ԵՐԿՐԻՆ ԵՒ ԺՈՂՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՆՎԵՐՋԱՆԱԼԻ ՏԽՐԵՑՆՈՂ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓՈՐՁ

0 0
Read Time:6 Minute, 21 Second

 

 

Յ. Պալեան

            Գարնան առաւօտ է: Մեր տան պզտիկ պարտէզին մէջ ծլած եւ արդէն իրենց գլուխները կախած սմբուլները պիտի ձգեմ իրենց բախտին: 23 Ապրիլին օդակայան գացինք, որպէսզի յաջորդ օրը, 24ին, միանանք անոնց, որոնք պատմութեան էջերը չեն մոռնար պարտուածի հոգեբանական ախտով, կեղծ իմաստութեամբ չեն ըսեր, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել:

            Բայց տասնեակներով հայեր անհաճոյ անակնկալի դիմաց գտնուեցանք: Ճամպրուկները արձանագրելէ եւ յանձնելէ ետք, անցագիրներու ստուգումէն ետք, յայտարարուեցաւ, որ թռիչքը ջնջուած է եւ պիտի մեկնինք 24ին: Հիւրանոց տարին եւ ըսին, որ առաւօտեան ժամը 3ին պէտք է պատրաստ ըլլալ, որ փոխադրակառքը պիտի գայ եւ մեզ տանի օդակայան: Ճամպրուկներ շալկած գացինք օդակայանի մօտակայ հիւրանոցը, ուր ոչինչ կրնայինք ընել: Սպասման սենեակին մէջ մնացինք: Առաւօտեան մութնուլուսուն, ճանապարհին հանդիպեցանք տասնեակներով զուարճութեան սրահներէ դուրս եկողներու, ոմանք բաց ուսերով եւ կուրծքերով, ոմանք ալ քնացող փողոցներուն մէջ կը շարունակէին…պարել: Ինչպէ՞ս չնախանձիլ…

            Անոնք Ծիծեռնակաբերդ չունին…

            Վերջապէս, ժամը 8ին, Օրլիի օդակայանէն անջատուեցանք: Արդէն Երեւան ժամը 11ն էր: Մտքով հետեւեցայ պատմական մեծ ոճիրը չմոռցողներու, չուրացողներու թափօրին: Պէտք էր մխիթարուիլ. յիշողութիւնը նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, որքան խօսուն են անմար կրակին շուրջ կուտակուող ծաղիկները:

            Օդակայանի կրպակէն գնած էի Philosophie magazine ֆրանսերէն շաբաթաթերթը եւ անոր յաւելուածը, ուր ժամանակակից իմաստասէրներ արտայայտուած են Ուքրայինայի պատերազմին, ռուսական յարձակման, եւրոպական արժէքներու, պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած եւ չդադարող պատերազմներու մասին, անոնց դրդապատճառներու հոգեբարոյական վերլուծումները կատարած են, անհրաժեշտ համարելով իր  հայրենիքին համար կռուող ուքրայինացի ժողովուրդին տրուող եւ տրուելիք ամէն կարգի լայնածաւալ աջակցութիւն:

            Եւ ինչպէ՞ս չմտածէի Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազերի նախայարձակման մասին: Եւրոպական բոլոր երկիրները եւ Ամերիկան ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղող Ուքրայինային կը ղրկեն անհաշիւ զէնք եւ միլիառներ: Արցախի դէմ եղած նախայարձակման, մարդկային զոհերու եւ պատմութեան խօսուն փաստ մշակութային ժառանգութեան աւերին դիմաց, անոնք մնացին լուռ, անտարբեր, եւ այդ ընելով քաջալերեցին թուրք եւ ատրպէյճանցի բանակները, եւ Թուրքիոյ կողմէ հոն փոխադրուած վարձկանները: Մարդկային իրաւունք, արդարութիւն, պատերազմական ոճիր, կը բնորոշուի՞ն ըստ տարաբնոյթ շահակցութիւններու:

            Ո՞ւր էին բարոյականութեան ախոյեանները, պատմութեան վերլուծաբանները եւ տպաւորիչ խօսքերու ու տարազներու մեծանունները, երբ կ’աւերուէր եւ կը բռնագրաւուէր հայկական Արցախը, որուն ամէն մէկ թիզ հողը կը վկայէ հայու եւ անոր պատմութեան մասին: Մեզի ցեղասպանութեան ճանաչման մխիթարական պարգեւներ շնորհած եւրոպական երկիրները եւ Ամերիկան գէթ երեք հատ որսի հրացան  ղրկեցի՞ն դիմակայելու համար նախայարձակները: Հայ քաղաքական գործիչները, կուսակցութիւնները, մէկդի դնելով հին Յունաստանի սոփեստութիւնները, այս կացութեան վերլուծումէն բխած մարդկային-ազգային-պետական իրաւութեամբ չդիրքորոշուեցան:

            Բայց Եւրոպան եւ այսպէս կոչուած ժողովրդավարական աշխարհը, անհաշիւ զէնք ու զինամթերք կը հոսեցնեն Ուքրայինա:

            Ուքրայինա՞ն կ’ուզեն պաշտպանել, թէ՞ իրենք զիրենք, իրենց հանգիստը:

            Շաւարշ Նարդունի կ’ըսէր, որ կատուին կատու պէտք է ըսել: Այսօր հայոց իմաստուն եւ յանձնառու ղեկավարութիւնները (որովհետեւ անոնք աճող յոգնակի են) եւ հարազատ մտաւորականութիւնը իրաւ քննադատութեամբ հրապարակ պէտք է գան, որպէսզի ժողովուրդն ալ գիտնայ, թէ ո՞ր սուրբին պիտի աղօթէ:

            Քանի որ Ծիծեռնակաբերդ գացողներու թափօրին չկրցայ միանալ, բազմաթիւ իմաստուններու այլապէս կարեւոր կարծիքներուն եւ ընդվզումներուն պիտի անդրադառնամ, ըսելու համար, որ իրենք իրենց բարոյական պարտականութեան մէջ թերացած են ունենալով մասնակի կեցուածք, նախասիրութիւններ, անտեսելով փոքրերը (որոնք մարդ են եւ ժողովուրդ), այսինքն իրենց մեծ գաղափարները վիրաւոր են կողմնապաշտութեամբ, ուրեմն՝ եսասիրաբար մասնակի: Պարզապէս՝ անսկզբունք են:

            Կամ պարզապէս մենք նկատառելի ազգ, ժողովուրդ եւ պետութիւն չենք: Տեսիլքի, ըմբռնումներու եւ շահերու նոյնութիւններ չկան մեծ գաղափարներու ասպետներուն հետ: Հետեւաբար՝ հետաքրքրական չենք:

            Բայց այս բոլորը արգելք չեն, որ երբ կը կարդամ Ուքրայինայի համար բարձրագոչ ըսուածները, իւրաքանչիւր պարագայի հարց կու տամ եւ կը  յիշեցնեմ, որ նոյնանման պարագաներու, ինչո՞ւ չեն խօսած եւ չեն խօսիր այդ գիտուն եւ բանիմաց մարդիկ, մեզի անծանօթ թերեւս, բայց անոնք անծանօթ չեն կրնար ըլլալ Հայկական Հարցին ընդհանրապէս, եւ Հայաստան-Արցախի դէմ գործուած ամէն օրէնք եւ բարոյական ոտնակոխած նախայարձակներու պատերազմին:

             Philosophie magazine-ի հրատարակած յատուկ պրակի ներածական խօսքին մէջ, Մարդէն Լըկրօ կը գրէ. «Անկասկած այս կը բացատրէ, որ միլիոնաւոր Ուքրայինացիներու իրենց մարմնին մէջ կրած նախայարձակումը զգացուի բոլոր Եւրոպացիներուն կողմէ, անոնք ըլլան Արեւելքի թէ Արեւմուտքի, ձախի թէ աջի, որպէս ապօրինի մուտք իրենց ներքին տարածքը: Այնպէս, որ Ուքրայինայի պատերազմը առաւել կամ նուազ, եղաւ, ամէն զգուշութեամբ հանդերձ, մեր պատերազմը»:

            Ոչ ոք նման խօսք ըսաւ Հայաստան-Արցախի դէմ շղթայազերծուած նախայարձակաման պարագային:

            Միշտ նոյն երկու չափ երկու կշիռի անհաւասար վերաբերումը. տեսակարար (spécifique) տարբերութիւն կա՞ր, կա՞յ, եղա՞ծ է Հայաստան-Արցախի վրայ եղած թուրք-ատրպէյաճանական բանակի եւ Թուրքիոյ հոն բերած վարձկաններով կատարուած ներխուժման եւ ուքրայնական պատերազմի միջեւ: Իրա՛ւ մտաւորականը պարտք է հարցման պատասխան տալ: Ինչե՜ր կ’ըսէ Մարդէն Լըկրօ. «Եւրոպական ժողովրդավարութիւնները դեռ կարո՞ղ են միանալ թշնամիի մը դէմ, որ որոշած է ոտնակոխ ընել իրենց արժէքները»: Եւ հարցումը. ինչո՞ւ ձեռնածալ եւ հանդիսատես մնացին մեծ մտաւորականները, երբ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը նոյն ոճով եւ նոյն միտումներով նախայարձակում գործեցին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:

            Կը կարդանք. «Հակաբռնութիւնը մեկնակէտն է եւ նաեւ վերջնական նպատակը իմաստասիրութեան, կ’ըսէր Էրիք Վէյլ: Բայց իմաստասիրութիւն՝ որ պիտի մերժէր զինուիլ բռնութեան դէմ պիտի ըլլար հրաժարում»:

            Կրկին հարցում. ո՞ւր էին  այսպէս մտածող մեծերը երբ ֆոսֆորային զէնքեր կը տրուէին Ատրպէյճանի եւ կը նետուէին Հայաստան-Արցախի վրայ:

Էթիէն Քլէյն ժամանակակից ընկերութեան եւ մտաւորականութեան խոստովանութիւնը կ’ընէ. «Ես կը յամառայի հաւատալ, որ մենք հաւաքաբար որոշ յառաջդիմութիւններ ըրած էինք, այնքան, որ կարգ մը իրադարձութիւններ անկարելի դարձած էին, ինչպէս Եւրոպայի մէջ՝ Պետութեան մը պատերազմ Պետութեան մը դէմ»: Եւ զարմացած, է որ 24 փետրուարին ռուսական բանակը ներխուժած է Ուքրայինա: Պէտք  է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ չէր զարմացած թուրք-ազերի բանակներու Հայաստան-Արցախ ներխուժման պարագային:

            Եթէ այն ատեն զարմացած ըլլային, թերեւս Ուքրայինայի վրայ յարձակում չէր ըլլար:

Ուրիշ մը, Էվա Իլլուզ,  կը յիշեցնէ իմաստասէր Էմմանուէլ Քանթի այն միտքը, որ «պատերազմ մը փութով կը յայտարարուի, երբ պետութիւն մը կը գտնուի բացարձակ մենատէրի մը իշխանութեան տակ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ, նման վեհապետ մը կը շարունակէ վայելել կեանքի ընթացիկ հաճոյքները: Ուրեմն ան կրնայ նոյնիսկ որոշել աննշան պատճառներու համար, այնպէս ինչպէս թէ ան ըլլար հաճոյքի պահ մը»: Կը խօսին Վլատիմիր Փութինի մասին, ես կը մտածեմ Սուլթան Համիտի, Թալէաթի, Էրտողանի եւ Ալիեւի մասին, որոնք հայ եւ Հայաստան իրաւազրկած եւ ջարդած են փառքի եւ շահերու համար: Էվա Իլլուզ հարց կու տայ. «Բայց Վլատիմիր Փութին մտքով առո՞ղջ է, խե՞նթ է»: Բայց այս բոլոր իմաստունները նման հարցումներ չուղղեցին, երբ Էրտողան կը հետապնդէր Եգէականէն Չինաստան թուրքին ապրած տեղերը միացնելու երազը, երբ հայ ջարդելու համար վարձկաններ կը բերէր Կովկաս, երբ Իլհամ Ալիեւ եկեղեցիներու գմբէթներու խաչերը կը քանդէր, ֆոսֆորային ռումբեր կը գործածէր…

            Ի՞նչ ըսել. մեծանուններու իմաստուն կողմնապաշտութիւններու եւ նեղմտութիւններու մասին: Այս երեւոյթը մենք երբեք չհրապարակեցինք, մեծանունները չամբաստանեցինք եւ կը շարունակենք երջանկանալ մասնակի եւ անհետեւանք «ճանաչում»ներով:

            Կը դարձնեմ էջերը: Այս անգամ Ֆրանսիս Վոլֆ կ’ընէ քիչ պարագաներու յայտնուող խոստովանութիւն մը. «Բայց իմ հպարտութիւնս կը գունաւորուի ամօթով, քանի որ ինչ որ այսօր պատրաստ ենք ընելու Մարիուփոլի կամ Քիեւի համար, երէկ չըրինք նոյն կայսերապաշտութեան ռումբերուն տակ ճզմուած Հալէպի համար», բայց ոչ ոք նոյնը ըսաւ Էրտողանի եւ Ալիեւի ցեղապաշտական եւ նուաճողական կայսերապաշտութեան ռումբերուն տակ ճզմուած Հայաստան-Արցախի համար, 44օրեայ պատերազմի  ընթացքին:

            60 էջերու վրայ արտայայտուած են ժամանակակից մեծանուն դասախօսներ եւ իմաստասէրներ: Ըսած են խելօք խօսքեր, ի մտի ունենալով Ուքրայինական պատերազմը եւ անոր ժողովուրդին ողբերգութիւնը: Բայց օրին, ոչ ոք նման վարդապետական վերլուծումներով հրապարակ եկաւ հայոց ցեղասպանութիւնը գործած Թուրքիոյ զինուորական միջամտութեան մասին Արցախի ժողովուրդին դէմ, շարունակելով իր ցեղասպանական ընթացքը, հետապնդելով համաթուրանական ցեղապաշտական երազը:

            Կ’ունենանք բաւական իրատեսութիւն, նախաձեռնութիւն եւ ուժ, կամայ կամ ակամայ կողմնապաշտ «լուսամիտ մտաւորականներուն» յիշեցնելու, որ մնալով մասնակիի մէջ, այլապէս արդար, մեղսակից կ’ըլլան այլ երկինքներու տակ գործուած եւ գործուող կայսերապաշտական, ցեղապաշտական եւ ծաւալապաշտական նախայարձակումներու:

            Գրքոյկին մէջ խօսած տասը մտաւորականները, ինչո՞ւ, համահայկական նախաձեռնութեամբ մը, Հայաստան գիտաժողովի մը չհրաւիրել, այս անգամ խօսելու համար ոչ թէ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայինայի մասին, այլ՝ Հայաստան-Արցախի, Էրտողանի եւ Իլհամ Ալիեւի մասին:

            Ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ իրաւունք չեն սահմափակուիր քարտէսներով, նաւթով եւ զէնքերով: Պէտք է ըլլալ ճշմարիտ, անաչառութեամբ դիտել իրողութիւնները եւ լսել պատմութեան վկայութիւնը: Եթէ այս չընեն իմաստունները, հրապարակը բաց կը մնայ ներխուժողներու, ցեղապաշտներու եւ կայսերապաշտներու առջեւ:

            Այդպէս եղած է անցեալին: Այդպէս պիտի ըլլայ այսօր եւ վաղը, եթէ արտադրող-սպառողի կրաւորականութեամբ ընդունինք կատարուած եւ կատարուող իրողութիւնները:

            Մե՛նք, եւ քանի որ առանձին չենք՝ մարդկութիւնը:

            Բայց ինչպէ՞ս հասնիլ անորոշ ուրուագիծովեւ բազմադէմ մարդկութեան:

            Այս ընելու համար, մոռնալով մեր բան չնշանակող վաշխառուական փառասիրութիւնները, նախ խօսինք իրարու հետ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles