Խ. Տէր Ղուկասեան
Ուքրանիոյ մասին լոյս տեսած յօդուածներուն մէջ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 13 Յունիս 2022-ի համարի մէջ Լինտա Քինսթլէրի «Ո՞վ պիտի յիշէ Ուքրայինայի սարսափները» (Linda Kinstler, “Who Will Remember the Horrors of Ukraine?”, The New York Times, June 13, 2022) գրութիւնը ուշադրութեան արժանի է: Կը վերաբերի Քիեւի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Պապին Եար ձորին, ուր 1941-1943 թուականներուն Նացիները նետած են մօտ հարիւր հազար հրեաներու, Ռոմաներու, ուքրայինացի քաղաքական բանտարկեալներու, խորհրդային բանակի ռազմագերիներու եւ հոգեկան հիւանդներու դիակները: Խորհրդային բանակը 1943-ին տիրապետեց տարածաշրջանին եւ ձորը լեցուց հողով, որով եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի Ողջակիզման ամենամեծ գերեզմաննոցներէն մէկը սրբուեցաւ քարտէսին վրայ: Անցնող վեց տարիներուն, խումբ մը պատմաբաններ կ’աշխատէին Պապին Եար-ի յիշողութիւնը վերակազմել: Նպատակ կար տեղւոյն վրայ կառուցելու շարք մը յուշակոթողներ: Պատերազմին պատճառով ծրագիրը կանգ առած է: Պապին Եար-ը կրկին ռուսական հրետանիին թիրախ է:
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին խորհրդային բանակին յառաջխաղացքը Եւրոպան Նացիներու լուծէն ազատագրելու նպատակով էր: Այդ օրերուն, խորհրդային կողմը նախաձեռնող եղաւ աշխարհին բացայայտելու Պապին Եար-ի սարսափը: Արձանագրեցին, փաստագրեցին ամէն ինչ որ կրցան, իրենք հրաւիրեցին ամերիկացի լրագրողներու եւ խորհրդային հրէայ իրաւագէտ Աարոն Թրէյնին է որ առաջարկած է Նացիներուն դատել «խաղաղութեան դէմ ոճիր»ի ամբաստանութեան հիման վրայ, կը գրէ յօդուածին հեղինակը: «Յետոյ, դատական գործընթացներու աւարտին, խորհրդայինները թաղեցին ամէն ինչ որ պատահած էր Պապին Եար-ի մէջ, թաղեցին՝ բառացիօրէն եւ պատկերաւոր/խորհրդանշական: համահարթեցին վայրը եւ արգիլեցին այցելութիւններն ու համախմբումները, որոնք «խորհրդային» ինքնութեան կերտումը ըստ երեւոյթին, կը խանգարէին: 1968-ին սկսաւ պատկերասփիւռի կայանի աշտարակին կառուցումը: Աշտարակը պիտի վերածուէր Ուքրանիոյ ամենաբարձր կառոյցին:» Խորհրդային ժամանակներուն, հետեւաբար, Պապին Եար-ը մոռացութեան մատնելու յստակ քաղաքականութիւն մը առաջ տարուեցաւ: Յուշակոթողներու ծրագրին մաս կը կազմէր նաեւ «Խորհրդային մոռացման թանգարան»ի մը կառուցումը փաստագրելու համար այդ մոռացման քաղաքականութիւնը:
Քինսթլէր, պարզ է, չհամակրիր Ռուսիոյ: Շնականութիւն կը նկատէ Փութինի տուած պատճառաբանութիւնը, որուն համաձայն Ուքրանիա ներխուժման նպատակը երկրի «ապառազմականացումն ու ապանացիացում»ն է: Աւելի՛ն, ան հակամէտ է ուքրանական պնդումներուն որ ռուս զինուորները ցեղասպանութիւն կը գործեն նոյն այն վայրը որ իրենց մեծ հայրերը ցեղասպաններէ ազատագրեցին: Այդուհանդերձ, Քինսլթէր կը զգուշացնէ. «Երկվայրկեաններու հարց է ըսել որ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, բայց տասնամեաներ կը տեւէ մինչեւ որ կարելի ըլլայ այդ մէկը փաստել դատական ատեանի մը առաջ: Թէ Ուքրանիոյ պատերազմը ցեղասպանութիւն է թէ ոչ՝ բանավէճի նիւթ պիտի ըլլայ գալիք տարիներուն, նախ իրաւագէտներու ապա նաեւ պատմաբաններու կողմէ: Իւրաքանչիւրը իր մասնագիտական ոլորտի տրամաբանութիւնը պիտի գործածէ այդ ահաւոր հարցումին պատասխան մը տալու համար, եւ կրնան համաձայնութեան չհասնիլ:» Կը մնայ որ «Ցեղասպանութիւնը ժխտողականութեան ոճիր է: Ժողովրդային զանգուածային սպանդին չի վերաբերիր միայն, նոյն այդ ժողովրդի պատմութեան եւ մշակոյթի հետեւողական բնաջնջումն է, իր արխիւներուն ռմբահարումը, արուեստի գործերուն հրկիզումը: Ցեղասպանութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ որպէսզի զոհը զրկուի արդարութենէ: Կուլ կու տայ իրադարձութեան վկայութիւնը պատահարի պահուն իսկ, եւ յետոյ զօրաշարժի կ’ենթարկէ ամէն ինչ ի խնդիր ոճիրի ուրացման:»
Մեծապետական շնականութեան թէ աշխարհի անտարբերութեան մասին հայերս գիտենք ոչ միայն Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անոր յաջորդած ամբողջ յիսուն տարիներուն: Անոր վկան եղանք Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին եւ անկէ յետոյ: Այնպէս որ այսօր այդ մասին կարդալով թերեւս զարմանանք որ աշխարհը զարմանայ նման շնականութեան: Քինսթլէրի յօդուածը ուշադրութեան արժանի է տարբեր իմաստով, եւ թերեւս առաջին հերթին իր խորագրին համար: «Ո՞վ պիտի յիշէ Ուքրանիոյ սարսափները» չի կրնար չյիշեցնել այն միւս նախադասութիւնը՝ «ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերուն ոչնչացումը»: Այն տարբերութեամբ որ Ուքրանիոյ սարսափներուն մոռացման զգուշացման կարգով բանաձեւուած հարցումը կը վերաբերի ապագային, իսկ 1939-ին Հիթլէրի կողմէ արտասանուած նախադասութիւնը հռետորաբանական հարցում մըն էր հաստատելով որ մօտ քառորդ դար առաջ տեղի ունեցած հայերու բնաջնջումը արդէն ոչ ոք կը յիշէր, եւ ուրեմն կարելի էր նոյն մեթոտը կիրարկել Լեհաստանի մէջ եւ մնալ անպատիժ:
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն յետոյ հայոց ցեղասպանութեան (արդէն կարելի էր այդ յղացքը գործածել) մոռացման մասին Հիթլէրի վկայութիւնը իր կարգին մոռացման մատնուեցաւ: Առաջին «ժխտողականութեան ոճիր»ը, ուրեմն, Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնակի մոռացումն էր՝ նախ մոռացման հաստատումը նոր ցեղասպանութեան մը նախօրեակին, եւ ապա այդ հաստատման մոռացումը: Մէկ նախադասութիւն միայն, այդուհանդերձ հարկ եղաւ պատմագիտական ամբողջ ուսումնասիրութիւն մը որպէսզի անոր վաւերականութիւնը ի վերջոյ հաստատագրուի Գէորգ Պարտագճեանի հեղինակութեամբ Հիթլէրը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղեկագրին մէջ, որ Զօրեան Հիմնարկը անգլերէնով լոյս ընծայեց 1985-ին: Հետագային այն հայերէնի թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ Երեւանի մէջ երկու անգամ (1991, 2005), իսկ թրքերէն թարգմանութիւնը՝ 2006-ին, Պոլիս:
Այսօր արդէն Վահագն Տատրեան (German Responsibility in the Armenian Genocide. A
Review of German Complicity, Cambridge, MA: Blue Crane Books, 1996), Սթեֆան Իհրիկ (Stefan Ihrig, Ataturk in the Nazi Imagination, Cambridge, MA: The Bleknap Press of the Harvard University Press, 2014; Justifying Genocide. Germany and the Armenians from Bismarck to Hitler, Cambridge, MA: The Harvard University Press, 2016) եւ Տանիէլ Րաֆեքաս (Daniel Rafecas, Historia de la solución final. Una indagación de las etapas que llevaron al exterminio de los judíos europeos, Buenos Aires: siglo veintiuno editores, 2012) ցոյց տուած են թէ ոչ միայն կայսերական Գերմանիան առաջնային վկան եւ մեղսակիցը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ որ Նացիներուն համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղած է ամբողջ «ներշնչում» մը՝ ինչպէս կազմակերպելու եւ գործադրելու մարդկութեան դէմ ոճիրը, մոռացութեան մատնելու զայն, եւ ուրանալ:
Հիթլէրի նախադասութեան վաւերականութեան ուսումնասիրական փաստաթուղթը ի շարս է բոլոր այն աշխատանքներուն որ Զօրեանը, Հայ Դատի Յանձնախումբերը, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ, Հայագիտական ամպիոններ եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններ եւ ակադեմականներու եւ քաղաքական գործիչներու ամբողջ սերունդ մը նախաձեռնեցին Ցեղասպանութեան Յիսուներորդ Տարելիցի յաջորդած երկու տասնամեակներուն նպատակ ունենալով հայութեան դէմ գործադրուած ոճիրը դուրս բերելու մոռացումէ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համասփիւռքեան յանձնառութիւն մըն էր բոլոր մակարդակներով, անհաւասար պայքար մը տարածաշրջանային ուժ, ՆԱԹՕ-ի անդամ Ցեղասպան պետութեան դէմ: Պետականազուրկ համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութիւն մը, որ Սփիւռքն էր եւ է այսօր, յանձնառու իր ազգային ինքնութեան, զօրաշարժի ենթարկուած էր առանց հարցականի տակ դնելու այդ ժամանակ, նիւթական ներդրում եւ մինչեւ իսկ զոհեր պահանջած նախաձեռնութեան նպատակամղուածութիւնը՝ Հայ Դատը, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու արդարահատոյցը: Հաւաքական ինքնութեան համար գոյութենական հարց էր, եւ որպէս այդպիսին այլ հարցադրումներու կարիքն իսկ չկար: Եւ Սփիւռքը արձանագրեց ոչ թերագնահատելի յաջողութիւններ, որոնց շարքին ԱՄՆ-ի նախագահ Ճոզըֆ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլ 2021-ին կատարուած յայտարարութիւնը:
Այդ յայտարարութենէն մէկ տարի անց, 24 Ապրիլ 2022-ին, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Ցեղասպանութեան Յուշհամալիրի շրջափակին մէջ, պատասխանելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին լրագրողի հարցումին, կ’ըսէ թէ անշուշտ կան «կարմիր գիծեր», առանց զանոնք մանրամասնելու, կ’ընդունի որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը «կայացած փաստ է», սակայն անմիջապէս, քիչ մը կարծես ջղայնացած, լրագրողին կը դիմէ հռետորական հարցումով մը. «Ի՞նչ ենք շահել մենք», «ի՞նչ յաւելեալ արժէք տուաւ Հայաստանին», «ես արդիւնքները չտեսայ»: Կ’աւելցնէ թէ իրեն «չեն տպաւորած» ԱՄՆ-ի արտաքին օժանդակութեան պիւտճէէն Հայաստանին տրամադրուած գումարը, որ, պէտք է ենթադրել, այն «յաւելեալ արժէք»ն է որ Նախագահ Պայտընի Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի ապահովէր: Իր այդ հռետորական հարցումներու շարքով Սինանեան շատ հաւանաբար կը թիրախաւորէր ԱՄՆ-ի հայկական կազմակերպութիւնները, ի մասնաւորի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը որուն անցնող առնուազն չորս տասնամեակներու քաղաքական աշխատանքը այդ ուղղութեամբ արդիւնաւորուեցաւ Պայտընի յայտարարութեամբ: Սինանեան անոնցմէ երեւի կը սպասէր Ցեղասպանութեան ճանաչման «յաւելեալ արժէքացում»ը, շատ կոնկրետ՝ Հայաստանին տրամադրուելիք գումարի չափով -այլ հարց թէ ի՞նչ գումար էր որ Սփիւռքի Յանձնակատարը պիտի ուզէր նկատել «յաւելեալ արժէք» որ արդարացուցած ըլլայ ճանաչման որեւէ յայտարարութիւն…
Արդար ըլլալու համար պիտի ընդունիլ որ այսօր, ի տարբերութիւն 1970-1980-ականներու Հայ Դատի պահանջատիրութեան, Սփիւռքի մէջ եւս կայ Ցեղասպանութեան ճանաչման ամէն յայտարարութիւն նսեմացնելու, անոր «պիտանի»ութիւնը հարցականի տակ առնելու եթէ ոչ պարզ ու մէկին հեգնելու տրամադրուածութիւն: Ի մասնաւորի երբ, հաւանաբար առանց անդրադառնալու, անհեթեթ բաղդատական կը կատարուի Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան եւ անոր յաջորդած մինչեւ անմիջական ներկան հասնող ետընթացին ու պետական ապիկար քաղաքականութեամբ հայրենի հողը թիզ առ թիզ թշնամիին յանձնելու աղիտալի կացութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով առաջընթաց արձանագրած քայլերուն միջեւ: Խնդիրը հոս երկու հարցերը առանձին բայց զուգահեռ զարգացման ուղիներով ընկալելու քաղաքաքան մտածողութեան ձախաւերութիւնը չէ միայն: Հայ Դատը, իմա՛՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու արդարահատոյցը, Հայաստանի միջազգային քաղաքականութեան առընչելու սկզբնական ձախողութիւնն է, այսպէս կոչուած «Պետական մտածողութեան» եւ «Հայ Դատականութեան» ենթադրական անհամետեղելիութեան թակարդը, փոխանակ աշխարհաքաղաքական ամէն իրապաշտութիւն ընդունելով հանդերձ այդ երկուքի փոխ-կապակցութեան հայեցակարգի մը մասին մտածելու: Առանձին թեմա մը որուն պէտք է անդրադարձուի, կամ վերադարձ կատարուի քանի այդ մասին բազմիցս անդրադարձ եղած է: Հարցը հոս Սինանեանի գործածած «յաւելեալ արժէք»ի յղացքն է, խօսոյթը որուն ետին աւելին կայ քան ենթադրաբար «համոզիչ» պատկերաւորում մը կատարածի սրամտութեան:
Երբ Սինանեան այդ յայտարարութիւնները կ’ընէր, Մոնթէվիտէոյի մէջ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը որ, պատահաբար…, այդ օրերուն քաղաքին մէջ թրքական դեսպանատան բացումը կը կատարէր, իր դէմ ցոյցի ելած հայ համայնքի անդամներուն ուղղութեամբ ձեռքով Գորշ Գայլերու խորհրդանշանի ժեսթը ցոյց կու տար: Սփիւռքի Յանձնակատարը հաւանաբար տեղեակ չըլլար Ատլանտեանէն անդին ամբողջ համայնք մը, եւ, շնորհիւ ճիշդ այդ պահուն ցուցարարի մը կողմէ իր բջիջայինին վրայ արձանագրուած տեսարանի վիրալացման, շատ շուտով ամբողջ Սփիւռքը յուզած այդ պահուն մասին: Բայց թէկուզ եւ իմացած ըլլար երեւի անտեսէր եւ դարձեալ հարց տար Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէք»ին մասին: Չարամտութիւն չէ այս ենթադրութիւնը: ՀՀ կառավարութիւնը տեղեակ մնաց պատահածէն, բայց նախընտրեց անտեսել: Անոր մասին շատ անցողակի արտայայտուեցաւ միայն Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահը որ իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութենէն պատգամաւոր է: Ուրուկուայի կառավարութիւնը, զգոյշ իր երկրի քաղաքացիներու մէկ հատուածի, հայ համայնքի, զգայնութեան, աւելի պահանջատէր եղաւ Թուրքիայէն քան ՀՀ իշխանութիւնը: Հակառակ որ Ցեղասպանութեամբ հպարտացող Գորշ Գայլերու հայատեացութիւնը համայն հայութեան հանդէպ է: Նոյն այդ օրերուն, ՀՀ Յատուկ Յանձնառութիւններով Դեսպան Երուանդ Մարուքեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին իր մէկ հարցազրոյցի ժամանակ կ’ըսէր թէ այդ յարաբերութիւններու բարելաւումը կախում ունի թրքական կողմի «անկեղծութենէն»: Զարմանալի է որ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ իսկ նման պատասխանատւութիւն ստանձնած պետական անձնաւորութեան մը համար տակաւին կասկածի տակ կը դրուէր թրքական անկեղծութիւնը Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացման ատենին երեք բայց արդէն չորս պայմաններուն նկատմամբ, ներառեալ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարում:
Արդէն պատմութեան անցած այս պատահարին վերյիշումը «ջուր ծեծել»ու մտամարզանք չէ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը իր «յաւելեալ արժէք»ի «պիտանի»ութեան ընդմէջէն ընկալելու Սինանեանի անկեղծութիւնը մաս կը կազմէ պետական մտածողութեան մը, որ կամայ թէ ակամայ ուղորդուած է ազատ շուկայական առեւտրականութեան (ապ)արժեհամակարգով: Միեւնոյն տրամաբանութիւնն է որ ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնը հաւասարեցուցած է քուէներու հաշուարկին որով եւ մեծամասնականութեան «մանդատ»ային իրաւունք կը նկատէ հայրենի հողը թշնամիին տալը: Անոնք որոնք Հայ Դատի պահանջատիրութեան ամենալարուած տարիներուն գումար, ժամանակ, մարդուժ եւ կեանք նուիրեցին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին, չմտածեցին «յաւելեալ արժէք»ի առեւտրականական տրամաբանութեամբ եւ չգործեցին անոր հոգեմտաւոր տրամադրուածութեամբ: Աւելի՛ն, կասկած չունէին որ Ցեղասպանութեան եւ արդահատոյցի գոյախնդիրը Հայաստանի անկախացումով իր բնական հողին պիտի վերադառնար շատ… բնականաբար: Այդպէս չեղաւ, եւ այս գրութիւնը ՀՀ քաղաքական վերնախաւի հերթական ձախողութեան մասին չէ այնքան որքան զգաստութեան հրաւէր Սփիւռքին որ, կամայ թէ ակամայ, չտարուի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի «յաւելեալ արժէք»ազրկման որեւէ փորձութենէ, տէր կանգնի տասնամեակներու իր քաղաքական պայքարի ձեռքբերումներուն, իմանայ անոնց արժեւորման կենսական կարեւորութիւնը: Ոչ փառացս անցեալի սնապարծութեան համար, ոչ ալ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու արդարահատոյցը «սեփականաշնորհել»ու, այլ շատ աւելի կոնկրետ ճշմարտութեան մը գիտակցութեամբ:
Քինսթլէր իր վերոնշեալ յօդուածին մէջ կը զգուշացնէ թէ Պատմութիւնը կը վկայէ թէ ժխտողականութիւնը որքա՛ն արագ կրնայ ինքզինք պարտադրել: Այդ իսկ պատճառով, հակառակ պատերազմին եւ ռուսական հրետանիին, Պապին Եար-ի յուշակոթողներու կառուցման ծրագիրը կը մնայ կանգուն աւելի քան երբեք: Քինսթլէր հեղինակն է Եկուր այս ատեանը եւ լաց եղիր. Ինչպէ՞ս կ’աւարտի Ողջակիզումը (Come to This Court and Cry. How Holocaust Ends, New York: Bloomsbury Publishing, 2022) աշխատասիրութեան, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ յիշողութիւնն ու արդարութիւնը ներկայիս աշխարհով մէկ աշխուժացած ծայրայեղ ազգայնականութեան, պատմութեան վերատեսութեան եւ ժխտողականութեան սպառնալիքին դէմ յանդիման: Գրքին ենթախորագիրը, կը գրէ ան ներածականին մէջ, զգուշութեան հրաւէր մըն է թէ որքան դիւրաբեկ կրնան ըլլալ վերապրողներուն, այս պարագային՝ Ողջակիզման վերապրողներուն, վկայութիւնները, որոնք դատարանի մը մէջ դէմ յանդիման կու գան իրենց վաւերականութեան փաստը պահանջող հազարումէկ մարտահրաւէրներու: Այս մասին կը մէջբերէ Մարկ Նշանեանին՝ «Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն չէ որովհետեւ իրողութեան քանդումն իսկ է, քանդումը իրողութեան իմաստին, իրողութեան իրողականութեան:» Նշանեան կ’ըսէ Քինսթլէր ցեղասպանութեան ու ժխտողականութեան մասին տարիներ առաջ զգուշացուցած է, եւ այդ զգուշացումը իրեն ուղեցոյց է զգաստութեան հրաւիրելու որ չանտեսուի Ողջակիզման ժխտողականութեան առկայութիւնը:
Ամէն տարուայ Յունուարի 27-ին կը նշուի Ողջակիզման Միջազգային Յիշատակութեան Օրը: ՄԱԿ-ի որոշում է: Այս տարուայ թեման ժխտողականութեան դէմ զգաստութեան հրաւէրն էր: Այդ մասին նախաձեռնութիւններ եղան ամէն երկիրներուն մէջ ուր այդ թուականը կը յիշատակուի: Նշանեան եւ 1960-1980-ականներուն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման յառաջապահ բոլոր մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները այդ մասին արդէն զգուշացուցած էին որովհետեւ վկայ եղած էին թէ ինչպէս ՄԱԿ-ի մէջ վայրկեանական որոշումով մը 1973-ին Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի տեղեկագրին մէջ ջնջուեցաւ միջազգային միակ մէկ նախադասութեան վկայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Միայն 1985-ին վերադարձաւ այդ տողը տարիներու անթուլ պայքարէ յետոյ: Առանց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէք»ին մասին հարցում մը մտքէ իսկ անցնելու: Սփիւռքը այն ատեն իր օրակարգը ունէր: Չաւուշօղլու «Գորշ Գայլեր»-ու իր ժեսթով, ի պատասխան Մարուքեաններու, շատ անկեղծօրէն ցոյց տուաւ թէ որքա՛ն առկայ է Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը որպէս պետական քաղաքականութիւն: Եթէ օր մը Հայաստանի մէջ իշխանութեան գայ ուժ մը, որ Թուրքիոյ հետ անհրաժեշտ երկխօսութեան համար չմատնուի ոչ Թուրք-Հայկական Հաշտութեան Յանձնաժողովի ոչ ալ Փրոթոքոլներու փորձութեան՝ պիտի ողջունել նման երկխօսութեան համարձակութիւն, որով եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարն ու թերեւս մինչեւ իսկ արդահատոյցը հայեցակարգի վերածուելու կարելիութեան փաստը տուած կ’ըլլան: Մինչ այդ, թող Սինանեանները հաշուարկեն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւեքեալ արժէք»ը, եւ անտեսեն ժխտողականութիւնն ու թուրք Արտաքին Գործոց Նախարարի յանձնառութիւնը Գորշ Գայլական գաղափարախօսութեան: Սփիւռքին համար հարցը կը մնայ օրակարգի վրայ: Սփիւռքեա՛ն օրակարգի, որ դեռեւս պիտի բանաձեւել եւ համակարգել: