ՊԱՅՏԸՆԻ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼԷ ԱՌԱՋ….

0 0
Read Time:4 Minute, 29 Second

Ա.Ա.
Թուրքիոյ նախագահ էրտողան խորհուրդ տուաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, որպէսզի որեւէ յայտարարութենէ առաջ լաւապէս ուսումնասիրէ «հայերու հետ տեղի ունեցածը»։ «Պարոն Պայտըն պէտք է հայերու հետ կատարուածին պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրէ եւ իմանայ։Մենք չենք կրնար ներել, որ առանց իրականութիւնները իմանալու՝ ան փորձէ Թուրքիոյ մարտահրաւէրներ ուղղել», յայտարարեց ան, աւելցնելով,որ նոյնիսկ արժանի չի համարեր անդրադառնալ այս թեմային,որ ըստ Էրտողանի, «հիմնուած է ամբողջովին սուտ եւ սխալ փաստերու վրայ»։
Թուրքիոյ նախագահին զայրոյթին պատճառը Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնն է, որ ան հրապարակեց 24 Ապրիլի առիթով։ Պայտըն երկրորդ տարին ըլլալով՝ յստակօրէն եւ քանի մը անգամ իր խօսքին մէջ գործածեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, թիրախ դառնալով էրտողանի, Չաւուշօղլուի եւ այլ պատասխանատուներու անհիմն եւ իրականութիւններուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող մեղադրանքներու։
Թուրքերը որքան ալ ջանան ծածկել եւ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրուած եւ գործադրուած ոճիր մը ըլլալու իրականութիւնը, փաստերը եւ ապացոյցերը կը հաստատեն ասիկա։ Թուրքերը որքան ալ ջանան գաղտնի դարաններու մէջ պահել ապացոյցներուն եւ փաստաթուղթերուն մնացորդացը, իրականութիւնը կը մնայ իրականութիւն, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը իր կեցուածքները եւ դիրքորոշումները հաստատած է, ոչ թէ քաղաքական նպատակներ հետապնդելու քաղաքականութեան մը վրայ, այլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին հիմքը կը հանդիսանան պետական արխիւները, ցեղասպանութեան մասին վկայակած հազարաւոր ականատեսներու վկայութիւնները, դեսպաններու, հիւպատոսներու, զինուորականներու, բժիշկներու, միսիոնարներու, թղթակիցներու եւ այլոց փոխանցած տեղեկութիւնները, որոնց առարկայական քննութիւնը ոչ մէկ կասկած կը ձգէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրուած եւ գործադրուած ըլլալու իրականութեան վրայ։
Այս փաստերուն շարքին մէջ վստահաբար ամէնէն համոզիչը եւ անժխտելին նոյնինքն ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին գործած թուրք պատասխանատուներու, զինուորականներու եւ քաղաքական գործիչներու վկայութիւններն ու յայտարարութիւններն են, որոնց անդրադառնալով, առաջին հերթին պէտք է նշել 1913-էն 1918 Օսմանեան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար, Երիտասարդ Թուրքերու Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան պարագլուխներէն՝ Թալաաթը։ Գերմանական «Պերլինըր Թակելպաթ» օրաթերթին Պոլսոյ թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով՝ Թալաաթ կը նշէ։ «Մեզ կ՛այպանեն, թէ զանազանութիւն չենք դներ մեղաւոր եւ անմեղ հայերու միջեւ։Ասիկա ընելը անկարելի է։Իրավիճակին բնոյթը նկատի ունենալով՝ ան որ այսօր անմեղ է, կրնայ վաղը մեղաւոր դառնալ։Թուրքիոյ ապահովութեան մասին մտահոգութիւնը պարզապէս կը նսեմացնէ այլ մտադրութիւններ։Մեր արարքները պատճառաբանուած են ազգային եւ պատմական պահանջներով»։
Իսկ պատասխանելով Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Եոհան Ֆոն Պերնսթոֆի, Թալաաթ կ՛ըսէ․-«Մենք արդէն իսկ աքսորած ենք հայերուն երեք քարորդը։ Ոչ մէկ հայ գոյութիւն ունի այլեւս Պիթլիսի, Վանի եւ Էրզրումի մէջ։ Թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ ատելութիւնը այնքան արմատացած է, որ մենք պէտք է հայերուն գործը վերջացնենք։ Այլապէս անոնք իրենց վրէժը պիտի լուծեն»։
Թալաաթի հետ իր զրոյցին մանրամասնութիւնները կը պատմէ նաեւ 1913էն 1916 Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարած՝ Հենրի Մորկընթաու, որուն պատասխանելով, Թալաաթ կ՛ըսէ։«Հայկական մեր քաղաքականութիւնը յստակօրէն եւ վերջնակապէս ծրագրուած է եւ ոչինչ կրնայ զայն փոփոխութեան ենթարկել։ Անատոլուի մէջ հայերու գոյութիւնը պիտի չընդունինք։ Անոնք կրնան ապրիլ միայն անապատի մէջ»։ Մորկընթաու նաեւ իր յուշերուն մէջ կը պատմէ Թալաաթի հետ իր խօսակցութիւններէն մէկուն ընթացքին անոր յայտարարութիւնը, թէ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէն մանրակրկիտ կերպով քննարկած է հարցը եւ ներկայիս իրականացուող քաղաքականութիւնը պաշտօնապէս ընդունուած է։Դուն պէտք չէ կարծես,որ բռնագաղթերը հապճէպ որոշում են։Անոնք խորքին մէջ երկարատեւ եւ մանրակրկիտ քննարկումներու արդիւնք են»։
Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներէն մին է Տիարպեքիրի կառավարիչ Մեհմէտ Ռեշիտ, որ յայտարարած է։«Կամ հայերը պիտի ոչնչացնէին թուրքերը, կամ ալ թուրքերը՝ հայերը։ Ես ոչ իսկ տատամսեցայ այս հարցին նկատմամբ։ Թուրք ըլլալս տիրական եղաւ։ Պատկերացուցի, որ անոնք մեզ ոչնչացնելէ առաջ, մենք պէտք է զանոնք ոչնչացնենք։ Իբրեւ բժիշկ հարց կու տամ։ Հայերը մեր երկրին մէջ վտանգաւոր մանրէի մը վերածուեցան։ Բժիշկի մը պարտականութիւնը չէ՞ մանրէները սպաննել»։ Ռեշիտի այս խօսքերը արձանագրուած են Սալահէտտին Կիւնկորի «Պիր Ճանլը Թարիհ Քոնուշույոր» խորագրեալ գրութեան մէջ, որ լոյս տեսած է «Ռեսիմլի Թարիհ Մեճմուասի»ի չորրորդ հատորին մէջ։
Հիմա խօսքը տանք Ռեշիտ Աքիֆ Փաշային։Ան Սվազի նահանգապետն էր եւ անդամ էր օսմանեան կառավարութեան։Աքիֆ փաշա չափազանց կարեւոր վկայութիւններ տուաւ 21 Նոյեմբեր 1918-ին գումարուած՝ օսմանեան խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին։Աքիֆ յստակօրէն ներկայացուց այն բանաձեւումները, որոնք կը գործածուէին իթթիհատականներուն կողմէ՝ հայերու մաքրագործման հրամաններուն մէջ։«Բռնագաղթի հրամանները կը տրուէին պաշտօնական խողովակներու միջոցով։ Ներքին գործոց նախարարը հրամանները կ՛ուղարկէր նահանգապետերուն։հրամաններուն կը հետեւէր իթթիհատականներուն կեդրոնական մարմինին հրահանգը, ուր կը շեշտուէր,որ աւազակախումբերուն արտօնութիւն պէտք է տրուի, որպէսզի իրենց գործը կատարեն»։
Իր կարգին, 1918-ին Օսմանեան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Արիֆ Տեյմեր, որ Թալաաթի յաջորդեց, յաջողեցաւ ստեղծել կառավարական այն յանձնաժողովը, որ քննութիւն բացաւ 1915-ի սպանութիւններուն շուրջ։ Յանձնաժողովը 18 Մարտ 1918-ին եզրակացուց, որ առնուազն ութ հարիւր հազար հայեր սպաննուած են Առաջին Աշխարհամարտին ընթացքին։
Հայոց Ցեղասպանութեան հանգամանքներուն մասին կը խօսի նաեւ 1919-ին հաստատուած Զինուորական Ատեանին նախագահ բարձրաստիճան զինուորական Մուսթաֆա Եամուլքի,որ դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին ներկայացուց այն բոլոր վայրագ արարքները եւ անմարդկային ոճիրները, որոնց զոհ գացին հարիւր հազարաւոր երեխաներ, աղջնակներ, կիներ, ծերունիներ։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրելու եւ գործադրելու Երիտասարդ Թուրքերուն ղեկավարութեան քաղաքականութեան մասին կարեւոր վկայութիւններ կու տայ նաեւ նախ Վանի, ապա 1914-ին Կարին- Էրզրումի կառավարիչի պաշտօնը վարած Հասան Թահսին, որ 2 Օգոստոս 1919-ին կայացած դատական նիստին ընթացքին վկայեց, թէ Պէհաէտտին Շաքիրի հրամանատարութեան տակ՝ Թեշքիլաթը Մահսուսին ինչպէս զօրաշարժի ենթարկուեցաւ, հայերը սպաննելու համար։Թահսին նաեւ վկայեց, որ Վանի ապստամբութիւնը չէր ըլլար, եթէ օսմանեան իշխանութիւնները գրգռութիւններ չհրահրէին։
էրտողան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կը թելադրէ լաւապէս «ուսումնասիրել հայերուն հետ պատահածը», որեւէ յայտարարութիւն կատարելէ առաջ,ամէն բանէ առաջ պէտք է կարդայ Հալիլ Քութի յուշերը։ Քութ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներէն՝ Էնվերի հօրեղբայրն է, որ իր յուշերուն մէջ կը վկայէ, որ ոչ մէկ ճիգ խնայած է, որպէսզի հայ ազգը ոչնչացնէ։Քութի մասին կարեւոր վկայութիւններ կու տայ Էրզրումի մէջ գերմանացի փոխ հիւպատոսը, թէ Քութ կազմակերպած եւ գործադրած է օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն սպանութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անժխտելի փաստերու եւ ապացոյցներու սով բնաւ չկայ։ Բայց կայ թրքական մերժողական եւ սպառնական պետական դիրքորոշումը, որ շատ լուրջ վտանգ մըն է։ Ասիկա բոլորէն աւելի Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է հաշուի առնեն։Մանաւանդ՝ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն ընթացքին թրքական խուսանաւումներուն դիմադրելու համար։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
33 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
67 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles