Լեզուական Փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը  (3)

0 0
Read Time:4 Minute, 29 Second

Արմենակ Եղիայեան

Հայերէն երգերու մուտքը պատճառ չդարձաւ, որ  լռէին թրքերէն երգերը, ոչ ալ մանաւանդ ինքը՝ թրքերէն լեզուն, կամ թէ գոնէ քիչ մը նուազէին:  Անոնց առջեւ  դեռ եւս կտրելիք  երկար ու  լուսաւոր ճամբայ կար:

Թրքերէն երգի անշեղ ու անսպառ աղբիւր մըն էին երգապնակները,  որոնք  նախ շատ ցանցառ, բայց շուտով  մեծաքանակ մուտք գործեցին մեր բարքերուն մէջ, ուր անոնք այնքան  շատ էին, այնքան այլազան՝ յատկապէս խրախճանքի սեղաններուն շուրջ: Ո՞վ եւ ուրկէ՞ կը ճարէր ու կը բերէր զանոնք՝  չեմ գիտեր, ճիշդ ինչպէս  չէր գիտցուեր, թէ ովքե՞ր էին տօնական օրերու նախօրեակին,− դուք ըսէք՝ տարին տասներկու ամիս,− Նոր  Մարաշի խանութները թրքական ապրանքներով լեցնողները,  ա՛յն գիտեմ, որ  շատ փնտռուած ու շատ սիրուած էին թէ՛ անհատապէս, թէ՛ մանաւանդ  հաւաքական խնճոյքներու առթիւ, խնճոյք, որ շատ ալ առիթի չէր սպասեր  տեղի ունենալու համար:

Լիբանանի այն երջանիկ տարիներուն Պուրճ Համմուտի մէջ քանի մը հոգի միշտ ալ առիթը կը գտնէին մէկ-երկու շիշ օղի  ու  քանի մը ափ աղանդեր  ճարելու եւ խրախճանք կազմակերպելու, բացառութիւն չէին խորովածն ու  չիյ-քէօֆթէն  եւս, որոնք ուրիշ փայլ ու   որակ կու տային  հանդիպումներուն:

Երգապնակի բացակայութեան, որ քիչ կը պատահէր,  մէկական կամաւոր երգիչ էին իրենք՝ կոչնականները, որոնք քանի մը գաւաթ կոնծելէ ետք՝ սոխակի պէս կը դայլայլէին  ու կը շէնցնէին  առանց այդ ալ  Պուրճ Համմուտի  երփներանգ առօրեան:

Երգողներուն  զուգահեռ հրապարակ կու գային  պարողները,  երբեմն երկսեռ, որոնք,  նստած տեղերնէն իրենց ոտքերու շարժումներով երկար ընկերանալէ ետք երգիչներուն, հիմա ազատութիւն կու տային իրենց սրունքներուն եւ թեւերուն՝ անպարագիծ շարժումներու անմեկնելի ցանցով մը, որ նախանձը կը շարժէր նստակեացներուն, որոնք կը գոհանային միայն… ուտելով:

Քիչ անց, երբ ընդհանրացաւ հեռատեսիլը, մեր պաստառները ողողուեցան թրքերէն ֆիլմաշարերով՝ ընդհանրապէս   թրքական բովանդակութեամբ,− որոնց հոգի կու տային հայ փափկասուն կանայք, եւ ոչ միայն:

Ժամանակին հետ  յառաջացան նոր երեւոյթներ եւս:

*   *   *

Մեր թաղերուն մէջ մէկ-մէկ սկսան երեւիլ թուրք ուխտագնացներ, որոնք դէպի Մեքքէ  ճամբուն վրայ՝  նաւէն էջք կը կատարէին Պեյրութի նաւահանգիստը՝ մասնաւորաբար քաղաքը տեսնելու, իսկ ոմանք ալ  կը հանդիպէին հին հայ ծանօթներու եւ  կը հիւրասիրուէին անոնց տան մէջ: Այսպիսի հիւրասիրութեան մը առիթով, որուն հօրս ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուած էի մեր ընտանեկան բարեկամներէն մէկուն տունը, առաջին անգամ ըլլալով  թուրք կը տեսնէի՝ բոլորովին զարմացած, որ ան ալ մարդկային  սովորական  արարած մըն էր բոլորիս պէս՝  ունէր մի՛այն երկու ականջ, երկու աչք ու մէկ քիթ ու բերան… մինչ ես բոլորովին ուրիշ պատկերացում ունէի մեր շուրջը տարին տասներկու ամիս  խօսակցութեան առարկայ դարձած այդ հրէշային ցեղի ներկայացուցիչներուն մասին:

Ուրեմն ընթացող զրոյցներէն այն հասկցայ, որ այս ներկայ թուրքը իր բոլոր միջոցները ի գործ դրած էր՝ փրկելու համար  զինք հիւրընկալող հայրենակիցին ընտանիքը, պատսպարած էր անոր անդամները պատերազմի տարիներուն, որ է՝ Եղեռնի,  եւ անկէ ետք ալ զանոնք  ապահով նաւահանգիստ հասցուցած էր դէպի արտասահման:

Պատահեցաւ աւելի յատկանշական դէպք մըն ալ:

*   *   *

Ուրեմն ըստ մեր սովորութեան՝ կը խաղայինք փողոցը, երբ տեսանք երկու շուարած  անծանօթներ, որոնցմէ մէկը օտար ըլլալ կը թուէր, միւսը, որ կ’առաջնորդէ զինք, տեղացիի  կը նմանէր. բան  մը կը փնտռէին,  եւ ահա մօտեցան մեզի ու հարցուցին անունը  հայու  մը, որ կը ճանչնայինք:

Հաստատեցինք, որ ծանօթ ենք, քանի մը քայլ անդին է անոր բնակարանը. ինք մեռած է, սակայն կինն  ու զաւակները ներկայ են:

−Ուրեմն մեզ  անոնց տունը տարէք,− թելադրեց տեղացին:

Ու տարինք զանոնք ներկայացուցինք այդ ընտանիքին:

Օտարականը, որ թուրք ուխտաւոր մըն էր, ինքզինք ներկայացուց, յարգանքով ձեռնուեցաւ տանտիկնոջ հետ, ցաւակցութիւնները յայտնեց, քանի մը անուն հարցուց, մէկ-երկու ստուգումներ կատաեց եւ  շատ կիրթ հարցուց.

−Ձեր ամուսինը երբեւէ խօսա՞ծ է ձեզի կանաչ թաշկինակի մը մասին:

−Այո,− շփոթահար պատասխանեց տանտիրուհին,− պատմած է, թէ ինչպէս գաղթական հանուած օրը կանաչ թաշկինակի   մը մէջ ոսկի յանձնած է իր թուրք դրացի բարեկամին՝ խնդրելով,  որ պահէ զայն  «մինչեւ վերադարձը»…

Թուրքը ձեռքը ծոցը տարաւ ու դուրս հանեց ափաչափ կանաչ գունդ մը.

−Ահա ա՛յս է այդ ծրարը, որ մինչեւ հիմա չեմ քակած երբեք. շնորհակալ եմ ձեզի, որ այս բեռը խղճիս վրայէն վերցուցիք. հիմա հանգիստ կրնամ ուխտիս երթալ ու հանգիստ ալ մեռնիլ:

Այս ըսելով՝   յանձնեց զայն այրիին, որ շլմորած մէկ մարդուն կը նայէր, մէկ շուրջը, կարծես բառեր մը կը փնտռէր ու չէր գտներ:

*   *   *

Օր մըն ալ դասընկերուհիներէս մէկը, որուն հետ դռկից  ու խաղակից էի, ըսաւ.

−Գիտե՞ս, ես Թուրքիա  մեծմամա ունիմ, որ թուրքի հետ ամուսնացած է:

Բաւական բարդ թնճուկ  մըն էր այս, որուն լուծումը չունէի. ինչպէ՞ս հայ աղջնակ մը այստեղ՝ Պուրճ Համմուտի մէջ ծնած ու մեծցած, ծանօթ  հայ մայրով  ու հայրով, կրնար Թուրքիա՝ թուրքի հետ ամուսնացած մեծմամա ունենալ…

Քիչ մը ուշ, քիչ մը դժուար, սակայն հասկցայ այդ մանուածապատ կացութեան էութիւնը եւս: Ուրեմն ընկերուհիիս հայրը՝ Մարկոս դային,  1918-ի Զինադադարին հինգ-վեց տարեկան մանուկ, կը պատսպարուի Նպաստամատոյցի որբանոցներէն  մէկուն մէջ եւ մէկ-երկու տարի ետք անոր որբերուն հետ ալ կը բերուի Լիբանան. իսկ մայրը կը մնայ Թուրքիա, ուր եւ… կ’ամուսնանայ թուրքի մը հետ եւ զաւակներ կ’ունենայ անկէ:

Իսկ Մարկոս դային տասնամեակներով  ոչինչ գիտէր այս բոլորէն, մինչեւ որ…

Մինչեւ որ օր մըն ալ թրքերէն գրուած նամակ մը կը ստանայ ինչ-որ Ալիէ մը կամ Հասանէ մը՝ մօրը մէկ թուրք զաւակէն, որ չես գիտեր ի՛նչ հնարներով  յաջողած է գտնել իր կիսեղբօր հասցէն ու գրել անոր՝ յայտնելու համար,  որ մայրերնին ծերացած՝ սակայն ողջ-առողջ է,  որքան պիտի ուրախանայ, եթէ վերագտնէ զինք, նոյնքան պիտի ուրախանան  իրենք՝ զաւակներն ալ,  եթէ Մարկոս դային յօժարի այցելութիւն մը տալ Թուրքիա՝ իրենց տունը:

Եւ թախանձագին կը խնդրէր  անպայման պատասխանել  իր նամակին:

Ահա օր մըն ալ Մարկոս դայիի տունը երեւցաւ թրքախօս համակրելի պառաւ մը՝ ճիշդ իր պատկերով. մայրն էր: Չորս բոլորը՝ թաղեցիներս,  ականատես էինք անոր խանդակաթ գուրգուրանքին՝ հանդէպ տասնամեակներով իրմէ հայու բախտի մէկ դաժան կարգադրութեամբ բաժնուած զաւակին եւ թոռներուն:

Ան բաւական երկար մնաց այստեղ, կամաց-կամաց եւ որոշ  չափով վերականգնեց  խարխլած  հայերէնը, մինչեւ որ օր մըն ալ ըսաւ.

−Զաւակներս ու թոռներս կարօտցայ…

Կ’ակնարկէր այնտեղ՝ Թուրքիա ձգած թուրք զաւակներուն ու թոռներուն:

armenag@gmail.com

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles