ԵԹԷ ՆԻԿՈԼԸ ՄՆԱՅ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

0 0
Read Time:3 Minute, 31 Second


ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Ի՞նչ պիտի ըլլայ… այսպէս մինչեւ ո՞ւր…

Վախի ու անհանգստութեան որդը մտած է իւրաքանչիւր հայու, հայաստանաբնակի մէջ: Բոլորը մտահոգ ու անհանգիստ են: Անկումային տրամադրութիւնը պատած է իւրաքանչիւրս: Այսքան: Տեղւոյն կը դոփենք, առանց անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու:

Աւելի քան երկու տարի առաջ տկարամիտ ու տգէտ, անհեռատես զանգուածը համոզուած էր՝ Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք: Արցախ տանք՝ ալ զոհ չունենանք: Արցախ, Արցախ… Ասոնք կը նախանձէին ու կը հայհոյէին Արցախին ու արցախցիին. բոլոր օգնութիւնները այնտեղ կ՚երթայ: Մեր զաւակները ինչու այնտեղ պիտի ծառայեն՝ կը բաւէ այլեւս:

Արցախը տուիք, խաղաղեցա՞ք: Առանց Արցախի ձեր կեանքը քանի՞ տոկոսով բարելաւուեցաւ: Յանուն խաղաղութեան, գոհ չէիք տարին հինգ-վեց զոհ ունենալով: Կ՚ուզէիք յօշոտել նախկինները: Անոնք դարձուցիք ձեր անէծքներու թիրախ: Իսկ այսօր, երբ մէկ օրուան մէջ կ՚ունենաք հինգ-վեց զոհ, ձայներնիդ չ՚ելլեր: Գոհ ու շնորհակալ էք ձեր կեանքէն, մահաբերն ալ կը հռչակէք փրկիչ: Ինչպէ՞ս էք առանց Արցախի…

Իսկ հայրենասէրները, իմաստունները, դիւանագէտներն ու ռազմագէտները, համապատասխան փորձագէտները կ՚աղաղակէին՝ Արցախը Հայաստանի դարպասն է: Եթէ կորսնցնենք Արցախը, պիտի շրջենք հայոց պատմութեան վերջին էջը: Առանց Արցախի Հայաստան պիտի չկարենայ ապրիլ:

Այնուամենայնիւ դուք տակաւին չհամոզուեցաք, թէ երեսուն տարի շարունակ ո՛չ թէ Հայաստանը Արցախին օգնեց ու զայն պահեց, այլ Արցախը՝ Հայաստանին: Նոյնիսկ պարզ ճշմարտութիւն մը չհասկցաք. Արցախը ո՛չ թէ արցախցիին է, այլ հայունը, Սիւնիքը ո՛չ թէ սիւնեցիինն է, այլ հայունը, Հայաստանը ո՛չ թէ հայաստանցիինն է, այլ հայունը: եւ իւրաքանչիւր հայու պարտքն ու պահանջն է սիրել, փայփայել իր հայրենիքը: Իսկ վտանգի պահուն ալ՝ պատրաստ ըլլալ կեանքը զոհաբերելու: Այս կը վերաբերի անխտիր բոլորին՝ բոլոր բոլորին, աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն:

Փաշինեան այլեւս մեղաւոր չէ: 2020 թուականի նոյեմբերի 9-էն վերջ վերջինիս արտայայտած միտքերէն մին տեղի կու տայ խորունկ մտածումներու. «Այո՛, ես թիւ մէկ պատասխանատուն եմ: Սակայն ես թիւ մէկ մեղաւորը չեմ: Ե՞ս եմ թիւ մէկ մեղաւորը»: Այս տեղին ու շատ ճիշդ ընդգծում է: Նոյեմբերի 9-էն վերջ Փաշինեան թիւ մէկ յանցաւորը չէ: Յանցաւոր է ժողովուրդը, որ մինչեւ այսօր ծանր հարուածներէն չէ կրցած ուշքի գալ: Ժողովուրդն է մեղաւոր, որ Փաշինեան մինչեւ այսօր կը շարունակէ զաւթած պահել հայոց իշխանութիւնը, վտանգելով հայոց պետականութիւնը: Ժողովուրդն է մեղաւորը, որ Եռաբլուրը կը շարունակէ ընդլայնիլ: Հայաստանը կը փոքրանայ, Եռաբլուրը կը մեծնայ: Փաշինեան վաղուց զինքը դիմակազերծած է: Եթէ Փաշինեանը մնայ, այլեւս Հայաստան պիտի չըլլայ: Ան հայոց նեռն է, սա փաստ մըն է, ապացուցուած իր քայլերով, իւրաքանչիւր ազգադաւ որոշումով:

«Ըսենք ամէն բան աղէկ պիտի ըլլայ, որ աղէկ ըլլայ», փողոցին մէջ յաճախ իմ ականջներուն կը հասնին բերնէ բերան պտտող այս յիմարութիւնը, միամտութիւնը: Կեցցէ՛ք: Այլեւս ոչինչ աղէկ պիտի ըլլայ, քանի դեռ Հայաստանի ղեկին են ազգուրացները, երեսուն արծաթով հայրենիք վաճառողները: Ինքնախաբէութեամբ մի՛ զբաղիք: Վտանգուած է հայոց պետականութիւնը, յայտնուած են գոյաբանական պայքարի կիզակէտին: Ոչինչ կրնայ աղէկ ըլլալ:

Փաշինեանի քայլերը պարզ են ու յստակ: Այդ իսկ պատճառաւ ան այլեւս յանցաւոր չէ, թիւ մէկ պատասխանատուն ու մեղաւորը չէ մեր զոհերու համար: Թիւ մէկ պատասխանատուն ու մեղաւորը ժողովուրդն է, որ կը պահէ սատանայի իշխանութիւնը: Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու բարի կամքի շնորհիւ մենք միայն մէկ ճամբայ ունինք ազգադաւներէն ազատելու համար: Այդ ճանապարհը փողոցն է: Փողոցէն եկածը՝ փողոցով ալ պիտի երթայ՝ ճիշդ այն նոյն ճանապարհով, որով հասած է հայոց գահին: Իսկ այդ նպատակին հասնելու համար պէտք է հարիւր հազարաւոր մարդիկ դուրս ելլեն ու պայքարին: Ուրիշ ճանապարհ չունինք: Դէպի լոյս տանող մեր միակ ուղին այդ է: Յիրաւի, Աստուած խիստ բարկացած է մեր ազգին ու ժողովուրդին վրայ, սակայն Տէրը չէ լքած մեզ: Մեր դրան առջեւ համբերատար կը սպասէ, որպէսզի բանանք ու ներս հրաւիրենք Զինքը: Սակայն մենք կը յապաղինք: Մինչդեռ իւրաքանչիւր երկվայրկեան որոշիչ է:

Իրականութեան մէջ ամէն բան շատ դիւրին է: Մենք ունինք ժամանակ ու հնարաւորութիւն: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ազգովին հաւատքի դառնալ՝ ապաշխարել: Փոխել մեր կեանքը դէպի լաւը: Թոյլ տալ, որ մեր հոգին ու միտքը ջերմանան սիրով ու բարութեամբ, կարեկցանքով: Երկրորդ քայլին պէտք է դուրս գալ փողոց ու ժամերու, օրերու ընթացքին ազատիլ ազգադաւ իշխանաւորներէն՝ յանձինս Նիկոլ Փաշինեանի: Երրորդ՝ պէտք է թողնել, որ իշխանութեան գայ Ռոպերթ Քոչարեան: Ստեղծուած իրավիճակին Հայաստանին էական աջակցութիւն, օգնութիւն կրնայ ցուցաբերել միայն երկրորդ նախագահը: Թէպէտ հաւատքի դառնալէ վերջ, Աստուած կարելի է մեզի մէկ ուրիշ առաջնորդ ընծայէ: Հասկցանք, նախկինները չէք ուզեր, սակայն ուրիշ աւելի լաւ տարբերակ այս պահուն չունինք: Թող նախկինները գան, իսկ մենք աղօթենք, որ յաջորդիւ Աստուած մեզ աւելի լաւին արժանի ընէ:

Ամէն բան մեր ձեռքերուն մէջ է: Պէտք չէ խաղաղութիւն մուրալ: Կամ սպասել, որ ուրիշ մէկը գայ ու մեզ եւ մեր երկիրը պաշտպանէ:

Թող Աստուած օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները, եւ առաջնորդէ ազգս դէպի ապաշխարութիւն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles