Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ

0 0
Read Time:2 Minute, 34 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ,- Ապրիլ 26-29-ին Արցախ ժամանեցին Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Այս այցին մեկնարկը տրուեցաւ Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ։
Իրենց այցելութեան ընթացքին, Հ․Օ․Մ․-ուհիները հանդիպումներ ունեցան Արցախի նախագահին, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն, Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն հետ։ Անոնք այցելեցին Հ․Օ․Մ․-ի Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզները:
«Քորոնայի պատճառով չկրցանք այցելել Արցախ։ Վաղուց որոշած էինք, սակայն դժբախտաբար միշտ ալ յետաձգուեցաւ։ Անշուշտ միշտ ալ կապ հաստատած ենք եւ կատարած մեր կարելին», ըսաւ Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Երեւան կը գտնուէր։
«Ես Արցախ եղած եմ առաջին անգամ 1992-ին եւ այդ ալ Շուշիի ազատագրումէն ամիս մը անց: Առաջին այցս Արցախ սկսաւ ռմբակոծութեամբ, քաղաքը ռմբակոծեցին: Իսկ այս անգամ, անկեղծ ըսած, աւելի վատ իրավիճակ կը սպասէի: Դուրսէն նայելով` կ՛ըսէին, թէ շատ խոչընդոտներ, դժուարութիւններ կան: Իրականին մէջ ճանապարհը երկար էր, բայց հասնելէն ետք այդ հեռաւորութիւնը երկրորդական եղաւ: Ստեփանակերտի մէջ, տեղւոյն Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն եւ երեխաներու հետ շփուելով գոհունակութիւն ստացանք: Արցախը դեռ ազատ է, ոչ ոք չի կարող Արցախը բանտարկել, նոյնիսկ եթէ թշնամին Շուշի է», շեշտեց Տէրտէրեան աւելցնելով, թէ Հ․Օ․Մ․-ը այստեղ ունի բազմաթիւ մանկապարտէզներ եւ այլ ծրագրեր։
«Բայց մենք կ՛ուզենք արմատապէս օգնել ժողովուրդին, ցոյց տալ, որ մենք կարող ենք ձեզ նեցուկ կանգնիլ: Այո՛, նոր ծրագիր կայ, որու մասին շուտով կը յայտարարենք», աւելցուց Տէրտէրեան։
Պատերազմի հետեւանքով Արցախի մէջ գործող Հ․Օ․Մ․-ի 8 «Սօսէ» մանկապարտէզներէն չորսը կը մնան գրաւուած։ «Կը քննարկենք կարելիութիւններ, որպէսզի նոր մանկապարտէզներ կառուցենք։ Նաեւ պիտի կառուցենք նոր բնակավայրեր։ Յոյս ունինք, որ կառավարութեան հետ խորհրդակցելով քանի մը մանկապարտէզներ կը բանանք Արցախի մէջ։ Իրականութեան մէջ չեմ ուզէր հեռանալ Արցախէն։ Որքան ալ հեռու ըլլամ, Արցախը սրտիս մէջ է եւ յուսով եմ, որ շուտով նորէն կը ժամանեմ: Արցախցին խրախուսուելու կարիք չունի, միշտ ալ եղած է ուժեղ, մենք գիտենք, որ մեր հողը ապահով է, որովհետեւ մարտունակ արցախցին կայ եւ կը մնայ», եզրակացուց Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհին։
Հ․Օ․Մ․-ը Երեւանի մէջ կատարեց երրորդ լիագումարը։ Ապրիլ 22-ին, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ներկայութեամբ, կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած ազատամարտիկ Նորայր Շահպազեանի անունը կրող տարրալուծարանին բացումը: Այս բժշկական կեդրոնի կահաւորման եւ սարքաւորման աշխատանքներուն մօտէն աջակցած է Հ․Օ․Մ․-ը։
Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ այցելեց Հ․Օ․Մ․-ի Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան» առողջութեան կեդրոն, որուն գծով աշխատանք կը տարուի արդի սարքաւորումներով օժտելու: Կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Գիւմրիի Շիրվանեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցան շրջանի Հ․Օ․Մ․-ուհիներու հետ։

 

Հանդիպում Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տեր-Խաչատուրեանի Հետ


ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիս 1-ին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հ․Օ․Մ․-ի յառաջիկայի ծրագիրները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութեան ներկազմակերպական ընելիքները:
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տերտէրեանն ու վարչութեան միւս ընկերուհիները կարեւորեցին յատկապէս Արցախի մէջ նախատեսուած ընկերային ծրագիրներն ու Արցախի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմների մասնակից եւ վիրաւոր շուրջ 250 արցախցի եւ հայաստանցի ուսանողներուն աջակցութիւն տրամադրելու նախաձեռնութիւնները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles