Պսակաւոր ժահրի համաճարակէն ետք, առաջին անգամն է, որ Տիգրան Համասեան բեմ կը բարձրանայ Ա․Մ․Ն․-ի մէջ։ Ան արդէն իսկ ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանի «Օփերա Հաուզ»-ին մէջ։ Նոյեմբեր 11-ին, ան պիտի նուագէ Պենթոնվիլի (Արիզոնա) մէջ։ Իսկ վաղը, հայահոծ Լոս Անճելըսն («Ռոյս Հօլ») է, որ պիտի վայելէ այս իւրայատուկ դաշնակահարը, որուն մասին օրին Հըրպի Հանքոքի կամ Չիք Քորէայի նման աստղեր ակնածանքով արտայայտուած էին։
Ապա, յառաջիկայ երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15-ին, Համասեան հիւրը պիտի ըլլայ Պոսթընի հանրածանօթ «Պըրքլի» երաժշտանոցին։
Համասեան պիտի ներկայացնէ իր նոր խտասալիկը՝ «StandArt», որ նուիրուած է ճազ երաժշտութեան 1920-50 աստղերուն՝ Չարլի Փարքըր, Ժերոմ Քըրն, ՌիչըրՏ Ռոճըրզ, եւ այլք։
Այս խտասալիկը կը բաղկանայ ութ կտորներէ։ Իր կողքին ունենալով բամբ ջութակահար (double bass) Մեթ Պրուըրն ու թմբկահար Ճասթին Պրաունը, Տիգրան կարգ Մը գործերու համար հրաւիրած է կարգ մը այլ փողահարներ, որոնց կարգին Ճոշուա Ռետմըն, Մարք Թըրնըր եւ ապագայ խոստացող երիատասարդ Ամպրոզ Աքինմուսիրէ։
Պոսթընի յայտագիրը իւրայատուկ է։ Այդ խտասալիկի գործերուն ներկայացման կողքին, Համասեան պիտի նուագէ նաեւ «Պըրքլի» երաժշտանոցի «Pletenitsa» պալքանեան երգչախումբին հետ։ 2011-էն ի վեր կազմուած այս երգչախումբին մասնագիտութիւնն է միջին արեւելեան եւ պալքանեան կշռոյթները։ Հիմնադիր խմբավարն է միջին արեւելեան երաժշտութեան բաժանմունքի պատասխանատու Քրիսթիան Քարամ։ Նախապէս ալ, Համասեան գործակցած է այս բաժանմունքին հետ եւ ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են։ Տոմսերուն համար, այցելել․- https://www.berklee.edu/BPC .
Համասեանի յաջորդ ելոյթները պիտի ըլլան յաջորդաբար Ֆիլատելֆիոյ, Օթաուայի եւ Թորոնթոյի մէջ։
Read Time:1 Minute, 7 Second