ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՇՆԱԿ ՆՈՒԱԳԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

1 0
Read Time:4 Minute, 6 Second

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Դաշնակի ուսուցիչ ըլլալով, յաճախ մտածած եմ ու հետաքրքրուած դաշնակահարութեան եւ ուղեղի աշխատանքի կապով։ Յաճախ խօսուած եւ գրուած է երաժշտութեան դրական՝ մինչեւ իսկ բժշկական յատկութիւններուն մասին։ Նոյնքան եւ թերեւս աւելի հետաքրքրական է երաշժտական գործիք մը նուագելու ընթացքին ուղեղի աշխատանքն ու այդ երկուքին մարդու հոգեկանին եւ մինչեւ իսկ ֆիզիքականին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը։

Այս բոլորը աւելի շեշտակի կերպով կ’արտացոլան դաշնակահարի մը մօտ, որովհետեւ դաշնակ նուագելը ուղեղի աւելի բարդ ու զարգացած աշխատանք կ’ենթադրէ, քան օրինակ ջութակ կամ սրինգ նուագելը։ Բացատրեմ. վերջիններուս համար երաժշտութիւնը կը գրուի հինգ  գիծերէ բաղկացած մէկ տողի վրայ եւ մէկ բանալիով՝ սոլի բանալիով (անգլերէնով Ճի բանալի), սակայն դաշնակահարին պարագային երաժշտութիւնը կը գրուի երկու տողերու վրայ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ ձեռքի համար եւ յաճախ երկու տարբեր բանալիներով սոլի բանալիով եւ ֆայի բանալիով (անգլերէնով Էֆ բանալի)։ Այլ խօսքով՝ նկատի ունենալով, որ երաժշտութիւնն ալ լեզու է եւ ունի իր քերականութիւնն ու տառերը, որոնք այս պարագային ձայնանիշերն են, դաշնակահարը մէկ նայուածքով կը կարդայ նոյն տառերը օգտագործող երկու տարբեր լեզուներ՝ օրինակ անգլերէն եւ ֆրանսերէն։

Ուղեղը աչքին մէկ նայուածքով նշմարած այդ երկու տեղեկութիւնները կը հասկնայ եւ ըստ այնմ դաշնակահարին երկու ձեռքերուն կ’ուղղէ երկու տարբեր, իրարմէ անկախ հրամաններ, որոնք ձեռքերը կը կիրարկեն։ Այդ կիրարկումը ականջի ճամբով կը վերադառնայ ուղեղին, որ ստացած ձայնին հիմամբ կը ստուգէ իր հրամաններուն ճիշդ կիրարկումը եւ հարկ ըլլալու պարագային կը սրբագրէ։

Հարցը շատ աւելի բարդ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք ուղեղին կողմէ իւրաքանչիւր ձեռքին  ուղղուած տարբեր հրամաններուն մանրամասնութիւնները՝ հինգ մատերէն ո՞ր մէկը ուր օգտագործել, եւ ստեղնաշարը ի՞նչպէս, ի՞նչ արագութեամբ եւ ի՞նչ տեւողութեամբ հարուածել։ Անշուշտ այս բոլոր աւելի հեզասահ կը դառնան, որքան աշակերտը իր դասերուն մէջ յառաջանայ։ Պահ մը հետեւեցէ՛ք սկսնակ աշակերտներուն կամ սկսէք դաշնակի դասեր առնել եւ պիտի տեսնէք, թէ սկզբնական շրջանին որքան դժուար է նոյնիսկ մէկ ձեռքով նուագել՝ աւելի ճիշդ քանի մը իրերայաջորդ ձայնանիշ հարուածել։ Նուագել սկսելու համար պէտք է սպասել, որ ուղեղը սկսկի ճիշդ հրամանները ուղել, իսկ ձեռքերը վարժուին ուղեղէն հասնող հրամաններուն թէ՛ ենթարկուիլ, թէ՛ ալ զանոնք ճշգրիտ կերպով կատարել։

Այս երեւոյթը բնականաբար չէ վրիպած գիտնականներու ուշադրութենէն եւ զանոնք մղած է այս ուղղութեամբ հետազoտութիւններ կատարելու։ Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով գիտական փաստեր ցոյց կու տան, թէ նուգարան մը, մասնաւորաբար դաշնակ նուագելը, մարդը աւելի խելացի, ուրախ եւ առողջ կը դարձնէ, կը նպաստէ ծրագրաւորման կարողութեան, լեզուական զարգացման, անձկութեան զգացումի մեղմացման, արթնութեան եւ նոյնիսկ յիշողութեան խթանման։ Այս բոլորը, սակայն, իմ կարծիքով բացարձակ ու վերջնական արդիւնքներ չեն. ես մեծ ժպիտով կարդացի յիշողութեան խթանման մասին կէտը, իսկ կողակիցս ու մտերիմներս զայն կարդալով վստահաբար պիտի չկարողանան խնթուքնին զսպել…։

Դաշնակի եւ ձայնամարզութեան 9-ամսեայ քանատական շաբաթական ուսոմնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ փոքր տարիքի մասնակիցներուն մտային կարողութիւնը (ԱյՔիու) բաղդատմամբ իրենց հասակակիցներուն շուրջ 3 կէտերով բարձրացած է։ Ուսումնասիրութիւնը կ’ամրապնդէ այն գաղափարը, թէ դաշնակ նուագելը կ’աշխատցնէ ուղեղին այն բաժինը, որ թուաբանութեան եւ բերանացի արտայայտութեան կը նպաստէ։ Թորոնթոյի համալսարանէն Կլեն Շելընպըրկ կը բացատրէ, թէ դաշնակ նուագելու ուսման բազմերես փորձառութիւնը, ինչպէս գոց սորվիլը, զգացումի արտայայտութիւնը, երաժշտութեան տեսութիւնը հասկնալը կրնայ մտային կարողութեան վրայ ազդեցութիւն ունենալ։

Իլինոյզի Նորթուեսթըրն  համալսարանի մէկ ուսումնասիրութիւնը յայտնաբերած է, որ դաշնակ նուագելը տարեց մարդոց համար ունի որոշ օգուտներ, որոնցմէ են յիշողութիւնն ու մտքի պայծառութիւնը։

Գիտնականները յայտնաբերած են, որ երաժշտութիւն կատարելը ուղեղի երկու կիսագունդերուն մէջ ուղեղային ուժեղ աշխատանք կը յառաջացնեն, ինչ որ կ’աճեցնէ այդ երկու կիսագունդերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կամուրջին՝ քորփուս քալլոսումին մէջ աշխատանքը։ Այդ մէկը կ’արտօնէ, որ պատգամները ուղեղին երկու կողմերուն միջեւ աւելի արագ եւ տարատեսակ ուղիներով անցնին։ Կը կարծուի, որ այս երեւոյթը երաժիշտներուն կ’արտօնէ  թէ՛ ակադեմական, թէ՛ ալ ընկերային կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներ աւելի ազդու եւ ստեղծագործ ձեւով լուծել։

Ամերիկեան Սթանֆըրտ համալսարանի ջղաբանութեան «Վու Ցայ» հիմնարկը (Wu Tsai Neuroscience Institute, Stanford University) կը հաղորդէ, որ Միւնիխի «Նիւրոկոլիշէ Քլինիք»-էն Պեռնհարտ Հասլինկըր եւ անոր գործընկերները 12 արհեստավարժ եւ 12 սկսնակ դաշնակահարներու ուղեղներու յատուկ մեքենայի մը (MRI) միջոցով կատարուած նկարները ուսումնասիրելով յայտնաբերած են, որ արհեստավարժ դաշնակահարները թէ՛ աւելի մեծ քորփուս քալլոսում ունին թէ՛ ալ ուղեղի երկու կիսագունդերուն միջեւ նուազ արգելքներ՝ ինչ որ զիրենք երկու ձեռքերով որոշ շարժումներու մէջ աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ։

Սթանֆըրտ համալսարանի վերոնշեալ հիմնարկը կը նշէ, որ երաժշտութեան ուսումը յաճախ փոքր տարիքէն կը սկսի, երբ ուղեղը աւելի կակուղ է, այսինքն անոր կապերը փոխուելու աւելի կարողութիւնն ունին՝ աւելցնելով, որ թերեւս քորփուս քալլոսումի չափին մեծնալը արհեստավարժերուն մօտ երկու ձեռքով բարդ շարժումներու համակարգման պատճառով է։ Սակայն կանուխ տարիքէն մարզումը հաւանաբար արհեստավարժ եւ սկսնակ դաշնակահարներու ուղեղներու տարբերութեան միակ ազդակը չէ, որովհետեւ երաժշտութեան կատարումը եւս կրնայ չափահասներու ուղեղներուն մէջ կառոյցային փոփոխութիւններ յառաջացնել։

Հիմնարկը կը յայտնէ, որ իւրաքանչիւր դաշնակահարի միջեւ եւս տարբերութիւն կայ, ինչ որ կրնայ վերագրուիլ  երկու ձեռքերու ոչ համաչափ շարժումներ սորվելու տարբեր ձեւերու. դաշնակահարներ կան, որոնք կրնան փորձ ընել իւրաքանչիւր ձեռքը միւսէն անջատ կերպով կամ սկիզբէն իսկ երկու ձեռքով փորձ ընել։ Այս երկու մարտավարութիւնները երկու ձեռքերով շարժումներու տեսութիւններուն մէջ մեծ վէճի նիւթ են. Երկու ձեռքերուն կողմէ օգտագործուող միացեալ շարժիչ ծրագիր մը գոյութիւն ո՞ւնի, թէ՞ գոյութիւն ունին երկու անջատ ծրագիրներ, որոնք միասնաբար կը գործեն եւ մէկ շարժում կը յառաջացնեն։

Ուստի դաշնակի համերգի մը կամ ձայնասկաւառակի մը յաջորդ ունկնդրութեան ընթացքին, թերեւս պէտք է յիշել, թէ ճկուն ու արագ մատներուն ետին մենակատարին ուղեղին մէջ բարդ հոլովոյթներ տեղի կ’ունենան։ Այդ մէկը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ, սակայն, անձնապէս կը նախընտրեմ երաժշտութիւնը վայելել։

 

Օգտագործուած աղբիւրներ neuroscience.stanford.edu, mozartproject.org, pianu.com եւ musicprof.com

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles