ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՆ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 7 Second

Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Հոկտեմբեր 8էն սկսեալ եւ աւարտեցան Հոկտեմբեր 18ին: Եզրափակիչ հանդիսութիւններու շարքը սկսաւ Հալէպէն, ուր Տէր Զօր ուխտագնացութենէ ետք, Հայաստան ժամանած Հ.Օ.Մ.ի զանազան երկիրներու անդամները, Հոկտեմբեր 12էն 18ի միջեւ արժանացան Հայաստանի ապա Արցախի Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու գրկաբաց ընդունելութեան, տեսակցութիւն ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահներուն հետ եւ մասնակցեցան զանազան ձեռնարկներու:
Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակին առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պարգեւատրեցին Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի մատուցած իր ծառայութիւններուն համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Հ.Օ.Մ.ի անդամներուն համար կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին, Հոկտեմբեր 16, 2010ին, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Հ.Օ.Մ.ը պարգեւատրեց նախարարութեան ոսկէ մետալով: Բարձր գնահատելով Հ.Օ.Մ.ի տարած աշխատանքը հայապահպանման ու հայրենիքի ծառայութեան մարզերէն ներս, ան հրաւիրեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը ստանձնելու համար նախարարութեան մետալը:
Հոկտեմբեր 18, 2010ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Երիտասարդական Պալատին մէջ տեղի ունեցած Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանն ու Առաջին Տիկինը: Իր խօսքի ընթացքին նախագահը յայտարարեց, որ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը պարգեւատրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան »Վաչագան Բարեպաշտ« մետալով, իսկ Հ.Օ.Մ.ի Արցախի Վարչութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան »Երախտագիտութեան« մետալով:

Զոյգ մետալները ստանձնեցին Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Արցախի Մեկուսի Վարչութեան ատենապետուհիներ Վիքի Մարաշլեանն ու Պելլա Յարութիւնեանը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles