Ի ՅՈՒՇ․- Արսինէին Հանդիպած Ըլլալու Վայելքը

1 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ Վահէ Օշականի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ հարցազրոյց մը ունեցեր էի իր այրիին՝ Արսինէին հետ, այս վերջինին իսկ բառերը օգտագործելով գրութեանս իբր խորագիր դրեր էի «Վահէն ճանչնալու Վայելքը», գլխագիր «Վ»-ով։
Հիմա, ընկհ. Արսինէ Ռստիկեան-Օշականի (1942-2022) անժամանակ մահուան ցնցումին ներքեւ, ստիպուած կը զգամ նոյնիմաստ խորագիր մը դնելու այս ակնարկիս, որ դժուարութեամբ կը շարագրեմ։
Ուրեմն, Արսինէն ալ գնաց։ Գնաց կարծես լռիկ-մնջիկ, գնաց միանալու անոր, որուն փրկարար հրեշտակն ու պահապանը հանդիսացած էր քանի մը տասնամեակ։ Գնաց, խոր վշտի մատնելով զինք ճանչցողները։
Երբ կը փորձեմ վերյիշել մեր հանդիպումները, յիշողութիւնս կարծես խաղեր կը խաղայ, տարիները ետ ու առաջ կը տանի, ուստի ժամանակագրութիւն մը կամ տարեգրութիւն մը չէ, որ կը մատուցեմ, այլ տպաւորութիւններ, որոնք ինքնուրոյն կերպար մը կը ստեղծեն մտքիս պաստառին վրայ։
Ե՞րբ հանդիպեցայ իրեն առաջին անգամ։ Հաւանաբար նոյն տարին, նոյն օրերուն, որ ընկ. Վահէին հանդիպեցայ։ 1976 թուականն էր, Ֆիլատելֆիա կ՚այցելէինք մեր Արարատ սանիկը կնքելու, միեւնոյն ատեն Ա․Մ․Ն․-ի 200-ամեակին առթիւ այդ պատմական քաղաքին ծանօթանալու, հոն հասած մեծ առագաստանաւերը տեսնելու։ Կ՚ուզէի անպայման այցելել Հայ քոյրերու վարժարանը, որուն տնօրէնուհին ալ հինէն գիտէի, եւ տեսնել Վահէ Օշականը, որ լսած էի, որ նոյնպէս այդ քաղաքը իջեւանած էր՝ հոգեպէս ցնցուած, տակաւին անգործ ու անապահով վիճակի մը մէջ։
Արսինէն չէի ճանչնար, ու վարժարան այցելութեանս ընթացքին հանդիպեցայ իրեն։ Եթէ չեմ սխալիր դպրոցին կամաւոր ուսուցչուհիներէն մէկն էր, ու պատահական ծանօթացում մը եղաւ մերը։ Վահէին ալ չէի հանդիպած, ու տխուր պահու մըն էր, որ կը տեսնէի զինք իր փոքր յարկաբաժնին մէջ, ուր կ՚ապրէր այդ օրերուն։ Չէի գիտեր անգամ, թէ իրենք երկուքը այն ատեն իրարու հանդիպա՞ծ էին, զիրար կը ճանչնայի՞ն արդէն, թէ՞ ոչ տակաւին։
Յետո՞յ։ Յետոյ արդէն կեանքի անիւը դարձաւ, Վահէ Օշականի հետ, իբր աշխատակից ու դասախօս-բանախօս՝ բազմացան ու սերտացան կապերս, իսկ Արսիէնին երկրորդ անգամ հանդիպեցայ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, ուր հրաւիրուեր էի բանախօսելու ու այդ առթիւ ալ ուզեցի այցելել տեղւոյն Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը։ Ինքն էր տնօրէնուհին, ուրախութեամբ դիմաւորեց զիս, թէեւ որքան կը յիշեմ աշակերտները արդէն արձակուած էին, ու երկար չեղաւ մեր այդ հանդիպումը։
Երրորդ անգամ աշխարհի միւս ծայրը՝ Սիտնիի մէջ պիտի ըլլար մեր հանդիպումը։ Դարձեալ պարտականութեամբ էր, որ հոն կը գտնուէի, արդէն ճիշտ երեսնամեակ մը առաջ, մայիսին՝ Շուշիի ազատագրութեան յաջորդող շաբաթներուն։
Այնտեղ էր, որ իբր տեղւոյն «Համազգային»-ի դեռ հետզհետէ կազմաւորուող Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանի տնօրինուհին, ան նախ երկար շրջապտոյտ մը ըրաւ ինծի ու ինծի ընկերացող ընկերներուս հետ, պտտցուց վարժարանի բոլոր մասնաբաժինները, ապա հրաւիրեց, որ երկու պահ անցընեմ միջնակարգի (այն ատեն տակաւին դպրոցի՛ն) վերջին կարգերու աշակերտներուն հետ, գրածներս կարդանք, զրուցենք։ Առաջին փորձառութիւն մըն էր, որուն առթած հաճոյքը չեմ մոռնար մինչեւ կեանքիս վերջը։
Ասկէ զատ, սակայն բախտաւորութիւնը ունեցայ Օշականներու տան հիւրը ըլլալու, քանի մը ժամ անցընելու իրենց հետ, ընկ. Վահէին հետ ունենալու երկար հարցազրոյց մը ու վայելելու Արսինէին ասպնջականութիւնը։
Հոն էր, որ անդրադարձայ, թէ ի՛նչ սէր ու գուրգուրանք կը տածէր ան իր ամուսնոյն նկատմամբ։ Իր հեզ բնաւորութեամբ, հաճելի վարուելակերպով ու անայլայլ ուշադրութեամբ, Արսինէ մթնոլորտ կը ստեղծէր այդ տան մէջ։
Անկէ ետք ուրիշ առիթներ պիտի ըլլային, որ հանդիպինք, Մոնրէալի մէջ՝ այլեւս որպէս մտերիմ բարեկամներ, ընկերներ։
Երբ անգամ մը եւս կարդացի իր հետ ունեցած վերոյիշեալ հարցազրոյցը, անդրադարձայ, որ Վահէին մասին խօսած ատեն, իր օգտագործած բառերով, իր բնութագրած մանրամասնութիւններով՝ Արսինէ միեւնոյն ժամանակ ի՛ր իսկ սեփական ինքնութիւնը ցոյց կու տար, իր բացառիկ անհատականութիւնը կը մատնէր։ Երբեք չէր զգացներ, որ իր այնքան անուանի ամուսնոյն կողքին, ինք՝ դոկտորական վկայականով, բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դաստիարակ մըն էր ու ազգային գործիչ մը, որ ունեցած էր նաեւ իր գործավարական ասպարէզը՝ որպէս խորհրդական առեւտրական հաստատութիւններու։
Ափսոս, հազար ափսոս, որ այսքան շուտ մեկնեցար այս աշխարհէն, սիրելի Արսինէ, կարծես ո՛րբ ձգելով մեզ, նոյնիսկ քեզմէ տարեցներս։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles