«Լարք» Երաժշտական Ընկերակցութեան Խօսքը Պետրոս Ալահայտոյեանի Մահուան Տխուր Առիթով

0 0
Read Time:3 Minute, 48 Second


Պետրոս Ալահայտոյեան
«Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը խոր վիշտով կը սգայ հաստատութեան բարեկամ՝ արուեստաբան, երաժշտագէտ, բանահաւաք եւ հետազօտող Պետրոս Ալահայտոյեանի մահը։
Ա․
1. Պետրոսը կը հանդիսանայ հիմնասիւներէն մին սփիւռքահայ երաժշտագիտութեան, որ սկիզբ առած էր 1930ական թուականներուն, Շահան Պէրպէրեանի կողմէ գիտական մակարդակի, արժէքաւոր հանգամանալից յօդուածով մը՝ նուիրուած մեծն Կոմիտասին։ Անորմէ ետք‚ հայ երաժշտագիտական աշխատանքներով հանդէս եկած է Միհրան Թումաճան, եւ անոր յաջորդած է երաժշտական քննադատ Պետրոս Ալահայտոյեան՝ վերլուծական-քաջալերական-քննադատական յօդուածներով մամուլի մէջ եւ այլուր։
2. Բարձրաթռիչ, մաքուր արեւմտահայերէնով, շատ յաճախ, գրութեան ոգին արտայայտելու համար, նոյնիսկ նորահնար բառերով (չարչարակոծ, ինքնատեւել, ճաճանչագանգուր‚ վերաշնչաւորել, երգաքերթողական եւ այլն), ան կը ներկայացնէր երաժշտական, թատերագիտական յօդուածներ։ Հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը ակնկառոյց կը սպասէր Պետրոսի (ընկերներուն համար՝ Պետօ) գնահատական կամ քննադատական արտայայտութիւնները կարդալու «Ազդակ» (Լիբանան) եւ «Ասպարէզ» (Միացեալ Նահանգներ) օրաթերթերուն մէջ։
3. Ալահայտոյեան երաժշտագէտը ծաւալուն հայանպաստ աշխատանք տարած է Պելճիքայի մէջ, ուր կ՛աշխատակցէր Radio-Tռlռvison Belge կայանին։ Ան կրցած էր իր աշխատանքը հոն պրիսմակել եւ յաճախ կէս կամ մէկ ժամնոց հաղորդումներ պատրաստել հայ երաժշտութեան մասին։
4. Պելճիքա եղած ժամանակաշրջանին, ուր իր հօր փափաքին ընդառաջելով՝ ուսանած էր դեղագործութիւն‚ յաջողութեամբ աւարտած եւ վկայուած էր իբրեւ դեղագործ Լուվէնի համալսարանի դեղագործութեան բաժինէն։ Բայց, յետագային Պետրոս նաեւ աւարտած էր Պրիւքսէլի համալսարանը՝ իբրեւ երաժշտագէտ։
5. Եւրոպայի մէջ ան ունէր լայն շրջանակ մը արուեստագէտ եւ երաժիշտ ընկերներու, որոնց հետ կը քննարկէր արուեստաբանական նիւթեր եւ խնդիրներ, կը քաջալերէր զանոնք, որ հայ երաժշտութեան մասին իրենց ակնարկները եւ մտածումները արտայայտեն։ Այդ հանդիպումներուն առիթներով բաւական գործեր ծնունդ առած են (յատկապէս «Գոմէշ» ժամանակակից ոճով գրուած W. Van Belle-ի գործը հեղինակուած Կոմիտասի «Լոռու Գութաներգ» գործին հնչիւնային համակարգերու օգտագործումով)։ Ալահայտոյեանի պատրաստութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ եւրոպացի կատարողներ երգած եւ նուագած են հայերէն երկեր։
Բ․
1. Իր կեանքի երկրորդ փուլին‚ Ալահայտոյեան նուիրուեցաւ հայկական ժողովրդական երգեր հաւաքելու գործին։ Սփիւռքի զանազան գաղութներ երթալով՝ ան կ՛արձանագրէր հայ երգերու փշուրները, որոնք ծերունիներ իրենց մանկութենէն ի վեր սորված ու երգած էին։ Այդ ձայնագրութիւններուն մէջ կը գտնուին երգային շատ արժէքաւոր եւ եզակի նմուշներ։
2. Ասոնցմէ անկախ‚ ան գնահատանք եւ քաջալերանք ցուցաբերեց Սփիւռքի մէջ ընթացող երաժշտական կազմակերպութիւններուն՝ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան եւ այլն, զօրավիգ կանգնելով տարբեր գաղութներու մշակութային աշխատանքներուն։
Գ․
1. Պետրոս Ալահայտոյեան իր երաժշտական հաւաքածոներուն եւ աշխատանքներուն շնորհիւ կրցաւ հրատարակել 3 գիրքեր. անոնք են՝
– «Բալուի (եւ Տարածաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ», «Լարք» ընկերակցութեան «Դրազարկ» հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, 2009։
– «Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Բնորոշ Երգային Նմուշներ», հրատարակութիւն ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամին, 2015։
– «Բ. Կանաչեան – «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» Ա. եւ Բ. երկհատորեակ, խմբագրութեամբ Պետրոս Յովսէփ Ալահայտոյեանի (երգահաւաք եւ երաժշտաբան) եւ դոկտոր Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի (երաժշտական խմբագիր եւ համակարգչային նոթագրող), հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիաս, 2019։
2. Ալահայտոյեան կարեւոր մասնակցութիւն ունեցաւ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ հրապարակուած երկու խտասալիկներու պատրաստութեան՝
ա. Արփինէ եւ Էլիզապէթ Փեհլիւանեաններու կատարումով Հայկական ռոմանսներու (գեղարուեստական երգերու) ձայնագրութիւն։
բ. Բարսեղ. Կանաչեանի 3 խտասալիկներու հրապարակումը, որ լոյս տեսաւ Հայաստանի մէջ։
Դ․
Ալահայտոյեան հետազօտողին համար բացարձակապէս առաջնահերթութիւն չեն եղած նիւթական հարցերը։ Ան ամբողջովին նուիրուած էր արուեստի կեանքին, մանաւանդ՝ երաժշտութեան։ Դեղագործութեան վկայականը ան նուիրած էր իր հօր՝ ըսելով. «Կրնա՞մ հիմա ուզածս ընել», իսկ ուզածն էր՝ մխրճուիլ երաժշտութեան եւ արուեստի աշխարհին մէջ։ Երաժշտական կրթութիւնը շատ կարեւոր էր իրեն համար. ան ունէր բնատուր, եզակի դիւրութիւններ, օրինակ՝ կրնար ամբողջական նոտաներով երգել լրիւ գործեր, արագ եւ անսխալ, որ շշմեցուցիչ տպաւորութիւն ձգած էր ընկերներուն մօտ։ Ասիկա երաժշտական անձնական շնորհք մըն էր, որ միայն իրեն կը պատկանէր։ Կը նուագէր նաեւ ջութակ։
Որ այս բոլոր աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Պետրոս Ալահայտոյեան հայ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ ունեցաւ շարք մը արժէքաւոր ներդրումներ‚ անուրանալի է։ Իր կատարած կոմիտասեան օրինակով երգահաւաքչական նմուշները ան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ, արժանանալով հայաստանցի երաժշտագէտներու զարմանքին եւ բարձր գնահատաքին, իրենց հայեցի‚ յուզիչ‚ կլանող (թէ՛ խօսքային եւ թէ հնչիւնային յատկանիշներով) եւ իմացական կերպարային աւարտուածութեան առումներով, այնքան մեծ՝ իբրեւ երաժշտական գլուխ գործոցներ։

Կը յուսանք‚ որ Ալահայատոյեանի կեանքի կարեւոր աշխատանքները՝ ծերանոցներէն հաւաքած երգերու բացառիկ նմուշները, Սփիւռքով մէկ տարածուած հայ խլեակներու մօտ պահուած վկայութիւններու եւ յուշերու ձայնագրութիւնները, –որոնցմէ մաս մը տեղադրուած է «Յուշամատեան» կայքին վրայ– աւելցած՝ իր Սփիւռքի երաժշտական կեանքին մէջ ունեցած անձնական ներդրումները‚ հրատարակուած եւ անտիպ յօդուածներու պատկառելի ցանկը, –որուն մեծ մասը դեռ կը գտնուի իր արխիւին մէջ– ապագային‚ կարող ձեռքերու խնամքին տակ‚ երաժշտագիտական պարկեշտութեամբ կը դասաւորուի‚ կը պատրաստուի եւ գնահատուելով՝ կը փոխանցուի գալիք սերունդներուն։
Ե․
Երկու խօսք ալ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան մասին։ Ալահայտոյեան առիթը չէր փախցներ վեր հանելու եւ գնահատելու «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան գործունէութիւնը։ Մեր տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ուսանողութիւնը գնահատուած կը զգան իրենք զիրենք Պետրոս Ալահայտոյեան երաժշտագէտին հետ ունեցած կապին համար, որ արժէքաւոր յարաբեըութիւն մը դարձաւ «Լարք»ի եւ իրենց միջեւ։
Զ․
Արդեօք կու գա՞յ այն օրը, երբ սփիւռքահայ ոեւէ նշանաւոր գործիչի մը մասին խօսելու ատեն չորակենք զանոնք իբրեւ սփիւռքահայ‚ Պէյրութահայ‚ եւ այլն, այլ միայն ըսենք հայ, մանաւանդ եթէ անոնք իրենց կեանքը եւ վաստակը ամբողջութեամբ նուիրած եղած են իրենց ազգի արժէքներուն պահպանման, արժէքներ՝ որոնք կու գան մեր ալեհեր եւ հարուստ հայրենիքէն։
«ԼԱՐՔ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սեպտեմբեր 14, 2022

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles