Գլխաւոր
ԳՈՐԻՍԻ 140-ԱՄԵԱԿ
Սիւնիքի «հարս»ին՝ Գորիսի 140ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները, վերջերս իրենց վրայ կեդրոնացուցած էին բոլորին ուշադրութիւնը:
Յատկապէս, երբ այս առթիւ, վերջերս մօտակայ Հալիձորէն Տաթեւ գիւղերը իրարու միացնող աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիի բացումը կատարուեցաւ:
Այս առթիւ, նաեւ բացումը կատարուեցաւ Գրիգոր Տաթեւացիի արձանին եւ «Զանգեզուր» սրտաբանական կեդրոնին, որ կառուցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի կողմէ՝ հովանաւորութեամբ Մարսէյի «ՀայաստանՖրանսա» առողջապահական միութեան եւ Ֆրանսայի Պուշ Տու Ռոն նահանգի վարչակազմի աջակցութեամբ:
Ծրագիրի հիմնական հովանաւորներէն է նաեւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ տրամադրած է հարիւր հազար տոլար:
Ակսէլ Բակունցի ծննդավայրը կը մնայ զբօսաշրջիկները հետաքրքրող քաղաք մը: