ԹՈՒՐՔԻԱ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ՄԵԿԵՆԱՍ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ  ԹՈՒՐՔ ՕՍՄԱՆ ՔԱՎԱԼԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 35 Second

Մարք Յարութիւնեան 

            Օսման Քավալա 2017-էն ի վեր քաղաքական բանտարկեալ էր Թուրքիոյ մէջ, առանց դատական վճիռի: Ծնած էր Փարիզ 1957-ին: Հարուստ գործարար էր: Ապրիլ 2022ին դատապարտուած է ցկեանս ազատազրկման, առանց ոեւէ ներման կարելիութեան: Ամբաստանուած էր Էրտողանի կառավարութիւնը տապալելու, նիւթապէս Կիզէի 2013-ի ցոյցերու կազմակերպութեան եւ 2016ի յեղաշրջման փորձին աջակցելու մեղադրանքով, ինչ որ ինք տեւաբար հերքած է:

            Իր պաշտպան փաստաբանները, որոնք իր ազատ արձակումը պահանջած էին, դատը եւ վճիռը համարած են անողոք եւ անարդար: Կրկնուող օրինակ մը Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական բռնութեան: Միջազգային ընդվզումը, ինչպէս Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի, ոչ մէկ արդիւնք տուած է: Իր հակառակորդները զինք կոչած էին «Կարմիր Միլիառատէր»:

        Էրտողանի համար Օսման Քավալայի հարցը ունէր անհատական հիասթափութիւններէ բխող քինախնդրութեան բնոյթ, ինչպէս որ եղած է եւ է պարագան բազմաթիւ ուրիշներու եւ ուրիշ երկիրներ ապաստանածներու, որոնք խուսափած են թրքական չարդարադատութենէն:

            Օսման Քավալայի ցկեանս դատապարտութիւնը, մամուլի բանաձեւումով, խորհրդանշական է Թուրքիան բնորոշելու համար, ուր օրէնքը կ’անարգուի: Միջազգային հանրային կարծիքը արձակուած վճիռը կը համարէ անարդար եւ անիրաւ, քանի որ ան կ’անտեսէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի որոշումը եւ Իրաւունքի բոլոր չափանիշները:

            Միջազգային, եւ մեր պարագային հայկական տագնապալի այս օրերուն, չխօսուեցաւ այս մասին: Եւրոմիութեան անդամութեան ձգտող եւ Ատլանտեան Ուխտի անդամ Թուրքիոյ եւ անոր նախագահի մենատիրական կամայականութիւններուն դիմաց՝ իր ժողովրդավար դաշնակիցները, Ամերիկան, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, Քանատան, Գերմանիան, եւ միւսները, անզօրութեամբ լռեցին, երբ Քավալայի ազատ արձակման իրենց դիմումը անտեսուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ: Այսինքն իրենք չյարգեցին իրենց սկզբունքայնութիւնը:

            Օսման Քավալայի հետ տասնըութը տարի  բանտարկութեան դատապարտուած են իրեն հետ դատուող ուրիշ եօթը անձեր, ճարտարապետներ, բեմադրիչներ, համալսարանականներ, եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու հիմնադիրներ: Մամուլը բացայայտ կերպով կ’արձանագրէ այն փաստը, որ Էրտողան կը ճնշէ եւ կը լռեցնէ քաղաքացիական ազատութիւնները:

            Էրտողան կը հեռանայ իր դաշնակցներու դաւանած ըմբռնումներէն, ինքնիրեն կը թոյլատրէ ազատութիւններ, կ’անտեսէ իր յանձնառութիւնները, կը գործէ ինքնագլուխ, ուղղութիւն կը փոխէ ըստ իր ծաւալապաշտական շահերուն, մանաւանդ կ’անտեսէ Մարկային Իրաւանց ըմբռնումները: Եւ պէտք է ընդգծել, ինչ որ կը կոչուի միջազգային համայնք, պարտուածի հոգեբանութեամբ կը հանդուրժէ: Հարց պէտք է տալ, թէ այս հանդուրժողութիւնը ի՞նչ բանի ձգտող քաղաքականութեան հետեւանք է:

            Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը կրնայ պատժամիջոցներ սահմանել, բայց այդ ընելէ կը խուսափին որոշողները, այն մտավախութեամբ, որ Թուրքիան վերջնականապէս կը հեռանայ: Կարծէք արդէն հեռացած չըլլար: Կամ կարծէք այլեւս Արեւմտեան քաղաքականութիւնը այնքա՜ն վատուժ է, որ ի վիճակի չէ կարգի հրաւիրելու օրէնք խախտողները: Ափսո՜ս:

            Եւրոպական Խորհուրդը կրնա՞յ թոյլ տալ, որ Էրտողանի Թուրքիան շրջանցէ հաւաքական կամքով ընդունուած օրէնքները եւ սկզբունքները. Մարդու իրաւունքը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ քաղաքացիի ազատութիւնները:

            Եւ աւելին. հետեւելով անտառի օրէնքին, Էրտողան հայութեան դէմ սանձարձակ կռիւ մղելու համար, վարձկաններ բերաւ Կովկաս: Արեւմուտքը եւ Եւրոպական Խորհուրդը լռեցին, անգիտացան եւ մոռցան: Որ կը նշանակէ՝ ինքզինք դրժել:

            Յաճախ կը յիշեցնեն, Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին  ՄԻՒՆԻԽ ԵՐԹԱԼու պատմութիւնը…

            Այսօրուան լռութիւնները ՄԻՒՆԻԽ ԵՐԹԱԼու նոր արարն են…

            Կրկնե՛նք. հակազդելու համար՝ վաղը միշտ ուշ է:

            Եթէ չգիտցողներ եւ չհասկցողներ կան, վկայակոչենք նոյնինքն Էրտողանը, որ չի թաքցներ իր արհամարհանքը ժողովրդավարութեան, խորհրդարաններու եւ ընտրութիւններու մասին: Ըսած է. «Այսուհանդերձ, ժողովրդավարութիւնը չի կրնար սահմանուիլ սոսկ որպէս խորհրդարաններով եւ ընտրութիւններով»: Ի՞նչ հասկնալ… մենիշխանութիւն, անհանդուրժողութիւն, մոլեռանդութիւն»…

            Ոչ ոքի սորվեցնելիք ունինք, ո՛չ Արեւմուտքին, ո՛չ Ռուսին, ո՛չ Արաբին, ո՛չ Չինացիին: Գիտեն: Բայց իրապէս պիտի հասկնան, երբ կրակը իրենց հասնի եւ ստիպուին սուղ վճարել:

            Պոլսոյ «Ակօս» թերթը անդրադարձած է Օսման Քավալայի դատին եւ դատապարտութեան, յիշեցնելով միջազգային դատապարտութեան կարծիքները:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles