Ծ․Խ․- Այս գրութիւնը կարդացուած է լուսահոգի Յովհաննէս Փ․ Աբրահամեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ժամանակ, իր հարազատներէն՝ Վահագն Մուրատեանի կողմէ։
Քանի մը տարի առաջ, Յունիս 21-ի ուշ երեկոյեան, եղբայրս՝ Վարագը, որ այժմ Կիպրոս կ՚ապրի, հեռաձայնած էր Յովհաննէս քեռիիս տարեդարձը շնորհաւորելու մինչ ես ու մայրս, եղբօրմէս քիչ մը առաջ հեռաձայնած էինք անոր։ Մեր Յովհաննէս քեռին, այսպիսի պարզ խօսակցութիւններու եւ ձեւակերպութիւններու շատ համբերութիւն չ՚ունենալով պատասխանած էր «Ի՛նչ է ամէնքդ ալ կը հեռաձայնէք, ի՛նչ կայ»։ Վստահ եմ, եթէ կարենար ճիշդ հիմա մեզ տեսնել, հետեւեալը արտայայտութիւնը պիտի ունենար «Ի՛նչ եղաւ, որ բոլորդ հոս հաւաքուած էք»։
Իրականութիւն է, որ որոշ կեանք ու տարբեր տեղեր ապրած մարդիկ, ինչպէս էր Յովհաննէս քեռիին պարագան, մէկ անձնաւորութիւն չէր մարմնաւորէր՝ այլ մի քանին։ Այս պահուս, հաւանաբար իւրաքանչիւրս կը յիշենք անոր տարբերակները Այնճարի կամ Պէյրութի, եւ կամ Աթէնքի ու Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Մօրս, եւ Թամարին մօրեղբայր դառնալէ առաջ եւ յետոյ։
Այսօր սակայն, կը փափաքիմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ իմ մտածած այն մի՛ակ մարդուն մասին, որ աներկբայ կը կոչեմ արուեստագէտ-բանաստեղծ Յովհաննէս Աբրահամեան։ Ան միակ մարդն էր, որ ես երբեւիցէ ճանչցած եմ, որ լրիւ տիրապետած, իւրացուցած ու տէրն էր Հոմերոսի «Իլիականի» եւ «Ոդիսականի» հայերէն թարգմանութեան։ Ան այն մարդն էր, որ իր տունը տրամադրած էր իր բարեկամ-ընկերոջ նկարիչի գործերուն, նոյնիսկ այդ տան մէջ ի՛ր բնակութենէն առաջ եւ անոր գործերէն, ան հպարտութեամբ կը ցուցադրէր իր սիրելի կնոջ՝ Յասմիկին հարազատօրէն նկարուած դիմանկարը եւ որու սեփական արուեստը կը զարդարէր իմ մանկութեան տունս։
Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ կրած են անոր բնաւորութիւնն ու կեանքը տարիներու ընթացքին, ան միշտ հետամուտ եղած է այն ինչ գեղեցիկ է ու իսկական։ Բարձր կը գնահատէր կրթութիւնն ու մտաւոր զարգացումը։ Յասմիկ քեռկինիս հետ միասին եւ անմիջական ընտանիքիս կողքին, անոնք ներկայ եղան իմ ու եղբօրս համալսարանական վկայականներուն։ 2018-ին երբ այցելեցի զինք, պնդեց, որ շատ չ՚անցած անպայման շարունակեմ ուսումս։
Մէկ տեղ հանգիստ չէր կրնար կենալ, հակառակ անոր, որ երբեմն կը դժուարանար հետս քալելու իրենց տան շրջակայքը։ Այս բոլորով հանդերձ, ան շատ կը սիրէր ճամբորդել եւ կը խօսէր Հայաստան, Արեւմտահայաստան, Արցախ եւ Պարսկաստան իր կատարած ու կատարելիք այցելութիւններուն մասին, դէպի այն հայկական մշակոյթի ու պատմութեան աղբիւրները, որ իր բոլոր շքեղութեամբ՝ Նիւ Ճըրզին չէր կրցած իրեն հրամցնել։
Աբրահամեան ընտանիքի տղաքը երկու տեսակի են․արուեստագէտ կամ զինուորական։ Յովահաննէս քեռիս անկասկած առաջին տեսակին կը պատկանէր, սակայն Մայր Հայրենիք կատարած իր քանի մը այցելութիւններու ընթացքին, հաւանաբար կը ցանկար յարմար առիթը գտնել նուիրուելու եւ մասնակցելու ազատագրական պայքարի համար մղուած մարտերուն, բան մը որ անմահական էր իրեն համար։ Ի վերջոյ, ան ամբողջ կեանք մը բացարձակապէս անձնական ու անհատական մարտեր մղած էր։
Զինք ուշ ճանչցած եմ, առաջին անգամ հաւանաբար 2004-ին, երբ ան յաղթական դուրս եկած էր իր պայքարի ընթացքին եւ կը գտնուէր իմաստութեան գագաթնակէտին, իր զուարթախօսութեամբ եւ կեանքի հանդէպ ունեցած իր դրական մօտեցումով։
Ես անձամբ, պիտի շարունակեմ յիշել այն տեսակի մարդը, որ անդրադարձաւ, թէ արժանի է իր արուեստը յաւերժացնելու, թուղթին յանձնելով հետեւեալ տողերը․-
Ափ մը հող
ձեռքերուս մէջ դարձած կրակ
Ափ մը հող
որուն բոցերէն դուրս կը սլանայ
յաղթանակի կարօտով հոգիս երիտասարդ։
Յիշատակդ անթառամ Յովհաննէս քեռի։ Լոյս՝ հոգւոյդ։
ՎԱՀԱԳՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Յովհաննէս Փ․ Աբրահամեանի մահուան տխուր առիթով, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Համազգային»-ի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Յասմիկ Աբրահամեանին, ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն: