ՄՈՆՐԷԱԼ․- Ապրիլ 25-ին մահացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ
Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ՝ մեթր Վարդգէս Շամլեանը:
Ան ծնած է 1928 թուականին, Կիլիկիոյ Ալեքսանտրեթ քաղաքին մօտակայ Պէյլան բնակավայրին մէջ: 11 տարեկանին ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Լիբանան: Կ՛աւարտէ Պէյրութի Համազգայինին Նշան Փալանճեան Ճեմարանը եւ ապա տեղւոյն Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժանմունքը: Այս ուսումնական հաստատութիւնը, հանդիսանալով Ֆրանսայի պետական Լիոնի ակադեմիային մասնաճիւղը, ան կը ստանայ իրաւաբանութեան Ֆրանսական պետական վկայականը:
Ապա ան կ՛արժանանայ ֆրանսական իրաւաբանական եւ լիբանանեան իրաւաբանական տիտղոսներուն: Իսկ այդ բոլորէն քառասուներկու տարիներ ետք, Քանատայի մէջ, երեք տարի համալսարանական ուսումի հետեւելով, կ՛աւարտէ Մոնրէալի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը եւ հոն ալ կը ստանայ իրաւաբանութեան վկայական մը եւս:
1952-էն մինչեւ 2018 թուականը կը գործէ իբրեւ իրաւաբան նախ Պէյրութի, ապա Քանատայի մէջ: 1960-էն 1964 կ՛ընտրուի եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Թէ՛ այդ պաշտօնին ընդմէջէն, եւ թէ՛ իբրեւ իրաւաբան, ան տեւաբար ծառայած է հայ համայնքին: Եղած է դասատու եւ դասախօս հայոց հին օրէնքի, Պէյրութի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ: Եղած է անդամ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան` Սիմոն Վրացեանի ատենապետութեամբ:
Քսան տարիներ շարունակ եղած է փաստաբանը եւ իրաւաբանական խորհրդատուն Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ անոր կապուած Լիբանանի հայ համայնքի բազմաթիւ հիմնարկներու եւ վարչական մարմիններու: Եղած է անդամը եւ բանբերը` Լիբանանի հոգեւոր համայնքներու վարչական համալիբանանեան խորհուրդին:
Լիբանանի հայ համայնքին անունով պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին կարելի է նշել Եգիպտոսի նախագահ Ժամալ Ապտել Նասերը, Լիբանանի նախագահներ Քամիլ Շամունը, Պեշիր Ժեմայէլը, Ամին Ժեմայէլը, Էմիլ Լահուտը եւ Պաղեստինի ղեկավար Եասէր Արաֆաթը:
1984-ին Լիբանանի պետութիւնը զինք կը նշանակէ անդամ Սահմանադրական յանձնախումբին, որուն վստահուած էր Լիբանանի նոր Սահմանադրութեան մը խմբագրումը: Լիբանանի եւ Քանատայի մէջ, 1994-էն 2007, եղած է անդամ Ազգային երեսփոխանական ժողովներու: 2001-2002 թուականերուն եղած է առաջին ատենապետը՝ Քանատայի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան Գործադիր մարմինին:
Մասնակցած է Հայոց հին օրէնքի մասին դասագիրքի մը պատրաստութեան` Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին համար:
Իբրեւ կուսակցական անդամ, ան տեւաբար եւ մշտապէս ծառայած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Քաղաքական եւ ազգային նիւթերու առնչութեամբ մեթր Վարդգէս Շամլեան հրատարակած է իր լայնածաւալ յուշերուն եւ վկայութիւններուն մէկ փոքրիկ մասը միայն:
Հեղինակն է հրատարակուած հինգ գիրքերու` իրաւաբանական, քաղաքական, ազգային, իմաստասիրական եւ ինքնակենսագրական բովանդակութիւններով`
- «Իրաւաբանին խղճմտանքը»
- «Ծեր կաղնիներու շուքին»
- «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին»
- Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ
- Յուշագրական ալպոմ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ`
ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 25 Ապրիլ 2022-ին, Քանատա:
—————————————
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1946-ի շրջանաւարտներէն
ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 25 Ապրիլ 2022-ին, Քանատա: