Հ.Օ.Մ.-Ի 100ԱՄԵԱԿ.- ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՍՈՒՐԻԱ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

0 0
Read Time:21 Minute, 5 Second

Այս տարի իր հարիւրամեակը բոլորած Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, դարադարձի նշումի եզրափակիչ հանդիսութիւնները կազմակերպեց Հոկտեմբեր 2010ին, Սուրիոյ մէջ սկսած հանդիսութիւններու շարքով մը, որոնք շարունակուեցան Հայաստանի մէջ: Հոկտեմբեր 6ին Սուրիոյ մէջ սկսած ձեռնարկները նոյն ամսուան 12էն սկսեալ եւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ ձեռնարկներով, որոնք կազմակերպուած էին Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ինչպէս նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներուն կողմէ: 

Հալէպի մէջ սեմինար, Տէր Զօր այցելութիւն

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Սուրիա ժամանած Հ.Օ.Մ.ի աւելի քան 150 ընկերուհիներ, Հոկտեմբեր 6ի երեկոյեան հաւաքուեցան Հալէպի »Արամ Մանուկեան« կեդրոնէն ներս, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.) կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցելու եւ ծանօթանալու թէ’ իրարու, թէ յառաջիկայ մի քանի օրերու ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն:

Յաջորդ օրը, Հոկտեմբեր 7, 2010ին, Հ.Օ.Մ.ը վերադարձ մը կատարեց դէպի հոն, ուրկէ վերընձիւղուած էր հայութիւնը, ուր անիկա ապրած էր ամէնէն ահաւորը, սակայն վճռած էր շարունակել ու գոյատեւել: Հայութեան գոյատեւման փաստը անգամ մը եւս ամրապնդելու լաւագոյն դրսեւորումներէն եղաւ տարբեր երկիրներէ ժամանած Հ.Օ.Մ.ականներու Տէր Զօր այցելութիւնը, որոնք Ս. Նահատակաց մատրան մուտքին ընդունուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Եպս. Սարգիսեանի կողմէ: Ս. Պատարագի աւարտին ներկաներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Հայրը ողջունեց Տէր Զօր տրուած այցելութիւնը եւ հայութեան գոյատեւման երթին մէջ յատկանշական նկատեց Հ.Օ.Մ.ի դերակատարութիւնն ու ներդրումը, որ ո’չ միայն ապրեցաւ ու գործեց, այլ ապրեցուց եւ հայութեան գոյատեւման երաշխիքներէն մէկը հանդիսացաւ:

Ապա խօսք առաւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, որ յայտնեց, թէ Տէր Զօրի մէջ միութեան 100ամեակի նշումը աւելի խոր իմաստ կը զգենու, որովհետեւ այս այն վայրն է, ուր իբրեւ ժողովուրդ անգամ մը եւս վստահութիւն ձեռք ձգեցինք եւ գիտակցեցանք, որ մարդկութիւնը միայն թրքական ոճրագործութիւն չէ, այլ նաեւ արաբական ասպնջականութիւն եւ տառապեալ ժողովուրդին երկարած օգնութեան ձեռք:

Ապա տեղի ունեցաւ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իր զաւկին այբուբեն ուսուցանող հայ մայրն ու անոր զաւակը խորհրդանշող քանդակին դիմաց անշէջ կանթեղի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք Հ.Օ.Մ.ականները շրջեցան թանգարանին մէջ, ապա ուղղուեցան Եփրատ, որուն մէջ ծաղիկներ նետուեցան հոն հանգչող հազարաւոր հայերու յիշատակին:

Յաջորդող երկու օրերուն՝ Ուրբաթ, 8 եւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9ին, Հ.Օ.Մ.ականները հետեւեցան Ս.Օ.Խ.ի կազմակերպած ձեռնարկներու շարքին եւ այցելեցին Հալէպի հայկական կառոյցներ եւ տեսարժան վայրեր՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, »Զարեհեան« գանձատուն, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, Ս.Օ.Խ.ի ընկերաբժշկական կեդրոն, Ազգային պատսպարան, Հալէպի բերդ եւ հին քաղաքի նշանաւոր փակ շուկան: Անոնք նաեւ մասնակցեցան սեմինարի մը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ եւ իբրեւ առանցք ունեցաւ »Հ.Օ.Մ.ը ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուի յառաջիկայ տարիներու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար« թեման: Սեմինարի գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի Սբ. Յովսէփ եւ Սաժես համալսարաններու դասախօս Դոկտ.Հիլտա Պայրամեանը:

Այս այցելութիւններու եւ սեմինարի կողքին, Սուրիահայ Օգնութեան խաչը Հ.Օ.Մ.ականներուն համար կազմակերպած էր խրախճանք, ինչպէս նաեւ դէպի Քեսապ շրջապտոյտ մը, ուր անոնք առիթ ունեցան այցելելու հայկական այս աւանի ազգային կառոյցները, տեսարժան վայրերը եւ մէկ գիշեր այնտեղ մնալէ ետք վերադարձան Հալէպ, ուրկէ ուղղուեցան դէպի Հայաստան:

Սուրիոյ մէջ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկներու օրերուն, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն ու տարբեր շրջաններ ներկայացնող ընկերուհիներ ընդունուեցան Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա Ասատին կողմէ: Պաշտօնական, սակայն մտերմիկ մթնոլորտի մէջ անցած այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան կնոջ հզօրացման ու հասարակութեան մէջ դերակատարութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը, որպէս որեւէ հաւաքականութեան ապագան՝ երեխաներու հոգեմտաւոր ու ֆիզիքական զարգացման անհրաժեշտութեան վերաբերող խնդիրներ, կարիքաւորներու վիճակի բարելաւման հարցերը ու այս ուղղութեամբ Հ.Օ.Մ.ի այլազան նախաձեռնութիւնները: Առաջին Տիկինը բարձր գնահատեց հայութեան դերն ու ներդրումը Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ճամբով, հայութեան կապուածութիւնը Հայաստանին: Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Համահայկական Ֆոնտի գաղափարը այնքան դրական կը նկատէ, որ կը փափաքի նոյն օրինակով նախաձեռնութեան մը դիմել սուրիական սփիւռքը ի մի բերելու համար: 

Երեւան ժամանում 

Հոկտեմբեր 11ի երեկոյեան Հալէպի մէջ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի ձեռնարկներուն մասնակիցները ժամանեցին Երեւանի Զուարթնոց օդակայան, ուր ծաղիկներով, նուագ ու պարով ընդունուեցան Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ ընկերուհիներուն կողմէ: Նախորդող օրերուն զանազան շրջաններէ Հ.Օ.Մ.ականներ ու համակիրներ եւս հասած էին Հայաստան, մասնակից դառնալու համար հայրենիքի մէջ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն, այս առիթով արտերկրէն Հայաստան ժամանածներու թիւը հասցնելով 250ի:

Ծիծեռնակաբերդ՝Ծառատնկում

Հոկտեմբեր 12ի առաւօտուն, արտերկրէն տարբեր խումբերով ժամանած բոլոր Հ.Օ.Մ.ականներուն միացան Հայաստանէն պատկառելի թիւով Հ.Օ.Մ.ականներ եւ խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի իր տուրքը մատուցանելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերածաղկող հայրենիքի հողին վրայ անգամ մը եւս հաստատելու համար հայ ժողովուրդի եւ հայ կնոջ վերապրելու կամքը:

Առաջին կարգին, Ցեղասպանութեան Թանգարանի տնօրէնի հրաւէրով, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնական արարողութեամբ մը եղեւնի մը ցանեց պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններու յատկացուած բաժինին մէջ: Եղեւնիին դիմաց տեղադրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի անունով պաշտօնական ցուցատախտակը:

Ծիծեռնակաբերդի համալիրի մուտքին, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշներու հետեւեցան Հ.Օ.Մ.ի բոլոր միաւորներու եւ Կեդրոնական Վարչութեան ծաղկեպսակները, ապա Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու ունեցող մնացեալ 24 երկիրներու դրօշները եւ Հ.Օ.Մ.ականները: Ծաղկեպսակներու տեղադրումէն ետք, անշէջ կրակին դիմաց խոնարհած դրօշներու կողքին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա ծաղիկներու տեղադրում:

Այս արարողութեան անմիջապէս յաջորդեց Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ ծառատնկումի արարողութիւնը: Հ.Օ.Մ.ի վարչութիւններ, մասնաճիւղեր, Հ.Օ.Մ.ականներ ու համակիրներ իրենց անունով կամ իրենց սիրելիներու յիշատակին 263 ծառեր հովանաւորած էին, որոնք ցանուեցան Ծիծեռնակաբերդի բլուրի այն բաժինին վրայ, որ վերջերս հրդեհի զոհ դարձած էր:

Մամլոյ ասուլիս

Մինչ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծառատնկումը կը շարունակուէր, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Մայտա Մելքոնեան ու Կրասիէլա Գէորգեանը »Ուրբաթ« ակումբին մէջ կը մասնակցէին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն մասնակցելու եկած էին Հայաստանի մամլոյ մեծ թիւով ներկայացուցիչներ:

Ասուլիսին ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ներկայացուցին Հ.Օ.Մ.ի պատմութիւնը, համահայկական ծաւալի գործունէութիւնը, Հարիւրամեակի ձեռնարկները եւ պատասխանեցին թղթակիցներու հարցումներուն: 

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ Ընդունելութիւն 

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն առիթով, նախագահական պալատի սրահէն ներս ընդունելութիւնհիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էր, որուն հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու 200 Հ.Օ.Մ.ականներ: 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան կայացած հիւրասիրութեան ընթացքին խօսք առնելով, նախագահ Սերժ Սարգսեանը նախ շնորհաւորեց Հ.Օ.Մ.ականները միութեան հարիւրամեակին առիթով, ապա նշեց, որ հարիւր տարի առաջ կանանց հասարակական, բարեսիրական կազմակերպութիւն ստեղծելու գաղափարը պէտք էր որ շատ ռոմանթիք ու անիրագործելի թուար: »Այն, ինչ իրականացեր է Հ.Օ.Մ.ը 1910 թուականից սկսած մինչեւ այսօր քաղաքական ու աշխարհագրական ամենատարբեր իրավիճակներում, կարելի է եւ պէտք է սխրանք համարել«, ըսաւ նախագահը, բարձր գնահատելով Հ.Օ.Մ.ի նպաստը հայրենի պետութեան կայացման ու առաջընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հասարակութեան ներդաշնակ զարգացման գործին:

Ապա նախագահը շրջեցաւ բոլոր սեղանները եւ առանձնաբար շնորհաւորեց իւրաքանչիւր Հ.Օ.Մ.ական՝ միութեան դարադարձին առիթով:

Այս առիթով Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ նախագահին փոխանցուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեայ Յուշամատեանի տպագրուած առաջին օրինակը: 

»Պնակ մը կերակուր« 

Հոկտեմբեր 13, 2010ին Հ.Օ.Մ.ը փորձ մը ըրաւ վերականգնելու միութեան պատմական »Պնակ մը կերակուր« ծրագիրը, Հայաստանի տարածքին գործող 14 մանկատուներու եւ գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ մասնակից դառնալով ճաշի սպասարկման ծրագրին եւ ստանձնելով այդ օրուան համար յատուկ հիւրասիրութեան մը ծախսերը:

Իւրաքանչիւր մանկատանն կամ գիշերօթիկ հաստատութեան »Պնակ մը կերակուր« ծրագրի հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Հ.Օ.Մ.ի միաւոր մը կամ մասնաճիւղ մը, իսկ տեղի վրայ ճաշի եւ հիւրասիրութեան սպասարկման համար արտերկրէն եկած Հ.Օ.Մ.ի միաւորին միացան Հայաստանի տուեալ քաղաքի կամ շրջանի Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղի ընկերուհիները:

Այս ձեռնարկի ծիրին մէջ Հ.Օ.Մ.ականները այցելեցին Երեւանի մէջ գործող վեց, Գիւմրիի մէջ՝ երեք, Գաւառի մէջ (Սեւան)՝ մէկ, Վանաձորի մէջ՝ երկու, Բիւրեղաւանի մէջ (Աբովեան)՝ մէկ եւ Դիլիջանի մէջ՝ մէկ հիմնարկներ: Բոլոր հիմնարկներու անձնակազմերն ու սաները, որոնց մէկ մասը ընկերային պայմաններու բերմամբ, մնացեալը՝ առողջական պատճառներով այդ հիմնարկներէն ներս կը մնան, ուրախ մթնոլորտի մէջ ընդունեցին Հ.Օ.Մ.ականները եւ այդ այցելութիւնները վերածեցին Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի նշումի մէկական փոքր ձեռնարկի: 

Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպած Ձեռնարկ եւ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեայ Յուշամատեանի Շնորհանդէս

Հոկտեմբեր 13-ի երեկոյեան, Երեւանի Մոսկուա շարժապատկերի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւնը: Սրահի մուտքին Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Արխիւին կողմէ կազմակերպուած էր Հ.Օ.Մ.ի մասին վաւերաթուղթերու փոքր ցուցահանդէս մը: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամներ, զանազան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. պատասխանատու մարմիններու անդամներ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը, որ արժեւորումը կատարելով Հ.Օ.Մ.ի մէկդարեայ գործունէութեան նշեց, որ հայ ժողովուրդի կեանքի պայմանները փոխուած են այսօր եւ Հ.Օ.Մ.ին դիմաց բացուած է հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի տարածքին ընկերայինհասարակական կեանքին մէջ կնոջ դերի բարձրացման միտող աշխատանքի հսկայական դաշտ մը:

ՀՀ Պետական Արխիւի Տնօրէն Ամատունի Վիրապեանը իր կարգին խօսք առնելով, բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.ի գործունէութիւնը Հայաստանի ապրած քաղաքական տարբեր հանգրուաններուն ինչպէս նաեւ Սփիւռքի այլազան պայմաններուն մէջ: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ, որ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ու ՀՀ Պետական Արխիւին միջեւ կայացած համաձայնութեան մը հիմամբ, շուտով լոյս կը տեսնէ Արխիւի մօտ Հ.Օ.Մ.ի վերաբերող փաստաթուղթերու ժողովածուն:

Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մայտա Մելքոնեան բեմ բարձրանալով պաշտօնական շնորհահանդէսը կատարեց »Հարիւրամեայ Յուշամատեան Հայ Օգնութեան Միութեան. 19102010« գիրքին, անդրադառնալով Հ.Օ.Մ.ի արխիւի դասաւորման աշխատանքներուն, որոնք լոյս կը սփռեն Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան վրայ, որ խորքին մէջ փոքր նախաքայլերով սկսած է տակաւին 1890ականներու աւարտին: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հատորի մեկենաս եւ Հ.Օ.Մ.ի բազմամեայ անդամ Աշխէն Փիլաւճեանին, Մայտա Մելքոնեանը գնահատանքով անդրադարձաւ հատորի խմբագիր Թաթուլ ՍոնենցՓափազեանի եւ բոլոր անոնց աշխատանքին, որոնք տարբեր շրջաններէ օժանդակեցին այս հատորի պատրաստութեան գործին:

Խօսք առաւ Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ալվարդ Պետրոսեանը, որ անդրադառնալէ ետք Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի մէջ կտրած արդէն գրեթէ քսանամեայ պատմութեան, իր կարգին շնորհահանդէսը կատարեց Լուսիկ Ագուլեցիի »Անցեալի մասունքներ« հաւաքածուին:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով:

Պաշտօնական Հանդիսութիւն Երեւանի Օփերայի Սրահէն ներս

Հոկտեմբեր 14, 2010ին, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի Օփերայի եւ Պալետի Ակադեմիական Թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի նշումի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բի ներկայացուցիչ Նաթան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ, Ազգային Ժողովի անդամներ, կուսակցական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը, որոնց շարքին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ժամանած Հ.Օ.Մ.ականներ ու համակիրներ:

Ամբողջովին լեցուն թատերասրահէն ներս հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտներու կողմէ Հ.Օ.Մ.ի եւ միութենական միաւորներ ունեցող 26 երկիրներու դրօշներու հանդիսասրահ պաշտօնական մուտքով: Հայաստանի Հանրապետութեան ու Հ.Օ.Մ.ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք դրօշները տեղադրուեցան բեմին վրայ, Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի խորհրդանիշի երկու կողմերուն:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինով խօսք առին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բի ներկայացուցիչ Նաթան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, որ Գարեգին Բ. Վեհափառի գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Հ.Օ.Մ.ի բոլոր անդամներուն, որոնք 26 տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ կնոջ համազգային առաքելութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Դրուատելով միութեան ծրագիրները սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ, Վեհափառը Հ.Օ.Մ.ականները յորդորեց նոյն ոգիով ու նուիրումով շարունակել իրենց գործունէութիւնը ի խնդիր համայն հայութեան բարօրութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը Հ.Օ.Մ.ը նկատեց հայկական աշխարհի իւրայատուկ եւ ամենակարեւոր հաստատութիւններէն մէկը, որու Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ իրականացուցած ծրագիրները աչքի կ’իյնան իրենց նպատակասլացութեամբ, բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ բացառիկ հաշուետուողականութեամբ: Գնահատելով Հ.Օ.Մ.ի հոգատարութեան հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու տեսակի պահպանման ուղղութեամբ, ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. »Մեր ազգային խնդիրների նկատմամբ այդօրինակ հոգածութեան ու նուիրումի համար, այսօր բերում ենք մեր շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքը, ձեզնից իւրաքանչիւրին մաղթելով ամենայն բարիք ու նորանոր յաջողութիւններ՝ հայրենանուէր բոլոր ձեռնարկումներուն«:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ընդգծեց, որ Հ.Օ.Մ.ը, հայրենիքէն ներս թէ Սփիւռքի մէջ, ո’չ միայն կատարեց ու կը շարունակէ կատարել իր բարեսիրական, ընկերատնտեսական, կրթական եւ առողջապահական ծառայութիւններու պարտաւորութիւնները այլ մասնակից դարձած է մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, հայկական պետութիւններէ ներս ժողովրդավարական գաղափարներու ամրապնդումին, քաղաքացիական հասարակութեան կերտման ու հայ կնոջ իրաւունքներու զարգացման: Ան Հ.Օ.Մ.ը նկատեց հայ կեանքէ ներս գործող ամենատարածուն եւ ամենակարեւոր կանացի կազմակերպութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ, պայմաններու բերմամբ Սփիւռքի մէջ մնալէ ետք, վերջին երկու տասնամեակներուն վերադառնալով Հայաստան, դարձած է արդէն համահայկական կազմակերպութիւն, իր աշխատանքներու կիզակէտը դարձնելով Հայաստանը, Արցախն ու Ջաւախքը: Ան ընդգծեց, որ Հ.Օ.Մ.ի առաքելութիւնն է մարդասիրական ու բարեսիրական գործը ու ազգային ծառայութեան միաձուլելը: Միութեան մէկ դարեայ աշխատանքի գնահատականը կատարելէ ետք, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Հ.Յ.Դ.ի համար Հ.Օ.Մ.ը հայրենակերտման ու ազգայինազատագրական պայքարի առաջին գիծին վրայ կանգնած կազմակերպութիւն է, որ գիտակցութիւնը ունի այսօրուան պայմաններուն մէջ իրեն վերապահուած դերին, մի’շտ մնալով պատնէշի վրայ իր հսկայածաւալ կամաւոր բանակով:

Իր խօսքին մէջ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու իրողութեան, ինչ որ անգամ մը եւս կþապացուցէ, որ Հ.Օ.Մ.ի պատմութիւնը անքակտելի մէկ մասնիկն է հայ ժողովուրդի անցնող մէկ դարու պատմութեան: Նշելէ ետք, որ Հ.Օ.Մ.ը ծնած էր մեր ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի հոլովոյթին մէջ, ապա սփիւռքեան պայմաններու պարտադրանքին տակ հոգատար մօր դեր վերցուցած հայրենիքէն հեռու ապրող զանգուածներու համար, ներկայիս, իր իրագործումներու շարքին ան թուեց Հայաստանի մէջ Հ.Օ.Մ.ի իրագործումները, որպէս հայրենի հողին վերադարձած կազմակերպութիւն:

Այս հանդիսութեան ընթացքին իր խօսքի աւարտին, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ կը փափաքի երկու յաւելում կատարել իր խօսքին վրայ: Առաջին կարգին ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն նուիրատուներուն, որոնք 25 հազար տոլար եւ աւելի նուիրած էին Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի Ֆոնտին: Ան նշեց այդ նուիրատուներու անունները՝ Տէր Յովհաննէսեան եւ Հինտոյեան ընտանիքներ (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջան), Տիանա Հաճէթեան (Գանատա), Վարսենիկ Սարգիսեան (Գանատա) եւ Սիլվա Ստամպուլեան (Իտալիա), որոնց իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը եւ յուշանուէր մը: Ատենապետուհին յիշեց նաեւ Հ.Օ.Մ.ականներ Աշխէն Փիլաւճեանը (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջան) ու Ազնիւ Սապունճեանը (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջան), ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանները (Լիբանան), Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Մելինէ Ճիզմէճեանները (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան) եւ Ճէգի եւ Սեդա Կեվրէկեանները (Եգիպտոս), որոնք ներկայ չէին եզրափակիչ հանդիսութեան:

Նուիրատուներուն յայտնուած շնորհակալութենէն ետք Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ներկայ թէ նախկին Կեդրոնական Վարչութիւններու եւ Հ.Օ.Մ.ականներու անունով երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Թաթուլ ՍոնենցՓափազեանին, անոր տասնամեակներու ազգային անխոնջ ծառայութեան համար, ներառեալ Հ.Օ.Մ.ին, որուն գրասենեակներէն ներս կը գործէ ան աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր: Այս առիթով, Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ անոր յանձնուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի առաքելութիւնը ներկայացնող արձան մը, հայ կինը, որ իր թեւերուն մէջ կը համախմբէ կրունկներու պատկերով ներկայացուած հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները:

Պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան մասին ֆիլմի ցուցադրութիւն, ապա սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Գէորգ Հաճեանը, Նարեկացի Համոյթը եւ Լէյլա Սարիբէգեանը: Միջանկեալ՝ խօսք առին նաեւ Հ.Օ.Մ.ի Ուսանող Ծրագրի սաներէն երկուքը, Հ.Օ.Մ.ի Որբախնամ եւ Ուսանող ծրագրի բոլոր սաներու անունով երախտագիտութիւն յայտնելով Հ.Օ.Մ.ի համահայկական ընտանիքին, Հայաստանի երկրաշարժէն ու Արցախեան ազատամարտէն ետք իրենց դարձուած ուշադրութեան համար:

Հ.Օ.Մ.ի Պուրակի եւ Ցայտաղբիւրի Բացում, Խրախճանք 

Հոկտեմբեր 15ի կէսօրին, հակառակ անձրեւոտ եղանակին, Երեւանի քաղաքապետութեան կողմէ Կոմիտասի Պանթէոնի մուտքին յատկացուած հողատարածքի մը վրայ, բացումը կատարուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի պուրակին ու ցայտաղբիւրին: Միութեան Հարիւրամեակին առիթով այդ տարածքին մէջ ցանուած էին հարիւր եղեւնիներ, իսկ կեդրոնը տեղադրուած էր ցայտաղբիւր մը ու կողքին՝ նստարան մը:

Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած այս պուրակի եւ ցայտաղբիւրի բացման արարողութեան ներկայ եղան ու խօսք առին Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեանը, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Սիմոն Սիմոնեանը, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը եւ Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ալվարդ Պետրոսեանը: Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ արտերկրէն ժամանած ու Հայաստանէն Հ.Օ.Մ.ականներու բազմութիւն մը:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ խրախճանք մը տեղի ունեցաւ, որու իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանը, Հ.Հ. Վարչապետի Տիկին Անուշ Սարգսեանը, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.ականներ  ու համակիրներ:

Ընդունելութիւն՝ Սփիւռքի Նախարարութեան Մօտ եւ Հ.Հ. Պետական Շքանշանի տուչուութիւն 

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան հրաւէրով, Շաբաթ Հոկտեմբեր 16ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակին առիթով կազմակերպուած յատուկ ընդունելութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երկու հարիւր Հ.Օ.Մ.ականներ:

Ընդունելութեան ներկայ էին, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Վահան Յովհաննիսեանն ու Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Հանդիսութեան բացումէն ետք խօսք առաւ Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.ի դերը թէ’ սփիւռքահայութեան հայապահպանման գործին մէջ, թէ’ հայրենիքի մէջ, որպէս եզակի կազմակերպութիւն, որուն երկարակեցութեան գաղտնիքը իր բարութեան մէջ է: Ապա ան հրաւիրեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հ.Օ.Մ.ին շնորհուած Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկեայ Մետալը, միութեան մէկդարեայ ծառայութեան համար:

Իր կարգին, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարին, բոլոր Հ.Օ.Մ.ականներու անունով վերահաստատեց ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:

Խօսք առնելով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը շեշտեց Հ.Օ.Մ.ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քոյր եւ ուղեկից կազմակերպութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ այդ իմաստով իր ուսերուն ծանրացած պատասխանատուութիւնները պատուով ստանձնած ըլլալու իրողութիւնը: Ան ընդգծեց օրուան պայմաններուն համապատասխան աշխատանքային մարզերու մէջ նետուելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով Հ.Օ.Մ.ին դիմաց բացուող նոր հորիզոնները:

Խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հանրածանօթ արուեստագէտներ ու պատանեկան պարախումբ մը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ: Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութեամբ: 

Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի Հայաստանի մէջ եզրափակիչ հանդիսութիւններու այս շարքի ներկայացման աւարտին կþարժէ նշել, որ հայաստանեան մամուլը եւ մանաւանդ հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն անդրադարձան Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի բոլոր ձեռնարկներուն: Իր հաղորդումներուն մէջ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի նշումին յատուկ տեղ յատկացուց «Երկիր Մեդիա»ն, որ նաեւ արբանեակային դրութեամբ կը սփռուի սփիւռքեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ: 

Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի Հայաստանի մէջ կայացած հանդիսութիւններէն ետք, Հոկտեմբեր 16ին դադար առնելէ ետք, Հոկտեմբեր 17ին աւելի քան 150 Հ.Օ.Մ.ականներ, երեք խումբերով մեկնեցան Արցախ: Առաջին խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ստեփանակերտ, մինչ մնացեալ երկու խումբերը ԼՂՀ մայրաքաղաք հասան զանազան տեսարժան վայրեր այցելելէ ետք:

Ընդունելութիւն Մարտակերտի մէջ

Կէսօրէ ետք Ստեփանակերտ հասած Հ.Օ.Մ.ականներու պաշտօնական խումբին անմիջապէս միացան տեղի ընկերուհիները եւ ոստիկանական պաշտօնական ուղեկցութեամբ, հանրաշարժը ուղղուեցաւ դէպի Մարտակերտ:

Քաղաքի մուտքին Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութեան կը սպասէին հայկական աւանդական աղ ու հացով: Այնտեղ էին Մարտակարետի աշխատակազմի ղեկավար Սերգէյ Օհանեանը եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք ընկերացան Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութեան այցելելու Հայրենական Պատերազմի զոհերու յուշակոթող, այնտեղէն՝ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու յուշարձան: Յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելէ ետք, Հ.Օ.Մ.ականները շրջեցան յուշակոթողի կողքին գտնուող մարտակերտցի զոհուած ազատամարտիկներու թանգարանը: Ապա Մարտակերտի կառավարական շէնքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում տեղի ղեկավարութեան ու Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութեան անդամներուն միջեւ, որուն ընթացքին տեղի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ Մարտակերտի կարիքներուն իսկ Հ.Օ.Մ.ի զանազան շրջաններու ներկայացուցիչներ անդրադարձան միութենական աշխատանքներուն:

Հանդիպման աւարտին կարճ ելոյթ ունեցաւ Մարտակերտցի աշակերտներ, ուրախ մթնոլորտի մէջ ճամբելով Հ.Օ.Մ.ականները, որոնց դէպի Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ կարճ այցելութիւն մը տուին պատմական Տիգրանակերտի փլատակներուն վրայ կառուցուած եւ նոյն քաղաքին վերաբերող թանգարանը: 

Յարգանքի տուրք՝ Արցախեան Ազատամարտի նահատակներուն

Հոկտեմբեր 18ի առաւօտեան Հ.Օ.Մ.ականները հաւաքուեցան Ստեփանակերտի Եղբայրական Գերեզմանատան կողքին գտնուող Հայրենական Պատերազմի Զոհերու Յուշակոթողին դիմաց: Այնտեղ էր նաեւ Լ.Ղ.Հ. Կրթութեան Նախարար Վլադիկ Խաչատրեանը, որ միացաւ Հ.Օ.Մ.ականներուն, յարգանքի տուրք մատուցանելու Արցախեան Ազատամարտի նահատակներու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի անդրանիկ նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին: Յուշակոթողներուն վրայ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ու Արցախի Վարչութեան կողմէ, ու մեխակներ՝ ամէն մէկ մասնակիցի ձեռամբ:

Ապա Հ.Օ.Մ.ականներու խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի Աշոտ Ղուլեանի յուշարձանը: Այնտեղ եւս ծաղկեպսակներով ու մեխակներով յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Շուշիի ազատագրման մէջ կարեւորագոյն դեր վերցուցած ազատամարտիկի յիշատակին:

Այս արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արթուր Մկրտչեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի այրիները  Գոհար Մկրտչեանն ու Նելլի Ղուլեանը, որոնք երկուքն ալ մաս կը կազմեն Հ.Օ.Մ.ի Արցախի միաւորին:

Լ.Ղ.Հ. Նախագահ Բագօ Սահակեանի մօտ ընդունելութիւն… այլ հանդիպումներ

Նոյն օրուան կէսօրին, Հ.Օ.Մ.ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բագօ Սահակեանի հետ: Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ մէկական ներկայացուցիչ՝ Հ.Օ.Մ.ի այն միաւորներէն, որոնք ներկայ էին Արցախի մէջ միութեան 100ամեակի տօնակատարութեան: Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութեան կþընկերանար Արցախի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

Բարձր գնահատելէ ետք Հ.Օ.Մ.ի աշխատանքն ու նպաստը Արցախին, նախագահը ծանրացաւ ապագային վրայ ու Հ.Օ.Մ.ի ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ Արցախի մէջ ստանձնել ո’չ թէ օժանդակութիւն տրամադրող ծրագիրներ այլ զարգացման միտող ներդրումներ կատարել  ե’ւ մարդկային, ե’ւ ծրագրային իմաստով: Ան բոլորը հրաւիրեց յաջորդին իրենց զաւակներով գալ Արցախ, աւելին՝ ան փափաք յայտնեց, որ Հ.Օ.Մ.ը ճիգ ընէ արտերկրէն պատանիներ ամառնային ճամբարի համար Արցախ ուղարկելու, քանի այդ այցելութիւններն են որ հայ պատանիները Արցախեան հողին կապուած պիտի պահեն յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ ջրամատակարարման խնդիրին, որ հիմնական է մարդկային որեւէ ընկերութեան զարգացման համար: Նշելէ ետք որ պետութիւնը մշակած է արդէն Արցախի մէջ ըմպելի ջուրի մատակարարման ցանցի վերանորոգման ու ընդարձակման ծրագիրը, ան Հ.Օ.Մ.ը հրաւիրեց այս ծրագրին մէջ դեր վերցնելու, նշելով որ այս տարուան Համահայկական Ֆոնտի թելեթոնը նոյն նպատակին պիտի ուղղէ իր հասոյթը:

Նախագահը ուշադրութեամբ լսեց Հ.Օ.Մ.ականներու արտայայտութիւնները, որոնք հաստատեցին թէ միութիւնը ձեռնարկած է արդէն զարգացման միտող ծրագիրներու ու այդ նպատակով միջազգային պետական կառոյցներու թէ ոչկառավարական կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւններու ուսումնասիրութեան: Աւարտին, նախագահը հաստատեց, որ կրկին կը հանդիպի բոլորին հետ նոյն օրուան երեկոյեան տեղի ունենալիք հանդիսութեան ընթացքին:

Հանդիպում Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի Նախագահին հետ

Հ.Օ.Մ.ականներու երկրորդ խումբ մը հանդիպեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ, որ Հ.Օ.Մ.ի մասին դրական խօսքերէ ետք կեդրոնացաւ կրթական ծրագիրներու զարգացման անհրաժեշտութեան ու համալսարանական ուսանողներու մօտ ազգային գիտակցութեան բարձրացման վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ գիւղերու մէջ կենցաղային պայմաններու դժուարութեան եւ ըմպելի ջուրի մատակարարման անհրաժեշտութեան վրայ, վստահութիւն յայտնելով, որ այս ծրագիրներու ուղղութեամբ Արցախի իշխանութիւններու գործակցութիւնը Հ.Օ.Մ.ի հետ պիտի շարունակուի անխափան:

Հանդիպում Լ.Ղ.Հ. Վարչապետին հետ 

Արցախ այցելող Հ.Օ.Մ.ականներու երրորդ խումբ մը հանդիպում ունեցաւ Լ.Ղ.Հ. Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ: Վարչապետը բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.ի ներդրումը Արցախի մէջ թէ’ պատերազմի օրերուն, թէ’ անկէ ետք, երկրի վերակառուցման հանգրուանին: Ապա ան անդրադարձաւ Արցախի կարիքներուն կրթական, առողջապահական, տնտեսական, ընկերային ու ենթակառոյցներու զարգացման մակարդակներուն վրայ, լայն բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւրի մասին եւ հորթորելով Հ.Օ.Մ.ը, որ հեռանկարային ծրագրերու գործադրման մէջ իր ներդրումը ունենայ: Խօսակցութեան ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով վարչապետը անդրադարձաւ Արցախի ժողովրդագրական պատկերին հաստատելով, որ արտագաղթի թափը մեծապէս նուազած է, որուն դիմաց որոշ աճ արձանագրած են դէպի Արցախ ներգաղթն ու ծնունդները:

Պաշտօնական Հանդիսութիւն Ստեփանակերտի Երիտասարդական Պալատի թատերասրահէն ներս

Հոկտեմբեր 18, 2010ի երեկոյեան, Ստեփանակերտի Երիտասարդական Պալատի մուտքին, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը դիմաւորեց Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բագօ Սահակեանն ու Առաջին Տիկինը, որոնք Արցախի վարչապետին, Ազգային Ժողովի նախագահին ու բազմաթիւ նախարարներու եւ պետական այրերու հետ միասին եկած էին մասնակցելու Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի հանդիսութեան:

Հ.Օ.Մ.ի Արցախի միաւորին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի բացումը կատարեց «Մռակած» Պետական Կամերային Երգչախումբը, կատարելով Լ.Ղ.Հ. Օրհներգն ու Հ.Օ.Մ.ի քայլերգը: Պաշտօնական խօսքերու բաժինով խօսք առին Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Սրբազան Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Էմանուէլ Քահանայ Վարդանեանը, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը, Հ.Օ.Մ.ի Արցախի Մեկուսի Վարչութեան ատենապետուհի Պելլա Յարութիւնեանը, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը ինչպէս նաեւ Լ.Ղ.Հ. Նախագահ Բագօ Սահակեանը, որ իր ելոյթի սկզբնաւորութեան Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատուեց Լ.Ղ.Հ. «Վաչական Բարեպաշտ» շքանշանով, իսկ Հ.Օ.Մ.ի Արցախի Վարչութիւնը՝ «Երախտագիտութիւն» մետալով:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Արցախի Երգի ու Պարի Պետական Համոյթը, Մանկական Ստեղծագործական Կեդրոնը, «Արփի» Պետական Մանկապատանեկան Համոյթը, հանրածանօթ արուեստագէտներ Պարոյր Ներսիսեանը, Ալեքսանդր Աւագեանն ու Տաթեւիկ Ասլանեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզներու սաները: Ցուցադրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան մասին ժապաւէն մը, որ վաւերագրական տուեալներու կողքին կը պարունակէր Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակին առիթով միութեան աւելի քան տասնեակ մը շրջաններէ ստացուած շնորհաւորական պատգամներ:

Այս հանդիսութեան ընթացքին եթէ յուզիչ էր Հ.Օ.Մ.ի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու շրջանաւարտ ու ներկայ սաներու միացեալ պարը, ապա գօտեպնդիչ էր Էմանուէլ քահանայ Վարդանեանի այն խօսքը, որ եթէ երեսուն տարի առաջ մէկը ըսէր, թէ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակը պիտի նշուի Ազատ ու Անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, ոչ ոք չէր հաւատար: Սակայն հրաշքը պատահած է ու պէտք չէ հաւատքը կորսնցնել, որ շուտով Էրզրումի մէջ եւս կրնանք հանդիպիլ Հ.Օ.Մ.ի Գրասենեակին:

Հանդիսութիւններու եզրափակիչ խրախճանք

Ստեփանակերտի Երիտասարդական Պալատէն ներս կայացած հանդիսութեան աւարտէն ետք, մասնակիցներու մեծամասնութիւնը  պաշտօնական հիւրեր, աւելի քան տասնեակ մը երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Արցախէն Հ.Օ.Մ.ականներ ու համակիրներ ուղղուեցան մօտակայ ճաշարանը, ուր տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի ձեռնարկներու շարքին վերջինը: Աւելի քան 250 հոգի ուրախ եւ հոգեպարար մթնոլորտի մէջ վայելեցին Արցախի ո’չ միայն արհեստավարժ այլեւ արցախահայ պատանի արուեստագէտներու ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի «Սօսէ» Մանկապարտէզներու սաներու երգն ու պարը:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի կարկանդակի հատումը, մասնակցութեամբ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Արցախի Վարչութեան ընկերուհիներուն: Խրախճանքի ընթացքին ՀՕՄի Արցախի Վարչութեան կատարուեցան շարք մը նուիրատուութիւններ:

Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի ձեռնարկներու այս շարքի եզրափակումէն ետք Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը յայտնեց. «Անցնող տասնօրեակը որ սկսանք Տէր Զօրէն եւ աւարտեցինք Արցախի մէջ, իր խճողուած ժամանակացոյցով կրնար յոգնեցուցիչ թուալ շատերուն: Սակայն Հ.Օ.Մ.ականներուն համար անիկա եղաւ ամբողջական շրջագայութիւն մը մեր պատմութեան էջերուն եւ մեր կամքի, կորովի եւ աշխատանքի պատրաստակամութեան վերանորոգութիւն մը: Մենք սկսանք Տէր Զօրէն, ուր տակաւին 95 տարի առաջ մեր ժողովուրդի գոյութեան վերջ կը փորձուէր տալ, հասնելու համար Ազատ ու Անկախ Հայաստան, որ հակառակ բոլո’ր դժուարութիւններուն, այսօր կայացած պետութիւն է եւ ամբողջ հայութեան հայրենիքը, այնտեղէն անցնելու համար Արցախ, որ հայութեան յաղթանակներու փարոսն է ու Միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանը: Մեր բոլոր կայաններուն մենք տօնեցինք ո’չ միայն Հ.Օ.Մ.ի այլ հայ կնոջ մէկդարեայ իրագործումներն ու ներդրումը ա’յն պայքարին մէջ, որ մեր ժողովուրդը Ցեղասպանութեան զոհէն հասցուց յաղթական պետականութեան տէր ժողովուրդի վիճակին»:

Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետուհի Մարօ Ֆրունճեանը աւելցուց. «Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կþուզեմ յատուկ շնորհակալութեան խօսք արձանագրել Հ.Օ.Մ.ի Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներուն, առանց որոնց ամբողջական մասնակցութեան մեր հանդիսութիւնները չէին կրնար այս բացառիկ յաջողութիւնը արձանագրել: Իսկ հիմա, որ տօնակատարութիւնները աւարտած են, ժամանակն է վերադառնալու աշխատանքի եւ մեր միութեան ու մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած մարտահրաւէրներու դիմակայումին»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles