Արուեստն ու մշակոյթը կը մնան այն բնագաւառները, ուր տարբեր ազգերու սովորութիւններ, իւրայատկութիւններ, մտածելակերպեր եւ երանգներ իրար շաղուելով կը ստեղծեն եզակի եւ ներդաշնակ գործ մը:
Այս գծով անտեղի, անհիմն եւ անհեթեթ է վիճաբանութեան դուռ բանալ, հակաճառելով կամ տարակարծիք արտայայտութիւններ կատարելով եւ բաղդատելով քաղաքականութիւնն ու արուեստը:
Նոյնիսկ կարելի չէ ռազմադաշտերէ եւ պատերազմական իրավիճակէ հեռու, քաղաքական բնոյթ ունեցող կլոր-սեղաններու հետ բաղդատել մշակոյթն ու արուեստը:
Սահման հասկացողութիւնը բոլորովին տարբեր է երկու բնագաւառներէն ներս: Աշխարհաքաղաքականութեան մէջ սահմաններն են, որոնք կը բաժնեն երկիրներն ու անոնց բնակիչները, մինչդեռ արուեստի պարագային սահման գոյութիւն չունի…անսահման է: Երեւոյթ մը սակայն, որ կրնայ յոյժ դիւրութեամբ դուրս գալ վերոյիշեալ հաստատումներէն ու իյնալ ծուղակին մէջ:
Տարբեր մեկնակէտ օգտագործելով, այլ ետին գաղափարներ եւ մութ հաշիւներ առջեւ հրելով կարելի է արուեստն ու մշակոյթը գործածել իբրեւ վարագոյր: Օրին, ազերիներ փորձեցին ամէն տեսակի խեղաթիւրումներ կատարելով, սեփականացնել եւ Ատրպէյճանի երաժշտական ազգային գործիքը նկատել…մեր հայրենի ծիրանափողը՝ տուտուկը: Բնականաբար, այդ սուտ ու բութ խեղաթիւրումներն ու ծաւալողապաշտ քաղաքականութիւնը մշակոյթի աշխարհէն ներս…ի դերեւ դուրս եկան:
Պահելով հանդերձ տուտուկին հայկականութիւնը, հայ արուեստագէտներ, գիտակցելով մշակոյթի «անսահման» սահմաններուն, գործակցեցան թշնամի արուեստագէտներու հետ… սակայն միշտ ալ հեռու մնալով քաղաքական բնոյթ ունեցող լուսարձակներէ եւ ձեռնարկներէ:
Հոկտեմբեր 7, 2010-ին, Նիւ Եորքի հանրահռչակ «Քարնէկի Հոլ»ի մէջ կատարուելիք հայեւթուրք արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, կազմակերպուած համոյթին պարագան տարբեր է եւ ունի լուրջ քաղաքական բնոյթ: Արդարեւ, Աղթամարի մէջ կատարուած հայազուրկ եւ խաչազուրկ պատարագին առթիւ համոյթ մըն է կազմակերպուած, այս մշակութային երեկոն: Ապա, Ա.Մ.Ն.-ի մեծագոյն քաղաքի՝ Նիւ Եորքի Թուրքիոյ հիւպատոսարանն է որ կը կազմակերպէ այս ձեռնարկը, կամուրջ մը ստեղծելով…Աղթամարէն մինչեւ «Քարնէկի Հոլ», անցնելով Պոլիսէն:
Ստեղծուած դիւրաբեկ կամուրջը ազգասիրաբար յերիւրածոյ տեղեկութիւններու եւ մութ ճանապարհներու վրայ հիմնուած է, իսկ…մեր հոգւոյն ծննդավայրը՝ «Եկեղեցին հայկական…դէպի երկինք բարձրացող՝ գաղտնի ճամբայ մը ունի» (խօսք Վահան Թէքէեանի), որուն հազարաւոր փաստերէն մէկն է Աղթամարի խաչազրկեալ սուրբ տաճարը:
«Հայրենիք»
Պոսթըն, Սեպտեմբեր 23, 2010