մէջ զոյգ համերգներ կը կազմակերպէ, մասնակցութեամբ՝ Հայաստանէն հրաւիրուած երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներու, վաստակաշատ երաժշտագէտ՝ Տիկին Սիլվա Մէքինեանի գլխաւորութեամբ: Սոյն համերգներու ընթացքին առիթը եղաւ ներկայացնելու Մոնաքոյի այս կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակը, որ է օժանդակել՝ Հայաստանի մայրաքաղաքէն հեռու գտնուող գիւղաքաղաքներու մանուկներուն յատկացուած վերականգնումի հիւանդանոցային և կրթական օճախներու կառուցման կամ վերանորոգման աշխատանքին:

Մեծ էր հանրութեան, յատկապէս Վենետիկի համալսարանական հանրութեան և իտալական տեղական մամլոյ հետաքրքրութիւնը, Մարտէն Յունիս երկարող ամիսներու ընթացքին կազմակերպուած բանախօսական և գիտաժողովներու շարքին նկատմամբ, որ տեղի ունեցաւ Կեդրոնի սրահին մէջ, գլխաւոր նիւթ ունենալով՝ “Անցեալի ինքնութեան մը վերակերտումը համապարփակ (globalise’) աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ, յիշողութեան, վերակառուցման, դիւանային աշխատանքի միջոցներով ”: Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի առընթեր‘ Պալքանեան եւ Միջազգային Ուսմանց Միջբաժանմունքային Կեդրոնի ու Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի նախաձեռնութեան համեմատական բնոյթի այս հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասէ աւելի հանրածանօթ միջազգային մասնագէտներ, որոնց կարգին հարկ է նշել՝ Cara De Silva, Նիւ Եորք ապրող ծանօթ թղթակից և մասնագէտ գրող, արուեստաբանարեւելագէտ՝ Mattia Guidetti, “ Kunsthistorisches Institut in Florenz ”ի անդամ, Քոլումբիա եւ Պոլսոյ Պօղազըճը համալսարաններու դասախօս՝ Մարկ Նշանեան, Վենետիկի Համալսարանէն՝ Հայր Լեւոն վրդ. Զէքիյեան, ճաբոնագէտներ՝ Francesco Comotti եւ Luisa Bienati, Քիէթիի համալսարանէն անգլիական գրականութեան մասնագէտ՝ Clara Mucci, միջազգային ճանաչում վայելող եւ Իտալիոյ մեծագոյն դասախօս հոգեբուժներէն՝ Antonio Alberto Semi, Մոնթրէալի McGill համալսարանի դասախօս եւ Կեդրոնի հիմնադիր անդամ, պարսկագէտ եւ մարդաբան՝ Սեդրակ Մանուկեան, Իտալացի ծանօթ թատերագիր եւ հրապարակագիրներ՝ Marcello Fois եւ Alberto Toso Fei, Բուդապէշտի շարժանկարի եւ թատրոնի Ակադեմիայի դասախօս՝ Lazlo Foldenyi, Վենետիկի համալսրանէն՝ ժամանակակից արեւմտեան համեմատական լեզուաբանութեան մասնագէտներ‘ Flavio Gregori եւ  Stefania Sbarra, իտալաբնակ լեհ ծագումով ծանօթ լուսանկարիչ և մարդաբան՝ Monica Bulaj:

Բանախօսական այս շարքի նպատակն էր համեմատական քննական աշխատանք մը վարել, ուսումնասիրելու ներկայի բազմաբնոյթ ժամանակակից միջոցներով՝ ազգային, կրօնական, մշակութային, գիտական կամ քաղաքական զանազան համայնքներու կողմէ կիրարկուած ջանքերը, անցեալ մը վերակերտելու կամ մեկնաբնելու եւ այդ աշխատանքի ձեռքբերումները հաղորդակցութեան մէջ դնելու: Անցեալի՝ յիշողութեան, վերակերտումի գործադրութեան այս ձեւերը, ժամանակակից աշխարհի ընկերաբանական ու մշակութային նորակերպ գիտաշխանոց մը հանդիսանալով հանդերձ, կրնան շատ անգամ նոր բախումներու ընթացք տալ որոնց հետ ազգպետութիւններու, կրօնքի ու մշակոյթներու զանազան մտայղացումները կը ստիպուին “չափուիլ”…

Բանախօսական այս գիտահաւաքները, համադրութեամբ՝ Պալքանեան եւ Միջազգային Ուսմանց Միջբաժանմունքային Կեդրոնի տնօրէն, Gianclaudio Macchiarellaի  ու Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Մինաս Լուռեանի, տեղական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը կրելէ անկախ կը վայելէր հետեւեալ հաստատութեանց օժանդակ մասնակցութիւնը:

Վենետիկի Քա Ֆոսքարի Համալսարանին, Եբրայական միջազգային ուսմանց վենետիկեան կեդրոնին, Վենետիկի Հրեայ համայնքի թանգարանին տնօրէնութեան, Վենետիկի Համալսարանին հայագիտական կաճառին, Արեւելեան Ասիոյ ուսմանց կաճառին, Գիտութեանց, գրականութեան եւ արուեստից Վենեթոյ բարձրագոյն կաճառին, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի մէջ հաստատուած “Memoro” պատմական յիշողութեան “դրամատան”, լեզուներու, մշակոյթներու եւ ընկերաբանական ուսմանց դոկտորական կաճառին, Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազարու հայագիտական կաճառին:

Մօտ ապագային նախատեսուած է հրատարակութեամբ ի մի բերել բոլոր ելոյթները, հաւանաբար առաջին հանգրուանին Վենետիկի համալսարանին կայքէջին վրայ: Նոյն նիւթով շարք մը նախատեսուած է նաեւ յառաջիկայ ուսումնական տարուան ընթացքին:

Կեդրոնի երաժշտական բաժինը այս տարի շարունակելով իր նախորդ տարիներու ընթացիկ աշխատանքը, յատկապէս այն ինչ կը վերաբերի իր ձայնային դիւանի կազմակերպման եւ հրատարակման գործընթացին, հանրային կարեւորութիւն ունեցող նախաձեռնութեանց շարքին չորրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպած է դուդուկի վարպետութեան դասընթացք մը (masterclass), Սեպտեմբեր ամսու ընթացքին, դուդուկահար Գէորգ Դաբաղեանի գլխաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ՝ Վենետիկի Չինի Հիմնադրամի Միջմշակութային երաժշտական համեմատական ուսմանց հիմնարկի (Istituto Interculturale di Studi Musicali Comparati della Fondazione Giorgio Cini di Venezia): Դասընթացքի արձանագրուող աշակերտներու միջին թիւը տարիներէ ի վեր 15ի շուրջ է, ինչ որ, բաղդատած այլ գործիքներու ուսուցման, մեծ յաջողութեան նշան է եւ մեծապէս կը խանդավառէ հիմնարկի տնօրէնութիւնը: Արձանագրուող երաժիշտները կու գան Իտալիոյ նոյնիսկ 10001200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող զանազան քաղաքներէ, կամ օտար եւրոպական երկիրներէ: Այս տարուայ դասընթացքին հետաքրքրական երկու չնախատեսուած հանդիպումներ տեղի ունեցան. մէկը՝ Իտալիոյ մեծագոյն ճազ երաժշտութեան սաքսոֆոնի կատարողներէն՝ Pietro Tonoloի հետ, որ աշխարհահռչակ ծագումով հայ, ամերիկացի ճազի տիտաններէն՝ Paul Motianի վերջին տարիներու բազմիցս գործակիցներէն է: Իր հետ կատարուեցաւ մէկ ժամ տեւողութեամբ յանպատրաստից կախարդական “improvisation” երաժշտական երկխօսութիւն մը, որ ապագայ գործակցութեան մը նախադէպը պիտի հանդիսանայ: Միւսը, Իտալիոյ գուցէ մեծագոյն և աշխարհի ամենածանօթ թաւ ջութակահարներէն‘ Mario Brunelloի հետ, որ արդէն յափշտակուած Դաբաղեանի դուդուկի կախարդական ձայնէն, յստակ գործակցութեան մը ծրագիրը սկսած է մշակել:

Միշտ Կեդրոնի ու Չինի Հիմնադրամի գործակցութեան ծիրէն ներս, ծրագրուած է Դեկտեմբեր ամսու մէջ հայ շարականներու և ծիսական երգեցողութեան յատկացուած ուսմանց միջազգային գիտաժողովի ու համերգի մը կազմակերպումը, որու ընթացքին յատուկ յիշատակի պիտի արժանանան Սուրբ Ղազարու երկար տարիներու դպրապետ՝ լուսահոգի Հ. Վրթանէս Ոլուհոճեանն ու Քոմօ քաղաքի բարերար Մանուկեան ընտանիքը, որոնք մեծապէս նպաստած են Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան աւանդութեամբ պահուած շարականներու վաւերագրական փոխանցման աշխատանքին: Յետագային աւելի մանրամասն կ’անդրադառնանք նոյն գիտաժողովի մասին:

Գալով ՕԷՄՄԷ հրատարակչական աշխատանքին, այս տարի լոյս կը տեսնեն Իտալիոյ Հայոց Միութեան կողմէ հովանաւորուած եւ Ֆիրենցէի համալսարանի կից պատմաբաններու միջազգային յանձնախումբի ղեկավարած՝ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանագիտական նամակագրութեան, հայկական հարցերու առընչուող 1878 – 1923 ժամանակաշրջանի բնագիր փաստաթուղթերու ամբողջական հրատարակման մատենաշարի վեցերորոդ թիւը (22.10.1899 – 18.09.1911), երկու հատորով (800 էջէ աւելի), եւ Իտալիոյ Մանուկեան ընտանիքի քիմիական նիւթերու արտադրութեան ճարտարարուեստի հիմնադրութեան 150ամեակին նուիրուած պատմութեան երկրորդ եւ երրորդ հատորները:

Ուրախալի է նշել նաեւ որ այս տարի 10.000 տպաքանակով հրապարակուեցաւ Մանթովա քաղաքի Societa Archeologica հաստատութեան եւ Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի համախմբագրած հայկական ճարտարապետութեան յատկացուած վաւերագրական տեսասալիկը (DVD), 56 վայրկեան տեւողութեամբ, որ կարելի եղաւ իրագործել Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան, ՀՀ Հռոմի Դեսպանութեան և Archeologia Viva մասնագիտական ամսաթերթի միջոցներով:

2010 – 2011 տարիներու ընթացքին, Վենետիկի Կեդրոնը, միասնաբար Փարիզի Բարեգործական Հաստատութեան, Բոխումի ու Երեւանի RAA հաստատութեան, եւ Եւրոհամայնքի մասնակից հովանաւորութեամբ, նախաձեռնած է թուայնացնել հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններու վերաբերեալ Եւրոպայի տարածքին վրայ գտնուող 20րդ դարու ընթացքին կազմուած լուսանկարչական կարեւոր բոլոր դիւաններու ամբողջական նիւթը, մօտ ապագային ստեղծելու միացեալ համակարգչային մասնագիտական գրադարան մը:

Յառաջիկայ հաղորդագրութիւններով առիթը կ’ունենանք մանրամասն անդրադառնալու 2011 – 2012 տարիներու ծրագիրներու մշակման մասին, յատկապէս Կեդրոնի մնայուն գործակից, Իտալիոյ մեծագոյն երաժշտական փառատօններէն՝ Ռաւէննա Փառատօնի տնօրէնութեան հետ: Առանձին հաղորդագրութեամբ կ’անդրադառնանք նաեւ Կեդրոնի ճարտարապետական եւ պատմական յուշարձաններու վերականգնումի ծրագիրներ մշակող մասնաճիւղի մասին, որու վարիչն է ճարտ. Գայեանէ Քազնաթի:

Մինչ այդ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք որ տասնամեակներէ ի վեր, իտալահայ փոքրաթիւ գաղութի այս Կեդրոնի ու Էմմէ հրատարակչատան հայանպաստ մշակութային ու ակադեմական եւրոպական առումով բարձրորակ այս գործունէութիւնը, մի քանի տարիէ կը վայելէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեանց նեցուկն ու ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան հովանաւորութիւնը, մաղթելով որ հայ անհատներ կամ կազմակերպութիւններ, ըլլայ Հայաստանէն ըլլայ Սփիւռքէն, իրենց կարգին օժանդակեն այս գործունէութեան սատարումին եւ հայ ժամանակակից մշակոյթի մտաւորական ու ստեղծագործող տարրին սատար կանգնող այս հաստատութեան:

Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոն

Վենետիկ (Իտալիա)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles