Վերջին շաբաթներուն, անգամ մը եւս մեր պատմական հողերը ուշադրութեան առարկայ դարձած էին հայորդիին համար: Արդարեւ, թուրք պետութիւնը կը հսկէ Վանի մօտ, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերաբացման աշխատանքները:
Այս առթիւ, նկատի ունենալով ստեղծուած պայմաններն ու դէպքերու իրադարձութիւնը, համոզուած ենք թէ պատահածը տօնական հանդիսութենէ աւելի մտահոգութիւն կը պատճառէ:
Բարեբախտաբար, հայութիւնը միասնականութեամբ, եկեղեցական բնագաւառէն մինչեւ քաղաքական – կուսակցական միջավայրը, այս պատարագին առնչութեամբ լուրջ մտահոգութիւններ կը յայտնէ: Բացայայտ իրողութիւն է, որ այս նախաձեռնութեան ճամբով, Թուրքիան՝ կը փորձէ միջազգային համայնքին ու հայ ժողովուրդին ներկայանալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի քօղով: Հետեւողական ձեւով, այդ պատմական շրջաններէն ներս, թուրք ղեկավարութիւններ փորձած են ամէն գնով ծածկել հայկական ներկայութիւնը,հարիւրաւոր եկեղեցիներ սրբապղծելով եւ վերածելով ոչ կրօնական հաստատութիւններու:
Ականատես կ°ըլլանք այս թրքական մութ խաղին եւ առ այդ հայկական կազմակերպութիւններ, մէկ առ մէկ հակադարձելով, հեռու կը մնան այս «զաւեշտ»էն:
Դժբախտաբար, հարցը հոս չէ աւարտած: Այլ, նաեւ Աղթամարէն կը փորձուի կամրջել Նիւ Եորք, ուր տեղւոյն թուրք հիւպատոսարանը, կազմակերպած է համոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 7-ին, մասնակցութեամբ հայեւթուրք արուեստագէտներու, որոնց կարգին պոլսահայ Շահան Արծրունիի:
Երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, նմանօրինակ նախաձեռնութիւն՝ կեղծ թուրք-հայ բարեկամութեան ձեռք երկարելու պատրուակ մըն է: Այսուամէնայնիւ, մենք, եւ ընդհանրապէս այլ հայկական կազմակերպութիւններ, նմանօրինակ ձեռնարկներ կը նկատենք կեղծիք: Յստակ է թէ թուրք պետութիւնը, կը փորձէ համոզել եւ բարի-դրացիութեան աղաւնիներ «որսալ», առանց որեւէ զիչում կատարելու, իր անցեալի եւ ներկայի ուրացման քաղաքականութիւնը շարունակելով, յաչս անարդարութեան:
Կոչ կ°ընենք ամերիկահայութեան, որպէսզի տեղի չտայ եւ զօրակցելով հայ դատի պահանջատիրութեան, մասնակցութիւն չբերէ այս Հոկտեմբեր 7-ի ձեռնարկին:
Ռ.Ա.Կ.
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջ. Վարչութիւն
Հ.Յ.Դ.
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդր. Կոմիտէ