ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Շաբաթ առաւօտեան, Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ կը հետապնդէ քաղաքին տարածքին եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ տեսնուած հակահայ թռուցիկները, որոնք ատելութեամբ լեցուն սպառնական գրութիւններ կը պարունակէին։ Թռուցիկները տարածուած էին այն օրը, երբ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեիւնը Արցախի պաշարման դէմ քայլարշաւ-բողոքի ցոյց կազմակերպած էր Ատրպէյճանի հիւպատոսրանին առջեւ։ Թռուցիկներուն վրայ գրուած է հետեւեալը. «Ատրպէյճան, Թուրքիա, Փաքիստան եւ Իսրայէլ չորս եղբայրներ են, որոնք քարտէսէն պիտի ջնջեն Հայաստանը, եթէ Աստուած կամենայ»։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս գծով անմիջապէս կապ հաստատեց տեղական ապահովական մարմիններուն հետ եւ համացանցային արշաւով դատապարտեց ատելութիւն հրահրող նշեալ թռուցիկները, որոնք դատապարտուեցան նաեւ Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետ Լիլ Պասի կողմէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հ․Ե․Դաշնակցութիւնը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց հակահայ այս արշաւը։ Յիշեցնենք, որ նման հակահայ յարձակումներ վերջին քանի մը տարիներուն տեղի ունեցած էին նաեւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի Ֆերահեան եւ Մանուկեան վարժարաններուն դէմ, նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գրուզեան-Զարգարեան-Վասպուրական վարժարանին դէմ։