-Այս տարի, ձեր հօրը տարեդարձին, ճաշարան-մաշարան մէջտեղ չհանէ՛ք, գացող չկայ եւ ոչ ալ շապիկ-մապիկ բերէ՛ք… կը հասկնա՛ք, այս բոլորին տեղ ականջի լսողական գործիք մը նուիրեցէ՛ք. հայրերնիդ երթալէն չի լսել կոր…:
Այսպէս եւ նոյնքան ալ կտրուկ, պատերազմի փողը հնչեցնող զօրավարի մը նման խօսեցաւ եւ ահազանգեց կինս, մեր զաւակներուն եւ հարսներուն ներկայութեան, երբ Կիրակի օր մը միասին հաւաքուած կ’ընթրէինք:
Ամէն առիթով ըսած եմ, որ մենք հոգիով լեցուն ժողովուրդ ենք: Ծնողքէս իբրեւ ժառանգ մնացած էր զաւակներով հաւաքուելու բարի սովորութիւնը: Այսպէս, մեծով պզտիկով կը մեկտեղուինք նոյն յարկին տակ, որպէսզի նոյն կերակուրը ուտենք, նոյն երաժշտութիւնը լսէենք եւ մանաւանդ խօսինք, վիճինք, խնդանք, կանչենք ու կամ պոռանք եւ այսպէս զիրար վայելելով, իրարմով ջերմանանք:
Ի՜նչ մեղքս պահեմ, անկեղծօրէն արտայայտուելով, ըսեմ որ կնոջս հրապարակային այս «յայտարարութիւնը» թէեւ իր մեծ մտահոգութենէն ծնունդ առած էր, միւս կողմէ, սակայն, ոչ միայն անտեղի գտած էի, այլ նոյնիսկ «դժուարիս» գացած էր: Յիշեցի որ հոս Ամերիկա էր, որ միեւնոյն ատեն կիներու ազատութեան երկիրն ալ էր:
Հիմա յստակ էր, թէ ինք իր այդ խօսքերով, զիս արդէն խուլերու շարքին դասած էր:
Ճիշդ է, որ քանի տարիներս կ’աւելնային, ամէն բանի մասին սկսած էի իբրեւ հետաքրքիր երեւոյթ նայիլ:
Նաեւ իրականութիւն էր, որ հիմա մանուկի մը յափշտակութիւնը կար աչքերուս մէջ, որ ամէն քայլափոխիս հետզհետէ կը ծանրացնէր կեանքս: Կային նաեւ յայտնի եւ անանուն ցաւեր, որոնք առողջութիւնս կը մաշեցնէին: Պէտք է ըսել նաեւ, որ թէեւ մազերս պատկառելի ճերմակութիւն մը հագած էին, բայց երբեք չէի ընդունիր խուլ կամ խլացած ըլլալս:
Տակաւին կը լսեմ եւ լաւ կը լսեմ: Այս մէկը զրպարտութեան չափ բան մըն էր, եթէ ոչ անկէ աւելի: Իսկապէս որ իր այդ խօսքերը հոգեկան տառապանք մը հագցուցին առօրեայիս, այդ օրուընէ ի վեր:
Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, այս է կեանքդ կամ… ճա…կա…տա…գիրդ:
Շաբաթ մը ետք, արդէն տրուած հրահանգը ոչ միայն գործադրուած էր, այլ նոյնիսկ ականջի կամ լսողութեան մասնագէտ բժիշկէն՝ ժամադրութիւն մըն ալ վերցուած:
Հնազանդ, քանի մը անհասկնալի միավանկ բառեր մտովի ըսելով, որոշուած օրը եւ ժամուն մտայ նոր բժիշկիս մօտ: Սպասման սենեակը պաս-պարապ էր: Զարմանալի եւ նոյնքան ալ իրաւ: Մուտքի պատուհանէն կեղծ ժպիտով մը զիս դիմաւորեց դեղին մազերով աղջիկ մը եւ հինգ էջնոց հարցարան մը երկարելով, դարձեալ «շինծու» ժպիտով մը ամբողջացնել թելադրեց:
Ըսի, չէ՞. ինձմէ զատ ոչ ոք կար: Անմիջապէս կեդրոնացայ ու շուտով «գործի» լծուելով հարցարանիս առաջին էջը վերէն վար լման պատասխանեցի: Սովորական հարցումներու շարան մըն էր այս մէկը.- անուն, մականուն, հասցէ, հեռաձայնի թիւեր եւ մանաւանդ բժշկական ապահովագրութեան ընկերութիւններու անուն, թիւ, եւայլն: Արագ մը անցայ յաջորդ էջերուն: Այս անգամ միայն «այո» եւ «ոչ» պատասխան ընդունող, իրարու ետեւէ շարուած երկար շարան մը հարցումներով լեցուն էջեր էին:
Աստուած ինծի միայն համբերութիւն տայ.-ըսի ու սկսայ կարդալ եւ մէկ առ մէկ փորձել պատասխանել:
Ականջի ցաւ ունի՞ս, կամ եթէ այո՛, ե՞րբ կ՛ունենաս.գիշե՞րը, թէ՞ ցերեկը, ձախո՞վ աւելի լաւ կը լսես, թէ ոչ աջով. ինքնաշարժ վարած միջոցիդ լսելու դժուարութիւն կ’ունենա՞ս:
Այսպէս եւ ասոնց նման չորս էջերու շարքով հարցումներ, որոնց կատարեալ անկեղծութեամբ պատասխանեցի: Հետաքրքրականը այն էր, թէ այս երկար հարցարանին վերջին էջին տակը, դրական կամ ժխտական տուած պատասխան-ներուս համրանքին գումարը հանելով պիտի կարենայի նաեւ վայրկեանին ունենալ լսողութեանս կամ խլութեանս տոկոսային աստիճանը կամ չափը:
Արագ մը կատարեցի գումարումը: Համրեցի «այո»ներս ու «ոչ»երս եւ պատասխանս գրեցի: Ի՜նչ զարմանք, միայն՝10%: Ի~նչ երջանկութիւն…: Ականջներս, իրենց տասը տոկոսը միայն կորսնցուցած էին: Պատասխաններէս, այդ մէկը կը բացայայտուէր: Երկար շունչ մը քաշելէ ետք, թուղթերս հպարտօրէն յանձնեցի փոքր պատուհանէն զիս դիտող օրիորդին:
Ուրեմն կարծեցեալ «խլութիւնս» տասը առ հարիւր տոկոսի սահմաններուն մէջն էր:
-Տասը առ հարիւր: Է~հ, Աստուծմէ վախցի՛ր կնիկ…միայն տասը առ հարիւր համե-մատութեամբ ականջներս խլացած են. ան ալ այս տարիքիս, միա՛յն տասը. ծօ՛, ես հաստատ գիտէի, որ խուլ մը չէի. ես ո~ւր, խուլ ըլլալս ուր.-շարունակ մտովի կը կրկնէի:
Այդ վայրկեանին զիս դիտողը խենթ պիտի կարծէր:
-Հիմա դուք ըսէ՛ք, կ’արժէ՞ր ասոր համար մինչեւ հոս գալ…ժամանակ վատնել… կ’արժէ՞ր զաւակներուս մանաւանդ հարսներուն դիմաց զիս խուլ անուանել. ինչու ինքը ինձմէ աւելի լաւ է՞. հը՞. կ’արժէ՞ր զրկուիլ տարեդարձի ճաշարանէն կամ նոր շապիկ-տաբատէն կամ կօշիկէն:
Բարեբախտաբար օրիորդը շուտով զիս ներս՝ քննութեան սենեակ հրաւիրեց, թէ ոչ՝ այս ինքնախօսութիւնս զիս ուրտեղերը կրնար հասցնել: Դէմքս կաս կարմիր դարձած էր, երբ ներսի կողմը հրաւիրուած գրասենեակիս մէջ յանկարծակի մուտք գործեց բժիշկը:
Նախ, շատ յարգանքով մը ու սիրալիր ձեռնուեցաւ ու այնպէս մը բարեւեց ու խօսեցաւ, կարծես թէ երկար տարիներու բարեկամներ ըլլայինք: Անունս տալով կողքիս նստեցաւ:
-Եթէ դուք անկեղծօրէն հարցումներուս պատասխանած էք, ըսաւ մտերմիկ նոյնքան ալ հանդարտ, կապոյտ աչքերով կարճահասակ բժշկուհիս, այս կը նշանակէ թէ ձեր լսողութիւնը, ձեր այս տարիքին իսկ, բաւական լաւ է:
Այսչափ ըսաւ ժպտելով ու այս անգամ զիս առաջնորդեց դէպի փոքր խուցի նմանող սենեակ մը: Նախ դժուարիս գնաց: Ես ստախօս մը չէի: Յետոյ սուտ խօսելու կարիք չունէի: Յետոյ, ինքզինքս հանդարտեցնելու համար ես զիս համոզեցի, թէ թերեւս ալ ուրիշներ կրնան ստած ըլլար ու այս կինը իր փորձառութենէն էր, որ կը խօսէր…:
Արագ մը ես զիս համոզեցի ըսելով, թէ հիմա վիճելու համար նոր «ճակատ» մը բանալու ո՛չ տեղն էր եւ ո՛չ ալ ժամանակը: Վայրկեան առաջ տուն կ՛ուզէի երթալ եւ այս տասը առ հարիւր տոկոսը ոչ միայն տանս դրան, այլ նաեւ կնոջս ճակտին վրայ փակցնել:
-Նստեցէ՛ք, հիմա պէտք է որ աւելի մօտէն քննեմ ձեր ականջներն ու լսողութիւնը, ըսաւ դարձեալ հանդարտ ու գործի անցաւ:
Նախ քննեց աջ ականջս եւ ապա ձախը: Քանի մը հարցումներ ըրաւ, որոնց անկեղծօրէն պատասխանելէս ետք դէմքին վրայ ոչ մէկ մտահոգիչ արտայայտութիւն նկատեցի: Կրկին շունչ մը առի: Մտովի ըսի, թէ յաղթանակ մը եւս արձանագրած էի:
-Նայեցէ՛ք, ըսաւ ինծի՝ երկարելով երկու ընկալուչներ ու ելեկտրական կոճակ մը: Այս ընկալուջները ձեր ականջներուն պիտի անցնէ՛ք. ես դուրս պիտի ելլեմ ու հոնկէ հոսանքով ձեր ականջներուն տեսակաւոր ձայներ պիտի ղրկեմ… ցած… բարձր եւայլն: Այս ձեւով պիտի փորձեմ ձեր լսողութեան իսկական աստիճանը չափել: Ամէն անգամ, որ դուք ձայն մը լսէ՛ք, կոճակը սեղմեցէ՛ք…:
Ըսաւ, կարճ ու կտրուկ եւ նեղ պատերով այդ սենեակէն դուրս «թռաւ»:
Սկսանք փորձերուն: Վայրկեանին իրարու ետեւէ ականջիս հասցուց տեսակաւոր աղմուկ, բզզիւն, պոռչտուկ, ձախ ականջէս աջին եւ հակառակը, արտասանեց բառեր, եւ սպասեց որ կրկնեմ ճշգրիտ ձեւով: Իմ կարգիս, իւրաքանչիւր ձայնին՝ այդ ստուգիչ կոճակը կոտրելու աստիճան ամրօրէն եւ արագ կը սեղմէի: Ճիշդ տասը վայրկեան տեւեց այս արարողութիւնը: Կրկին քրտնած էի, ոչ թէ քննութենէս, այլ այս անգամ այդ նեղ սենեակէն:
-Հրամմեցէ՛ք, գրասենակս,-անուշ ձայնով մը զիս դարձեալ իր մօտ հրաւիրեց բժշկուհին: Հետեւեցայ: Իր սենեակին մէջ, դէմ դիմաց նստեցանք:
-Գիտէ՛ք ի՞նչ,-ըսաւ միեւնոյն ժամանակ քիթին տակէն խնդալով:
-Ի՞նչ,-ըսի նոյնքան քաղաքավար ու հեւքով սպասեցի այդ «նորութեան»:
-Դուք, ճի՛շդ իմ ամուսնոյս ականջին հիւանդութիւնը ունիք:
Շուարեցայ: Քիչ առաջ իր հարցումներուն իմ տուած գրաւոր պատասխաններս պաշտօնապէս կը հաստատէին, որ ես միայն շատ չնչին տոկոսով մը «խլացած» էի: Հիմա այս հիւանդութիւնը ուրկէ՞ «բուսաւ»: Ուրեմն իսկապէս հիւանդ մըն էի: Ուրեմն ես իմ հիւանդութեանս իսկապէս անտեղեակ անձ մըն էի: Ուրեմն, կինս իրաւունք ունէր… Օ~հ, Աստուած իմ, այս մէկն էր, այս անիծեալ իրականութիւնն էր, որ շուտով ճակտիս առատ քրտինք բերաւ:
-Մի՛ վրդովիք,-շարունակեց կարմիր մազերով բժշկուհիս, հանդարտութիւն բերող ոճով մը:
Անպիտանը կ՛երեւի կռահած էր հոգեվիճակս:
-Ես քառորդ մը եւրոպացի եմ. միւս քառորդ բաժինս Հարաւային Ամերիկա…:
Ալ մտիկ չըրի: Ինծի ի՜նչ, իր ի՜նչ խառնուրդ ըլլալը: Արդէն այս երկրի բնակչութեան մեծ մասը խառնուրդ է: Այս մէկը նորութիւն մը չէր: Նորութիւնը, իմ հիւանդութիւնս էր, որ իր ամուսին ալ ունի եղեր: Արդեօ՞ք ծանր էր, արդեօք բուժելի՞ էր:
Վերջը բարին ըլլայ:
Մտքէս նման բաներ կ՛անցընէի, երբ կրկին լսեցի իր ձայնը:
-Տեսէ՛ք,-ըսաւ քիչ մը բարձրաձայն,-ահա զիս չէք լսել. որովհետեւ չէք լսել: Դուք ձեր աշխարհը ունիք: Տակաւին վայրկեան մը առաջ երեք անգամ ձեր անունը տուի ու դուք զիս չլսեցիք: Ամուսինս ալ, ճիշդ ձեզի նման է: Զիս մտիկ չընէր, «կը ներես հանի, սիրելիս, քեզ չլսեցի» կ՛ըսէ ու այդպէս ինքզինք կ՛արդարացնէ: Այնպէս կ’երեւի, որ դուք բոլոր այրերդ, ընդհանրապէս այսպէս էք: Երբ ձեր լսածը ձեր «գործին չգայ», ձեր կիներուն ձայնը չէք ուզեր լսել, պարոն… գացէ՛ք տուն, .- ըսաւ բժշկուհիս՝ բարձրաձայն խնդալով՛, հանգիստ եւ անհոգ ու քանի մը տարի ետք միայն հո՛ս, զիս տեսնելու եկէ՛ք: Ձեր ականջները լաւ են, մտահոգուելու պէտք չունիք…:
Այսչափ:
Քանի մը անգամներ առատ եւ ուրախ շնորհակալութիւններ յայտնեցի եւ ապա վերջին կրկին խորունկ շունչ մը քաշեցի, ո՛չ թէ որովհետեւ հիւանդ մը չէի, այլ որովհետեւ իսկապէս իմ հաշւոյս մեծ ու նոր յաղթանակ մը արձանագրած էի ու այս ոգեւորութեամբ ալ տուն պիտի վերադառնայի:
Հիմա վստահօրէն գիտէի, որ խուլ մը չէի: Մանուկի մը նման երջանիկ էի, որովհետեւ հաստատ գիտէի, որ տարեդարձս պիտի ունենար իր սովորական նուէրը:
Baron Kevork Bedikian, I read this article and I though you are telling my and my family. story. This is exactly what happens almost every day in my house. I think when one is married over fifty years (I am 59) then you get that “Not Hearing” symptom. I enjoyed every word you wrote, now I can have my wife, daughters and grand children read this and learn that getting old has many benefits. Have a healthy and pleasant day.