ԲԱՐԻ՛ ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆՔ ՔԵԶ ՄԵՐ ՍԻՐՏԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ (ԸՆԿ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՉԸԳԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

0 0
Read Time:9 Minute, 22 Second

 

 

Աթէնք, 1989. կեդրոնը. Պօղոս Սնապեանի եւ Յարութ Քիւրքճեանի հետ

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Աւելի քան ամիս մը սահած է այն օրէն ետք, երբ հեռաձայնին միւս ծայրէն եղբայրս՝ Յովիկը քանի մը բառով հաղորդեց. «Գօգոն վերջնական հանգիստը գտաւ…»:

Հիմա, քանի մը օր ալ անցած է արդէն այն օրէն՝ երբ գացինք եկեղեցի ու գերեզմանատուն, վերջին հրաժեշտը տալու Գրիգոր (ընկերներուն եւ մտերիմներուն համար մի՛շտ ալ Գօգօ) Աչըգեանին, լսեցինք ու կարդացինք մտերիմներէն՝ Վաչէին արձանագրած կենսագրական տողերը եւ յուշերը (կարելի է գտնել հետեւեալ կապով. ԳՐԻԳՈՐ ԱՉԸԳԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ), սակայն այս ամբողջ ժամանակամիջոցին, անկարելի եղաւ մատներուս պարտադրել, որ սրտի ու խղճի պարտքս կատարեմ կրտսեր ընկերոջս հանդէպ, ընկեր մը՝ որ նոյնքան ալ կրտսեր եղբայր մը եղաւ ինծի համար: Եւ ահա…

…Աւելի քան 50 տարի սահած է այն օրերէն, երբ ճանչցայ Գօգոն: Եղբօրս մէկ դասընկերն էր, հազիւ թեւակոխած՝ պատանութեան սեմը, աշակերտ՝ միջնակարգի առաջին դասարանի: Կ’երեւի թէ այդ տարիներուն տարբեր «մթնոլորտ» մը կար. առհասարակ, դասընկերներ, գործի ընկերներ անզգալաբար կը հիւսէին այնպիսի մտերմութիւն մը, որ մարմին կ’առնէր օր աւուր միասին ըլլալէն՝ դասարանը, խաղավայրին մէջ կամ յետոյ, նաեւ տուներուն մէջ, տուներ՝ որոնք շուտով բոլորինը կ’ըլլային, փոխադարձ այցելութիւնները կ’ըլլային այնպիսի ձեւով, հոգեվիճակով, որ իւրաքանչիւրին տունը բոլորին սեփական յարկը դառնար, կը վերածուէր մանր ակումբի, իւրաքանչիւրին ծնողներուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն գուրգուրանքը հաւասարապէս կը բաշուէր բոլորին: Ու կը ստեղծուէր կապ մը, նման՝ ամրակուռ շէնքերու հիմերուն, որոնք կարողութիւնը ունին դիմանալու դարեր…:

Գօգոն եւ հասակակիցները քանի մը տարի կրտսեր էին ինձմէ ու հասակակից ընկերներներէս: Ինչպէս ես ու ընկերներս, նոյնպէս ալ իրենք՝ դասընկեր-ընկեր-խմբակից, կարճ ժամանակի մէջ մարմնաւորեցին մտերմիկ կապեր, որոնք անխախտ մնացին մինչեւ այսօր:

Երբ Գօգոն եւ ընկերները մեր տունը գային, սկզբնական շրջանին, զգալի էր «տարիքի տարբերութիւնը», որ կը թարգմանուէր ինքնեկ ակնածանքով մը: Այդ տարբերութիւնը, սակայն, կարճ ժամանակի մէջ հալեցաւ ու չքացաւ, որովհետեւ կրտսերները դարձան «մեծերուս» զրուցակից, թղթախաղի, նարտի ընկեր, կատակներու մրցակից, ու մանաւանդ խօսակիցը «ձեռք առնել»ու ախոյեան: Վերջինին մէջ, Գօգոն քիչ մրցակից ունէր: Կը սիրէր ընկերներուն հետ վիճիլ, կատակել՝ շատ լուրջ բաներ ընելու խաբկանքը ստեղծելով եւ քթին տակէն բարի ժպիտ մը փախցնելով, սակայն այդ բոլորը կ’ըլլային առանց վիրաւորանքի, առանց դառն հետք թողելու դիտաւորութեան, այլ լիարժէք բարութեամբ, ոեւէ մէկէն ոխ չպահելու, ոխ չպատճառելու ոճով:

Բաւական ուշ իմացայ, որ Գօգոն ունեցած է դժուար մանկութիւն (ծնողները աշխարհէն հեռացած էին բաւական կանուխ): Ո՛չ մէկ ատեն զգացուցած էր, թէ այդ կացութիւնը իր մէջ ստեղծած է դառնութիւն կամ խախտում, թէեւ անկարելի է մտածել, թէ այդ «բացը» վիշտ ու մորմոք չէ պատճառած իրեն: «Բաց»ը դարմանած էին ընտանեկան հարազատները: Իր հոգեվիճակին թարգմանը՝ հազիւ նշմարելի մելամաղձոտութիւնն էր: Ընդհակառակը, ունէր կատակներու «գոգոյական» ձեւ մը, որ, ինչպէս նշեցի, երբեմն խօսակիցին (եւ կատակին զոհին) վրայ կը թողուր այն տպաւորութիւնը, թէ լուրջ է, սակայն քանի մը ակնթարթ ետք, անկեղծ ու զուսպ խնդուքը, զուարթախոհութիւն ճայթքող բացագանչութիւն մը կը մատնէր իրականութիւնը:

Այդ տարիներուն, արդէն անդամ էր «Զաւարեան» աշակերտական միութեան, որմէ «շրջանաւարտ» ըլլալով՝ միացաւ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.-ի շարքերուն: Լ.Ե.Մ.-ի առաջին սերունդի ամէնէն արժանաւոր եւ բազմաշխատ մէկ անդամը եղաւ, մէկը՝ անոնցմէ, որոնք մնացին պատնէշի վրայ, արդարացուցին Լ.Ե.Մ.-ի գոյառումը եւ գաղափարը մարմնաւորող երէց սերունդին յոյսերը, տեսլականները: Լ.Ե.Մ.-ը ստեղծուեցաւ՝ որպէսզի հայ երիտասարդը ամէնէն լայն իմաստով դաստիարակութիւն ստանայ, լիցքաւորուի Գաղափարով, Ազգային ոգիով, ծանօթանայ մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան, կուսակցական եւ գաղափարական գրականութեան, մեր բազմակուտակ արժէքներուն, եւ այդ «դրամագլուխով» մտնէ ազգի ծառայութեան այս կամ այն ասպարէզը, անկախ անկէ, թէ կեանքի-ապրուստի ապահովման համար ի՞նչ գործ կ’ընէ: Այդ սերունդը ունէր կարեւոր յատկանիշ մը. հետեւելով մտաւորական դաստիարակներու ուղեցոյցին, եղաւ կազմակերպուած ընթերցող, ո՛չ միայն հատորներու եւ պարբերականներու ուշագրաւ բովանդակութիւնը իւրացնելու իմաստով, այլ նաեւ որեւէ ատեն տեղին մէջբերումներ ընելու եւ անցեալէն եկող՝ անժամանցելի պատգամները այժմէական պահելու, դրօշարշաւը շարունակելու նախանձախնդրութեամբ:

Պատանութեան օրերուն, մարզասիրութիւնը զինք տարաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհը: Եղաւ մարզիկ՝ ֆութպոլիստ: Մաս կազմեց Պուրճ Համմուտի խումբին, կարճ ատեն մը նաեւ հաւաքականին հետ փորձերու սկսաւ, սակայն ուսումն ու այլ հարկադրանքներ, պարտականութիւններ զինք երկար չպահեցին «Դեղին շապիկաւորներ»-ուն շարքերուն:

Խիզախ, յանդուգն եւ ընկրկում չճանչցող տղայ էր Գօգոն: Եթէ մանկութեան տարիները որոշ դժուարութիւններ վիճակած էին, ան որոշում մը, չյայտարարուած ուխտ մը ունէր եւ զանոնք հետապնդեց աննահանջ, արհամարհելով նորայայտ դժուարութիւններ:

Երկրորդականի ուսման աւարտին, Լիբանանի օրէնքներուն համաձայն, զինակոչուեցաւ բանակին: Սա Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի սկզբնական շրջանն էր: Քանի մը ամիս ետք, երկրին իրողական բաժանումին հետեւողութեամբ՝ բանակն ալ ունեցաւ ներքին ճեղքուածքներ, եղաւ բաժան-բաժան: Գօգոյին հասակակից տղաք, մայրաքաղաքի արեւմտեան գօտիին մէջ, իրենց զօրանոցներուն սեմին զոհ գացին դաւադիր յարձակումներու: Գօգոյին ծառայութեան վայրն էր Զահլէի մօտակայ՝ Ապլահ աւանի զօրանոցը, որ Պեքաայի զինուորական կարեւոր կեդրոններէն էր: Մայրաքաղաքի դէպքերէն անդին, Պեքաայի մէջ, ծայր առաւ Ահմատ Խաթիպ անունով զօրավարի մը ձեռնարկած կեդրոնախոյս շարժումը, որուն հետեւանքով, այդ շրջանին մէջ հաստատուած բանակային զօրամասն ալ «տարբաղադրուեցաւ»: Գօգոն եւ նմաններ յաջողեցան հեռանալ զօրանոցէն, հասնիլ տուն, սակայն չմնացին բնակարանի պատերուն մէջ, որովհետեւ հաւաքական ապահովութիւնը վտանգալից պարտականութիւններու կը կանչէր զինք ու Լ.Ե.Մ.-ականները, ամբողջ հայ երիտասարդութիւնը: Լ.Ե.Մ.-ի դպրոցէն անցած այդ տղաքն ու թաղակիցներ անկէ ետք ունեցան մնայուն երկրորդ տուն մը՝ շրջանի ակումբը կամ պահականոցը: Անոնց համար նախընտրելի կեդրոն չկար, պէտք էր երթային հոն՝ ուր կարիքը կար: Գօգոն ալ մէկ էր անոնցմէ, որոնք եղան ամէնէն վտանգաւոր պահակակէտերու մէջ, ինչպէս՝ Թիրօ-Տորայի եւ Արագած-Սիսի շրջանները…

Գօգոն՝ աջին, 1976-ին, զինակից ընկերներու հետ, Թիրոյի մէկ պահակատուն-դիրքին մէջ

Այդ բոլորին զուգահեռ, Գոգոն ժամանակ գտաւ համալասարան մտնելու: Այդ օրերուն, համալսարանական ուսում ստանալը ո՛չ միայն նիւթապէս դիւարամատչելի չէր, այլ կային ապահովութեան եւ այլ պատուհասները, լեռնացող «անցարգելներ»: Գօգոն բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւեց ու անոնցմէ յաղթական դուրս եկաւ, շնորհիւ իր անվհատ նկարագիրին եւ նահանջ չճանչցող կամքին: Եւ ինչպէ՜ս ժամանակ կը գտնէր, ապրուստ ապահովելու համար, նաեւ աշխատելու, միաժամանակ պարտականութիւններ եւ պատասխանատու պաշտօններ ստաձնելու «Զաւարեան» Ուսանողական միւթեան մէջ, աշխատակցելու Մամլոյ Դիւանին, յօդուածներ հասնցելու «Զաւարեանական էջ»-ին եւ մեր մամուլին…: Հեռուէն դիտելով՝ անկարելի առաքելութեանց լծած էր ինքզինք, սակայն յառաջ կը շարժէր՝ «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» նշանաբանով: Այդ հեւքով ալ հասցուց շահիլ Մագիստրոսի վկայականը՝ տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ: Երիտասարդական աշխուժը մարմաւորուած էր իր մէջ:

Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք, աւելի լայն ժամանակ տրամադրեց մամուլի աշխատանքներուն: Եղաւ սպասուող յօդուածագիր: Ո՛չ միայն Դաշնակցութեան ու մեր ժողովուրդին պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը, այլեւ աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները, տագնապները, ճակատագրակից ժողովուրդներու դիմագրաւած արհաւիրնքները եղան իր մտային-մտաւորական աշխարհին կիզակէտեր:

Գօգոն եղաւ նաեւ ուսուցիչ, սիրուա՛ծ ուսուցիչ: Գիտական նիւթերու կողքին, դասաւանդեց հայ գրականութիւն ու պատմութիւն, դասախօս եղաւ երիտասարդներուն ու աշակերտներու: Յիշողութեանս մէջ անջնջելի կը մնայ դէպք մը. Փետրուար, 1988: Արցախեան Շարժումը նոր պայթած էր. Գօգոն ուսուցիչ էր Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկրդ. վարժարանին մէջ (դասաւանդած է նաեւ այլ վարժարաններու մէջ): Ուրբաթ կէսօրները ատենամարզանքի պահն էր (երանելի օրեր, երբ մեր դպրոցներուն մէջ ատենամարզանքի պահ կար, հիմա այս մարզը նահանջած է քիչ մը ամէն տեղ): Շարժումին տարածումէն հազիւ երկու շաբաթ ետք, աշակերտներուն պէտք էր ամփոփ ներկայացում մը կատարել, թէ ի՛նչ կ’անցնի-կը դառնայ մեր հայրենիքի հողերուն վրայ, ցոյց տալ, թէ մեր ժամանակակից պատմութիւնը անկիւնադարձային ՇԱՐԺՈՒՄ մը կ’ապրէր: Դասախօսն էր Գօգոն: Նման նիւթ մը ներկայացնելու համար, դասախօս մը պէտք էր երկար պատրաստուէր, որպէսզի պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, անցեալի եւ ընթացիկ անարդարութիւնները ամբողջական պատկերով ներկայացնէր պատանի աշակերտներու, այնպիսի՛ ձեւով, որ անոնք ո՛չ միայն իւրացնէին մանրամասնութիւնները, այլ բաւարար ատաղձ ունենային՝ յաջորդ օրերուն եւ շաբաթներուն հետեւելու, ներգրաւուելու մեր թաւալող պատմութեան մէջ, պատմութիւն՝ որ դուրս եկած էր դասագիրքերէն, մտած էր իւրաքանչիւր հայու կեանքին, առօրեային եւ ազգային ապրումներուն, հպարտանքին ու վիշտին մէջ: Գօգոն իրեն վստահուած առաքելութիւնը կատարեց տպաւորիչ կերպով: Աշակերտները «բերնէն կախուած» մտիկ ըրին զինք, տեղեկութեանց փոխանցումը կատարուած էր այնպէս, ինչպէս կ’ընէին մամուլի էջերուն լոյս տեսած Գոգոյին յօդուածները…

Գօգոյին կեանքի պատմութիւնը շարունակուեցաւ սեփական յարկին տակ թէ հաւաքական ընտանիքներուն մէջ: Արդէն ընտանիք կազմած էր, ՏՈՒՆ շինած էր ճակտի քրտինքով, անխոնջ աշխատանքով, անսակարկ եւ աննահանջ նուիրումով: Ազգային ընտանիքը հեռու չէր ինկած իրմէ, իր բաժինը կը գանձէր անոր վաստակէն: Մամուլին ծառայութեան կողքին («Ազդակ», «Կայծեր» եւ աւելին), յանձն առաւ կուսակցական պատասխանատուութիւններ: Զինք ճանչցողները, հետը գործակցողները աւելի ու աւելի՛ բացայայտեցին անոր նկարագրային կարգ մը գիծերը. հաւատարմութիւն, սկզբունքներէն անշեղ մնալու կեցուածք, արդարամտութիւն, աշխատասիրութիւն, աշխատանքէ խուսափողին կամ թերացողին ընկրկումը «երեսին տալ», մերժել հեղհեղուկ ընթացքը (պայմանները յաճախ կը ստեղծէին այնպիսի վիճակներ, որոնց մէջ ինկողներ կրնային ինքնարդարացում փնտռել՝ «օր մը ասանկ-օր մը անանկ»-ի տրամաբանութեան հետեւելով. նման «կենցաղ» անընդունելի էր Գոգոյին համար, ու ան պատրաստ էր «ազնիւ կռիւի բռնուելու» մինչեւ իսկ ամէնէն մօտիկներուն հետ…):

Հազար ու մէկ յիշատակներու շղթայէն՝ արձանագրեմ նաեւ դրուագ մը: 1989-ի Նոյեմբերին, Դաշնակցական մամուլի խմբագիրներ ու աշխատակիցներ ժամադրուած էինք Աթէնք, խորհրդաժողովի մը համար: Չեմ ուզեր մտնել անապահով վիճակին մէջ ճամբորդելու մանրամասնութիւններուն մէջ (պաշտօնաւարտ նախագահ Ժըմայէլի կողմէ վարչապետ նշանակուած զօրավար Աուն պատերազմ հռչակած էր սուրիական խաղաղապահ ուժերուն դէմ…): Գօգոն ալ Աթէնք հասած էր: (Բոլորովին այլ պատմութիւն, թէ մեր «եղբայրութիւնը» ինչպէս «կնքուեցաւ» այս ճամբորդութեան առիթով…): Խորհրդաժողովի օրերուն, տեղի ունեցաւ նախընթաց ամիսներու յեղակարծ զարգացումներուն գագաթնակէտը խորհրդանշող դէպք մը. Պերլին պատը փուլ բերուեցաւ: Երեկոյեան, նիստերու աւարտին, կողք-կողքի նստած՝ ձայնասփիւռէն կը հետեւէինք աշխարհի զարգացումներուն: Երբ խորհրդաժողովը աւարտեցաւ ու կը պատրասուէինք մեր երկիրները վերադառնալու, յանկարծ… անցագիրս կորսուեցաւ: (Եկուորներս գրասենեակի մէկ պատասխանատուին յանձնած էինք անցագիրները, որպէսզի վերադարձի դասաւորումները կատարէր: Ան ըսաւ, որ անցագիրս չի գտներ…): Պահ մը ահ ու սարսափի մատնուեցայ, որովհետեւ կրկնակիօրէն տաղտկալի պիտի ըլլար անցաթուղթը վերականգնելը, այնպիսի օրերու՝ երբ Պէյրութի մէջ մեր աշխատանքը կը գտնուէր կրկնակիօրէն հեւքոտ փուլի մէջ: Յաջորդ օրը, լայն ժպիտով մը եւ անցագիրս դէմքիս հովահար ընելով՝ Գօգոն դիմացս կանգնեցաւ եւ՝ «Ես պահեր էի փասփորթդ. ի՜նչ կ’աճապարես Պէյրութ վերադառնալու, հազիւ քանի մը օր խաղաղութիւն գտած ես, քիչ մը հանգիստ շունչ կը քաշես. ասանկ առիթ ե՞րբ պիտի գտնես՝ վտանգալից Լիբանանէն հեռու ըլլալու. գնա՛, մէկ- երկու օր Աթէնքին ու քանի մը պատմական վայրերու ծանօթացիր» հրահանգեց անկեղծ խանդաղատանքով մը: Սակայն քանի մը բառ ետք, լիովին ըմբռնեց աճապարանքս եւ ազատ արձակեց փաստաթուղթս:

…«Քաղաքացիական պատերազմ»ը հասած էր տարօրինակ արեւամուտի մը (յետոյ տագնապի նոր «արեւածագեր» եղան ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր): Գօգոն, տարբեր հարկադրանքներու բերումով, տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ի վերջոյ հաստատուելու համար Լոս Անճելըս: Ազգային ծառայութիւններու շղթան նոր օղակներ ունեցաւ նոր աշխարհին մէջ, նմանապէս պատասխանատու պաշտօններու մասնակցութեամբ, իսկ սեփական կեանքին համար մտաւ ազատ ասպարէզ՝ առեւտուրի դաշտ:

Աւելորդ չ’ըլլար, եթէ յիշատակեմ Գօգոյին մէկ այլ «սովորութիւնը», որովհետեւ այսպէսով, լոյսին բերած կ’ըլլամ իր ստրամօտութիւնն ու մանկութեան-պատանութեան օրերէն իր մէջ արմատաւորուած անկեղծութիւնը (երանելի են անոնք, որոնք իրենց հոգիին մէջ չեն սպաններ Մանուկը, երբեմն անթեղումէ դուրս կը բերեն զայն): Մտերիմներու հետ վարուելու իւրայատուկ ձեւեր ունէր, գործնապէս արտայայտելու համար իր սէրը, համակրանքը, հարազատութիւնը: Օրինակի համար, եթէ պատահէր, որ շաբաթ մը կամ երկու իրար տեսնելու առիթ չունենայինք, յաջորդ հանդիպումին, անպայման պիտի փորձէր զիս գրկել եւ ոտքերս գետնէն կտրել: (Հաւանաբար միակը չէի, հաւանաբար նաեւ այլոց՝ իր խանդաղատանքը արտայայտելու տարբեր ձեւեր ունէր): Մարզիկութեան օրերէն, ան ֆիզիքական ուժ կուտակած ու պահած էր իր բազուկներուն մէջ: Երբեմն այդ ուժը ի գործ կը դնէր՝ ձեռքս թօթուելու պահուն, մատներս ճմլելով եւ իրարու փակցնելով: Այդպէս ալ մնաց, մինչեւ որ առողջական վիճակը սկսաւ դաւաճանել:

Դժուար մանկութիւն ապրած Գօգոն, դժբախտաբար, ունեցաւ դժուար վերջին տարիներ ու մեզմէ բաժնուեցաւ վաղաժամ: Դժուար փուլերուն միջեւ, ան կերտեց հարուստ վաստակ մը, սեփական բազուկներով կերտեց որոշ բարեկեցութիւն, կողքին ունենալով նախ ընտանեկան հարազատները, ապա նաեւ կեանքի ընկերուհին՝ Վիքին, որուն հետ բազուկները տարածեց ժառանգորդներուն՝ Մեղրիին եւ Դրոյին վրայ, անոնց փոխանցեց մա՛նաւանդ աննիւթական այն հարստութիւնները, ազգային արժէքներն ու աւանդները, որոնցմով սնած ու հասակ առած էր ինք, սկսելով դպրոց(ներ)էն՝ ուսումնարաններ ու ազգային-դաշնակցական տուներ, մինչեւ կեանքի ընդարձակ դպրոցները: Ափսո՛ս, որ վերջին տարիները դառնութեան նոր բաժակներ վիճակեցին իրեն (ու ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն), սակայն երբ ան հիմա «վերջին հանգիստը գտած է», արցունքը կը վանեմ, չեմ ուզեր ողբ ու կոծով յիշել զինք, այլ թոյլ կու տամ, որ միտքիս պաստառին վրայէն տողանցեն անոր խիզախութեան, աշխատանքի, ուղղամտութեան, չարքաշ ծառայութեան եւ բազում այլ արժանիքներուն տարիները, անոնք՝ որոնք մեր հասարակական կեանքին եւ իր ընտանիքին մէջ արձանագրեցին Գրիգոր Աչըգեան՝ ազնիւ հայու եւ ազգի հաւատարիմ սպասարկուի անունը: Ու Տէրեանի հետեւողութեամբ ըսեմ. Բարի՛ պիտի յիշենք քեզ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, սիրելի՛ Գոգօ, աղբարի՛կս եւ ընկե՛րս. երթաս բարով, երթաս բարո՛վ…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles