Ի վերջոյ, ամիսներ շարունակ իր վրայ կեդրոնացնելէ ետք, բոլորին ուշադրութիւնը, կատարուեցաւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ պատարագը, որ արդիւնք էր թուրք պետութեան քարոզչական մեքենայի ժրաջան աշխատանքին: Պղծուած էր նոյնինքն Սուրբ Խաչի թէ° սրբութիւնը եւ թէ° խաչը: Միջազգային մամուլն ու քարոզչական մեքենան, տարբեր վերլուծումներով եւ դիտանկիւններով նկարագրեց այս տարօրինակ պատարագը…Աղթամարեան խաչեալի խորհուրդին խոտոր եւ անհաղորդ:
Այսպէս Սեպտեմբեր 19-ին, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան եւ իր վարչակազմը, փորձած էին անգամ մը եւս խաչել Աղթամարն ու Սուրբ Խաչը: Կատարուեցաւ պատարագ առա¯նց խաչի… առա¯նց խունկի:
*
Կիրակի, Սեպտեմբեր 19-ին, Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ի վերջոյ խնդրահարոյց պատարագը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ: »Tert.am« լրատուական կայքէջը կը յայտնէ թէ հայութեան կողմէ թրքական իշխանութեանց կազմակերպած քարոզչական բեմադրութեան պոյքոթին պատճառով Վանի մէջ պանդոկներու բազմաթիւ սենեակներ թափուր մնացին: Մասնակցողներու թիւը յստակ չէր, նկատի ունենալով որ, զանազան թիւեր փոխանցուած էին: Այսպէս թրքական »Ուըրլտպուլըթին« կայքէջը յայտնեց, թէ արարողութեան ներկայ գտնուած են նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, թրքահայ համայնքի անդամներ եւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, շարք մը այլ եւրոպական երկիրներէ եւ Միացեալ Նահանգներէն պաշտօնատարներ: Ըստ թրքական այլ լրատուամիջոցներու, մասնակիցներու թիւը շուրջ երկու հազար էր: Հարիւրաւոր հայեր ներկայ գտնուած են պատարագին եւ անոնցմէ միայն յիսունին արտօնուած է եկեղեցի մուտք գործել, մնացեալը արարողութեան հետեւած է եկեղեցւոյ բակը զետեղուած պաստառներէն:
»Փանորամա« լրատուական կայքէջը յայտնեց թէ Սուրբ խաչ եկած են նաեւ կրօնափոխ հայեր, քիւրտեր, թուրքեր եւ իսլամներ: Պատարագը սկսելէն անմիջապէս ետք հայ լրագրողները եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ չբարձրացնելու թրքական իշխանութեանց քայլին իբրեւ բողոք փայտէ խաչեր բարձրացուցած են, ինչ որ մեծ իրարանցում յառաջացուցած է Վանի մէջ գտնուող միջազգային լրատուամիջոցներուն մօտ: Ըստ կայքէջին, ամէն ինչ կը վերահսկուէր Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ: Արամ արք. Աթեշեան իր քարոզին մէջ հայերուն եւ թուրքերու միջեւ եղբայրութեան ու հաշտութեան կոչ ուղղած է:
Ըստ Քաթարի »Ժազիրա«ին, երկու հազար ուխտաւորներ ժամանած էին: Բրիտանական »Ռոյթըրզ« լրատու գործակալութեան համար, հայորդիներուն թիւը կը հասնէր հազարի: »Պի.Պի.Սի.«, երկու վայրկեան տեւողութիւն ունեցող յատուկ լսատեսողական պատրաստութեամբ մը, փոխանցեց, թէ հարիւրաւոր հայեր կը մասնակցին պատարագին, եւ թէ անոնց թիւը տեղական իշխանութեանց նախատեսածէն նուազ էր: Աւելին, լրագրողը Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն կը հաղորդէր, որ բազմաթիւ հայեր մերժած են ներկայ գտնուիլ Թուրքիոյ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ մերժելուն պատճառաւ:
Իսկ »Էսոշիէյթըտ ՓրԷս« երկու տարբեր լրատուութեան մէջ երկու տարբեր թիւեր փոխանցեց՝ սկիզբը հարիւրաւոր հայեր, ապա աւելի ուշ քանի մը հազար հայեր:
Պատարագը մատուցեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթեշեան: Ան ափսոսանք յայտնած է, որ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքը պատարագին չէ կրցած մասնակցիլ:
Ըստ »Ուըրլտպուլեթին«ի, Պոլսոյ Արամ Արք. Աթեշեան յայտնած է, որ »Այս եկեղեցին արուեստի արժէքաւոր գործ մըն է, անիկա մշակութային կոթող մըն է, որ ամբողջ մարդկութեան կը պատկանի: Այս առիթով կÿուզեմ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետութեան ու կառավարութեան՝ այս շինութիւնը վերանորոգելնուն եւ պաշտպանելնուն համար«:
Նշենք թէ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու (Էջմիածին, Մեծի Տանն Կիլիկիա եւ Երուսաղէմ) երեք հոգեւոր պետեր չմասնակցեցան այս պատարագին եւ ներկայացուցիչներ չուղարկեցին: Անոնք պաշտօնապէս մերժած էին Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթեշեանի հրաւէրը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, այս արարողութիւնը բնութագրած էր իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ վերապրողներու իրաւունքներու հետեւողական ուրացման եւ ժխտման քաղաքականութեան քողարկման փորձ: Ան յատուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնած էր, թէ պոյքոթի պիտի ենթարկէ Սեպտեմբեր 19-ի արարողութիւնը, յայտնելով.- »Փորձելով Եւրոպական Միութեան ու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին համոզել, որ Թուրքիան կը պահպանէ իր բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութիւնը, թրքական կառավարութիւնը վերականգնեց Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, սակայն իբրեւ եկեղեցի զայն պահպանելու փոխարէն վերածեց թանգարանի«:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նախապէս յայտարարած էր, որ բարձրաստիճան երկու հոգեւորականներ պիտի գործուղէ Աղթամար: Սակայն երբ թուրք կառավարութիւնը մերժած էր Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրելու իր խոստումը, Գարեգին վեհափառը, իր կարգին որոշած էր մասնկացութիւն չբերել:
Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական երրորդ աթոռը‘ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը, նախապէս յայտարարած էր, որ մտադիր է Աղթամար ուղարկել պատրիարքութեան կրօնական ժողովի ատենապետ եւ միջեկեղեցական ու արտաքին կապերու ղեկավար Արիս արք. Շիրվանեանը: Հետեւելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի որոշումին, ան եւս որոշած էր չմասնակցիլ արարողութեան Թուրքիոյ կողմէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչի տեղադրումը դրժելու պատճառով:
Նշենք թէ Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատին մէջ հաւաքուած տեղւոյն հասարակական կազմակերպութիւններուն անունով յայտարարութիւն կատարելով՝ Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Զահիր Քանտաշօղլու օրին յայտարարած էր, որ իրենք հիասթափուած են թրքական իշխանութիւններուն այն որոշումէն, թէ մինչեւ պատարագի օրը եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրել կարելի չէ: Ան կարեւոր նկատած էր պատարագի կատարումը թէ° Թուրքիոյ եւ թէ° Վանի նահանգին համար եւ աւելցուցած էր »Ինչո՞ւ նման դժուարութիւն ստեղծուեցաւ: Ինչո՞ւ խաչը չտեղադրուեցաւ…«, նշած էր նոյնինքն Քանտաշօղլու՝ աւելցնելով, որ Էջմիածինէն հայ հոգեւորականներու այցելութեան չեղեալ յայտարարութենէն ետք Վանի պանդոկներուն մէջ նախօրօք կատարուած որոշ ամրագրումները չեղեալ յայտարարուած էին:
ԲՈՂՈՔ ԵՒ ՑՈՅՑ՝
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ
ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ
ՇՈՒՐՋ
Միեւնոյն ժամանակ երբ Սուրբ Խաչի պատարագը կը կատարուէր, նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ պատարագ մատուցուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ Աղթամար կղզիի մէջ մատուցուող պատարագին դէմ: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Տեմոյեան ըսաւ թէ այսօր Հայաստանի տարբեր հատուածներուն մէջ երկու տարբեր նախաձեռնութիւն տեղի կÿունենայ, առաջինը՝ թրքական կառավարութեան կազմակերպած խեղկատակութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ բողոքի ցոյցն ու պատարագը: Ան աւելցուց թէ պատահականօրէն չըսէր՝ Հայաստանի տարբեր հատուածներուն մէջ, որովհետեւ տարբերութիւն չի դրուիր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արեւելեան Հայաստանի միջեւ: Ան լրագրողներուն յայտարարեց.- »Մշակութային ցեղասպանութիւնը Թուրքիայում շարունակական բնոյթ է կրում: Մշակութային յուշարձանների ոչնչացումը մեր օրերում վառ կերպով տեսանելի է ոչ միայն հայկական քրիստոնէական յուշարձանների օրինակով« այլ նաեւ՝ Անատոլիայի եւ թրքական զինուժի կողմից բռնազաւթուած հիւսիսային Կիպրոսի տարածքում գտնուող յունական յուշարձանների օրինակով: Առանց զարհուրանքի հնարաւոր չի նայել հիւսիսային Կիպրոսի բռնազաւթուած տարածքներում գտնուող պղծուած յուշարձանների լուսանկարները: Ոչնչացում« պղծում« այլափոխութիւն եւ վաճառք… Կարելի է հարցնել Թուրքիայի առաջնորդներին եւ հանդուրժողականութիւն քարոզողներին« թէ ինչո՞ւ նրանք այդքան սկզբունքային չեն« ասենք« օրինակ« Կարսում գտնուող կրկին 10-րդ դարի մի այլ յուշարձանի՝ Ս© Առաքելոցի վերակառուցման հարցում: Ներկայում Սուրբ Առաքելոց տաճարը վերածուել է մզկիթի: Վերջերս հայ ուխտաւորները փորձել են մոմեր վառել քրիստոնէական տաճարին կից« սակայն հանդիպել են տեղացիների յարձակողական վերաբերմունքին« ովքեր ծեծի են ենթարկելնրանց«: Միաժամանակ ան նաեւ յայտնեց, որ Անգարա կը փորձէ քարոզչութեան միջոցի վերածել Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնն ու հոգեւոր արժէքները, ինչ որ Հայաստան երբեք պիտի չընդունի:
Պատարագին եւ ցոյցին կը մասնակցէին քանի մը հազար հայորդիներ, հիմնականօրէն՝ երիտասարդներ, որոնք բռնած էին՝ »Թուրքիա°, կատարէ° քու միջազգային պարտականութիւններդ« եւ »Մեզի մեր եկեղեցին իբրեւ պարտք մի° տաք« բովանդակութեամբ պաստառներ:
*
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, սոյն պատարագին առթիւ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, յայտարարեց որ »…Հարցը այն է, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերականգնելով զայն թանգարանի վերածելը եւ այսօրուան պատարագը եկեղեցիին մէջ՝ ընդամէնը պատարագ է թանգարանի մէջ մատուցուած«: Ան նաեւ ըսաւ, որ նոյնինքն այդ է հայկական կողմի դժգոհութեան պատճառը:
Մանոյեանի համաձայն, եկեղեցին պէտք է ամէն օր գործէ եւ ոչ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ուզէ: Ան նշեց, որ Անգարա այնպէս ըրաւ, որ խնդիրը վերածուեցաւ մեծ հարցի, թէ արդեօք եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ պիտի դրուի՞, թէ՞ ոչ:
Մանոյեան նաեւ անիմաստ բարբաջանք նկատեց այն, որ պատարագը Անգարայի բարի կամքի դրսեւորումն է Երեւանի նկատմամբ՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա պէտք է իր պարտաւորութիւնները կատարէ եւ ոչ թէ բարի կամք դրսեւորէ: