Տերեւաթափ.- Արսինէ Ռստիկեան Օշական (1 Ապրիլ 1942 – 28 Ապրիլ 2022)

0 0
Read Time:2 Minute, 18 Second

Խոր վիշտով եւ  սրտի անհուն կսկիծով  կը գուժենք մահը Տոքթ. Արսինէ Օշականին,  որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ, 2022-ին:

Տոքթ. Արսինէ Օշականը գործօն անդամուհի էր Ֆիլատելֆիոյ հայկական համայնքին: Անոր ծառայութիւնը եղաւ ոչ թէ միյայն տեղական, այլեւ ազգային եւ նոյնիսկ միջ-ազգային, իր  ամբողջ կեանքը նուիրելով համաշխարհային հայութեան դաստիարակչական եւ մշակութային կրթական ճիգերուն:

Ան, իր սիրեցեալ ամուսնոյն՝ հանգուցեալ Տոքթ. Վահէ Օշականին հետ միասին, զանազան երկիրներու մէջ անձամբ քաջալերեցին մշակութային, գրական, կրօնական եւ հայրենասիրական բազմաթիւ ծրագիրներ:

Ծնած էր 1 Ապրիլ 1942-ին, Հարթֆըրտ, Քընէթիքէթ։ Դուստրն էր Յակոբ եւ Աստղիկ (Սաչաքլեան) Ռստիկեաններուն: Ընտանեօք կը յաճախէր տեղական Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին եւ անոր Կիրակնօրեայ Վարժարանը, որուն տնօրէնութիւնը պիտի ստանձնէր ապագային: Նախնական կրթութիւն ստանալէ ետք, ան յաճախած է Լումիս Չէյֆի Վարժարանը եւ վկայուած անկէ:

Բարձրգոյն ուսումը ստացաւ նախ՝ Մաունթ Հոլիյոք Գոլէճ (Պսակաւոր Արուեստից), ապա Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելէսի UCLA Համալսարանին մէջ (Մագիստրոս Արուեստից) ինչպէս նաեւ Քընէթիքէթի Համալսարան (Փիլիսոփայութեան Տոքթորայ): Ան նաեւ տարեշրջան մը ուսանեցաւ Պէյրութի Փալանճեան Ճեմարանի հայագիտական բաժնի մէջ:

Հայեցի դաստիարակութեան ասպարէզէն ներս ազգային իր գործունէութիւնը  գագաթնակէտին հասցուց, իբրեւ Տնօրէնուհի պաշտօնավարելով երեք նշանաւոր Ազգային Վարժարաններէն ներս՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարան, Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարան եւ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գօլստըն Գոլէճ (Սիտնի, Աւստրալիա):

Հանգուցեալ Տոքթ. Օշական բուռն սիրով լեցուն էր Ֆիլատելֆիոյ Հայ համայնքին եւ յատկապէս՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ, ուր երկար տարիներ ծառայած էր որպէս դպրուհի, Հոգաբարձու, Ազգային Երեսփոխան եւ չափահասներու Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի:

Հանգուցեալ Տոքթ. Օշականը քոյրն էր Փոխ-Գնդապետ Գէորգ Ճորճ եւ իր կնոջ՝ Պարպարա Ռստիկեաններուն եւ Շաքէ Ռստիկեանին: Հօրաքոյր եւ Մեծհօրաքոյրն էր՝ Տէր եւ Տիկին Տէյլ Ռստիկեաններուն եւ զաւակներուն, Մայքըլ Ռստիկեանին եւ Լորիէնն Ռստիկեանին եւ զաւակին:

Իր յետին կը թողու նաեւ երկու խորթ-զաւակներ՝ Տոքթ. Եւ Տիկ. Հայկ եւ Տէր եւ Տիկ. Արա Օշականներ, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակներն ու թոռները՝ Ալիծ եւ Ֆիլիփ Նայկըններ եւ զաւակունք, Աշոտ, Սեպուհ, Ատոմ, Առէն եւ Շահան Օշականներ:

Հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2022-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, (8701 Ridge Ave., Philadelphia, PA 19128), Կ.Ա. Ժամը՝ 10-ին, որմէ անմիջապէս ետք, ժամը 11-ին սոյն եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. ԱՆուշաւան Սրբազան Արքեպս. Դանիէլեանին: Հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի «Calvary» Գերեզմանատան մէջ:

Ընտանիքի փափաքով, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ի նպաստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ կամ Հայ Քոյրերու Վարժարանին (440 Upper Gulph Rd., Radnor, PA 19087):

Հանգուցեալի Սգակիր հարազատներ՝

Օշական, Ռստիկեան, Սաչաքլեան, Մեսրոպեան, Զարդարեան, Պալճեան, Քարակէօզեան եւ Սուքիասեան Ընտանիքներ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ կրթական մշակ, Համազգայինի շքանշանակիր`

ԱՐՍԻՆԷ ՕՇԱԿԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2022-ին:

—————————————

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն, Ֆիլատելֆիոյ Կոմիտէն եւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի «Համազգային»-ի Շրջանային Վարչութիւնը կը գուժեն մահը վաստակաւոր ընկերուհի

Դոկտ․ Արսինէ Օշականի

որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 28-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Խորին ցաւակցութիւններ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles