Ծ.Խ.- Վերջին օրերու դէպքերու իրադարձութիւններու լոյսին տակ, «Հայրենիք» հարցազրոյց մը կատարեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Անդրանիկ Գասպարեանի հետ: Ստորեւ, թարգմանաբար եւ յապաւումով, լոյս կ°ընծայենք, սոյն զրոյցը.-
Հ.- Ապրիլ 26, 2009-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան կառավարութիւնէն հրաժարիլը այդչափ ալ մեծ անակնկալ մը չէր: Վերջերս, հետզհետէ աւելի կը խօսուէր: Կարելի է յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցել, այս նիւթին առնչութեամբ:
Պ.- Գաղտնիք չէր թէ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամները, վերջերս անհանգիստ կը զգային «քոալիցիա»էն ներս: Նախապէս ալ…անցեալ աշնան,, Երբ կառավարութիւնը Արցախի գծով որոշ մտահոգիչ եւ դիւրաբեկ արտայայտութիւններ կատարած էր: Սակայն, այս ամսուան ընթացքին է որ յատկապէս Հ.Յ.Դ.-կառավարութիւն յարաբերութիւնները վատթարացան, երբ հակառակ բազմիցս յղուած առաջարկներուն, ոչ մէկ զեկուցում ստացաւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, վերջին օրերու բարձր մակարդակի գաղտնի խօսակցութիւններուն մասին:
Վերջապէս, Ապրիլ 22-ին, այդ թուրք-հայկական յարաբերութիւններու «ճամբու քարտէս»ի մը լուրը լոյս ընծայուեցաւ: Անշուշտ ասոր յաջորդեց նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնը, որ յուսախաբութիւն ստեղծեց եւ ինքնաբերաբար յաւելեալ ուժ հայթայթեց այդ «ճամբու քարտէս»ին: Հետեւաբար եւ բնականաբար, այս բոլոր տուեալներուն դիմաց, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին կը մնար դուրս գալ դահլիճէն:
Հ.- Վերջերս, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին, յայտնած էր թէ նախկին ու հնամաշ ոճերը ապարդիւն էին եւ պէտք էր, որ «նոր ոճ եւ մօտեցում» որդեգրուի: Ի՞նչ են այս փոփոխութիւններն ու արդի մօտեցման ոճը:
Պ.- Այս արտայայտութիւնն իսկ կը բացատրէ թէ նախարար Նալպանտեան յառաջդիմական եւ գէթ նոր գաղափարներ ներմուծող անձնաւորութիւն մըն է: Սակայն իրականութեան մէջ, այս արտայայտութիւններու ետին կարելի է նկատել յետ-դարձի մօտեցում: Թուրքիա յանդուգն, փոփոխամիտ եւ շատ աւելի գործօն մօտեցում մը կ°որդեգրէ, մինչդեռ Հայաստանի դիրքորոշումն ու ընթացքը աւելի անցողական է, լուսանցքային եւ շահագործուողի բնոյթ ստացած: Վերջին ցայտուն օրինակը որ գրեթէ մեր երեսին ստացած զօրաւոր ապտակի մը համազոր էր, այդ ալ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլի պաշտօնական բողոքն էր նախագահ Օպամային, թէ ան իր յայտարարութեան մէջ խօսած է «1915-ի հայերու ջարդի մասին, թուրքերու կողմէ»:
Զզուելի կը թուի ըլլալ այս արտայայտութիւնը, բայց ահաւասիկ տիպար օրինակ մը, թրքական արտաքին յարաբերական քաղաքականութեան գեր-գործունէութեան: Թուրք ղեկավարութիւնը անբաւարար նկատած էր այդ արտայայտութիւնը եւ յանդգնած էր աւելի «յարձակողական» ոճով դիմադրել: Փոխարէն Հայաստանի ղեկավարութիւնը մնաց լուռ, անշուշտ օրեր ետք, Ապրիլ 29-ին նախարար Նալպանտեան Երեւանեան մամուլին գոհունակութեամբ տեղեկացուց թէ ան գործածած է «Մեծ Եղեռն»ը: Հոս շատ աւելի մտահոգիչ ու նեղացուցիչ է պատահածը, ի դէմ Սփիւռքին եւ յատկապէս Ամերիկահայերուն պահանջատիրական արտայայտութիւններուն: Օպամայի յայտարարութիւնով գոհունակութիւն յայտնելը՝ պարտութեան ազդանշան է:
Հ.- Իրապաշտօրէն, ի՞նչ կարելի է սպասել հայ-թուրք յարաբերութիւններու ընթացքէն: Ի՞նչ է Հայաստանի շահը:
Պ.- Խրթին հարցում…եւ մանաւանդ ղժուար: Հայաստան կը փափաքի առանց որեւէ պայմանի, բնականոն յարաբերութիւն հաստատել, այսինքն սահմաններ բանալ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, փոխարէն ոչ մէկ պահանջատիրութիւն: Մինչդեռ Թուրքիա երբեք պիտի չփափաքի նման բնականոնացում, առանց որեւէ դիւանագիտական յաղթանակներ արձանագրելու, յատկապէս Եւրոմիութեան մօտ, որուն միանալու խիստ կարիք եւ մարմաջ ունի: Բան մը որ, նաեւ Միացեալ Նահանգներն ալ կ°երաշխաւորէ:
Ասոր կողքին, հայ-թուրք յարաբերութիւններու որեւէ բնականոն վիճակ, Թուրքիոյ որդեգրած ներկայ ընթացքով կը նշանակէ.-1/ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, պայքարի աւարտ: 2/ Սահմաններու բացումով, ինքնաբերաբար հողային պահաջքի հարց ալ կը փակուի: 3/ Արցախի գծով, նոր լծակներու ստեղծում:
…Եթէ այս թուրք-հայ յարաբերութիւնները յաջողին, հետեւաբար ինչպէս վերը նշեցի, Թուրքիա շահաւոր դուրս պիտի գայ: Նոյնիսկ ոչ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք չարձանագրուելու պարագային, Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն համար, Թուրքիոյ նախաձեռնած այս մերձեցումը դրական ձեւով պիտի վերլուծուի:
Հայկական կողմը, այնքան մը եւս տկար դիրքի վրայ կը գտնուի: Հիւսիսի սահմանակից Վրաստանի ներկայ խարխուլ ղեկավարութիւնը աւելի կը ճնշէ Հայաստանի վրայ, որ սահամանները բանայ Թուրքիոյ հետ եւ դեռ աւելին ներկայ հայրենի ղեկավարութիւնը, այդչափ ալ լաւ աչքով չի դիտուիր Արեւմուտքին կողմէ, յատկապէս նկատի ունենալով անցեալ տարուայ նախագահական ընտրութիւնները:
Նախագահ Սարգսեանի համար յստակ է թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան բնականոն վիճակը, առիթ պիտի ընծայէ որ ներքին ճակատի վրայ, ան ազատօրէն գործէ: Նման «բարեկամութիւն» անյարիր է եւ կը վնասէ երկրի ազգային շահերուն:
Հ.- …Եւ հիմա, իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընթացքը: Սպասելի՞ են որոշ փոփոխութիւններ:
Պ .- Բնականաբար փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, սակայն ո°չ շտապօրէն: Հոս նշեմ թէ ընդդիմութեան քաջատեղեակ ենք: Ընդդիմութիւն մը, որ ստեղծած էինք իննիսունականներուն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն:
Ընդդիմութիւն մը, որ պիտի չըլլայ ծայրայեղական եւ այլամերժ: Սակայն նաեւ պիտի կարենայ զանազանել «կառուցական» եւ «մեղմ» ընդդիմադիր ընթացքը: Ջերմօրէն կը փափաքիմ, որ Հ.Յ.Դ. այս ընքացքով, աւելի մօտէն քննէ երկրէն ներս ընկերային կեանքի եւ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը:
…ժամանակն է, այս բնագաւառէն ներս գործելու: Հետաքրքրական պիտի ըլլան յառաջիկայ ամիսները: