Կարին Պետեան
Ապրիլ 24ին, ես եւ Մեղրի բնակող միւս ընկերներս հաւաքուեցանք եւ ճամբայ ելանք դէպի Ագարակ քաղաք։ Հոն տեղադրուած եղեռնի նուիրուած յուշարձանը այցելելու։ Ագարակը հիմնուած է մօտ 70 տարի առաջ, պղինձի հանքի մը շուրջ եւ ըստ Խորհրդային Միութեան սովորութեան, ունէր միայն Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի յուշարձան։ Չկար որեւէ կրօնական կառոյց կամ եկեղեցի։ Միայն վերանկախութիւնէն ետք էր, որ Եղեռնի նուիրուած այս խաչքարը տեղադրեցին իբրեւ յուշարձան։ Հոն է, որ միացանք շրջանի բնակիչներուն, փունջ մը ծաղիկ բռնած, նշելով Մեծ Եղեռնի 107-ամեակը։
Կարճ աղօթք մը կատարելէ ետք, ճամբայ ելանք դէպի Վահրավար գիւղ՝ Սուրիկին ծննդավայրը։ Ծնած 1955-ին, Սուրիկը անմահացաւ Նռնաձորի բարձրունքներուն Ապրիլ 24, 1990-ին։ Սուրիկ Յովհաննիսեանը՝ Մեղրիի համայնքէն առաջին զոհն էր հայ-թրքական կռիւներուն։ Սուրիկը աջ ձեռքին երեք մատ կորսնցուցած ըլլալով, տակաւին ճանչուած էր իբր շրջանի լաւագոյն որսորդը եւ դիպուկահարը։ Ան, կարգ մը հայրենասէր տղոց հետ բարձրացած էր Նռնաձորի ուղղութեամբ, որպէսզի ազատագրեր մեր հայրենեաց հողերը։ 2001-ին Սուրիկը յետ մահու արիական մետալ ստացաւ Հ.Հ. Նախագահէն։
Վահրավար որ հասանք, մենք իբր Մեղրիի դաշնակցական ընկերները, միացանք Սուրիկին ընտանիքին։ Գերեզմանաքարին դիմաց, մեր ընկերներէն մէկը քանի մը բառ խօսեցաւ Սուրիկին կեանքին եւ կամքին մասին։ Ընկերներ, բարեկամներ եւ ազգականներ միասին հաւաքուած, կարգով ծաղիկներ զետեղեցինք եւ խունկ վարեցինք նախքան Սուրիկի այրիին այցելելը, ուր ներկայ եղանք հոգեճաշին։
Նոյն օրը, տեղեկացայ, որ երկար հիւանդութենէ ետք, Դաւիթ Բէկի բնակիչ եւ Արցախի պատերազմի ազատամարտիկ, Մասիս Համբարձումեանը, մահացած է։ Ծնած 1963-ին Դաւիթ Բէկ գիւղին մէջ, Մասիս Համբարձումեանը եղած էր Արցախեան երկու պատերազմներու մասնակից։ Քիչ են Մասիսի նման իւրայատուկ ռազմական փորձառութիւն ունեցող տաղանդաւոր հրամանատարները: Մասիսը զարդարուած է շատ մը մետալներով, տարիներուն ընթացքին պատուագրեր եւ շնորհակալագրեր ստանալով պետութիւնէն։
Ծանօթացած էի իրեն 44 օրուայ պատերազմէն ետք, երբ ընկերներուս հետ կամաւորական դիրքերը այցելեցինք։ Երբ Մասիսին կը հարցնէինք թէ ինչ պէտք ունի, միշտ նոյն պատասխանը կու տար՝ կամ Դաւիթ Բէկ գանք ապրինք, կամ ալ․․․հիւլէական ռումբ մը։ Մեր առաջին հանդիպումներէն ի վեր, Երեւան – Մեղրի երթալ գալու ժամանակ, յաճախ իր տունը կ՚այցելէի եւ նոյնիսկ հետը գոհաբանութեան օրը անցուցած էի։ Դեկտեմբերին բժիշկներ ուղեղային չարաղէտ ուռ մը գտան եւ դժբախտաբար չկրցան բուժել։ Ան որ Մասիսին կը ճանչնար լաւ գիտէ որ անկարելի էր որ Մասիսը իյնար թշնամիին դէմ։ Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ․․․կեանքը իր ընտանիքին։
Այս երկու Սիւնիքի մահերը որ տեղի ունեցան Ապրիլ 24-ին, աւելի ծանրացան որովհետեւ Սիւնիքի այս երկու տղաքը վիթխարի հերոսներ ըլլալով ճանչցուած էին իրենց գաղութէն ներս, իբր հայրենիքի պաշտպաններ: Երկու հերոսներն ալ հեռացան Ապրիլ 24-ին։ Իսկ այս սեւ օրը, որ մանաւանդ սփիւռքը կը յիշէ, շարունակ կը մթննայ։ Մեր ցաւը Ապրիլ 24-էն առաջ սկսած էր, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի։ Մենք չենք կրնար մոռնալ անոնց որ մեզի համար ճամբայ բացին, եւ մենք պարտաւոր ենք շարունակել այդ ուղին, պահելով մեր ազգն ու երկիրը։