ՊՈՍԹԸՆԻ ՔԵՐՄԷՍԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 19 Second

Լուսանկարներ՝ Մ. Մենծոյեանի

Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի 35ամեակին առթիւ, Սեպտեմբեր 11  12, 2010ին մեծ յաջողութեամբ, տեղի ունեցաւ քերմէսը: Արդարեւ, երկու օրուայ ընթացքին, աւելի քան չորս հազար այցելողներ ժամանեցին քերմէսին վայրը, որ կեդրոնին պատկանող կառատան շրջափակէն ներս կատարուեցաւ:

Այս առթիւ կեդրոնն ու կառատունը բաժնող ճամբան փակուած էր եւ ինքնաշարժներու փոխարէն, հոծ բազմութիւն մը կը վայելէր այս յաջող ձեռնարկն ու կը ճաշակէր համադամ ճաշերը:

Գեղարուեստական յայտագիրն ալ նոյնքան յաջող էր, որքան տարբեր տարիքի համար տեղադրուած խաղերն ու մրցանքները: Շաբաթ օրուայ երգիչն էր Արմէնչիկը, որ մինչեւ երեկոյեան ժամը 11:00, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Կիրակի օր, ելոյթ ունեցաւ Ճոն Պէրպէրեան, իր խումբին հետ, ընկերակցութեամբ Օննիկ Տինքճեանի:

Սոյն երկու ելոյթներուն ընթացքին, նաեւ ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի »Արեւ« խումբը:

Այս ձեռնարկով, 35ամեակի սեմին, Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի անդամները ցոյց տուին իրենց նուիրումն ու անաչառ աշխատանքը: Ի վերջոյ 35 տարիներ շարունակ, հայապահպանման եւ կրթական գործը, այս կեդրոնի գործունէութեան առանցքն էր, պահպանելու համար, տեղւոյն գաղութի հայկականութիւնը՝ սկսելով մեսրոպաշունչ լեզուի պահպանումէն մինչեւ մշակոյթ, արուեստ եւ դաստիարակութիւն:

Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի ատենապետ Արա Նազարեան, անդրադառնալով այս շռնդալից յաջողութեան մասին ըսաւ. »Մեզի համար, սպասուածէն աւելի էր արձանագրուած յաջողութիւնը: Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի մէջ առաջին անգամն է որ այսպիսի ձեռնարկ կը կազմակերպենք: Վստահ  եղէ’ք, որ տարեկան դրութեամբ պիտի կրկնենք«:

Քերմէսին արձանագրուած այս փայլուն պատկերը, անցեալի սերունդի մը փոխանցած փոցավառ ջահն է ապառնիին՝ նոր սերունդին: Հայութեան եւ հայոց պատմութեան արմատներուն կառչած մնալու արդիւնքն է այս ձեռնարկի յաջողութիւնը եւ վերջապէս հայրենի մտածելակերպի եւ աշխատանքի արգասիքն էր այդ շաբաթավերջի ստեղծուած պատկերը:

Կարելի չէ նշել, այդ նուիրեալ հայորդիներու անունները: Շարքը երկար է եւ անծայրածիր:

Երջանիկ էին բոլորը…նաեւ երջանիկ էինք բոլորս:

Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՊՈՍԹԸՆԻ ՔԵՐՄԷՍԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ

  1. I congratulate ACEC Executive Board for their efforts in bringing the Boston Armenian
    community together and ** kudos ** to our AYF team who worked diligently for the
    success of the 1st Kermesse in Boston – delicious food prepared and served by
    ARS ladies and volunteers from all organizations… I commend Dr Michael Mensoian
    for the pics presented in this press release

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles