ԱՏԱՆԱՅԻ ՀԱՅԵՐԸ…ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՆՅԱՐԻՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒ՞Ն ՄԸ

0 0
Read Time:13 Minute, 28 Second

ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ*

Ստորեւ, սոյն գրութիւնը որ դասախօսութիւն մըն է, ներկայացուած անգլերէն լեզուով, Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանին մէջ, տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին, Նոյեմբեր 21-22, 2008ին: Համագումարը կը կրէր «Ատանայի եւ իր տարածքին ընկերային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագիրը եւ կազմակերպուած էր Հրանդ Տինք միջազգային հիմնարկին ու Պողազիչի համալսարանին կողմէ:
          ***

Պէյրութ եւ Հալէպ 1920-ական թուականներուն…
Այս երկու քաղաքներուն մէջ այդ տարիներուն հաստատուած էին գաղթականական քէմփեր, որոնց մէջ կ`ապրէին տասնեակ հազարաւոր հայեր, բացարձակ մեծամասնութեամբ ծագումով Ատանայի նահանգէն` Կիլիկիայէն: Հայ ժողովուրդի վերապրող հատուածն էր…: Կը բաւէ աչք մը նետել այդ տարիներու հայկական մամուլին վրայ եւ պիտի անդրադառնանք թէ հայ պատասխանատուներ, հայկական կազմակերպութիւններ ինչպիսի յոյսեր կապած էին վերապրող այս գաղթականութեան հետ. ձեւով մը այս հատուածն էր, որ պիտի ըլլար հայութեան վերածաղկումին երաշխիքը. այս գաղթականներն էին, որոնք պիտի ապացուցէին Ցեղասպանութեան ծրագրին ձախողութիւնը. այնտեղ հաստատուած որբանոցներու հազարաւոր երեխաներն էին, որոնք պիտի ըլլային վերածնուած հայութեան լաւագոյն խորհրդանիշները: Մէկ խօսքով գոյութիւն ունէր ամբողջ ռեթորիք մը, որ կապուած էր ազգային վերականգնումի գաղափարին հետ եւ որուն առարկան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ հայ գաղթականներն էին:
 Շարժումը շատ արագ կը զարգանայ եւ հետզհետէ կը սկսի նմանիլ «մշակութային յեղափոխութեան» մը: Փաստօրէն, այդ ժամանակներու հայ պատասխանատուներուն պահանջածը` անցեալի, օսմանեան անցեալին հետ բոլոր կապերուն խզումն էր. ստեղծումը, նոր կամ ինչպէս յաճախ կ`ըսուէր «մաքուր» հայուն, որ զուրկ պիտի ըլլար թրքական ամէն տեսակ «հետքերէն», «ազդեցութիւններէն»: Սուրիոյ եւ Լիբանանի նման երկիրներու մէջ շարժումը անշուշտ չէր կրնար վայելել պետական հաստատութիւններու աջակցութիւնը. հետեւաբար կը տարուէր մամուլի, կազմակերպութիւններու, եկեղեցիի ճամբով:
 Ճիշդ ի՞նչ էր առաջադրուածը:
 Առաջին հերթին կը պահանջուէր ամբողջական հրաժարումը թրքախօսութենէն: Պէտք էր հրաժարիլ նաեւ թրքերէն երգելէ ու նոյն լեզուով երգեր ունկնդրելէ: Անընդունելի կը համարուէր թրքական համարուած երաժշտական գործիքներու հայերու կողմէ օգտագործումը, ինչպէս էր պարագան ուտին, տէֆին տարպուքային: Մերժուած էր թրքերէնով աղօթելը ու հայատառ թրքերէն գրականութիւն օգտագործելը: Կ`առաջարկուէր հայացումը թրքերէն բառերով հայերու մականուններուն: Նոյն տարիներուն է, որ կը պահանջուէր հայերէն հրաժարիլ ֆէսէն: «արիւնաներկ ֆէսերը» վերնագիրը կրող այդ ժամանակներու թերթի մը խմբագրականին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը.- «Հայեր` որոնք տարիներով ու դարերով թրքական տաժանակիր լուծին տակ տառապեցան ու ի վերջոյ կոտորուեցան, տակաւին ինչպէս կը հանդուրժեն թրքութիւնը յիշեցնող կարմիր մնացորդի մը, որ «ֆէս» կը կոչուի»: Պարզ է որ այստեղ ֆէսին կարմիր գոյնը փոխաբերաբար կը նմանցուէր ջարդուած հայերու արեան գոյնին: 
 Բայց վերադառնանք ազգայնական այս ռեթորիքին առարկան եղող ժողովուրդին` Սուրիոյ ու Լիբանանի հայ գաղթականութեան: Ինչպէս տեսանք, անոնք մեծամասնութեամբ Ատանայի տարածքէն հայեր էին: Այս պարզապէս կը նշանակէր, որ անոնք իրենց մեծամասնութեամբ հակապատկերն էին այն հայու տիպարին, զօր հայ պատասխանատուներ կ`առաջադրէին ստեղծել ու տարածել գաղթական այս զանգուածին մէջ: Մեծամասնութեամբ թրքախօս էին ու` թրքերէն երգերու, շարքիներու ու արեւելեան քէֆի սեղանի երկրպագուներ. ասոնց վրայ կրնանք աւելցնել ատանացիներու նկատմամբ պոլսական քլիշէ գաղափարները, ինչպէս օրինակ ատանացիներուն թուլութիւնը դէպի օղին ու խաղամոլութիւնը: Մէկ խօսքով, այս բոլոր «թերութիւններուն» լոյսին տակ, կրնանք հասկնալ թէ ինչու հայ պատասխանատուներ այդ ժամանակներուն պարզապէս գայթակղալից կը համարէին քէմփերու մէջ գաղթականներուն վարած կենցաղը:
 Փաստօրէն, հայ ղեկավար դէմքերը գործ ունէին Ատանայի հայութեան իւրայատուկ տիպարին հետ. տիպար մը, որ պէտք է ըսել շատ մը գիծերով կը տարբերէր Օսմանեան կայսրութեան հայկական գաւառներու հայութեան տիպարէն: Տարօրինակ չէ որ օսմանեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ յետագային, նոյն այս հայերը այլ գաւառներու իրենց հայրենակիցներուն կողմէ արժանացած էին «ծպտեալ թուրքեր» մակդիրին: Մէկ խօսքով, լուրջ աշխատանք կը պահանջէր` ատանացի վերապրող հայերը «մտացածին համայնքին»ին («imagined community») բաղկացուցիչ կարեւոր տարրը դարձնելու:


  
  Ատանայի հայերուն նկատմամբ այս վերապահութիւնը, մանաւանդ հայ մտաւորական վերնախաւին կ’ողմէ արտայայտուած վերապահութիւնը, նկատելի է օսմանեան ժամանակաշրջանէն իսկ: Թէեւ ճիշդ է որ Պոլիսէն դիտուած` գաւառն ու գաւառացի հայը հայ գրականութեան ու արուեստին գլխաւոր առարկաներէն կը դառնան 19րդ դարու վերջերէն սկսեալ: Այսպէս օրինակ, «Մեհեան» թերթն ու Դանիէլ Վարուժանը կը փառաբանէին հայ շինականին կենցաղը, Կոմիտասը կը հաւաքէր ու կը մշակէր գաւառային երգերն ու երաժշտութիւնը, Պոլիս կը տպուէին գաւառի հայութեան կապուած էթնոկրաֆիք գործեր, իսկ հայ ֆետայիներուն նուիրուած երգերը խանդավառութեամբ կ`երգուէին օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ:
 Բայց Կիլիկիան, արդի Կիլիկիան անոնց ուշադրութենէն յաճախ դուրս կը մնար. պարզ այն պատճառով, որ հայ մտաւորականները չէին գտնէր այստեղ, այն ինչ որ կը փափաքէին տեսնել ու ապրիլ: Անշուշտ Ատանայի նահանգին մէջ կային բացառութիւն եղող վայրեր, ինչպէս Զէյթուն կամ Հաճըն գիւղաքաղաքները. բայց այս երկու վայրերուն պարագային աւելի շատ կարելի է ըսել, որ անոնք օրէնքը հաստատող բացառութիւններն են: Փաստօրէն, ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող խորհրդանիշներ որոնող հայ մտաւորականը, ընդհանրապէս յուսախաբ կը մնար Ատանայի թրքախօս հայութեան պարզած վիճակով: Այդ տարիներու պոլսահայ մամուլը աւելի շատ կը գրէ Ատանայի հայերու համայնքային հաստատութիւններու անկազմակերպ վիճակին մասին, այնտեղ տիրող յոռի բարքերու մասին. ալքոլամոլութիւնն ու խաղամոլութիւնը, ինչպէս կը գրէին անոնք: Նոյն այս վերապահութիւնը նկատելի է այնտեղ առաքուած յեղափոխական գործիչներուն կամ այնտեղ պաշտօնավարած կրօնական պատասխանատուներու մօտ: Տեսնենք այս մասին օրինակներու ընդմէջէն:
 1904 թուականին, Ատանայի թեմի Առաջնորդ կ`ընտրուի Մուշեղ Սերոբեան վարդապետը: «Պաշտօնս զիս փոխադրած է միջավայր մը, ուր ժողովուրդն ու ես օտար ենք իրարու բարքով, լեզուով, նկարագրով եւ համոզումներով», կը գրէ Մուշեղ վարդապետ իր օրագիրին մէջ, Ատանա հասնելէն քանի մը օր ետք: Ան ստիպուած էր այստեղ թրքերէն քարոզել, ու իր առաջին քարոզին պատրաստութեան առիթով կը գրէ. «Կարելի չէ երեւակայել, թէ որքան տառապեցայ այդ քարոզը պատրաստելու ջանքիս, ու մանաւանդ զայն խօսելու պաHուս: Նախ որ լեզուն չէի սիրէր, յետոյ կատաղութիւն մը կը զգայի հայ կոչուած ժողովուրդի մը թուրքերէն քարոզել ստիպուած ըլլալուս (…)»:
 Դարձեալ 1904 թուականին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ատանայի շրջան կը գործուղղէ իր հիմնադիր անդամներէն Սիմոն Զաւարեանը: Գրեթէ մէկ տարի տեւած այս տարածքին մէջ իր ընդհատակեայ գործունէութէան մասին Զաւարեան կը պատրաստէ երկար տեղեկագիր մը: Անոր եզրակացութէան միտք բանին այն էր, որ Կիլիկիան  երբեք ալ պատրաստ չէ յեղափոխութեան: Իսկ ինչու՞: Զաւարեան կը նշէ այստեղի հայ բնակչութեան միատառ չըլլալու փաստը: Բայց ասոր կողքին, իր եզրակացութիւնը հաստատող հիմնական պատճառ կը բերէ տեղացի հայերուն թրքախօսութիւնը, այլասերած բարքերը, յեղափոխական գիտակցութեան պակասը, բողոքական ու կաթողիկէ հայերու մեծ թիւը: Հետագային, կուսակցական ժողովին հարց կը տրուի Զաւարեանի թէ ինչու աւելի երկար չէր մնացած Ատանայի նահանգէն ներս: Ան կը պատասխանէ թէ ինք գլխաւոր թերութիւն մը ունէր, այն փաստն էր` որ ժողովուրդը գրեթէ ամէն տեղ թրքախօս էր, հետեւաբար ան չունէր ատանացիներուն հետ հասարակաց լեզու մը…
 
 Ահաւասիկ, այս նոյն նահանգին մէջ է, որ 1909ին տեղի կ`ունենայ Ատանայի հայոց ջարդը. քաղաքին ու մօտակայ գիւղերու ու գիւղաքաղաքներուն մէջ կը զոհուին մօտաւորապէս քսան հազար հայեր, կը քանդուին հայկական թաղամասեր, կը հրկիզուին մօտ երկու հարիւր հայկական գիւղեր:
 Հակասականութիւն մը չկա՞ր մէկ կ’ողմէ հայկական Ատանայի նկատմամբ հայկական վերնախաւին կեցուածքին եւ միւս կ’ողմէ 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Ատանան հակահայ առաջին ջարդերու բեմադրավայր ըլլալու փաստին միջեւ: Պատմաբաններ յաճախ կը կրկնեն, որ Ատանայի նահանգին մէջ տեղաբնիկ ժողովուրդներուն միջեւ տնտեսական ու ընկերային հակամարտութիւններն ու մրցակցութիւնները կարեւոր ազդակ մը եղած են 1909ի ջարդերուն մէջ: Ճիշդ է նաեւ որ ջարդերը տեղի կ`ունենան այնպիսի ժամանակի մը, երբ Ատանայի տարածքը կայսերական ախորժակներու առարկայ էր: Այստեղէն է որ պիտի անցնէր Պաղտատի երկաթուղագիծը, եւ այս պատճառով ալ Ատանան ու շրջակայքը սկսած էին նկատուիլ գերմանական ազդեցութեան գօտի: Բայց Ֆրանսան, որ նոյն ժամանակ կը փորձէր Միջերկրականը վերածել ֆրանսական ազդեցութեան աւազանի մը, նոյնպէս շահագրգռութիւններ ունէր Կիլիկիոյ ու մանաւանդ անոր ծովեզերեայ քաղաքներուն նկատմամբ:
 Իսկ իթթիհատը, իր մամուլին ու օրկաններուն ճամբով, ջարդերուն ամբողջ տեւողութեան փորձեց Ատանայի հայերը պատասխանատու համարել իրենց իսկ ջարդին: Այնպէս որ այստեղ հարց կրնայ ծագիլ թէ ճիշդ ի՞նչ էր իթթիհատի համար միլլեթի սատիքաէի (հաւատարիմ միլլէթի) հասկացողութիւնը: Կամ արդեօ՞ք արդէն իսկ 1909էն սկսեալ այս հասկացողութիւնը բոլորովին անտեսուած էր եւ իր տեղը զիջած էր ազգայնամոլական գաղափարախօսութեան:
 Բայց վերադառնանք հայկական կեցուածքին: Այս աղէտը արմատապէս կը փոխէ Ատանայի հայութեան նկատմամբ մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող ընկալումը` հայ մտաւորականութեան կ’ողմէ: Փաստօրէն, հայ վերնախաւին համար, իր կենցաղով անշուք եւ անհրապոյր Ատանան յանկարծ կը դառնայ մարտիրոս քաղաքը. նահատակ ազգի մը վերջին զոհը: Կարծէք ասիկայ նաեւ հայկականութեան մկրտութիւն մըն էր, ազգային նկարագրի մը դրոշմը: Այս պարագային ուրեմն Ատանայի հայութեան զոհի տիպարն է, որ վեր կ`առնուի, ըլլայ անիկայ գրական գործերու կամ մամուլի յօդուածներու մէջ: Պահ մը կարծէք կը մոռցուին Ատանայի հայուն բնորոշիչ միւս գիծերը, քննադատութիւնները, թօփոսները: 
 Ամէն պարագայի, Ատանայի ջարդերը պատճառ եղան որ պոլսահայ վերնախաւին ու մտաւորականութեան ամբողջ մտապատկերը փոխուի այստեղի հայերուն նկատմամբ: Այս աղէտը առիթ եղաւ նաեւ որ իթթիհատը Ատանայի վալի նշանակէ Ճեմալ փաշան. ահաւասիկ դէպք մը, որ կը կարծեմ նոյնպէս ճակատագրական պիտի ըլլար Ատանայի հայութեան յետագայ պատմութեան համար: Հայկական վկայութիւնները կ`ապացուցեն, որ Ճեմալ Ատանայի շատ մը հայ ընտանիքներու հետ բարեկամական, մինչեւ իսկ մտերմական յարաբերութիւններ հաստատած էր: Կ’ենթադրե°մ նաեւ որ Ճեմալ մօտէն ճանչցած պէտք է ըլլայ այստեղի հայերը յատկանշող շատ մը դիմագծեր:
 Այս իմաստով, այն ինչ որ կը կատարուի Ատանայի նահանգի հայութեան մեծամասնութեան հետ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ջարդի ու բռնագաղթի տարիներուն` հետաքրքրական է եւ կ`արժէ այստեղ անոր հակիրճ անդրադառնալ: Ընդունուած փաստ է, որ դէպի Պիլատ ալ Շամ բռնագաղթուած եւ այնտեղ վերպրած հայերուն մեծամասնութիւնը Ատանայի նահանգէն` Կիլիկիայէն էին: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, հայկական կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար, ֆրանսական բանակի հրամանատարութեան կ’ողմէ պատրաստուած անուանացանկերն են: Այստեղ նշուած են տասնեակ հազարաւոր անունները արաբական տարածքներ տարագրուած վերապրող հայերուն, զօրս ֆրանսական իշխանութիւնները որոշած էին Կիլիկիա վերահաստատել: Ցանկերուն մէջ, զանազան տեղեկութիւններու կողքին նշուած են նաեւ այս վերապրողներուն ծագումը` ո՞ր քաղաքէն կամ ո՞ր գիւղէն ըլլալը: Ցանկերը կը գտնուին ֆրանսական Արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայոց Առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ եւ շատ հաւանաբար անոնք շուտով մատչելի կ`ըլլան խտասալիկի ու համացանցի վրայ: Արդ, այն ինչ որ կարեւոր է այս նիւթին համար, այն իրողութիւնն է որ այս վերապրողներուն մեծամասնութիւնը Ատանայի նահանգէն էր:
 Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը:
 Յստակ պատասխան մը չկայ այս հարցին մասին: Զանազան պատմաբաններ տարբեր կարծիքներ յայտնած են այս հարցով:Գաղտնիք մը չէ, որ Ճեմալ փաշան լուրջ տարակարծութիւններ ունէր իթթիհատի միւս վարիչներուն հետ Կայսրութեան հայերուն ճակատագրին կապուած հարցերու շուրջ: Եթէ ճիշդ է, որ Ճեմալ դէմ էր հայերու բնաջնջումին, ապա կարելի՞ է ըսել թէ ան դէմ էր նաեւ հայերու Անատոլիայէն տարագրութեան: Մէկ բան յստակ է, որ Պատերազմի տարիներուն, երբ ինք Պիլատ ալ-Շամի մէջ չորրորդ բանակի հրամանատարն էր, յատուկ վերաբերում ցուցաբերած է Ատանայի նահանգէն տարագրուած հայերուն նկատմամբ: Փաստօրէն, այնթապցի, մարաշցի, սիսեցի, ատանացի, քեսապցի, տօրթ-եօլցի մեծաթիւ հայեր շատերու նման չեն առաջնորդուիր դէպի սուրիական անապատ. այլ, անոնք կը բնակեցուին Հալէպէն դէպի հարաւ` մինչեւ Սինայի թերակղզին երկարող աշխարհագրական ուղղահայեաց երկար գիծի մը վրայ, որ կ`ընդգրկէր արաբական զանազան գիւղեր ու քաղաքներ:
 Միայն մարդասիրական նկատառումներ չէին…որ Ճեմալն ու իր մօտիկ գործակիցները կը մղեն նման քայլ մը առնելու: Խօսքը տանք իր գործակիցներուն:
 Ֆալիհ Ռիֆքի Աթայ, որ Ճեմալի ղեկավարած 4րդ բանակին մէջ բարձրաստիճան զինուորական մը եղած է, իր յուշերուն մէջ կը յայտնէ, որ ծրագիր կար` հայերը բնակեցնել արաբական տարածքներուն մէջ. նպատակն էր, կ`աւելցնէ ան, չէրքեզներու եւ քիւրտերու օրինակով, այս հայերը հակաուժ մը դարձնել արաբական ազգայնականութեան դէմ:
 Նոյն ժամանակներուն կը զուգադիպի Հելիտէ Էտիպի կամ Հասան Ամճայի այս տարածքներէն ներս կրթական-դաստիարակչական գործունէութիւնը: Անոնք, հայ կամ քիւրտ որբ երեխաներ կը հաւաքէին ու զանոնք կը խնամէին ու կը կրթէին Լիբանանի կամ Դամասկոսի մէջ հաստատուած որբանոցներու մէջ` յետագային տիպար քաղաքացիներ դարձնելու նպատակով: Երբ կը կարդանք Էտիպի յուշերը, այն տպաւորութիւնը կ`ունենանք, որ այս գործունէութիւնը մեծ մասամբ ներշնչուած էր ֆրանսական միսիոնարական օրինակէն. ձեւով մը անիկայ նաեւ թրքական հակազդեցութիւնն էր նոյն այս միսիոնարական գործունէութեան նկատմամբ:
 Ֆուատ Տունտար իր աշխատանքին մէջ արխիւային փաստերով կ`ապացուցէ, թէ ինչպէս պատերազմի տարիներուն օսմանեան իշխանութիւնները Պիլատ ալ Շամի մէջ գտնուող չէրքեզական ամբողջ գիւղեր պարպած են, ու անոնց բնակիչները հաստատած Անատոլիայի մէջ տարագրուած կամ բնաջնջուած հայերու բնակավայրերուն մէջ: Ինչ որ շատ հետաքրքրական կը գտնեմ նոյն այս հարցով հայկական վկայութիւններն են. ըստ անոնց, Յորդանանի կողմերը, յատկապէս Ատանայի նահանգէն հայեր բնակեցուած են նախապէս չէրքեզական գիւղերու մէջ:
 Այս բոլորին մէջ կը նկատուի գաղութատիրական քաղաքականութիւն մը, ուր ազգայնականութիւնն ու արդիականացումը համատեղ ընթացող երեւոյթներ են: Այս բոլորը լաւապէս բնորոշած է Ուսամայ Մաքտիսին, երբ այս հարցին մասին կու տայ «Օսմանեան արդի կայսերապաշտութիւն» որակումը. քաղաքականութիւն մը, որ աւելի շատ կ’արտայայտուէ°ր կայսրութեան ծայրամասերուն մէջ, այս պարագային` արաբական նահանգներուն մէջ:
 Աշուշտ 1915-1918 շատ կարճ ժամանակ մըն է Ճեմալի ու իր հետեւորդներուն այս ռազմավարութեան բոլոր ծալքերը իմանալու, քննելու ու յստակ եզրայանգումներ ընելու: Նոյնպէս կարճ ժամանակ մըն է այս ռազմավարութեան իրականացման ուղղութեամբ գործնական քայլերը տեսնելու: Բայց, վերապրողներու վկայութիւնները այս հարցով եւս որոշ պատասխաններ կու տան մեզի: Օրինակի համար շատ յստակ է, որ Հալէպէն դէպի հարաւ` մինչեւ Սինայի անապատ երկարող գիծին վրայ, Համայի, Հոմսի, Դամասկոսի, Քերեքի շրջանները հաստատուած տարագիրները` տղամարդ կամ կին, պարտաւոր էին իսլամութիւնը ընդունիլ վերապրելու համար: Ճիշդ է նաեւ որ այս մասսայական կրօնափոխութիւնները երեսանց կ`ըլլային, միջոցներ էին ժամանակ շահելու եւ ազատելու կրկին տարագրուելու վախէն` այս անգամ այնպիսի վայրեր, ուր մահը կրնար անխուսափելի ըլլալ: Տեղաբնիկ իսլամները իրենք եւս հաւատ չէին ընծայեր այս նոր հաւատափոխներուն անկեղծութեան վրայ, այնքան որ պատերազմի ամբողջ ընթացքին` կրօնափոխներուն «ալ-սալամու ալայքում»ին անոնք կը պատասխանէին «մարհապա»ով, այս վերջինը ըլլալով նուազ կրօնական եւ աւելի շատ իւրայատուկ տեղաբնիկ քրիստոնեաներուն:
 Այս տարիներուն, Ճեմալ փաշան ռազմական նկատառումներով ալ կը փորձէ Պիլատ ալ Շամի հայ տարագիրները օգտագործել: Կը բացուին «իմալէթ խանէ»ներ, ուր կ°աշխատի°ն հազարաւոր կիներ ու տղամարդիկ` օսմանեան բանակին համար գուլպայ ու բուրդեղէններ կարելով, ռազմական ճանապարհներ շինելով: Այս գործին յաջողութեան համար, նկատելի է որ Ճեմալ դարձեալ կ`օգտագործէ Ատանայի հայ երեւելիները: Գործը թէեւ ամբողջութեամբ օսմանեան 4րդ բանակին հովանաւորութիւնը կը կրէր, բայց այս երեւելիներն էին, որոնք միջնորդի դեր կը խաղային տարագիրներուն եւ բանակին միջեւ: Պարզ է, որ այս ձեւով հազարաւոր տարագիրներ զինուորական վէսիքաներ կը ստանային եւ այս ձեւով կը խուսափէին դէպի Տէր Զօրի կողմերը տարագրութենէ:
 Ճիշդ ինչի՞ կը ձգտէին Ճեմալի քայլերը. կը դժուարանամ այս գծով յստակ պատասխան մը տալէ: Արդեօ՞ք իսկապէս Ատանայի այս հայերը պիտի դառնային օսմանեան շահերուն համար աշխատող գաղութներու անդամներ, այնպէս ինչպէս Ֆալիհ Ռիֆքին դիտել կու տայ: Իրողութիւն է, որ Դամասկոսի, Հոմսի եւ Համայի մէջ հաստատուած այս հայերը յարաբերաբար ազատ կեանք մը կ`ապրէին –թէեւ չափազանց անկայուն պայմաններու մէջ-, առեւտուր կ`ընէին, բայց անոնք պաշտօնապէս իսլամացած էին, պաշտօնապէս ունէին իսլամական անուններ, իսկ իրենց բացած հազուագիւտ դպրոցներուն մէջ դասաւանդութիւնները միայն թրքերէնով կրնային ըլլալ:
 Պատերազմին աւարտէն ետք, Ճեմալ փաշան հայկական պատմագրութեան մէջ բոլորովին այլ դիմագիծով մը սկսաւ նկարագրուիլ: Ի վերջոյ ան ահաբեկուած էր հայերու կ’ողմէ, իբրեւ Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն մէկը: Բայց, հակառակ այս երեւոյթին, կարեւոր է թիւը այն անհատական յուշագրութիւններուն, ուր Ճեմալը ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով իրենց ազատարարը կը համարուի:
Այժմ վերստին վերադառնանք այս դասախօսութեան սկզբնակէտին. այլ խօսքով` 1920ական թուականներու սկիզբներուն, Սուրիա եւ Լիբանան հաստատուած մեծամասնութեամբ Ատանայի նահանգէն եկող հայ գաղթականներուն:
Այո, լուրջ ճիգ մը կար հայ պատասխանատուներուն կ’ողմէ այս զանգուածին ընդմէջէն վերակերտուած ազգ մը ստեղծելու, ու նոյն գաղթականներուն ազգային նոր ինքնութիւն մը դրոշմելու: Պարզ էր, որ այս իմաստով ալ կ`օգտագործուէին համախմբումի ձգտող ու ազգային պատկանելիութիւնը շեշտաւորող նոր տարրեր ու ազդեցիկ խորհրդանիշներ: Անոնցմէ ամենէն շատ կրկնուողը Ցեղասպանութիւնն էր, կամ Միրոսլաւ Հրոխի բնորոշումով` այս էր գլխաւոր «համարկման միջոցը» (agent for integration): Դպրոցներուն մէջ անվերջ կը կրկնուէր –ու տակաւին կը կրկնուի-, թէ ինչպէս հայերը կոտորուեցան վասն իրենց լեզուին ու իրենց կրօնին. թէ ինչպէս հայեր դիմադրեցին ջարդարար թուրքին` Ուրֆայի, Շապին Քարահիսարի կամ Վանի մէջ. թէ ինչպէս հայ կինն ու աղջիկը թուրքին ու քիւրտին ձեռքը չիյնալու ու չի բռնաբարուելու համար իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին:
 Նշուած դէպքերը գոյութիւն ունեցած են, անկասկա°ծ:
 Բայց վերապրողներուն մեծամասնութիւնը, տեսանք արդէն, Ատանայի շրջանի հայութիւնն էր: Անոնք վերապրեցան այլ պայմաններու մէջ: Գոյատեւման հարցերու վերաբերող գրականութեան մէջ անոնց ապրած վիճակին կայ յատուկ բառ մը. «գոյացական հալքէ (existential meltdown): Փրիմօ Լեւին այս մասին աւելի պատկերաւոր բացատրութիւն մը ունի. «հասած էինք յատակը: Կարելի չէր ասկէ աւելի խորը ընկղմիլ». Այս էր նաեւ պարագան Ատանայի հայութեան` Ցեղասպանութեան տարիներուն: Անոնց մեծամասնութիւնը ենթարկուած էր զրկանքներու, ենթարկուած էր անպատուութիւններու, ու այսպէս սպասած էին պատերազմին աւարտը, իրենց ապրած աղէտին վերջը: Այս եղած էր իրենց դիմադրելու ձեւը: Այս դիտանկիւնէն պէտք է քննել նաեւ ատանացի հայերուն իսլամութիւն ընդունիլը, թրքական բանակին համար աշխատիլը կամ շատ մը հայ կիներու պարագային թուրք, արաբ կամ քիւրտ պաշտպան մը գտնելը եւ անոնց սեռային ընկերակիցը դառնալը: Փաստօրէն, ազգային գաղափարախօսութեան տեսանկիւնէն, անոնք գործած էին սկզբնական մեղքը:
 Բայց նոյն Փրիմօ Լեւին կը նշէ.-«Շատ մը բաներ այդ ատեններուն մեր մէջ ըսուած ու կատարուած է: Բայց այդ բաներէն աւելի լաւ է որ յիշողութիւն չմնայ»(8): Պատերազմէն ետք, հայկական նոր ինքնութիւն մը կերտելու ազգայնական գործընթացին մէջ, անհրաժեշտ էր ուրեմն մոռնալ կարգ մը դէպքեր, կարգ մը փաստեր: Մոռացումի այս պարտադրանքը թերեւս ամենէն աւելի շատ կը վերաբերի Ատանայի հայութեան վերապրող ժողովուրդին:

* Պատմագէտ:Ան ծնած է Լիբանան:Ներկայիս գիտաշխատողի պաշտօն կը վարէ Պերլինի Zentrum fuer Literatur- und Kulturforschung-ի մէջ:Տոքթորականի վկայական ստացած 2002-ին, Փարիզի Ընկերային Գիտութիւններու Բարձրագոյն Ուսմանց դպրոցէն (Ecole des Hautes Etudes en Sciences Sociales), ան հեղինակն է հետեւեալ գիրքերուն.-
-Իշխանը՝ Վանայ Իշխանի կեանքն ու գործունէութիւնը, Երեւան (1994).
-La France en Cilicie et en Haute-Mռsopotamie : Aux confins de la Turquie, de la Syrie et de l’Irak, Karthala Editions, Paris 2004.
-Ohannes Pacha Kouyoumdjian, Le Liban a la veille et au debut de la guerre. Memoires d’un gouverneur, 1913-1915, introduction, edition and notes: Raymond Kevorkian, Vahe Tachjian, Michel Paboudjian, Beirut, 2003.
-Les Armeniens, 1917-1939, la quete d’un refuge, Raymond Kevorkian, Levon Nordiguian, Vahe Tachjian, Presses de l’Universite Saint-Joseph, Beirut, 2006. (Second edition, Paris, Rռunion des musees nationaux, 2007).
-The Armenian General Benevolent Union: One Hundred Years of History; volume I (1906-1940) and volume II (1941-2006), AGBU Central Board of Directors, 2006, Paris.
Պատրաստած է բազմաթիւ գիտական յօդուածներ, որոնցմէ ամէնէն վերջինն է.- “Gender, Nationalism, Exclusion: The Reintegration Process of Female Survivors of the Armenian Genocide” in Nations and Nationalism, January 2009
, 15 (1).

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles