Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2010ին, Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի Յովնանեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի 30րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Արմինէ Պարսումեանի եւ Տէր եւ Տիկին Ռիչըրտ եւ Հուրի Յարութիւնեանի:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Անուշաւան Եպս.Դանիէլեան, Անդրանիկ Աւ. Քհնյ.Պալճեան, Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան,Պատուելի Աւետիս Պոյներեան եւ հոծ բազմութիւն:
Բացման խօսքը կատարեց ձայնասփիւռի վարչութեան ատենապետ՝ Կարպիս Զէրտէլեանը, ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ձայնասփիւռի առաքելութեան, հիմնադիրին՝ հանգուցեալ Ժիրայր Ղարիպեանին անխոնջ աշխատանքին եւ այս աշխատանքը շարունակող հանգուցեալին տիկնոջ՝ Եւգինէին: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Միսաք Պարսումեանը:
Օրուան հանդիսավարն էր Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, ան հայկական շունչով ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրը կատարողները եւ ոգեւորեց ներկաները: Ապա հրաւիրեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը, որ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Օրհնութեան Գիրի Կոնդակը, Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի 30 ամեակին առթիւ, որ յանձնուեցաւ վարիչ Տնօրէն Տիկ. Եւգինէ Ղարիպեանին:
Յայտագրին սկիզբը Զաքըրի Յարութիւնեան դաշնամուրի վրայ հմտօրէն նուագեց Արամ Խաչատուրեանի »Թոքաթա«ն: Ապա ջութակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Լիլիթ Յարութիւնեանը, ներկայացնելով Սարասաթէի »Քափրիս Բասք«ը եւ Արամ Խաչատուրեանի »Այիշէի Պար«ը:
Օրուան բանախօսն էր Խաժակ Մկրտիչեան, ուր վերլուծական բացատրութեամբ ներկայացուց Հայ մամուլը, երեք հանգրուաններու մէջ զետեղեց զայն ու իւրաքանչիւր հանգրուան իր պայմաններով ներկայացուց, նաեւ ան անդրադարձաւ ներկայ մամուլին ուղղութեան թէ’ Սփիւռքի եւ թէ’ հայրենիքին մէջ:
Բանախօսութեան յաջորդեց Երաժշտական ելոյթ, ուր գեղեցիկ կատարողութեամբ Յասմիկ Մէխանաճեան ներկայացուց Տիգրան Չուխաճեանի »Արշակ Բ.«ը եւ Ալ. Յարութիւնեանի »Երգիր ինձ համար«ը, իսկ Վաղարշակ Օհանեանը՝ Մալէթի »Աղօթք«ը եւ Քըրթիսի »Non Ti Scordar Di Mi«ն, դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ շնորհալի եւ տաղանդաւոր դաշնակահար Լեւոն Յովսէփեանը:
Անգլերէն լեզուով բանախօսութիւնը ներկայացուց Անի Տէյիրմէնճեանը, ուր հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ ձայնասփիւռի պատմական իրողութեան:
Երաժշտական ելոյթի երկրորդ բաժնով Վաղարշակ Օհանեան ներկայացուց Կոմիտասի »Հայաստան«ը եւ Արամ Մէրանգուլեանի »Լեռներ Հայրենի«ն, իսկ զուգերգով Յասմիկ Մէխանաճեան եւ Վաղարշակ Օհանեան կատարեցին »սարից թռաւ երկու կաքաւ«: Հայ երգը երբ թափանցէ մարդու հոգւոյն մէջ կը զարթնեցնէ ապրումը գեղեցիկին ու հմայքը արուեստին:
Հայաստանէն ժամանած Հ.Հ. վաստակաւոր արդիստուհի՝ Սիլվա Եուզպաշեան խոր յուզումով պատմեց իր ծանօթութիւնը ձայնասփիւռիս հիմնադիր Ժիրայր Ղարիպեանի եւ իր տիկնոջ Եւգինէի հետ, որ սեպեց ճակատագրական: Ան անդրադարձաւ Ժիրայրի կեանքին եւ գործին, արտասանելով Ժիրայրի բանաստեղծութիւնները եւ Աւիկ Տէյիրմէնճեանի մէկ բանաստեղծութիւնը նուիրուած Ժիրայրին:
Զգայացունց ապրումով ու գրաւիչ կատարողութեամբ ասմունքեց՝ Պարոյր Սեւակէն, Համօ Սահեանէն եւ Ուիլիըմ Սարոյեանէն կտորներ, ներկաները պահ մը հայրենիք տեղափոխելով ու հայ ազգի երկար ճանապարհը ակնթարթի մէջ խտացնելով:
Ապա տեղի ունեցաւ DVD ցուցադրութիւն, ուր ցուցադրուեցաւ ձայնասփիւռի երեսունամեայ ճանապարհէն կտորներ, յիշատակներ հանգուցեալ Ժիրայր Ղարիպեանէն, կերտումներ ու իրագործումներ:
Հանդիսութեան աւարտին Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի ձեռամբ ոսկեայ շքանշանով պարգեւատրուեցան բարերարներ Տէր եւ Տիկ. Կարպիս եւ Արմինէ Պարսումեան, Տէր եւ Տիկ. Ռիչըրտ եւ Հուրի Յարութիւնեան եւ Խաժակ Մկրտիչեան: Նաեւ պարգեւատրուեցան Տէր եւ Տիկին Սուրէն Էթեէմէզեան (Fastachi), Տէր եւ Տիկին Գէորգ Ուրֆալեան (Massis Bakery), Տէր եւ Տիկին Պետիկ Տէր Վարդանեան (Eastern Lamejun), Տէր եւ Տիկին Թորոս Մարգարեան (Metro Energy) եւ Տէր եւ Տիկին Հրաչ Պըլըքեան (Brookline Oriental Rug Co.), որոնք տարիներ շարունակ զօրավիգ եղած են ձայնասփիւռին իրենց ծանուցումներով: Ապա, Եւգինէ Ղարիպեանը գնահատելով Ձայնասփիւռի Վարչութեան անդամներու երկար տարիներու աշխատանքի եւ անսակարկ նուիրումին համար իրենց նուիրեց գեղեցիկ ապակեայ գնահատագիրներ նաեւ գնահատուեցան յուշանուէրներով Ձայնասփիւռի անձնակազմը:
Տիկին Հուրի Յարութիւնեան պարգեւատրումէն ետք ծնողքին եւ իր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի 30ամեակին, Վարիչ տնօրէն՝ Եւգինէ Ղարիպեանին, որ իր ամուսնոյն Ժիրայրի մահէն ետք յաջողութեամբ շարունակեց ձայնասփռումը:
Փակման խօսքը արտասանեց Գերաշնորհ Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը, ուր յիշեց թարգմանչաց սերունդի աւանդը ու զայն կապեց ձայնասփիւռի առաքելութեան, նաեւ շեշտեց սփիւռքեան իրողութեան ծանր պարտականութիւնը:
Տօնակատարութեան խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ ուրախ երաժշտութեան ներքոյ ներս բերուեցաւ 30ամեակի կարկանդակը եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ բարերարնեը տիկին Արմինէ Պարսումեանը եւ տիկին Հուրի Յարութիւնեանը կտրեցին կարկանդակը:
Արժ. Տ. Գարեգին քհնյ. Պետուրեան ճաշի սեղանը օրհնելէ ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն պատրաստուած Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ: Ուշ ժամուն ամէն ինչ վերջացած էր, սակայն ներկաները տակաւին կը յամենային սրահին մէջ, գոհունակութեամբ կը փոխանակէին իրենց ջերմ տպաւորութիւնները:
Վարձքը կատար ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք հիմնեցին Պոսթոնի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռը, որոնք աշխատեցան կանգուն պահելու եւ որոնք կ’աշխատին շէնցնելու զայն:
Թէպէտ հողի ուժով կը ծլի ու կը պտղաւորուի ամէն աշխատանք, բայց հայը օտար ափին մէջ, առանց հողի ուժի, սակայն հայկեան ոգիի աւիշով այդ ուժը կը ստեղծէ ու կը ծաղկեցնէ իր մշակոյթը:
Read Time:3 Minute, 22 Second