Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21-ին, քուէարկութեամբ հաւանութիւն տուած էր Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու պաշտօններուն համար, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նկատի առնուած թեկնածուներէն՝ Մաթիու Պրայզային, որպէսզի ստանձնէ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը: Սակայն մետասաներորդ պահուն, Ծերակուտական Պարպըրա Պոքսըր միջամտած էր, յայտնելով թէ Պրայզա՝ Արցախի վրայ կատարուած Ատրպէյճանի հետեւողական յարձակումներուն գծով, միշտ ալ անտարբերութիւն ցուցաբերած է, երեւոյթ մը որ մտահոգիչ նկատեց: Այսպէս, Պրայզայի թեկնածութեան առնչութեամբ, վերջնական քուէարկութիւն տեղի չունեցաւ:
Նոյնանման վերապահութիւններ յայտնած էր նաեւ այլ ծերակուտական մը՝ Ռոպըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի): Նշենք թէ, նախապէս ալ, Պրայզա ստիպուած եղած էր պատասխանելու հայամէտ ծերակուտականներ Պարպարա Պոքսըրի եւ Ռոպըրթ Մենետէսի խիստ հարցումներուն, եւ անոր պատասխանները միշտ ալ կցկտուր եղած էին: Սոյն հարցադրումները կը վերաբերէին Արցախի հարցը լուծելու գործին մէջ Պրայզայի կողմնակալ դիրքորոշումին, Պոլսոյ մէջ իր հարսանիքին համար ստացուած նուիրատուութիւններուն, Ատրպէյճանի մէջ հայկական գերեզմանոցները քանդելու օրերուն անոր անտարբերութեան, ազգային ինքնորոշման իրաւունքին առնչութեամբ անոր անթոյլատրելի դիրքորոշումին:
Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան, այս առթիւ խօսք առնելով ըսաւ.- »Շատ բան կը պարտինք Ծերակուտական Պոքսըրի, որուն նաեւ գործակցեցաւ, Հայ Դատի բարեկամ Ծերակուտական Մենենտէս: Անոնք ողջմիտ ձեւով ներկայացուցին Պրայզայի կողմնակալութեան հարցը: Յստակ է թէ ան սխալ անձն է այդ պաշտօնին համար«: