ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԿՈՉԻ ՊԷՍ, ՉԸՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՄ

0 0
Read Time:10 Minute, 0 Second

               

Յ. Պալեան

            Ո՞վ, ո՞ւր, ե՞րբ եւ որոնցմով պիտի առաջնորդէ հայոց հայրենիքի եւ  ժողովուրդի վերականգնումը, որպէսզի վերջնականապէս չանհետանանք:

            Այսօ՛ր իրաւ համազգային օրակարգ պէտք է ըլլայ, եւ չէ, բազմաբնոյթ վերականգնումը՝ հանրապետութիւն եւ սփիւռք: Կը զբաղինք ներազգային կեանքի մէջ յաւելեալ իրաւունքիրաւասութիւն ունենալու մանրուքներով, երբ համահայկական վերականգնումի  հրամայական խնդիր ունինք, առանց որուն լուծման, մեծ ղեկավար  կամ մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու եւ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կը սպասէ մեզ ճամբուն ծայրը, Հայաստան եւ գերաճող սփիւռք(ներ): Խօսքը ազգի եւ հայրենիքի մասին է, ոչ արտադրող եւ սպառող անհատներու, որոնք բանտարկուած են իրենց եսին մէջ:  Ի հարկէ կան արտաքին վտանգները եւ սպառնալիքները, բայց կան նաեւ մեր անպատասխանատուութեամբ կուտակուած եւ կուտակուող սխալները եւ նահանջները, որոնց հաշուեկշիռը պէտք է ընել եւ իմաստութեամբ ճանապարհ որոշել: Այդ պէտք է ընէ հարազատ եւ յանդուգն մտաւորականութիւնըքանի դեռ ամբողջովին ուշ չէ, չենք ուշացած: Վաղը անվերականգնելիօրէն ուշ կրնայ ըլլալ: Այս պէտք է ընել գերանցելով փառասիրութիւնները, տեղայնութիւնները, դասական եւ ընդունուած տարբերութիւնները, որոնք մեզ հասցուցած են հոն՝ ուր ենք. փակուղի: Հարազատ մտաւորականութիւնը, ներսը եւ դուրսը, եւ հրաշքով ընդարմացումէ ազատած ներսի եւ դուրսի հայ զանգուածները, որոնք եթէ դեռ զանգուած են:

            Կերազեմ, որ օր մը, ոչ շատ ուշ, Հիմնադրամը, կամ հիմնադրամ մը, հարազատ մտաւորականութեան կարելիութիւն կընծայէ հասնելու իւրաքանչիւր հայու, եւ զայն կանգնեցնելու ազգի լինելութեան եւ ճակատագրին հանդէպ իր պատասխանատուութեան առջեւ: Եթէ այսպէս շարունակենք, եթէ այսպէս շարունակուի մեր ժամանակակից հիւսուող պատմութեան ընթացքը, ո՞ւր կրնանք հասնիլ, ո՞ւր պիտի հասցնեն մեզմէ դուրս եղող անբարեացակամ կամ կարծեցեալ բարեացակամութիւն ունեցող ուժեր:

            Բայց նախ մե՛նք: Ո՞ւր պիտի հասցնենք մենք մեզ: Ո՞ւր կուզենք հասնիլ:

            Հայրենիքի հողեր կորսնցուցած ենք: Դեռ կը կորսնցնենք:

Թշնամին հայու հայրենիքի հողը կը պահանջէ, գրաւած է եւ կը գրաւէ: Զոհեր կու տանք: Երէկ ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, հայրենահանուեցանք: Արտագաղթը եղաւ լրացումը հայրենահանման: Հողը կը պաշտպանուի անոր տէր եղող ժողովուրդով: Հողը հոգեմտաւոր կենսատարածք է: Նախնիներու ժառանգութիւնը կը խօսի ամէն քայլափոխի: Հայերէնախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը տեւաբար տեղի կու տան: Լեզու  մը որ չի գրուիր եւ չի խօսուիր, կը դառնայ մեռեալ լեզու: Այս կը հասկնա՞ն հանրապետութեան եւ սփիւռքի նահանջողները:  Գրուող եւ խօսուող լեզուն ալ կայլասերենք հայերէնի հետ կապ չունեցող հազարաւոր բառերով, զուգահեռ մեր այլասերման, այնպէս, որ դեռ խօուած եւ գրուող «ենթադրեալ հայերէնը» իր կարգին կը դառնայ օտար լեզու, կը դադրի շարունակութիւն եւ շարունակութեան կրող ըլլալէ:

Կը մտածեն՞նք բնաւ, որ հայերէնի կորուստով շարունակութիւն ըլլալու ժառանգութիւն պիտի չունենանք: Ի՞նչ պիտի ըլլանք որպէս մարդ եւ որպէս ազգ: Մեծանուն չեղող եւ սաւանանման վկայական չունեցողներ,  ներիմացական հզօր գիտակցութեամբ, ցեղասպանութենէն ետք, հայրենահանուած գաղթականները, ի տես լեզուի կորուստին եւ այլասերման, խօսած էին «ճերմակ ջարդ»ի մասին: Կը մտածե՞նք բնաւ, որ հայերէնի հայացումով, իւրացումով, անոր տէր կանգնելով, գործածութեամբ կրնանք մղել գոյութենական ինքնութեան իրա՛ւ պայքար, որ միայն ներքին սպառման համար եղած ճառերէ տարբեր ազգային որակ է, եթէ դեռ կը հաւատանք, որ այդ պայքարը ազգին համար անհրաժեշտութիւն է: Ի հարկէ այս պայքարը «լաւ ապրելու իրաւունք»ի հետապնդումէն, դիրքեր պահելու եւ ինքնահիացման համար նիզակ ճօճելու խաղերէն տարբեր է: Ան ներքին շաղախի ամրացում է, նախապայմանը ամէն կարգի պայքարներու եւ երազուած յաղթանակներու, մէկութեան եւ միացման, որ շաբաթավերջի խոհանոցային երջանկութիւն չէ:

            Գոյութենական պայքարը կը մղե՞նք այսօր: Ան իսկապէս ազգայինքաղաքական առաջադրա՞նք է հեռուի եւ մօտի հայուն համար, թէ՞ բաժակ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծելու թաղային խաղերով կը զուարճանանք, այդ համարելով ազգային քաղաքականութիւն, այդ ալ ծառայեցնելով «բարձընտիր ըլլալու իմաստէ զուրկ փառասիրութիւններու: Եթէ ինքնութեան պահպանման պայքարը կորսնցնենք կամ դադրեցնենք, մնացեալը կը դառնայ փուչիկ: Գոյապահպանման պայքարը առաջին հերթին ինքնութեան պահպանում է, վերլուծումներով չգինովցող հայրենահանուած սերունդի իմաստութիւնը, բանաձեւուած «ճերմակ ջարդով», այսօր ալ շարունակուող ջարդ, որուն առջեւ թումբ կանգնելու համար, բեմերէն կամ եթերէն այս կամ այն դատապարտելու քաղաքական խօսքերը տեղ չեն հասցներ:

            Եթէ սկսէինք, այսօ՛ր, ստանձնելու «ճերմակ ջարդ»ի դէմ համազգային իրա՛ւ պայքար մղելու պատասխանատուութիւնը եւ յանձնառութիւնը, նուազ պարտութիւններ կարձանագրէինք, անցեալը, ներկան եւ զիրար աւելի լաւ կը հասկնայինք:

            Ինչպիսի հայութիւն մը պիտի պահենք, վաղուան համար, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, թրքերէն կամ այլ լեզուներ խօսելով՝ անցեալի եւ ժամամանակակիցներու հետ հաղորդուելու համար: Ինչ ալ ըսենք եւ ընենք, պիտի համարկուինք այդ լեզուները խօսող ժողովուրդներուն եւ անոնց մշակոյթներուն մէջ, այսինքն՝ մենք պիտի շարունակենք մեր ջարդը, ընդգրկուելով օտարման ուղիներու վրայ: Հիմա, թշնամիներու այս կամ այն արարքներուն համար, ղեկավարներ եւ քաղաքական գործիչներ անհետեւանք եւ չլսուած մնալու դատապարտուած խօսքեր կըսեն, իրենք կըսեն եւ իրենք կը լսեն, այդպէս է արդիւնքը:

            Եթէ սկսէինք, նախ ճիշդ հասցէագրել դատապարտութեան ճառերը:

                        Այսօր ո՞վ եւ որոնք են ճերմակ ջարդը ընդունողները, անոր մեղսակիցները:

            Իր ինքնութեան պայքարը կորսնցուցած ժողովուրդ մը, ո՞ր իրաւունքին համար պիտի պայքարի: Ի՞նչ բանի համար է «Հայաստան-հայրենիք» մը սոսկ «ծագումով հայ» դարձած անինքնութիւն հաւաքականութիւններու համար, որոնք հայրենիք ալ չեն ցանկար, զայն կը համարեն յիշատակի ալպոմ կամ զբօսաշրջային հասցէ:

                         Եթէ սկսէինք  Միացումը իրականացնել հայախօսութեամբ եւ հայագրութեամբ, հայերէնը վերադարձնել իր հարազատութեան եւ անոր շուրջ ստեղծել միացում, մեր նահանջներուն եւ տկարացումներուն դէմ յաղթանակ կը տանէինք, ներքնապէս կը հզօրանայինք, պատրաստուելով մեզ բաժանող եւ իրաւազրկող ուժերուն դէմ պայքարի: Այս պայքարը եւ անոր յաջողութիւնը մեր հասողութեան մէջ է: Այս ընելու համար ճիշդ պէտք է խօսիլ ժողովուրդին, ճիշդ գործել եւ մի՛շտ տալ անձին օրինակը, այս չընել այնպէս, որ լսուի խօսքը առանց անոր ընկերացնելու  անձի օրինակըԱյս իրաւ յանձնառութիւն է, գերիվեր մեր անվերջանալի փառասիրական վէճերէն եւ դիրքապաշտութիւններէն:

                      Յաղթել մեր ներքին թշնամին եւ թշնամութիւնները, բաժանումները պառակտումները:

            Այն զգացումը համակած է զիս, որ կը գտնուիմ, ազգովին կը գտնուինք նաւու մը վրայ, որուն ամէն կողմէն ջուր կը մտնէ, բայց կամրջակին վրայ, ինչպէս բիւզանդացիները կընէին երբ թշնամին պաշարած էր քաղաքը, իրենք տարուած էին հրեշտակներու սեռը ճշդելու անվերջանալի դատարկաբանութիւններով: Իսկ մենք ի՞նչ կընենք: Կը պատահի՞, որ ինքնաքննադատութիւն փորձենք, տեսնելու եւ ընդունելու համար մեր ձախողութիւններուն մէջ մեր յանցանքի բաժինը:

            Այն քիչը որ մնացած է հայու հայրենիքէն, ան ալ վտանգուած է: Վտանգուած է՝ որովհետեւ տարբեր ենք  անտառի օրէնքով ապրողներէն, որոնք կենսատարածք ունենալու իրաՒունք չեն ուզեր ձգել մեզի՝ նախնականութեան օրէնքով, այսինքն՝ ցեղապաշտութեամբ, մեր տարածքը ուզած են եւ կուզեն իւրացնել: Ի՞նչ մնացած է Մեծ Հայքէն, Փոքր Հայքէն, պատմական հին քարտէսներու վրայ յիշուած «Հայաստանէն»… Քիչը որ մնացած է պիտի չմնայ, քանի որ ցեղապաշտ, ծաւալապաշտ եւ տարբեր մշակոյթի եւ ինքնութեան չհանդուրժող ցեղապաշտներ, անարգել եւ անպատիժ կը շարունակեն իրենց նուաճողական արշաւանքը, կռթնելով իրենց ուժին, եւ աչքին առջեւ՝ ամլացած եւ նիւթապաշտ դատարկաբան, ինքզինք ամլութեան դատապարտած միջազգային համայնքին, որ գիտէ իր շահերը պաշտպանել, այդ շահերուն զոհել կեանքեր եւ ժողովուրդներ: Գեղեցիկ խօսքերը եւ մեծ գաղափարները կը ծառայեն շահեր պաշտպանելու, տիրապետութիւն ընդլայնելու, գեղեցիկ խօսքերով քնացնելով բոլոր անոնք որոնք անտառի օրէնքով չեն ապրիր, չեն պաշտպանուիր: Բայց օր մըն ալ իրենք պիտի գտնուին անտառի օրէնքով գործողներու դիմաց: Այսօր այդ կը կոչեն քաղաքակրթութիւններու բախում, որ պիտի չսահմանափակուի  «կոսմեթիք» դարմաններով:

 

            Եթէ միջազգային համայնքը,- իր ամպագոռգոռ ժողովներով, տուէ՛ք անոր ինչ անուն որ կուզէք,,- Ազգերու Լիկա, ՄԱԿ, Ապահովութեան Խորհուրդ, Եունեսքօ,- մազաչափ հաւատարիմ ըլլար իր դաւանած սկզբունքներուն, մարդոց եւ ժողո-վուրդներու իրաւունքները հաւասարապէս յարգէր, յարգած ըլլար, երկրորդ համաշխայրհայինի նախօրեակին, ցեղապաշտ եւ ֆաշական Մուսոլինին Եթովպիան չէր գրաւեր, անոր ժողովուրդը համարելով ստորադաս, քանի որ իրեն պէս չէր,  անոր մորթի գոյնը տարբեր էր, լեզուն եւ մշակոյթը տարբեր էին: Եւ այդ օրերու  52 ազգերու Լիկան, ինչպէս այսօրուան ՄԱԿը,  հակառակ ընդունուած սկզբունքներու,կնքուած համաձայնութիւններու, հակառակ անոր որ 52 ազգերէն մէկն էր Եթովպիան, զայն չպաշտպանեցին նախայարձակ ցեղապաշտին եւ անոր բանակին դէմ, եւ ընդհակառակն  օգնեցին: Նախայարձակին, այդպէս ալ կը շարժին այսօր: Այդպէս ըրաւ քաղաքակրթութեան եւ արդարութեան պաշտպան Ազգերու Լիկան: Եթէ Եթովպիան պաշտպանած ըլլային նոր ծաւալող ֆաշիզմին դէմ, թերեւս մարդկութեան խնայուած կըլլային Բ աշխարհամարտը, եւ անոր զոհ միլիոնաւոր կեանքերը:

            Ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կընեն մեծ խօսքերու ասպետ միջազգային համայնքը եւ ՄԱԿը, անոր Ապահովութեան Խորհուրդը, (Ապահովութեա՞ն, թէ՞ (չ)Ապահովութեան, երբ ՄԱԿի անդամ Հայաստանի դէմ նախայարձակում կը կատարեն ցեղապաշտներ, ինչպէս այդ ըրած էին Եթովպիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ:

            Իմաստութիւն դարձած է երկխօսութեան կոչ ընել, ձրի խորհուրդ, առանց  ձեռքերը տաք ջուրէն պաղ ջուր դնելու: Մուսոլինիի բանակը արգիլուած «կազ մութարտը» որպէս զէնք գործածած էր եւ պատճառ եղած հազարաւոր զոհերու: ՄԱԿ-ը եւ Ապահովութեան Խորհուրդը չիմացա՞ն, որ Ատրպէյճան ֆոսֆորային ռումբ գործածեց հայերուն դէմ: Ի՞նչ ըրին: Բեմէն հարց տուող եղա՞ւ:

            Փուճ է այլոց չըրածին համար տրտնջալ: Նախ խօսինք մեր չըրածին մասին:

            Փուճ են ինքնագոհական ճառերը, որոնք պայքարելու կամ պայքարած ըլլալու խաբկանք կը ստեղծեն: Պայքարի դաշտը փոխադրած ենք եթեր, մէկ օդանաւէ միւսը կը ցատկենք զինուած անհատնում եւ փքուած խօսքերու կապարճով: Բանակցիլ ներխուժողին եւ անծայր եւ անվերջ զրոյցներ վարել իրենք զիրենք «բարի կամեցողութեամբ» (եթէ հաւատանք) ուժի իրաւունքով իրաւարարութեան  կոչածներու հետ, դրական արդիւնք չունենար, եթէ մենք չենք կրնար ուժին ուժ հակադրել, կամ միջնորդիրաւարարները այդ ուժը հակադրեն: Ինչո՞ւ չեն հակադրեր: Այս մսկոտութիւնը մէկ բացատրութիւն ունի. անտառի օրէնքէն վախը:

            Աւելի պարզ: Միջնորդ իրաւարարներու համար մենք ուժ չենք, իսկ իրաւարարութիւն կընեն հաւասար հակամարտողներու միջեւ:

            Այսօր Հայաստանհայութիւն եւ Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ կշիռքի երկու նժարներէն իւրաքանչիւրը միւսին բաղդատած հաւասարութիւն չկայ: Հետեւաբար, հայկական կողմը բանակցութիւններէն ակնկալութիւն ունենալու համար վերականգնումի կարիք ունի: Իսկ պառակտուած երկիր մը, որուն ղեկավարութիւնը տեւաբար կը քննադատուի, կը ներկայանայ ձախողութիւններու հաստ կուզով, կրնայ միայն բարեացակամութիւն սպասել ե՛ւ բարեկամ համարուածներէն ե՛ւ թշնամիէն: Իսկ քաղաքական կեանքի մէջ ի՞նչ իմաստ ունի բարեացակամութիւնը, ո՞ւր կրնայ հասցնել:

            Իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, կողմնակիցներ, պարտուածներ,եթէ ունին ազգի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան իրաւ առաջադրանք, ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ առաջնահերթ օրակարգ պէտք է ունենան: Ունենային:

            Մեր ժողովուրդը, վերականգնելու եւ իրաւունքի տէր ըլլալու համար պէտք է կարենայ լուծել ՄԻԱՑՄԱՆ եւ ԿԱԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ զոյգ եւ լրացուցիչ խնդիրները:

            Միացման համար հռոմէական իմաստով առաքինութիւն, հոգեկան ուժ պէտք է: Իսկ կազմակերպութիւն չի ստեղծուիր երբ ամէն ոք վճիռ կայացուցած  անսխալական դատաւոր է: Պարտութիւն եւ ձախողութիւն սխալ ընտրանքներու եւ ղեկավարման անկարողութեան արդիւնք են: Ուստի, փակագիծի մէջ դնելով եսերը, հանգամանքները, ինչ ինչ իրաւունքները եւ իրաւասութիւնները, ազգը եւ հայրենիքը ունենալով գերագոյն հեռանկար, միացնող ղեկավարութիւնը tabula rasa պէտք է  ընէ եւ անշահախնդիր ոգիով ձեռնարկէ վերականգնումի, պարզ  այն տրամաբանութեամբ եւ գործելաոճով, որ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին, եւ այդքա՛ն: Ինքնամոռաց եւ անձնուրաց անշահախդիր ղեկավարներ միայն յաջողած են ճիշդ տեղ հասցնել իրենց ժողովուրդները եւ երկիրները: Կրկնութեան գնով կը մտածեմ Կանտիի եւ Մանտելայի մասին: Անոնք այնքա՜ն տարբեր եղած են մէկ օդանաւէ միւսը ցատքողներէ, անոնց կիները ասդին անդին չէին վազեր, լաւ ապագայի  հեռանկարով ապահով երկինքներու տակ տուներ գնելու:

            Մնացած է երազելու իրաւունքը, որ պիտի յայտնուի ՄԻԱՑՈՒՄ իրականացնող եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի ճարտարապետով:

            Մինչ այդ պիտի շարունակենք նահանջել, մինչեւ որ խցուին նահանջի ճամբան-երը եւ նեղանցքները:

            Հարազատ մտաւորականութիւն եւ ողջախոհ զանգուածներ միասնաբար պէտք է գործեն մեսիանական հրաշքը, ներսը եւ դուրսը, առանց սպասելու նահանջ տարիներ:

            Ուշացումներու սխալը եւ պարտքը իմաստակներու,- սոփեստներու բառերու հանումգումարումով չեն սրբագրուիր: Ազգ, հայրենիք, ժողովուրդ, փակուղիէ դուրս չեն գար, կը մնան ուրիշներու դրան առջեւ:

՝           Միշտ պէտք է յիշել Վիգէն Խեչումեանի քաղաքական մեծ իմաստութիւնը. ՈՒՐԻՇԻ ԴՐԱՆԸ ՔԵԶ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՀԻՒՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԱՍԵՆ ԾԱՌԱՅ

            Եթէ երբեմն կրկնենք խօսքը եւ լսենք Անանձնականութեամբ պիտի իրականացնե՞նք քաղաքական-գաղափարական ուժերը, միասին գործելու եւ միասին որոշելու համար, առանց դուրսի եւ ներսի ժամանակավրէպ փառասիրութիւններու, իշխանատենչական իրաւունքի:

            Հայաստանը ներսի եւ դուրսի հայերուն հայրենիքն է, չկան եւ պէտք չէ ըլլան գերադասներ եւ ստորադասներ:

            Չե՞նք տեսներ որ այսօր կ’ընենք հակառակը, տխմարի պէս կը սղոցենք այն ճիւղը որուն վրայ կը կարծենք հանգիստ նստած ըլլալ, խորհելով, որ  տեւաբար հանգիստ պիտի մնանք, հանգիստ պիտի ձգեն:

            Այսօր, երբ աւարտեցի այս էջերը գրել, յետ միջօրէին, հետեւեցայ հեռատեսիլով սփռուած Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նիստին, երբ հարցումներ կ’ուղղուէին կառավարութեան: Հարցում ընող եւ Հայաստանը Ատրպէյճանական յարձակման դէմ պաշտպանող պատգամաւորները ծափահարուեցան, պատասխանող կառավարութեան անդամը ըսաւ դատապարտութեան խօսքեր, դիմումներ պիտի ըլլան միջազգային արդարադատական կառոյցներու Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական ոճիրներու հարցով: Քննադատուեցաւ Ռուսիան, որ չ’իրականացներ իր երաշխաւորի եւ խաղաղապահի իր դերը:

            Ոչ մէկ բառ ըսուեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանեն Հայաստանը նախայարձակին դէմ, ի՞նչ միջոցներ պիտի տան Հայաստանի, որպէսզի ան ինքզինք պաշտպանէ գերարդիական զէնքերով օժտուած Ազրպէյճանի դէմ, որուն նեցուկ է Ատլանտեան Ուխտի Ֆրանսայի թէական զինակիցը: Վստահ եմ, որ ինծի պէս ուրիշներ ալ յուզուեցան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի բոլոր կողմերու միահամուռ ծափահարութիւններուն ի լուր եւ ի տես: Բայց պաշտպանուելու համար Հայաստանի միջոցներ տալու մասին խօսք չեղաւ: Հայաստանն ալ ՄԱԿ-ի անդամ է, ինչպէս Ուքրայինան,  զինուորներ կը մեռնին, աւելին. հայ գերիներ կը գնդակահարուին: Բայց ոչ ոք ըսաւ, որ գէթ զէնք տանք Հայաստանի, որպէսզի ինքզինք պաշտպանէ:

            Բարոյական ճիգ մը. կ’ուզեն պատերազմական ոճիր գործած եւ գերիներ գնդակահարածները ճշդել եւ դատել: Միամիտ պէտք է ըլլալ խորհելու, որ ատրպէյճանցի շարքային զինուորը պատերազմական ոճիր կրնայ գործել, առանց երկրի ղեկավարներուն բացորոշ կամ լուռ համաձայնութեան եւ քաջալերանքին, այս պարագային յստակօրէն երկրի տիրակալին՝

 Իլհամ Ալիեւին: Աւելի ճիշդ եւ արդար պիտի ըլլար հասցէի սխալ չգործել: Հարց է թէ, ինչո՞ւ մեխի գլխուն չեն զարներ:

            Սխալը նաւթի՞ եւ կազի՞ վերագրել:

            Դրական է, որ Ֆրանսայի Ազգային ներկայացուցչութիւնը գիտէ եւ չլռեց: Իսկ կառավարութիւն եւ պետութիւն…

            Raison d’Etat… մինչեւ այն օրը, երբ քաղաքակրթական պատերազմ եւ անյագ ծաւալապաշտութիւն հասնին զգաստացման դռներուն, Եգէականէն Չինաստան տանող ճանապարհի դարպասին առջեւ…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles