25 ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԱԴԱՐԷ ՄԸ ԵՏՔ…ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄ
25 տարիէ ի վեր, չէր կազմակերպուած նմանօրինակ ընդհանուր բանակում մը, կազմակերպութեամբ, Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանին: Ընդամէնը եօթանասուն ընկերներ մասնակցեցան այս բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրէնքլինի (Մասաչուսէց) «Քէմփ Հայաստան»ի բանակավայրէն ներս, Հոկտեմբեր 8էն 12:
Բանակումին ընթացքին կատարուեցան դասախօսութիւններ եւ վիճաբանական կլորսեղաններ, Հայ Դատի հետ առնչուող զանազան հարցերու շուրջ:
Ճորճ Աղճայեան յատուկ մանրամասնութիւններով, զեկուցեց ԱրեւմտաՀայաստանի զանազան քաղաքներու, գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան վիճակագրական պատկերը, սկսելով նախաջարդեան օրերէն մինչեւ քանի մը տարի առաջ: Ան բազմիցս, տեղեկացուց թէ բազմիցս պատմաբաններ եւ պատմահետախուզական հիմնարկներ կ’աղաւաղեն այս թուական պատկերը, իրենց կողմէն ներկայացնելով սխալ թիւեր: Խաչիկ Մուրատեան, իր կարգին զեկուցեց, վերջերս կատարած Թուրքիա այցելութեան ընթացքին, ունեցած իր փորձառութիւնները: Յատկապէս տեղւոյն հայ գաղութին ունեցած ապրումներն ու ապրելաոճը, անոնց գործակցութիւնը տեղւոյն բնակչութեան եւ քաղաքական կեանքին հետ, յատկապէս «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Կրէկ Պետեան, համակարգչային սարքաւորումներով, ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու մէջ, գործող թուրք հիմնարկներու կատարած աշխատանքը, որ հետեւողական ձեւով կը հարուածէ Հայ Դատի աշխատանքներուն: Ան, յատկապէս նշեց թէ միլիառատէր Ֆաթհալլահ Կիւլէն, գրեթէ քսան նահանգներէ ներս, աշխատանք տարած է կրթօճախներ բանալու եւ թրքամէտ քարոզչութիւն կատարելու:
Անդրանիկ Գասպարեան զեկուցեց Հ.Յ.Դ.ի կատարած ներդրումին եւ մասնակցութեան՝ Արցախի ազատագրութեան օրերուն: Լսատեսողական միջոցներով, ներկայացուեցան, տասնեակ մը տարիներու ընթացքին, արձանագրուած յաջողութիւնները: Ապա ան, տեղեկութիւններ տուաւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է բնակչութիւն հաստատել Արցախի տարածութենէն ներս եւ կատարել նիւթական ներդրումներ, յայտնելով թէ վերջերս Ատրպէյճան հետզհետէ բազմապատկած է իր յարձակումները:
Մուրատ Թոփալեան փոխանցեց իր ունեցած Հ.Յ.Դ. շարքայինի փորձառութիւնը, տասնեակ տարիներու վրայ եւ կոչ ուղղեց երիտասարդ սերունդին, որպէսզի արդի միջոցներով պատրաստուի ապագային, պահելով հանդերձ այդ ազգային ջիղն ու գործելաոճը: Գասպարեան պատմական ակնարկ մը եւ աշխարհաքաղաքական վերլուծութիւններ կատարեց Արցախի մասին: Ան յայտնեց, որ կան Լեռնային եւ Դաշտային Ղարաբաղները. Լեռնային Ղարաբաղը եղած է հայկական միջնաբերդ եւ դարեր շարունակ անոր բնակչութիւնը եղած է զուտ հայկական, իսկ Դաշտային Ղարաբաղը եղած է սահմանային գօտի, որուն բնակչութիւնը եղած է խառն՝ հայ, թուրք, քիւրտ: Սակայն այդ տարածքներուն շօշափելի մէկ մասը եղած է հայկական, եւ փաստեր կան, ինչպէս՝ յուշարձաններ, գերեզմաններ, եկեղեցիներ, որոնք կը վկայեն այդ իրողութիւնը: Բացատրեց, որ խիստ կարեւոր առաքելութիւն մըն է անծանօթ ոլորտները ճանաչելի դարձնել եւ հանրութեան ներկայացնել, որպէսզի այլ դերակատարներ մասնակցին աշխատանքին, ճոխացնելով զայն: Ան յայտնեց թէ հիմնական օրինակներէն մէկը վերաբնակեցման մարզն է, նշելով թէ Արցախի սահմանամերձ շրջանները խիստ խոցելի վիճակի մէջ են ոչ միայն տնտեսական զարգացման առումով, այլեւ սահմանները խիստ խոցելի են աշխարհագրական տեսակէտէն եւ պէտք է ամրապնդուին:
Ան ըսաւ թէ Արցախը 1988էն ի վեր վերահաստատած է ինքնորոշման իր իրաւունքը եւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութեանց փափաք յայտնած է, որ վերամիանայ Հայաստանի, սակայն սոյն խնդրանքը մերժուած է եւ շուտով տագնապը թեւակոխած է պատերազմական հանգրուան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց այդ ժամանակաշրջանը՝ յայտնելով, որ 1994ի զինադադարէն ետք կը տիրէ կայուն իրավիճակ: Գասպարեան շարունակելով իր խօսքը, հաստատեց, թէ Արցախը անկախ պետութիւն է եւ ամուր կապեր ունի Հայաստանի հետ: Ան հարց տուաւ, թէ ազատագրուած տարածքները, յատկապէս Քաշաթաղը մէկ պետութեան համար ի’նչ նոր առաւելութիւններ կþընձեռէ եւ աւելցուց, որ Քաշաթաղը կը շաղկապէ Արցախը Հայաստանի հետ, նաեւ կը դիւրացնէ պաշտպանութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը՝ Գասպարեան յայտնեց, որ եթէ կարելի ըլլայ ազատագրուած այդ տարածքները ծաղկեցնել՝ զանոնք Ատրպէյճանին վերադարձնելու մտայնութիւնը պիտի ոչնչանայ:
Յատկապէս, ան կոչ ուղղեց դուրս գալու այդ սպասումի գոյավիճակէն եւ անձնապէս ձեռնարկելու, աշխատանքներ ստանձնելու եւ հետեւողականօրէն գործելու:
Ապա տեղի ունեցաւ կլոր սեղանվիճաբանական երեկոյ մը, որուն նիւթն էր Ինչպէ՞ս կազմակերպել, զանազան գաղութներու կեանքը, Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ ներս: Մասնակցողներ էին Տիգրան Խալիկեան, Յարութիւն Մսըրլեան, Ֆիլ Նիկոն եւ ՃորճիԷնն Օշական, որոնք իրենց կարծիքները փոխանակելով, ներկաներուն հետ զրուցեցին: Խալիկեան աւելի կեդրոնացաւ Ապրիլ 24ի յատուկ Հայոց Ցեղասպանութեան առթիւ կատարուելիք ձեռնարկներուն եւ անոնց ոճին մասին: Ան կոչ ուղղեց, որ աւելի մեծ շուքով եւ յատկապէս միասնականութեամբ նշուին նմանօրինակ ձեռնարկներ:
Յարութիւն Մսըրլեանի համար կարեւորագոյն ազդակը, տեղւոյն ղեկավարութեան կարողութիւնն է: Ըստ անոր, գաղութ մը, շնորհիւ այդ ղեկավարութեան եւ ղեկավարին, կրնայ իրմէ սպասուածէն, շատ աւելին ներկայացնել:
Ֆիլ Նիկոնի համար, երիտասարդ սերունդին ներդրումն ու մասնակցութիւնն է առաջնահերթութիւնը: Անոր համար, նոյնիսկ յառաջիկայ տարիներուն, Հայաստանի վերանկախացման օրերը պիտի նկատուին յուշերու անցած անցեալ մը, որ պէտք է միշտ վառ պահել, միշտ ալ նշելով Մայիս 28ի Անկախութեան օրերն ու մղուած ճակատամարտերը:
ՃորճիԷնն Օշական ներկայացուց տեղական քաղաքական իրադարձութիւններուն դերը՝ տեղւոյն Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. կառոյցներուն վրայ:
Նշենք թէ, սոյն բանակումին ամէնէն աւելի տպաւորիչ հաւաքներէն մէկը, երդման արարողութիւնն էր: Արդարեւ, հինգ նորագիրներ միացան Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն Արեւելեան շրջանի «Շիրակեան» Կեդրոնական Կոմիտէութեան:
Վերոյիշեալ դասախօսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն կողքին, նաեւ տեղի ունեցաւ խրախճանք, նարտի եւ թղթախաղի մրցանքներ: Իսկ Շաբաթ գիշերուայ խարոյկահանդէսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Քրիստափոր Արապեան (Ուաշինկթընի շրջանէն): Փրովիտընսի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը մեծ յաջողութեամբ, կազմակերպած էր այս բանակումը, որուն համադամ ճաշերը պատրաստած էր Յակոբ Տոնոյեան: Իսկ Պերճ Զօպեան, բանակումի ընթացքին ցուցադրած էր քառասուն տարիներու վրայ երկարող, Հայ Դատի առնչութեամբ որմազդներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:
Բանակողները հեռացան բանակատեղիէն, իրենց ետին ձգելով անմոռանալի յուշեր:
Բանակող մը