Աստ եւ անդ հանդիսատեսի թափառող միտքեր՝ ուրիշներու հետ եւ մեր մասին․- Ի՞ՆՉ ԿԸ ՓԱՍՏԵՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԻՐԱՒՈ՞ՒՆՔ, ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱՆՈՆՑ ՀԱԿԱՌԱԿԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 30 Second

Յ. Պալեան

Ընտրութիւնները խեղկատակութիւններ են, որոնք կ’օգտագործեն մեծ բառեր. ժողովրդավարութիւն, ժողովուրդ, ազգ, հանրապետութիւն, ինքնիշխանութիւն, բայց վատ կը թաքցնեն կառավարողներու շնականութիւնը, անոնց համար կարեւոր է հաստատել եւ պահել բռնատիրութիւն մը, որ ծնունդ կու տայ միատարածք մարդու մը,- սպառող, օտարուած եւ տխմարացած,- ինչ որ երբեք չէ կրցած ընել մենիշխանութիւնը:

Միշէլ Օնֆրէ, ժամանակակից ֆրանսացի իմաստասէր

 

            Աշխարհի բոլոր երկիրները, ժողովրդավարական թէ բռնատիրական, ընտրութիւններ կը կազմակերպեն, իշխանութիւններուն շնորհելու համար ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան ամբոխահաճական (պոպուլիստական) բարենիշ:

            Եթէ առանց կողմնակալութեան եւ իրատեսութեամբ դիտենք շեփորուած արդիւնքները, մենք մեզ կը գտնենք հարցականներու առջեւ: Ընտրուա՞ծ են ճիշդ մարդիկը, ընտրողը իրապէս արժեցուցա՞ծ է իր ընտրողի մենաշնորհը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար գործիք չէ՞ եղած, չէ՞ շահագործուած: Իշխանութեան լծակները ունեցողը եւ հաղորդակցական միջոցները (մետիա) հակակշռողը չե՞ն արգելակեր ընտրողի ազատ կողմնորոշումը, խաթարելով նոյնինքն ժողովրդավարութեան ոգին:

            Միշէլ Օնֆրէ, ֆրանսացի ժամանակակից իմաստասէրը,  իրաւացիօրէն կը նշէ, որ ընտրութիւնները կը նախորդուին ցուցադրութիւններով, շաու-ներով, ինք կ’ըսէ՝ խեղկատակութիւն: Բառերն ալ արժեզրկուած են: Նոյն բառերով տարբեր բաներ կ’ըսեն: Կը յիշե՞նք, թէ ինչպէս կը կոչուէին Արեւելեան Եւրոպայի միակուսակցական վարչաձեւերը, կ’ըսէին՝ ժողովրդական ժողովրդավարութիւն (démocratie populaire) երբ իշխանութիւնը միակուսակցական էր եւ իշխողը՝ կուսակցութեան առաջին քարտուղարը: Նոյնիսկ որպէս ժողովրդավարութիւն ընդունուած վարչակարգերու պարագային, ամբոխավարութեամբ-ամբոխահաճութեամբ կը չարաշահուին յաճախ իրենց իմաստէն դատարկուած յղացքները եւ զանգուածներու կրաւորականութիւնը: Համակարգերը այնպէս են, որ այդ չարաշահումն ալ կը համարուի ժողովրդավարութիւն:

            Քուէատէր քաղաքացին քաղաքացիական իր իրաւունքը ինք պէտք է յարգէ: Կը յարգէ՞: Թոյլ կու տա՞ն որ յարգէ: Իշխողները եւ իրենց հակադրուող իշխանութեան տիրանալու համար պայքարողները կ’արգելակեն քուէատէրին ազատ եւ անկաշկանդ ընտրելու իրաւունքը, եթէ անաչառութեամբ դիտենք եւ գնահատենք բոլոր մակարդակներու քուէարկութիւնները:

            Դժբախտաբար ժողովրդավարութիւնը կը չարաշահուի, քանի որ կը միջամտէ Հռոմի քահանայապետերէն մէկուն, Պիոս ԺԱ-ի բանաձեւումով, «Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը»: Գիտենք: Տնտեսագիտութեան կամ Պատմութեան բանիմաց ուսուցիչը, կրնա՞յ երկրի մը նախագահ ըլլալ, եթէ չունենայ խմբակային նեցուկ եւ անոր ընձեռած դրամական միջոցները, կամ ինք տիրապետէ այդ միջոցներուն: Բայց ժողովուրդը միշտ կ’ունենայ այն ինքնախաբէութիւնը, որ արտայայտած է իր կամքը, ինք ընտրութիւն կատարած է, երբ թեկնածուին բարեմասնութիւններու եւ կարողութիւններու մասին անդադար կը խօսուի եւ «գլուխները լեցուին», քուէատէրը կը դադրի ինքնուրոյն մտածելէ եւ դատելէ: Երբեմն ալ, միշտ ամբոխավարական նկատումներով, աւելի ճիշդ է ըսել՝ հանրային կարծիքը մոլորեցնելու հաշիւներով, խոստումներ կ’ըլլան: Կամ կ’ընտրեն նաեւ համեստներ, ցոյց տալու համար, որ իշխանութիւնը ժողովուրդին կը տրուի, երբ այդ համեստները ոչ մէկ ձեւով կրնան արդարացնել իրենց դիրքը եւ ազդել դէպքերու ընթացքին վրայ: Անոնք կը ծառայեն ծափահարելու եւ «տիրոջ ձայնը կրկնելու»:

            Ի հարկէ կայ նաեւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքը սիրաշահելու, կամ մոլորեցնելու պարագան: Մին միւսէն որակական կերպով հեռու չէ եղած միշտ: Ասոր համար կ’օգտագործուին քարոզչական միջոցներ, լրատուամիջոցներ եւ նոյն  նպատակով կազմակերպուած հանդիսութիւններ, ըստ շահերու՝ սրսկելու համար տեղեկութիւնները: Ծանուցումի ընկերութիւններ հաւաքականութիւններու հոգեբանութեան եւ ընտրանքին վրայ ազդելու համար գիտական միջոցներ կ’օգտագործեն, ուղղութիւն կու տան, կը ստեղծեն ցնորքի կամ լաւատեսութեան հոգեվիճակներ: Կամ՝ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով կը տանին «սեւացրէ՛ք»ի քարոզչական աշխատանք:

            Այս խաղը սովորական է ընկերային ներկայացուցչութեան եւ քաղաքականութեան բոլոր մակարդակներուն: Ո՞վ չի գիտեր, որ կ’օգտագործուին ՊԱՏԿԵՐԸ-ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸը, որմազդները, հեռատեսիլի պատուհանը, եւ ուսումնասիրուած ՏՊԱՒՈՐՈՂ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐը, որոնք կը պատրաստուին լիաբուռն վճարուող յատուկ մասնագիտական գրասենեակներու կողմէ: Կառավարողները եւ անոնց հակադրուողները, կարելի բոլոր միջոցնրով, կը ձգտին իշխանութեան տիրանալ եւ իշխանութիւնը պահել: Այդ ընելու համար պէտք է որ «սիրաշահին» քուէատէրերը: Միշէլ Օնֆրէ կը խօսի իշխանութեան շնականութեան,- ցինիզմի, cynisme,- մասին: Ինչո՞ւ քաղաքական հանրաժողովի մը ելոյթ պիտի ունենայ յայտնի երգիչ մը եւ խանդավառութիւն ստեղծէ մէկ կամ միւս թեկածուին համար: Խոստումներ, շաու, (show) կը ծառայեն ընդարմացնելու քաղաքացիին դատողութիւնը: Ո՞ւր կը մնայ ընտրողին ժողովրդավարական իրաւունքը:

            Ժողովրդավարութիւնը կ’այլասերի քաղաքական փառասիրութիւններու ճնշման տակ, ժողովուրդի բարօրութիւն, ազատութիւններ, գաղափարներ, կարողութիւններ եւ արժէքներ ստուերի մէջ կը մնան: Հայերէնի մէջ մուտք գործած է տառադարձուած մանիպուլացիա բառը, որ, ինչպէս կ’ըսէ Միշէլ Օնֆրէ կը տխմարացնէ քաղաքացին, եւ ան ճիշդ ընտրութիւն կատարելու անատակ կը դառնայ:

            Այս բացասականութեան դէմ պէտք է պայքարի քաղաքական փառասիրութիւններ չունեցող իմաստուն մտաւորականութիւնը եւ քաղաքացի զանգուածը ինք ալ ողջախոհութեամբ պէտք է լսէ, եւ մանաւանդ՝ հակազդէ, անդրադառնայ, որ ինք գործիք չէ եւ այդ փաստով ցոյց տայ: Այս առանց կողմնապաշտական ախտի իրաւ քաղաքականացում է, որ կը նշանակէ տէր ըլլալ իրաւունք-քուէին:

            Դառն եւ իմաստուն գնահատումներ եղած են, բայց ամբոխահաճական-ամբոխավարական կարգախօսները միշտ ալ մթագնած են մտածելու իրաւ ազատութիւնը: Ամերիկացի Պէնժամէն Ֆրանքլէնի խօսքի մասին պէտք է մտածէ ամէն քաղաքացի, խուսափելու համար ուղեղալուացքէ. «Ժողովրդավարութիւնը ճաշը ի՞նչ պիտի ըլլայ հարցով քուէարկող երկու գայլի եւ ոչխարի մը խաղ է: Ազատութիւնը լաւ զինուած ոչխար մըն է, որ կասկածի կ’ենթարկէ  ընտրութեան արդիւնքը»:

Այսինքն, իրաւ ժողովրդավարութիւնը կը կենսագործուի պարտադրուած միտքերու եւ գաղափարներու ո՛չ ըսելով, որ մեկնակէտն է սեփական կարծիքի եւ ազատութեան, ընդդէմ ճնշումներու եւ թութակաբանութիւններու, որ կ’երաշխաւորէ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը: Անցեալ դարու մեծ մտաւորական գերմանացի Շարլ Պուքովսքի կացութիւնը կը բնորոշէ բրտութեամբ, որպէսզի քաղաքացին տէր ըլլայ եւ մնայ իր ազատութեան եւ իրաւունքին: Ըսած է. «Ժողովրդավարութեան եւ մենիշխանութեան միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ ժողովրդավարութեան մէջ կը քուէրակես առանց նախապէս հրահանգներու հնազանդելու, մենիշխանութեան պարագային քուէարկելով ժամավաճառ չես ըլլար»:

            Այս միտքերը կը յուշեն այն ողջախոհութիւնը, որ ժողովրդավարութիւնը քարացած վիճակ մը չէ, վերջնական ճշմարտութիւն եւ յաղթանակ չէ, այլ զայն պէտք է կենսագործել անհատաբար, հաւաքաբար եւ մնայուն ճիգով, առանց այս կամ այն միջոցներով իրականացուող ազդեցութեան տակ գործիք դառնալու: Միշտ պէտք է վերադառնալ անկախ մտածող եւ ազատ մտաւորականութեան լուսաւորողի դերին, տրամագծօրէն հակառակ «տիրոջ ձայնը» կրկնելու հոգեկան աղքատութենէն:

            Յաճախ կը մտածեմ, որ մենիշխանութեան տիրապետութեան տակ, երբ խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը ճնշուի, մարդիկ հոգեպէս աւելի ազատ եւ ինքնուրոյն կ’ըլլան, քանի որ ներքնապէս կը պահեն յոյսը, ո՛չ ըսելու ցանկութիւնը:

            Իսկ ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, ան տեւաբար ծնունդ կու տայ հակասութիւններու եւ հակադրութիւններու: Անգլիոյ մեծ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ այս մասին յոռետեսական իրատեսութեամբ ըսած է, որ «ժողովրդավարութիւնը վատ համակարգ մըն է, բայց ան նուազագոյն վատն է բոլոր համակարգերուն»: Կը նշանակէ, որ ժողովրդավարութիւնը երբեք վերջնական յաղթանակ չէ, պէտք է խստաբիբ կերպով հսկել անոր կենսագործման, միշտ պահելով այլախոհական յանդգնութիւնը, ո՛չ ըսելու առաքինութիւնը, որպէսզի աճպարարներ խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը չվերածեն, Միշէլ Օնֆրէյի գործածած բիրտ բառով՝ խեղկատակութեան: Իւրաքանչիւր քաղաքացի պատասխանատու է ճշմարիտ ժողովրդավարութեան, որ իրմով գոյութիւն ունի, ոչ պարտադրանքով եւ ոչ թելադրութեամբ:

            Այսինքն, դպրոցներէն սկսեալ, մինչեւ աշխատատեղի, եւ թոշակառուի վիճակ, առանց շահակցութիւններու եւ հաճոյակատարութիւններու, կրաւորական չըլլալով, տէր պէտք է մնալ ժողովրդավարութեան եւ անոր ընձեռած իրաւունքներուն:

            Ուր որ ալ գտնուինք, ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք, անզիջում պայքար պէտք է մղել ժողովրդավարութեան, անոր հունով խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան, եւ ամէն կարգի ղեկավարներուն վստահութիւն յայտնել՝ անխարդախ ժողովրդավարութեան իրականացման առարկայականութեան հիման վրայ:

            Գաղափարական պայքարները չեն կրնար իրականանալ առանց ճշմարիտ ժողովրդավարութեան, ղեկավարութիւն մը, որ ճապկումներով կը շրջանցէ իրաւ ժողովրդավարութիւնը, չարիք է, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ, ուր որ ալ գտնուինք, ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք:

            Եւ ընկերային ու քաղաքական կեանքը կ’ըլլայ աւելի լուսաւոր, յուսատու եւ արդար, քանի որ քաղաքացին կը յարգէ ինքզինք եւ իրեն հաւասար՝ միւսը:

            Հայրենիք մը ուր ժողովրդավարութիւն չկայ, անոր ժողովուրդը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր ներքին միութիւնը, կը դադրի տէր ըլլալէ իր ճակատագրին եւ ապագային, այսինքն՝ ազգը կը վերածուի ամբոխի:

            Ի՞նչ ապագայ կ’ունենայ Միշէլ Օնֆրէյի նկարագրած «սպառող, օտարուած եւ տխմարացած» մարդը: Հարցում էր:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles