ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ԵՒ …ՄԻԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

Համակարգչային արդիականացած կատարելագործումներու շարքին գտնուող «Եու Թիւպ»ի ստեղծած մէկ դիւրութիւնը…թիւրիմացութիւնէ աւելի աւերիչ ու գրգռիչ գործ մը կատարած կը թուի ըլլալ, կայքէջի քարոզչական աշխարհէն… ներաշխարհէն…աւելի ճիշտը ելեկտրաշխարհէն ներս:

Կարեւոր չէ ժամանակը՝ «թայմինկ»ը, այլ ժամանակագրական ընթացքը՝ անցեալ կատարեալը…բազմիցս անկատար սեպուած «թապու»ի մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նիւթին առնչութեամբ:

Արդի եւ ոչ-արհեստավարժ ու սիրողական պարզ միջոցներով պատրաստուած քանի մը ռոպէներ, բաւարար եղան որպէսզի բազմիցս անդրադարձ կատարուի Ա.Մ.Ն.-ի փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի կատարած արտայայտութիւններուն…Ապրիլ 2009-ին:

Արդարեւ, Հայաստան – Թուրքիա ճանապարհային քարտէսի խօսակցութիւններու այդ տաք ժամանակամիջոցին, Պայտըն յատկապէս կը շեշտէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ փոխանցուած պատգամը՝  Սպիտակ Տան  կողմէ առայժմ չճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը« որպէսզի չխանգարուէր…ամիսներ ետք՝ Հոկտեմբեր 2009-ին, Ցիւրիխի մէջ գործադրուելիք փրոթոքոլային համաձայնագիրը:

Բրիտանական այդ պաղարիւն «Սպասէ’ եւ դիտէ’» (wait and see) քաղաքական գործընթացէն դուրս գալով, սոյն «Եու Թիւպ»եան կարճ լսատեսողական պատրաստութիւնը շուտով գործի լծեց խնդրոյ առարկայ պետութիւնն ու նոյնիսկ գերպետութիւնը՝ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները:

Արդարեւ, քանի մը ժամ ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան մամլոյ գրասենեակը, մամլոյ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայելով, պաշտօնապէս փոխանցեց թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ոչ մէկ առիթով ունեցած է նմանօրինակ մօտեցում եւ կատարած խուսափողական յայտարարութիւններ, յետաձգելու համար Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումը:

Առեղծուածը այսքանով ալ չաւարտեցաւ, երբ տարօրինակ երեւոյթ…այս անգամ Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, պաշտօնապէս հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, իր կարգին շեշտելով թէ Հայաստանի նախագահը հեռաձայնային նմանօրինակ խօսակցութիւններ չէ ունեցած փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ:

Հազուադէ՞պ, տարօրինա՞կ, անհասկնալի՞ պատահար: Պետութեան մը…այս պարագային գերպետութեան մը դեսպանատունը, գրեթէ կրկնէ իր կայք հաստատած երկրի մը մամլոյ հաղորդագրութիւնը…

Արդեօ՞ք արագ էր հակազդեցութիւնը…թէ պարզապէս միեւնոյն մամլոյ հաղորդագրութիւնը լոյս ընծայուած էր խնդրոյ առարկայ պետութեան եւ գեր պետութեան կողմէ…

«Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 31, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles